ԺԱՄԱՆԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹԸ ԵՒ ՆԱՄԱԿԱՆԻՇԸ
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը ջերմօրէն կ՚ողջունէ Հայաստանի մէջ իրեն վերաբերեալ դրոշմաթուղթի մը թողարկումը։ «Հայփոստ»ի կողմէ «Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթ» անունով նամականիշի մը շրջանառութեան մէջ դրուած ըլլալը կարեւոր ձեռքբերում մը կը համարուի թերթիս առաքելութեան տեսակէտէ։
Այս առթիւ մեր ամենախորին շնորհակալութիւնները կը յայտնենք Հայաստանի Հանրապետութեան Փոխադրութեան, կապի ու տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու նախարարութեան, որու հովանիին տակ կեանքի կոչուած է այս ծրագիրը։ Մասնաւոր շնորհակալութիւն կ՚ուզենք յայտնել Փոխ-նախարար Արմէն Արզումանեանին, որ մասնակցութիւն բերաւ կնքման արարողութեան եւ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ թերթիս մասին։ Երախտագիտական զգացումներու մէջ չթերանալու համար կ՚ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել նաեւ նախկին փոխ-նախարարներէն Գագիկ Թադէոսեանին եւ Արման Խաչատուրեանին, որոնք իրենց պաշտօնավարութեան շրջանին հետամուտ եղան այս նամականիշի թողարկման։ Կ՚ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել նաեւ նախարարութեան նամականիշներու բաժնի վարիչ Ծովինար Գալստեանին, որ նոյնպէս իր ներդրումը բերաւ այս գործին։
Նախարարութեան առընթեր մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք «Հայփոստ» ընկերութեան, որ թողարկեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դրոշմաթուղթը։ Ընկերութեան խորհուրդի նախագահ Խուան Փապլօ Քեչեճեանի անձին մէջ մեր ամենախորին երախտիքը կը յայտնենք «Հայփոստ»ի ամբողջ ընտանիքին, ի մասնաւորի Դաւիթ Տովլաթեանին եւ Մարկարիթա Յակոբեանին, որոնց ջանքերը անփոխարինելի եղան դրոշմաթուղթի գեղարուեստական ձեւաւորման եւ կնքման արարողութեան կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ։
Անկեղծ շնորհակալութեան պարտք մը ունինք նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի Երեւանի այն համակիրներուն, բարեկամներուն եւ աշխատակիցներուն նկատմամբ, որոնց համա-խըմբումը, առանց չափազանցութեան, նամականիշի կնքման արարողութիւնը վերածեց յոբելենական ձեռնարկի մը։
Այսօր ուրեմն մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հերթական բացառիկը՝ նոյեմբերի 22-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած դրոշմաթուղթի կնքման արարողութեան առթիւ։