«ՈՒՍՈՒՄՆ ՊԱՐՏՈՒՑ»

ՄԱՐԴՈՒՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՐ ԱՆՁԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ

Աշխարհասէր եւ բազմազբաղ կեանքը մեզմէ մեր պարտաւորութիւնները կատարելու թանկագին ժամերը կը յափշտակէ եւ ի սպառ կը զրկէ՝ մեր կոչումի իրական աշխատանքէն: Կը կորսնցնէ մեր հոգեկան վայելչութիւնը եւ սիրտին ճաշակը, որոնք աւելի ազնիւ են եւ միայն կրնան երջանկացնել մեզ: Մեր բարեպաշտութեան քաղցր զգացողութիւնը կ՚անզգայացնէ, կը տգեղցնէ բարեգործութեան գեղեցկութիւնը եւ ընտանեկան կեանքին քաղցրութիւնը կը դառնացնէ: Մէկ խօսքով, աշխարհասէր կեանքը մեր սիրտէն Աստուծոյ սէրը կը հալածէ. «Մի՛ սիրէք աշխարհը, ոչ ալ աշխարհին յատուկ որեւէ բան։ Ով որ աշխարհը կը սիրէ՝ Հօր Աստուծոյ հանդէպ սէր չունի իր մէջ» (Ա.Յհ 2.15): Աշխարհասէր եւ ցրուած կեանքը մեզ ապաշխարութեան կ՚առաջնորդէ՝ ծերութեան ժամանակ, եւ տխրութիւն՝ մեր մահուան վայրկեանին: Աշխարհը իր ցանկութիւններով կ՚անցնի եւ միայն Աստուծոյ կամքին համաձայն եղած գործերը կը մնան. «Գիտցէ՛ք սակայն, աշխարհն ալ կ՚անցնի, աշխարհային ցանկութիւններն ալ. բայց Աստուծոյ կամքը կատարողը ինք՝ յաւիտեան կը մնայ» (Ա.Յհ 2.17): Իսկ մարմնամարզական խաղերուն գալով, պէտք է գիտնալ, որ այս տեսակ խաղերը թոյլատրուած զուարճութիւններուն կարգը կը համարուին: Չափաւոր խաղը մարմինին համար հանգստութիւն է: Բայց պէտք է գիտնալ, որ խաղալն ալ շատ անգամ յանցանք համարուած է, նայելով իր պարագաներուն եւ հետեւանքներուն. օրինակի համար, երբ խաղալը մեր ձեռքէն Աստուծոյ ծառայելու եւ մեր գործերը կատարելու թանկագին ժամերը կը խլէ. երբ խաղը մեզ կը մղէ դէպի շահասիրութիւն եւ մեր կամ ուրիշներուն գոյքը կը վատնէ. երբ խաղը խաբեբայութեան, բարկութեան, կռիւի, աղմուկի եւ այլ մեղքերու հետ կապուած է. երբ խաղը մանաւանդ չար սովորութեան եւ ապականեալ բարքի հետ միացած է. երբ խաղալու հետեւանքը հոգին թմրեցնելն է, այդ ատեն խաղը յանցանք է:

