ՍՈՒՐԲ ՍԱՀԱԿ Ա. ՊԱՐԹԵՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏ (348-439)

Սուրբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետ, կոչուած է նաեւ Իսահակ Պարթեւ, Մեծն Սահակ: Ներսէս Ա. Մեծ Հայրապետի որդին է: Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի տան վերջին շառաւիղը: Փոքր տարիքէն կորսնցուցած է իր մայրը: Ուսում ստացած է Կեսարիոյ եւ Կոստանդնուպոլսոյ դպրոցներուն մէջ: Տիրապետած է պարսկերէն, յունարէն եւ ասորերէն լեզուներուն: Հմտացած է իմաստասիրութեան, հռետորական ատենաբանութեան եւ երաժշտութեան մէջ: 387-ին, Խոսրով Գ. արքայի ջանքերով կաթողիկոս ընտ-րըւած է: Իր հայրապետական գահակալութեան առաջին տարիներուն դժուարութիւններու հանդիպած է, յատկապէս պարսիկներէն: 422-ին, Սուրբ Սահակի ջանքերով հայոց թագաւոր ճանչցուած է Վռամշապուհ թագաւորի տասնութ տարեկան որդին՝ Արտաշէս Գ.-ը: Այդ ժամանակաշրջանին, շուրջ քառորդ դար խաղաղ ժամանակ ապրած է Հայաստան աշխարհը: Սուրբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետը իր ամենէն մտերիմ եւ ջանասէր օգնականին՝ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի հետ միասին, մշակութային աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալած են: Մինչ այդ, երկու սուրբերը 404-406 կատարած էին հայերէն գիրերու գիւտը եւ սկսած էին հայկական գրաւոր գրականութիւն մշակելու: Գիրերու գիւտէն ետք, երկու սուրբերուն առաջին աշխատանքը եղած էր Աստուածաշունչ մատեանը հայերէնի թարգմանել: Սահակ Պարթեւ Հայրապետը վախճանած է 439-ին: Անոր աճիւնները ամփոփուած են Տարօն նահանգի Աշտիշատ քաղաքին մէջ:

Սուրբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետը նշանաւոր դերակատարութիւն ունեցած է Հայ Եկեղեցւոյ ծիսաարարողական համակարգի կարգաւորումին մէջ: Կարգաւորած է Տօնացոյցը: Գրած է կանոններ՝ ուղղուած հայ հասարակութեան գրեթէ բոլոր խաւերուն: Հեղինակած եւ մշակած է բազմաթիւ շարականներ: Սուրբ Սահակի գրիչին արգասիքն են Գիշերային ժամերգութեան չորս երգեցիկ քարոզները, իսկ շարականներէն՝ Ղազարոսի յարութեան եւ Ծաղկազարդի կանոնները, ինչպէս նաեւ Աւագ շաբթուան կանոններու երգերուն մեծամասնութիւնը: Իր անունով յայտնի է նաեւ տաղ մը՝ «Պարագրի անպարագրելի Բանն»:

Սուրբ Սահակ Հայրապետին անունով դաւանաբանական թուղթեր պահպանուած են, որոնք ուղղուած են նեստորականներուն, բորբորիտներուն ու մծղնէներուն դէմ: Սահակ Պարթեւէն պահպանուած են նամակներ եւս, որոնք ուղղուած են Կոստանդնուպոլսոյ Պրոկղ Պատրիարքին, Ատտիկոս եւ Ակակիոս եպիսկոպոսներուն, Թէոդոսիոս Բ. կայսրին, եւ ուրիշներու: Այդ նամակներուն մէջ, որոնք տեղ գտած են «Գիրքի թղթոց»ի առաջին էջերուն մէջ, Սուրբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետն ու Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցը բանաձեւած են Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ուղղափառ դաւանութիւնը, Եփեսոսի մէջ գումարուած (431-ին) Գ. Տիեզերական ժողովէն ետք: Այդ նամակներէն՝ Պրոկղ Պատրիարքին ուղարկուած նամակը, որպէս ուղղափառութեան փաստ, կարդացուած է 553-ի Կոստանդնուպոլսոյ ժողովի ընթացքին: Այդ նամակին մէջ սուրբ հայրերը հաստատած են մեր Տիրոջ Մարդեղութեան խորհուրդը եւ երեք Տիեզերական սուրբ ժողովներուն որոշումները:

