Պատգամ՝ բոլորին համար…

Թրքահայութեան կողմէ երէկ արտայայտուած կամքին իմաստը կը բիւրեղանայ պատմական խաչմերուկի մը վրայ։ Մեր համայնքը պատրիարքական ընտրութեան նախախնամական փուլին կողմնորոշուեցաւ շատ յստակ ձեւով եւ իր ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կեդրոնացուց թեկնածուներէն մէկուն՝ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի վրայ։ Սա լոկ նախընտրութեան մը դրսեւորումը չէ, այլեւ՝ ունի շատ աւելի խոր նշանակութիւն մը։ Շուրջ 12 ալեկոծեալ տարիներէ վերջ մեր համայնքը անդրադարձած է, որ մեր հաւաքական կեանքէ ներս վերամիաւորման եւ Պատրիարքական Աթոռի կայունութեան երաշխաւորման ճանապարհին իրեն կը վիճակի լուրջ պատասխանատուութիւն մը։ Այդ գիտակցութեան հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ թեկնածուներէն մէկուն համար ապահոված է ժողովրդական ամուր յենարան մը։ Ո՛ր թեկնածուն որ ալ ունենար այդ ամուր յենարանը, հնարաւորութիւն պիտի ունենար արմատական ու ինքնավստահ քայլերով ձեռնամուխ ըլլալու վերջին տասն տարիներու ծանր հետեւանքներու յաղթահարման։ Այսօր այդ հնարաւորութիւնը, այդ պատիւը վիճակած է Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին։ Պատրիարքական ընտրութեան արդիւնքը միանշանակ կ՚ապացուցանէ այս համայնքի պոռթկումը պառակտումներու եւ անմիաբանութեան դէմ։ Պատրիարքական ընտրութեան արդիւնքը կու գայ փաստել մեր համայնքի բողոքը՝ ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս կաթուածահարման վտանգին դէմ։ Պատրիարքական ընտրութեան արդիւնքը ի յայտ կը բերէ մեր համայնքի հակազդեցութիւնը՝ ամլութեան ճիրաններուն մէջ իր հաւաքական ապագան վտանգելու դէմ։ Եւ ի վերջոյ պատրիարքական ընտրութեան արդիւնքը մեր ժողովուրդի հաւաքական պատասխանն է բոլոր անոնց դէմ, որոնք 12 տարի չկարողացան ապահովել անոր ձայն բարձրացնելու, ձայն տալու կարելիութիւնը։

Ի վերջոյ, համբերատար սպասումէ մը վերջ այս համայնքը շատ շինիչ մօտեցումով, խաղաղ մթնոլորտով կատարեց իր պարտքը եւ տուաւ այնպիսի պատգամ մը, որմէ բոլորը կրնան իրենց վիճակած բաժինը դուրս բերել եւ գործի կրնան լծուիլ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքը բնականոն հունին վերադարձնելու, նոր վերելք մը որոնելու ճանապարհին։

Կը շնորհաւորենք այն բոլոր աշխարհական եւ հոգեւորական պատգամաւորները, որոնք մաս պիտի կազմեն երկու օր վերջ գումարուելիք Ազգային պատգամաւորական ժողովին։ Կը շնորհաւորենք նաեւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը, որ շուտով պաշտօնապէս կը դառնայ Պատրիարքական Աթոռի 85-րդ գահակալը։ Վստահ ենք, որ ան կ՚ունենայ յաջող գահակալութեան շրջան մը եւ իր հովանիին ներքեւ մեր համայնքը կ՚ապահովէ նոր ձեռքբերումներ ու նուաճումներ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2019