Կրօնքը կ՚արգիլէ մեզի երջանկութիւն եւ հանգստութիւն փնտռել փափկասիրութիւն եւ զգայական հեշտութեան մէջ: Կը պատուիրէ զգուշանալ շատ քնանալէ, ծուլութենէ հեռանալ եւ մարմնական վայելչութեան խնամք չտանիլ. «...Մարմինի ցանկութիւնները կատարելու հետամուտ մի՛ ըլլաք» (Հռ 13.14): Մեղկ եւ մարմնասէր կեանքը հոգին ու մարմինը կը թուլցնէ, մեր զօրութիւնը կը տկարացնէ՝ փորձութիւններուն ընդդիմանալու եւ պէտք եղած ժամանակ, մեր հաւատքին ու առաքինութեան համար անձնազոհ ըլլալու: Մեղկ կեանքը մեծ արգելք է նոյնպէս մեր սրբութեան ու փրկութեան: Հարստութեան մէջ պարտինք զգաստ ըլլալ: Սուրբ Գիրքը կ՚արգիլէ մեզի՝ հարստութիւն սիրել եւ կամ բոլոր բաղձանքով հարստութիւն փնտռել: Սակայն, Սուրբ Գիրքը կ՚արգիլէ ո՛չ թէ օրինաւոր հարստութիւն ունենալը, այլ՝ կը դատապարտէ անյագ սիրով հարստութեան սիրահարուիլը: Հարուստը կրնայ սուրբ ըլլալ, եթէ իր սիրտը հարստութեան մատնած չէ. նոյնպէս, աղքատն ալ կրնայ իր հոգին կորսնցնել, եթէ ագահութեան անձնատուր եղած է:

Զգաստութեան հակառակ կիրքերն են՝ ժլատութիւն, այսինքն՝ աշխարհային իրաց սէր եւ անբաժան կապակցութիւն: Ժլատութեան գլխաւոր նշաններն են.

ա) Սաստիկ կիրքով հարստութեան ցանկալ եւ ճոխութիւն ամբարել:

բ) Հարստանալու համար գործ դնել ամէն տեսակի ապօրինի միջոցներ, անիրաւութիւն, երդմնազանցութիւն, եւ այլն:

գ) Մնայուն կերպով երկիւղի, անհանգստութեան եւ տագնապի մէջ ըլլալ՝ չկորսուելու համար, կարեւոր ծախսերէն վախնալ եւ իր ունայնասիրութիւնը լիացնելու համար իր հարստութիւնը վատնել:

Կարեւորին համար խնայել եւ անկարեւորին համար շռայլել, ահաւասիկ ժլատութեան նկարագիրը:

Ժլատութիւնը մեծ յիմարութիւն եւ մոլորութիւն է, որովհետեւ աշխարհային իրերը չե՛ն կրնար երջանկութեան բաղձանքը լիացնել: Անոնք մեզի միայն կ՚օգնեն երջանկութեան հասնելու, եթէ ի բարին գործ դնենք: Անոնք ամէն վայրկեան կրնան մեր ձեռքէն փախչիլ եւ կամ մենք կրնանք մահուամբ մեր ունեցածէն զրկուիլ: Սակայն, Աստուած, երկինքին մէջ մեզի համար անսահման եւ շատ թանկագին բարութիւն պահած է, որ աշխարհային բոլոր բարիքներէն հաստատուն է ու ճշմարիտ: Աստուծոյ պատրաստած այս բարութեան սէրն է, որ պէտք է մեր սիրտը գրաւէ. այս բարութիւնն է, որ երբեք ոսկիի հետ չի՛ փոխանակուիր. այս բարութիւնը հոգիի խաղաղութիւն է, Աստուծոյ հաճոյանալու ուրախ զգացմունք, առողջութիւն, գիտութիւն, եւ այլն. «Նայեցէք եւ զգուշացէ՛ք ագահութեան բոլոր տեսակներէն, որովհետեւ մարդու մը կեանքը կախեալ չէ՛ իր ամբարած հարստութենէն» (Ղկ 12.15). «Ձեր հարստութիւնը մի՛ դիզէք երկրի վրայ, ուր ցեցն ու ժանգը կը փճացնեն եւ կամ գողերը պատդ քանդելով ներս կը մտնեն ու կը գողնան զայն» (Մտ 6.19): Ժլատութիւնը զանազան մեղքերու եւ դժբախտութիւններու աղբիւր է, որովհետեւ կը բնաջնջէ մեր զգացումներուն քնքուշութիւնը եւ մեր պատիւը, կը սպառէ եւ կը տոչորէ մարդասիրութիւնը, կը խանգարէ պատիւի կանոնը եւ ամէն տեսակի զածութիւն եւ անիրաւութիւն կը գործէ: Կ՚ըսուի, թէ այն մարդը, որ կը հաւատայ, թէ ամէն բան կարելի է դրամով կատարել, ան դրամ ճարելու համար ամէն բան կ՚ընէ: Այս բանին ապացոյց է Յուդային սոսկալի օրինակը: Ժլատութիւնը երբեք բարութեան ճաշակին, բարեպաշտութեան եւ մարդասիրութեան զգացումին հետ չի՛ միանար, եւ ժլատութեամբ հնարաւոր չէ զԱստուած սիրել, հաստատ կերպով հաւատալ Աստուծոյ, եւ պատրաստ ըլլալ ամէն բան՝ ի սէր Աստուծոյ զոհել: Երբ մեր սէրը հարստութեան տուած ենք եւ մեզի համար զայն կուռք դարձուցած ենք, կը նշանակէ, որ Աստուծոյ ծառայութենէն դադրած ենք: Այս մասին է, որ Փրկիչը կ՚ըսէ. «Ոեւէ մարդ չի կրնար երկու տէրերու ծառայել. որովհետեւ կա՛մ մէկը պիտի սիրէ եւ միւսը ատէ, կա՛մ մէկը պիտի մեծարէ եւ միւսը արհամարհէ։ Նոյնպէս ալ դուք, չէք կրնար Աստուծոյ ծառայել, որքան ատեն որ կը ծառայէք դրամին» (Մտ 6.24). «Ով որ աշխարհը կը սիրէ՝ Հօր Աստուծոյ հանդէպ սէր չունի իր մէջ» (Ա.Յհ 2.15):

