ԱՐԱԲ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԱՐԳՈՒՁԵՒԵՐԸ
Ընկերական մի՛ ըլլար, ժամանակը որ կ՚ապրինք, ատելութեան ժամանակն է:
Հաւատարիմ մի՛ ըլլար, դաւաճանութեան ժամանակն է:
Մաքուր մի՛ ըլլար, ցեխի ժամանակն է:
Զգացմունքային մի՛ ըլլար, սառոյցի ժամանակն է:
Տաղանդաւոր մի՛ ըլլար, յիմարներու ժամանակն է:
Գագաթ մի՛ ըլլար, ստորնութեան ժամանակն է:
Ծառ մի՛ ըլլար, կացիններու ժամանակն է:
Մի՛ գուրգուրար փոքրիկի մը, ծերերուն եւ տարեցներուն ժամանակն է:
Մի՛ օգներ օգնութեան կարօտ եղողին, փակ դռներուն ժամանակն է:
Բանաստեղծութեան մը, կամ նկարի մը համար մի՛ դիմեր ընկերոջ մը, դրացիի մը, կամ մտերիմի մը, կամ մեծ հօր, կամ մեծ մօր, ծպտուելու եւ ծպտուածներուն ժամանակն է:
Ձայն մի՛ հաներ նոյնիսկ պէտքարանէն ներս, լրտեսներուն եւ խօսք տանողներուն ժամանակն է:
Յետոյ՝ դատաւորի մը հետ կապդ մի՛ կտրեր, որովհետեւ կրնայ ըլլալ յանցաւոր ըլլաս:
Յանցաւորի մը հետ՝ կրնայ ըլլալ պահակ ըլլայ:
Պահակի մը հետ՝ կրնայ ըլլալ գող ըլլայ:
Գողի մը՝ կրնայ ըլլալ հարստանայ:
Հարուստի մը՝ կրնայ ըլլալ մուրացկան ըլլայ:
Մուրացկանի մը՝ կրնայ ըլլալ մայթ ըլլայ:
Մայթի մը՝ կրնայ ըլլալ կօշիկ ըլլայ:
Կապդ ո՛չ մէկ բանի հետ մի՛ կտրեր, որովհետեւ որեւէ մէկ բան կրնայ ամէն ինչ ըլլալ:
Սակայն, այն մարդը որ չի՛ կրնար ընկերական, հաւատարիմ, անմեղ, վեհ եւ մանուկ ըլլալ, ի՞նչ ընէ:
Իր հագուստները ցեխոտէ՞ եւ գլուխը խոտերով ու ճիւղերո՞վ ծածկէ ու պահուըտի քարայրներուն եւ լեռներու ծերպերուն մէջ:
Կուէվարայէն աւելի փորձառու եւ հնարամիտ պիտի չըլլայ:
Վանքեր եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու տունե՞րը ապաստանի:
Պապա Շնուտայէն աւելի բախտաւոր պիտի չըլլայ:
Ուրեմն, փախուստ չկայ, պէտք է ընկերական, հաւատարիմ, զգացմունքային, անկեղ եւ վեհ մնանք:
Անմեղ պիտի մնանք, նոյնիսկ փամփուշտի ուժով…, որովհետեւ սուրերը ինչքա՜ն ալ երկար ըլլան, ժամանակին չափ երկար պիտի չըլլան: Արդարեւ, մենք տեսանք ու կարդացինք անապատի բոցերուն մէջ [քայլող] բազմաթիւ շղթայուած եւ մերկ ոտքերու մասին, որոնք կը կոխէին յաղթանակածներու ստուերներուն վրայ:
Սակայն, ես այն պաղեստինցին եմ, որ հազար ու մէկ հայրենիքներով կարկտուած եմ, բայց հայրենիք չունիմ:
Ես արաբական ծովերուն մէջ թափառողն եմ, ինչպէս ծփացող կաթիլ մը ձէթը, որ բոլոր ծովափերը կը մերժեն զինք, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ երկիրներ կը հետապնդեն ու կը հետախուզեն զինք… Ո՞ւր հաստատուիմ:
Պաղեստին,
Ես զաւակներ չունիմ՝ դո՛ւն ես աղջիկս:
Ընկերներ չունիմ՝ դո՛ւն ես ընկերուհիս:
Պատմութիւն չունիմ՝ դո՛ւն ես պատմութիւնս:
Ապագայ չունիմ՝ դո՛ւն ես ապագաս:
Դուն այն մզանքն ես, որ զիս կը կապէ հայրենիքէն ու արաբականութենէն մնացած կախարդանքին, ինչպէս նաեւ քնանալու եւ արթննալու, ծխելու եւ զրուցելու հաճոյքին:
Սակայն, ինչպէ՞ս տեսնեմ քեզ, երբ աչքերս կուրցուցին:
Ինչպէ՞ս հասնիմ քեզի, երբ ոտքերս կտրեցին:
Ինչպէ՞ս հոտդ առնեմ, երբ քիթս ջարդեցին:
Ինչպէ՞ս գրկեմ քեզ, երբ ձեռքերս շղթայեցին:
Ինչպէ՞ս անունդ տամ, երբ աւազի պարկերը բերանիս չորս կողմն են:
Աստուա՜ծ իմ, ինծի պողպատի ուժը եւ թիթեռնիկի նրբութիւնը տուր:
Քարի սառնութիւնը եւ պարուհիի ճկունութիւնը, որպէսզի օրս խաղաղութեամբ անցընեմ:
Այնըշթայնի խելքը տուր ինծի, որպէսզի կարենամ հասկնալ թէ ի՛նչ կը կատարուի արաբական աշխարհէն ներս:
Սամիրա Թաուֆիքին մարմինը տուր ինծի, որպէսզի դիմանամ կատարուածներուն:
Սագի յիմարութիւնը տուր ինծի, որպէսզի հաւատամ տեսածներուս:
Ինչպէս նաեւ Ժան Տ՚Արքին անմեղութիւնը տուր, որպէսզի հաւատամ լսածիս ու տեսածիս:
Սարդի ոտքեր տուր ինծի, որպէսզի ես եւ Արեւելքի բոլոր փոքրիկները կախուինք հայրենիքի առաստաղէն, որպէսզի այս հանգրուանը անցնի:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
Հարթակ
- 01/04/2025