Ի՞ՆՉ ԽՆԴՐԵՄ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱՅԷՆ

Նոր բաներ չեն ուզածներս.

Առանց վախի մարդոց մօտեցած, քիթ-ականջ իրար մէջ մտնելով խօսած, կամ խօսելու կարիք չզգալով՝ զիրար գրկած ու ջերմօրէն փաթթուած մեր հին ժամանակները կրնա՞մ խնդրել։ 

Կրնա՞ն ետ գալ մեր իրակա՛ն ձայներով զիրար բարեմաղթանք մը յայտնած պարզ եւ անկեղծ ժամանակները.

Կրնա՞յ հրաշք մը ըլլալ եւ անհետանան համացանցի օրըստօրէ զարգացող, երկու բառ չկարենալ գրելու չափ մեր շա՜տ սուղ ժամանակը խնայող «օթօմաթիք» պատասխանները, ոչխարներու հօտի մը պէս բոլոր ընկերներու ցանկին ղրկուած նոյնանման շնորհաւորանքները, շարժող, պարող, վառող-մառող, ղրկողին ուսերուն վրայ կարծես ծա՜նր բեռ մը եղող պարտականութիւնը թեթեւցնող կեղծ «Մէրի Քրիսմըս»ները, Շնորհաւոր Նոր Տարիներն ու Ծնունդները.... 

Ետ կու գա՞ն մեզ քովը կենալ ստիպող լարով հեռաձայնին ընդմէջէն երկրէ երկիր պոռալով ըսուած խօսքերը...

Ետ կու գա՞ն մեր հանրագիտարաններուն մէջ իրենց անունները կարդացած միջազգային կազմակերպութիւններուն սուտ-սուտ յայտարարութիւնները, որոշումներն ու պատերազմները ուղիղ եթերով չդիտած մեր ժամանակները...

Կրնա՞ն անհետանալ իրենց հայրենիքը նաւերով լքող, ծովուն մէջ խեղդուողները, փողոցներու անկիւնները, պարտէզներուն, շոգեկառքի կայարաններուն մէջ ջուրի սնտուկներուն վրայ կամ մէջ քնացողները...

Ետ կու գա՞ն սարսափ ըսելով «թէլէվիզիոնին» սեւ ու սպիտակ  «շըշշշ»ը մտաբերած մեր օրերը...

Կրնա՞ն ետ գալ բարոյական բարձրագոյն արժէքներով դաստիարակող, մանուկները քնացնող, մեծերը արթնցնող գեղեցիկ հեքիաթները,

Կրնա՞ն անհետանալ մանկութեան քաղաքը կորսնցնելով ամբողջ կեանք մը մէկդի դրած, սրտին մէջ հին յուշերը փայփայելով նոր, իրը չեղող քաղաքի մը հետ կարծես թէ ընտելացած կեանք մը ապրողներուն գաղտնի մղձաւանջները...

Կրնա՞ն ետ գալ մեր կորսնցուցած հին քաղաքները…

Ոչ թէ մտքիս, այլ ռունգերուս մէջ կրնա՞մ զգալ Սուլէյմանիէի մայր պողոտային վրայ մե՜ծ տակառի մը մէջէն շերեփով լեցուած ու վրան աղամանով «տարչին» ցանուած «սահլապ»ին կախարդական հոտը...

Կրնա՞ն անհետանալ մեր հարիւրաւոր դիմակները պահող մէկ հատիկ դիմակները,

Կրնա՞նք առանց վախնալու հազալ, հարբուխ ըլլալ...

Կրնա՞ն անհետանալ չբացայայտուած մութ ծրագիրները, յանուն խաղաղութեան կայացող ներկայացում-գագաթաժողովներն ու մամլոյ ասուլիսները,

Որքա՞ն պիտի դիմանան իւրաքանչիւրը իր դաշտին մէջ կռուող այսօրուան մեր  անյայտ զինուորներն ու հերոսները,

Ետ կը խնդա՞ն մեր ցաւոտ մայրերը, կը վերջանա՞ն իրենց զաւակներուն ցուրտ քարերուն վրայ հնչած անոնց հոգեմաշ ջերմ կանչերը,

Կրնա՞ն վերանալ բացականերով խճողուած մեր դատարկ սենեակները,

Կրնա՞ն չխօսիլ նկարները,

Կրնա՞ն վառիլ այսօրուան մեր «եթէ»ներու սեւ յօրինումները հիւսող հին-հին լռութիւնները.... 

Մոռցանք ուրախութիւնը, գոնէ հիւանդութեան պահուն չե՞ն կրնար գալ մեր մայրերը,

Թերեւս քանի մը շաբաթ չհիւանդանանք, եթէ մէ՛կ անգամ անոնց ձայներով լսենք աշխարհի բոլոր դեղերէն աւելի զօրաւոր «աղջիկս»ները...

Կրնա՞նք չլալ։

Ամենատես մեր զաւակներուն համար կրնա՞ն աներեւելի ըլլալ մեր արցունքները,

Կրնա՞նք չծանրաբեռնել անոնց մեր վրայ յենած անզօր ուսերը, չգողնալ անոնց ծիածան ժպիտներն ու խնայել անոնց գալիք հիւանդութիւնները,

Կ՚ըլլա՞ն այս բոլորը,

Կրնա՞նք ետ գալ մենք... 

Տարիներէ ի վեր չյոգնող կայտառ Կաղանդ Պապային, անոր լեփ-լեցուն տոպրակին, սայլ ու եղնիկին, ամանորեան հեքիաթներու կանաչ ծառերուն, կարմիր զարդերուն, ճերմակ ձիւներուն, ոսկեգոյն աստղերուն ու այս բոլորին կախարդանքին դե՜ռ հաւատացողներուն համար անսովոր են երեւի այս հարցումներս։ Պէտք չէ հարցնել, այլ՝ յուսալ ու մաղթել.

Պիտի յուսամ, որ հարցումներու այս աշխարհը օր մը կրնանք յանձնել մեր մանուկներուն, որոնք կրնան պատահաբար փողոցը իրենց հանդիպած, սովորական մարդ ըլլալը յստակօրէն երեւցող Կաղանդ Պապայի մը տուած մէկ շաքարով աշխարհի ուրախութիւնը իրենց ժպիտներուն մէջ բաւեցնել...

Թերեւս անոնց անկեղծ սիրով կը փոխուի աշխարհը, որ արդէն յոգնած է առանց սիրոյ մեծցածներուն սարքած բոլոր-բոլոր պատերազմներէն...

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Շաբաթ, Յունուար 1, 2022