Երբ մարդ ժլատութեան եւ դրամասիրութեան անձնատուր եղած է, այդպիսին ինքն իրեն համար տանջանք կը պատրաստէ: Այդպիսին հարստութեան կը ցանկայ, որպէսզի քաղցրութեամբ եւ հանգիստ ապրի աշխարհի մէջ, սակայն, իր ամբողջ կեանքը եւ առողջութիւնը կը զոհէ նոյն հարստութիւնը դիզելու համար: Հարստութիւնը թերեւս կը դիզուի, սակայն իր կեանքը կը պակսի ու կը սպառի: Երբ մարդ սկսի աւելի եւ աւելի հարստութեան ցանկալ, ան միաժամանակ կը սկսի վախի եւ անհանգստութեան մէջ ապրիլ: Սակայն, ինչքա՞ն զարհուրելի տեսարան է, երբ յանկարծ ժլատը մահուամբ կը ձգէ իր ամբողջ ունեցուածքը եւ իր չարաչար աշխատանքներուն ու սնոտի յոյսերուն մէջ յանկարծ այս ողբալի ձայնը կը լսէ. «Անմիտ մարդ, այս գիշեր իսկ հոգիդ քեզմէ պիտի առնեմ. որո՞ւն պիտի մնայ պատրաստածդ» (Ղկ 12.20): Սուրբ Գիրքը կը յայտնէ, որ ագահութիւնը կամ ժլատութիւնը կռապաշտութիւն է. «Մէկ բան վստահ գիտցէք, թէ ոեւէ մէկը որ պոռնկութիւն կ՚ընէ, պղծասէր է կամ ագահ -ինչ որ կռապաշտութիւն է-, ժառանգութիւն պիտի չունենա՛յ Քրիստոսի եւ Աստուծոյ Արքայութեան մէջ» (Եփ 5.5): Որովհետեւ, ագահը կամ ժլատը ապագայի համար չ՚աշխատիր, այլ՝ անյագ սիրով ներկայ կեանքի անցաւոր բարիքներու գեղեցկութեան հետ կապուած է եւ այնտեղ կը փնտռէ իր երջանկութիւնը: Այս ծուռ ու մոլար բարութիւնն է կամ հարստութիւնը, որ արդէն այս կեանքին մէջ կատարեալ դժոխք է ագահին համար:

Սուրբ Գիրքը ագահութեան ծանր հետեւանքներուն մաին խօսելով՝ կը յայտնէ, որ հարստութեան սիրով վառուած մարդիկը, փորձութեան մէջ կ՚իյնան. «Իսկ անոնք որոնք հարստանալ կ՚ուզեն՝ փորձութեան եւ թակարդի մէջ կ՚իյնան։ Կը բռնուին շատ մը անմիտ ու վնասակար ցանկութիւններով, որոնք մարդիկը մահուան եւ կորուստի անդունդը կը գլորեն։ Որովհետեւ բոլոր չարիքներու արմատը դրամասիրութիւնն է։ Շատեր դիզելու ձգտելով՝ հաւատքէն շեղեցան եւ իրենք զիրենք տանջեցին բազմաթիւ ցաւերով» (Ա.Տմ 6.9-10). «Վա՜յ անոր, որ իր տանը համար ագահութեամբ կը վաստկի, որպէսզի իր բոյնը բարձր տեղ դնէ, չարին ձեռքէն ազատելու համար» (Ամբ 2.9). «Որդեակներ, որքա՜ն դժուար է հարստութեան վրայ յոյս դնողներուն համար՝ Աստուծոյ արքայութիւնը մտնել» (Մր 10.24): Հարուստները պարտաւոր են հարստութենէն յառաջացած վտանգներէն զգուշանալ եւ պահել այն առաքինութիւնները, որոնք անհրաժեշտ կարեւոր են նոյն վտանգներուն մէջ չգլորելու համար: Այս վտանգներուն գլխաւորներն են՝ ամբարտաւանութիւն եւ հպարտութիւն: Հարուստները կը հպարտանան իրենց բախտաւորութեամբ եւ իրենց վիճակը իբրեւ վարձատրութիւն կամ արդիւնք կը համարեն իրենց հմտութեան, եւ այս պատճառով միշտ իրենց անձը նախամեծար կը համարեն աղքատներէն, որոնք անոնց դռներուն դիմաց կը դեգերին: Այս մեծամտութեամբ հարուստները կը մոռնան մարդուն ճշմարիտ եւ արժանաւոր փառքը: Սուրբ Գիրքը այս վտանգներէն զգուշացնելու համար, մեզի հետեւեալ խօսքերը կը յիշեցնէ. «Հարուստն ու աղքատը իրարու հանդիպեցան եւ Տէրը երկուքին ալ այցելեց»: Հարստութեան վտանգ կը համարուի նաեւ խստասրտութիւնը, որ Քրիստոս առակով մը կը յայտնէ (տե՛ս Ղկ 12, 16): Հարստութեան վտանգ է դարձեալ զուարճութիւնը, որովհետեւ հարստութիւնը երջանկութիւններու եւ վայելչութիւններու անսպառ աղբիւր է, որոնք իբրեւ փուշ կը խեղդեն եւ չեն ձգեր, որ հոգին զօրանայ. «Ոմանք ինկան փուշերու մէջ, եւ փուշերը միասին բուսնելով՝ խեղդեցին զանոնք [եւ պտուղ չտուին]» (Ղկ 8.7): Հարստութեան վտանգ են նաեւ հաւատալ ու յուսալ երկրորդական պատճառներու եւ ուրանալ առաջին պատճառը, որ է՝ Աստուած: Այսպէս, հարուստները երբեմն կը հպարտանան, իրենց անձը համոզելով, որպէս թէ իրենց մեծութեան մէջ անսասան են. «Լաւ օրերուս կը խորհէի՝ թէ ոեւէ բան չի կրնար զիս սասանել» (Սղ 30.6): Հարստութեան վտանգ է մանաւանդ աշխարհը սիրելը: Այսպիսի մարդոց համար, Սողոմոն իմաստունը կ՚ըսէ. «Թուլութիւնը կը սպաննէ յիմարները, իսկ բախտաւորութիւնը կը կորսնցնէ անմիտները»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 25

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունուար 1, 2019