Հայ Եկեղեցին տարուան ընթացքին երկու անգամ կը նշէ Սուրբ Սահակ Ա. Պարթեւ Հայրապետին յիշատակը: Առաջինը, Բուն բարեկենդանին նախորդող Կիրակի օրուան նախընթաց Շաբաթ օրը: Երկրորդը կը նշուի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցին հետ միասին, Հոգեգալուստի չորրորդ Կիրակիին յաջորդող Հինգշաբթի օրը: Այս տարի, Հայ Եկեղեցին Սուրբ Սահակի առաջին յիշատակումը պիտի կատարէ 3 Փետրուարին, իսկ երկրորդը՝ 21 Յունիսին:

Այստեղ, գրաբարէ արեւմտահայերէնի վերածուած որոշակի կանոններ կը ներկայացնեմ մեր ընթերցողներուն, որպէսզի անոնք կարենան որոշակի կարծիք կազմել, մէկ կողմէ Սուրբ Հայրապետին ունեցած մտահոգութիններուն ու դժուարութիւններուն մասին, իսկ միւս կողմէ ծանօթանալու այդ ժամանակաշրջանին տիրող ընկերային-հասարակական մթնոլորտի մասին, որովհետեւ սահմանուած կանոնները կը խօսին այն երեւոյթներուն մասին, որոնք առկայ եղած են այդ ժամանակաշրջանին:

7-րդ կանոն. Արբեցողներու եւ կռուողներու մասին. «Նոյնպէս արբեցողներն եւ կռուողներն ալ թող զատեն, մինչեւ որ ապաշխարեն եւ ուղղուին, ըստ առաջնորդի կամքին»:

12-րդ կանոն. Չարէն փախչելու մասին. «Մենք բոլորս ալ պէտք է խոյս տանք եւ փախչինք չարէն ու հետամուտ ըլլանք արդարութեան, միշտ Աստուծոյ հաճելի կեանքով ապրինք մեր կեանքը, որպէսզի մեր անձերուն եւ ուրիշ շատերու փրկութեան առիթ ըլլանք, եւ համարձակ կերպով կարենանք ըսել. «Ահաւասիկ եւ ու այն զաւակները, որոնք Տէրը ինծի տուաւ» (Ես 8.18): Մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքով եւ մարդասիրութեամբ»:

16-րդ կանոն. Մկրտութիւնը երկիւղածութեամբ կատարելու մասին. «Մկրտութիւնը պէտք է երկիւղածութեամբ կատարել, եւ մկրտութեան ընթացքին կիները թող չհամարձակին քահանային մօտ կանգնիլ, ինչպէս սովորաբար ոմանք յանդգնութեամբ կը կանգնին եւ անոնց հետ կը մկրտեն, այլ՝ իրենց տեղերը կանգնած, թող աղօթեն»:

17-րդ կանոն. Մկրտութիւն կատարող սարկաւագի մասին. «Սարկաւագները թող չհամարձակին մկրտութիւն կատարել: Իսկ եթէ կատարեն, թող պատիժներով արձակուին, որովհետեւ սարկաւագը քահանայ չէ, այլ՝ քահանային սպասաւորը»:

25-րդ կանոն. Սրբութիւնը (Սուրբ Հաղորդութիւնը) շինականներուն տունը տանող քահանաներու մասին. «Քահանաները թող չհամարձակին Սրբութիւնը եկեղեցիէն դուրս շինականներուն տուն տանիլ եւ Սրբութիւնը այնտեղ տան, բացի հիւանդներուն»:

27-րդ կանոն. Երեխաներուն պսակը չօրհնելու մասին. «Պատուիրեցէք անոնց, որպէսզի երեխաներուն համար կիներ չնշանեն, ո՛չ ալ չափահասներուն՝ առանց հաճութեամբ զիրար տեսնելու. եւ դո՛ւք, քահանաներ, երեխաները ընդհանրապէս մի՛ պսակէք, մինչեւ որ չափահաս չդառնան: Իսկ չափահասները, որոնք զիրար չե՛ն տեսած, մի՛ համարձակիք պսակել առանց քննութիւն կատարելու եւ զանոնք հարցաքննելու, թերեւս ծնողներու բռնադատութեամբ է, որ ակամայ համաձայնած են, եւ այդպիսի հարսանիք մի՛ համարձակիք ձեր վրայ առնել, որովհետեւ մինչեւ այսօր այդպիսի անկարգութիւններէն աշխարհը բազմաթիւ վնասներ կրած է, թէ՛ հոգեւոր եւ թէ՛ ալ մարմնաւոր»:

28-րդ կանոն. Քահանաներու յանդգնութեան մասին. «Ապա, եթէ լսեմ թէ քահանաներէն ոեւէ մէկը կը յանդգնի եւ մեր հրամանին հակառակելով այդպիսներուն պսակը կ՚օրհնէ, քահանան թող գիտնայ, որ անիրաւներուն նման պատիժ պիտի կրէ, եւ ծնողներն ալ պատիժէն անմասն պիտի չմնան»:

35-րդ կանոն. Աբեղաներու մասին. «Կը յիշեցնեմ ձեզի՝ բոլոր կրօնասէր վանականներուդ, որովհետեւ հրաժարած էք երկրաւոր կեանքէն եւ յանձնուած էք Աստուծոյ եւ աստուածայիններուն, որպէսզի ձեր անուան նմանի նաեւ ձեր գործերը, եւ ձեզի համար սիրելի ըլլան՝ պարկեշտութիւնը, արթնութիւնը, պաշտօնասիրութիւնը, օտարասիրութիւնը, եղբայրասիրութիւնը եւ ձեր անձով նմանիք հրեշտակական վարքին»:

39-րդ կանոն. Յանդգնողները ամչցնելու մասին. «Արդ, թող ամչնան բոլոր անոնք, որոնք իրենց տխմարութեամբ եւ անզգամութեամբ յանդգնեցան ըսել, թէ տարբեր է եկեղեցին եւ տարբեր՝ վանքերը, որովհետեւ յայտնի դարձաւ եկեղեցւոյ անդամներուն՝ Քրիստոսի հաւատացողներուն անբաժանելի միութիւնը. քանզի «իրարու անդամներ ենք» (Եփ 4.25), Աստուծոյ սիրով՝ հաւատքի շինութեան համար: Նոյնպէս ժողովարաններն ու մատուռները, որ սկիզբէն իսկ սովորութիւն եղաւ զանոնք եկեղեցի կոչել, թէեւ բազմաթիւ են ըստ գիւղերու եւ ըստ քաղաքներու, սակայն բազմաթիւ ըլլալով հանդերձ իրարմէ բաժան չեն, այլ՝ միեւնոյն խորհուրդը կը կատարուի բոլորին մէջ: Եւ ըստ խորհուրդին, մէկուն համար մեծ եւ միւսին համար փոքր չ՚ըսուիր, այլ՝ ըստ իշխանութեան աստիճանին կը դասաւորուին, եւ մեծ փութով պէտք է անոնց մէջ յարատեւել, որովհետեւ ո՛չ թէ մարդկային կարծիքներէ յառաջացած է այս սահմանադրութիւնը, այլ՝ Աստուածաշունչ գիրքերէն կրկնուեցաւ մեր մէջ յստակօրէն, եւ անոնք որոնք կը հակառակին, ո՛չ թէ մարդու մը կը հակառակին, այլ՝ Աստուծոյ հրամանին է որ կը հակառակին, եւ անոնք որոնք կը կամենան հակառակիլ, իրենց անձերուն վրայ դատաստանը կ՚ընդունին»:

49-րդ կանոն. Այս կանոնները զգուշութեամբ պահելու մասին. «Արդ, մեր մէջ զգուշութեամբ թող պահուին կանոնական այս սահմանումները, եւ ո՛չ ոք թող խոտորի այս Աստուածահաճոյ հրամաններէն, որոնցմով եկեղեցիները կը պայծառանան, քահանաները կը բերկրին, իշխաններն ու գեղջուկները ուրախութիւնը կը համբուրեն, եւ օտարներէն երանութիւն ու դրուատանք կը ստանանք, որովհետեւ ըստ գրուածին, օտարներէն պէտք է բարի վկայութիւն ստանանք, որպէսզի Աստուծոյ անունն ու վարդապետութիւնը չհայհոյուի, ինչպէս անցեալին Մարգարէն կը բողոքէր իսրայէլացիներուն պարտաւորեցնելով, թէ «ձեր պատճառով հեթանոսներ Աստուծոյ անունը կ՚անարգեն» (Ես 52.5: Հռ 2.24): Իսկ մեր բարի կարգերուն եւ գործերուն համար, կը փառաւորեն մեր Հայրը, որ երկինքին մէջ է, ըսելով թէ՝ «ասոնք են Տիրոջմէ օրհնուած զաւակները, որոնք կ՚ուրախանան Տիրոջմով» (Հմմտ. Ես 61.9-10)»:

Հատուած մըն ալ կը ներկայացնեմ Սուրբ Սահակ Հայրապետի եւ Սուրբ Մեսրոպի կողմէ՝ Կոստանդնուպոլսոյ Պրոկղ Պատրիարքի նամակին գրած պատասխանէն:

«Այլ, մենք մէ՛կ Աստուծոյ կը հաւատանք, Հայր ամենակալ, երկինքի եւ երկրի, երեւելի եւ աներեւոյթ արարածներու Արարիչ:

«Եւ մէ՛կ Տէր Յիսուս Քրիստոսի, Աստուծոյ Միածին Որդիին, այսինքն՝ էութիւն է էութենէն, ծնեալ էութիւն՝ որով ամէն բան եղաւ. Աստուծմէ՝ Աստուած, Լոյսէն՝ Լոյս, ծնած եւ ո՛չ թէ արարուած, Հօր իսկակից, որ մեր՝ մարդկութեան համար իջաւ ու մարմնացաւ, չարչարանքները յանձն առաւ, երրորդ օրը յարութիւն առաւ, երկինք ելաւ, եւ պիտի գայ դատելու ողջերն ու մեռելները:

«Եւ կը հաւատանք Սուրբ Հոգիին: Իսկ անոնք որոնք կ՚ըսեն, թէ կար ժամանակ որ Ան չկար, եւ նոյնիսկ ծնած ալ չէր, եւ կ՚ըսեն թէ ոչնչութենէն յառաջ եկաւ, եւ կամ այլ մէկէ մը կամ այլ զօրութենէ մը, եւ կամ եղծնելով ու փոփոխուելով, այդպիսիները մենք կը նզովենք. որովհետեւ միշտ Հայր, միշտ Որդի, միշտ Սուրբ Հոգի, Հոգի Աստուծոյ՝ Սուրբ Հոգի, կատարեալ, բարեխօս, անստեղծ, անեղծ, որ խօսեցաւ Օրէնքով, մարգարէներով եւ առաքեալներով, եւ որ Յորդանան [գետին] վրայ իջաւ:

«Իսկ Որդիին մարմնազգեցութեան մասին այսպէս կը հաւատանք, թէ յանձն առաւ Սուրբ Հոգիին միջոցով կատարեալ մարդ ըլլալ Աստուածածին Մարիամէն, շունչ եւ մարմին առաւ ճշմարտօրէն եւ ո՛չ թէ կեղծ կերպով, այսպիսով կատարեց ու փրկեց մեր մարդկութիւնը, եւ ճշմարտապէս չարչարուեցաւ: Ոչ թէ Ի՛նք պարտաւոր էր չարչարանքներ կրելու, որովհետեւ Աստուածութիւնը զերծ է չարչարանքներէն, այլ՝ մեզի համար յանձն առաւ չարչարանքները, խաչուեցաւ, թաղուեցաւ եւ երրորդ օրը յարութիւն առաւ ու երկինք համբարձաւ, Հօր աջ կողմը նստաւ, եւ պիտի գայ դատելու ողջերն ու մեռելները: Տակաւին, Հաւատամքի աւարտին կը հաւատանք նաեւ մէ՛կ մկրտութեան, ապաշխարութեան, եւ մէկ Կաթուղիկէ Եկեղեցւոյ, մեռելներու յարութեան, Երկինքի Արքայութեան եւ յաւիտենական դատաստանին: Աստուած կը խոստովանինք Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին, Մէկ Աստուածութիւն՝ Սուրբ Երրորդութեան, որովհետեւ Աստուած Հոգի է, եւ Իր կամքով երեւցաւ, խօսեցաւ Օրէնքով, մարգարէներով եւ առաքեալներով»:

Սուրբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետի կանոններն ու Պրոկղ Պատրիարքին ուղղուած պատասխան նամակէն ներկայացուցած հատուածներու թարգմանութիւնը կատարած եմ «Մատենագիրք Հայոց, Ա. հատոր, Ե. դար», տպուած՝ Անթիլիաս-Լիբանան, 2003, էջ 159-222:

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

29 Յունուար 2018

Հինգշաբթի, Փետրուար 1, 2018