ՈՐՈՇԻՉԸ

Քանի որ ապագան անորոշ է, կարգ մը ճարպիկներ ինչ (որ չեն պակսիր) մարդկային ընկերութեան մէջ, կը ստանձնեն ապագան գուշակելու խիզախութիւնը կամ խորամանկաբար զայն մեկնելու առաքելութիւնը աստղերու անունով տալ հանրութեան. մեր հայրերը սօսեաց անտառի շրշիւնով կը մեկնէին. այլ տեղ գաւաթի մէջի ջուրէն երեւոյթներու բացատրութեամբ կամ սկահակի մէջի զարդանման սուրճի մնացորդները լեզու կու տային կարդացողին. իսկ թէ աստղերը ինչ կ՚ըսեն, այդ ալ մասնաւոր գրականութիւնն ունի: Վերջապէս ամէն ազգ կամ ժողովուրդ իրեն յատուկ հաւատքով ու մօտեցումով, եթէ ոչ երեւակայական, այլ գործնական ու տրամաբանական իրողութիւններու վրայ կ՚ընթանայ իր կեանքի ուղին: Յատկանշական գտայ չինական մէկ պատմուածքը, ուր թէեւ չկան վերոյիշեալներէն երեւակայական կամ աներեւոյթը տեսնելու աճպարարութիւնը, սակայն կայ գործնական կեանքի օրինակ, հաստատ հող, մարդիկ եւ սակայն անորոշ ապագայ ու մօտեցումը անոր՝ Տաօիստական մօտեցումով.-

Բլուրի մը գագաթին լքուած բերդի մը մէջ ծեր մարդ մը կ՚ապրէր իր զաւկին հետ։ Օր մը կորսնցուց ձի մը։ Դրացիներ եկան ցաւակցութիւններ յայտնելու այս դժբախտութեան համար. իսկ ծերունին հարցուց.- Ի՞նչպէս գիտէք թէ այս գէշ բախտ մըն է: Մի քանի օր ետք իր ձին վերադարձաւ իր հետ բերելով խումբ մը վայրի ձիեր։ Իր դրացիները դարձեալ եկան, այս անգամ շնորհաւորելու այս բախտաւորութիւնը. ու ծերունին հարցուց.- Ի՞նչպէս գիտէք թէ այս բախտաւորութիւն է: Շրջապատուած այսքան բազմաթիւ ձիերով, իր որդին սկսաւ ձիավարել եւ օր մը իր ոտքը կոտրեց: Դա՛րձեալ եկան դրացիները իրենց ցաւակցութիւնները յայտնելու. դարձեալ ծերունին հարցուց.- Ինչպէ՞ս գիտէք թէ այս գէշ բախտ մըն էր: Յաջորդ տարին պատերազմ սկսաւ եւ քանի որ տղան հաշմանդամ էր, (ոտքը փխրուն) պատերազմի անատակ, չտարին բանակ. մնաց տունը:

Դարերու ընթացքին բնութիւնն ու մարդկային մտածողութիւնը կը կերտուին ու անկասկած նաեւ փոփոխութեան ալ կ՚ենթարկուին եւ նոյնիսկ երկրի բնակչութիւնը միալար չ՚ընդունիր ինչ որ ունի: Երկուութիւնը մարդկային բնութեան անխախտ օրէնքներէն է: Վերեւի պատմուածքը հանդարտութեան փիլիսոփայութեան մէկ օրինակն է, եւ տրուած ըլլալով որ չինական աղբիւրը՝ հարկաւ Լաօ Ցէական… Ես ալ երբ առիթներով Վահան Թէքէեանը կը յիշէի, չէի կրնար իր միականիութիւնը մտահան ընել։ Մեր, հայ ազգին ամբողջ պատմութեան մէջ մէկ հատիկ է Ան ի միջի այլոց՝ միականիութեամբ, թէեւ երբ իր մասին դասախօսութիւններ կ՚ըլլան կը զլացուի այս պարագան ինչ-ինչ պատճառաւ. (Գուցէ սոյն գրութեան աւարտին ոմանց կողմէ հասկնալի ըլլայ): Բարեկամի մը միջոցաւ վերջապէս ունեցայ Վահան Թէքէեանի «ԵՐԿՈՒ ԴՐԱԽՏՆԵՐԸ» գիրքը, ուր հեղինակին հրապարակագրական յօդուածները ամփոփուած են ի միջի այլոց՝ «ԻԹԹԻՀԱՏԸ ԵՒ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ» ոչ միայն հետաքրքրական գտայ այլ այնքան առարկայական բնութագրումը, ռազմավարութիւնը, որ տակաւին կը շարունակուի վերջինին կողմէ. ի մասնաւորի Զ. բաժնի մէջ, քանի որ կը խօսի նշեալ հայկական գործունէութեան մասին «որպէսզի մեր ազգին մէջ մինակը տիրէ» եւ ոչ մէկ միջոց կը խնայէր հասնելու իր սոյն նպատակին, սպաննելով, կամ ծեծել տալով, եւ մասամբք նորին: Յօդուածը թուագրուած է 14-27 յուլիս 1912: Իսկ ես որ կը ցաւէի «Մէկ հատիկի» կորուստին, իբրեւ դժբախտութիւն, որ իր մեռած եղբայրը կը սգար, ու զիս կը յուզէր, մինչեւ սոյն յօդուածը կարդալս, ալ անկէ ետք գոհ եւ ուրախ եմ որ միայն մէ՛կ աչքը եւ ոչ թէ երկուքը կամ կեանքն իսկ վրայ տուած չէ Մեր Բանաստեղծը: Հուսկ՝ երէկի տխրութիւնս փոխուեցաւ ուրախութեան: Աւետիս:

Այս ալ ծննդեան նուէրի պէս բան մը:

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Շաբաթ, Փետրուար 1, 2020