ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

-Գացի, եկայ վեց տարիէն աւելի լքած ծննդավայրս: Եօթը օրուան կեցութիւնս տարի մըն էր կարծես:

Կը դժգոհի Յովհաննէս իր բարեկամ Ենովքին: Ենովք հանդիպած էր իրեն Երեւանի իր բնակարանը, որպէսզի տեղեկութիւններ ստանար Հալէպի վիճակին մասին, ուրկէ երէկ ժամանած էր բարեկամը: Յովհաննէսին աչքերը կը խօսէին, նայուածքէն նկատելի էր ներքին ալեկոծումը: Յիսուն տարիէ աւելի ապրած ծննդավայրին տեսքը խոր յուզումներու մէջ թաղած էր զինք:

-Երեք տուն ունիմ, բայց պանդոկ իջեւանեցի:

Կը շարունակէ ան ջերմութեան բացակայութիւնը մատնանշելով: Ջերմութիւն մը, որ ոչ միայն շունչի պակասէն կը գոյանայ, այլ ջնջուած հարազատութիւն մըն է այլեւս զինք պարուրողը. հարազատութիւն մը, որ գոյ էր, կենդանի էր տուներուն երդիքներէն ներս, թաղամասերուն մէջ, որ կը ջերմացնէր ամբողջ հայկական շրջանները: Այո, հայկակա՛ն շրջանները, ուր շատ քիչ տեղացիներու կը հանդիպէին, սակայն հիմա...: Ատենին հայ մանուկներ հասակ կը նետէին, պատանիներ կ՚երթեւեկէին, հայ երիտասարդ արհեստաւորներ, ուսանողներ կը վխտային հոն: Մինչ հիմա, հիմա երիտասարդներուն թիւը նօսրացած է, երեկոյեան ժամը վեցէն ետք թաղերուն ամայացում մը կը տիրէ. ելեկտրական հոսանքը յաճախ կ՚անջատուի ու ամայացումը զարհուրելի մթութիւն մը հագած վհուկի պէս կը շրջի թաղերուն մէջ, ալ ո՞վ կը համարձակի դուրս ելլել...:

-Երեկոները, պանդոկին պատշգամէն կը դիտէի ամայի փողոցները. որքան սոսկալի էին, մանաւանդ երբ գիտես անոնց առաջուան վիճակը, նորը շատ խորթ կը թուի:

Ջերմութեան բացակայութիւնը նաեւ Յովհաննէսին վերջին տարիներու ապրած միջավայրին ընտելացումը կը մատնանշէ. հինի ու նորի բախում մը, ուրախալի է հարկաւ անցեալի եւ ներկայի միջեւ այս կամրջումը, գոհունակութիւն մը կայ իր տխուր հնչիւններուն մէջ ներկային հանդէպ. թէեւ պատճառը մռայլ էր, սակայն հետեւանքը ահաւասիկ սփոփիչ կը թուի:

-Տե՛ս, Ենովք, ահա ասոնք մնացած են խանութներէս եւ օթոներէս,- ցոյց կու տայ առձեռնին մէջ պահուած նկարները, երեք փլատակ խանութներու, երեք մետաղակոյտերու, որոնք ատենին իր ու տղուն խանութներն ու ինքնաշարժներն էին, ապա,- կը յիշե՞ս, որ հոս գալէս առաջ խանութ մը ծախեցի. բարեկամներս որքա՜ն ափսոսացին, որ այդ գինով ծախած էի: Շատ լաւ ալ ըրած եմ, գոնէ այդ գումարով հոս բոյն մը ունեցանք, ու շատերուն պէս վարձքով չմնացինք. երանի թէ բոլոր կալուածներս ծախած ըլլայի ու այս պատկերները չտեսնէի,- կը շարունակէ թերթելով ու ցոյց տալով աւերակներն ու մետաղակոյտերը,- ամէն ինչ մէկդի, մարդոց աչքերուն մէջ յոյս կը տեսնէի, չեմ գիտեր թէ ի՞նչն է պատճառը այդ յոյսի կայծին..., թերեւս մենք ալ եթէ հոն մնայինք, նոյն ապրումները ունենայինք,- ափսոսանքն ու ինքնամխիթարութիւնը կը խառնուին Յովհաննէսին վանկերուն, որոնց առաջինները կը հարուածեն երկրորդները. ինչպէ՛ս կարելի է այդ ձեւով մտածել, միթէ առանց յոյսի կեանքը գոյութիւն կրնա՞յ ունենալ:

-Բայց այդքան ալ մի՛ ըներ, Յովհաննէս,- կ՚ընդմիջէ բարեկամը,- կը տեսնենք ֆէյսպուքէն, ամէն ինչ լի ու լի տեղի կ՚ունենայ Հալէպի մէջ. ճիշդ է, որ առաջուան ճոխութիւնը պէտք չէ փնտռել, սակայն նօսրացած համայնքն ալ աշխոյժ է, կը կարծեմ:

-Անշուշտ որ կեանքը պիտի ընթանայ իր հունին մէջ. «այսօր կանք, վաղը չկանք»ը պիտի տիրէ հիմա առաջուընէ աւելի, պատերազմ տեսնողի հոգեբանութիւն է ատիկա:

-Չէ, չէ, ամէն ինչ լաւ կ՚ըլլայ, Յովհաննէս. յոյսս մի՛ կտրեր, ես տակաւին տունս չեմ ծախած, կը սպասեմ որ յարմար գին մը բերէ, գոնէ հոս փոխարէնը տուն մը կարենամ առնել:

-Գիտես արդէն, որ ես ալ ծախու դրած եմ տուներս, մէկը ծախեցի այսօրուան գինով, չըսի՝ քիչ է, շատ է, ինչ որ տուին, ծախեցի. չես գիտեր օրը ինչ կը բերէ, թէեւ լաւատես ենք, սակայն անակնկալներուն պատրաստ պէտք է ըլլանք: Պատմեմ ալ մտիկ ըրէ՝

«Երբ տուներս ծախու դնելու համար գրասենեակները կ՚երթայի, հոն յաճախ նոյն նպատակով եկողներու կը հանդիպէի: Արաբախօս, միջահասակ, երիտասարդ, պչրոտ կին մըն էր անոնցմէ մէկը, գիտես արդէն անոնք ինչպէս ճողելով կը խօսին: Շատ ինքնավստահ գին մը ներկայացուց ու իր տան հասցէն տուաւ, բայց հարուածը չուշացաւ, երբ նոյն շէնքին մէջ, իր տան տարածութեամբ, իրմէ երկու յարկ վարի դրացիին տան գինը իմացաւ, իր տուած գինէն բաւական նուազ էր: Է՛, գնողը ո՞րմէկը կ՚առնէ...: Ահա այս է պատկերը, մեռած են տուներուն գիները...»:

... Ու կը շարունակուէր անոնց քիչ մը զուարթ, քիչ մը տխուր զրոյցը. երբեմն անցեալէն անուշ յուշ մը կը համեմէր յուզումը, երբեմն զայրոյթով կը բոցավառէին անոնց աչքերը պատերազմի օրերէն պատկեր մը յիշելով, քաղաքական զրոյցի կը վերածուէր յանկարծ անոնց երկխօսութիւնը ու ապագան կը գծէին իրենց տեսանկիւնէն. վաթսունամեայ բարեկամները աղօթքներ կը մռմռային երբեմն իրենց ծննդավայրին վերականգնումին համար, երբեմն փառք կու տային, որ իրենք հոս՝ հայրենիքի մէջ, կարողացած են ապաստանիլ ու կ՚ապրին...:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Փետրուար 1, 2019