Մարտիրոս Մնակեան. Հայ Բեմի Մեծարժէք Դերասանապետը
Հայ ժողովուրդի մշակութային կենսունակութեան եւ ազգային տաղանդին ամենէն խօսուն վկան է հայ թատրոնը, որուն արժանաւոր հսկաներէն Մարտիրոս Մնակեանի (1837-1920) մահուան 97-րդ տարելիցը կ՚ոգեկոչենք Փետրուար 22-ին:
1920 թուականի այս օրը, Պոլսոյ մէջ, ծերունազարդ տարիքին վախճանեցաւ հայ բեմի մեծանուն դերասանապետը, որ աւելի քան կէս դար բեմական իր ներկայութեամբ ջերմացուց հայ կեանքը, յատկապէս՝ կատակերգական իր առինքնող դերերով:
Բարձրարժէք եղաւ Մարտիրոս Մնակեանի ներդրումը նաեւ ու մանաւանդ հայ թատրոնի տաղանդաշատ վարպետներու սերունդ հասցնելու ասպարէզին մէջ: 20-րդ դարու հայ բեմի մեծ վարպետ Վահրամ Փափազեանը ըստ ամենայնի իրաւունք ունէր հպարտանալու, որ աշակերտած է Մնակեանին:
Մարտիրոս Մնակեան ծնած էր Պոլիս, 1837 թուականին: Խասգիւղի «Ներսէսեան» վարժարանի փայլուն շրջանաւարտներէն էր, որ հազիւ ուսումը աւարտած՝ օգնական ուսուցիչի պաշտօնին կոչուած էր միեւնոյն դպրոցին մէջ:
Պատմութենէն ծանօթ է, որ մեր ժողովուրդի արդի ժամանակներ մուտքը եւ Ազգային Զարթօնքի շարժումը թափ առին յատկապէս հայ թատրոնի ծաղկումով, որ հաւասարապէս թէ՛ Պոլսոյ եւ թէ՛ Թիֆլիզի մէջ ի մի բերաւ հայ գրականութեան, բեմարուեստին, կերպարուեստին եւ գեղանկարչութեան երիտասարդ նուիրեալները: Հայ թատրոնը ոչ միայն գեղարուեստական ինքնադրսեւորման ամենէն ժողովրդական բեմը դարձաւ, այլեւ անզուգական ներգործութիւն ունեցաւ հայոց ազգային-ազատագրական ձգտումներու շղթայազերծման եւ հունաւորման մէջ:
Ընդհանուր այդ հոսանքին սիրողաբար միացաւ Մնակեան, 1857 թուականին, հազիւ քսանամեայ երիտասարդ իր տարիքին: Հայ ուսուցիչի նիւթական անձուկ պայմաններուն մէջ ապրող երիտասարդ Մնակեանին առջեւ թատրոնը բացաւ ինքնադրսեւորման ու կեանքի մեծապէս խոստմնալից ասպարէզ մը եւ ան շուտով հեռացաւ ուսուցչութենէն ու ամբողջապէս նուիրուեցաւ բեմական գոր-ծունէութեան:
Հայ թատրոնի պատմութեան նուիրուած իր յուշերուն մէջ Հրանդ Ասատուր հետեւեալ հետաքրքրական տեղեկութիւնները կու տայ Մարտիրոս Մնակեանի բեմական աշխարհ մուտքին մասին.
«Մնակեանի անունը առաջի օրէն խառնը-ւած է Արեւելեան թատրոնի (Պոլսոյ հայկական մեծանուն թատրոնը) պատմութեան: Հասգիւղի ներկայացումներէն ետքը մասնակցած էր Բերայի առաջին ներկայացման՝ Արիստոտէմի, որմէ Մնակեանի բաժնին 500 ղրուշ գոյացած էր, եւ այս գումարը իրեն վճարուեր էր ամբողջ պղինձէ քառասուննոցներով, որոնք այն ատեն արծաթ մէճիտիէի ծաւալը ունէին գրեթէ: Քառասուննոցները, տոպրակի մէջ լեցուցած, կը տրուին Մնակեանին, որ իր հարստութիւնը «շալկած»՝ կը հասնի Հասգիւղ: Մէկ գի-շերուան մէջ 500 ղրուշ շահեր էր, ինք, որ իբր օգնական ուսուցիչ այդքան գումար մը մէկ ամսուան մէջ իսկ չէր կրնար շահիլ: Մնակեան այնքան երջանիկ էր, որ այդ օրը ա՛լ կ՚որոշէր թողուլ ուսուցչութիւնը եւ ինքզինքը տալ դերասանութեան:
«Իր յաջողութիւնը քաջալերիչ եղած էր եւ փայլուն ապագայ մը կը պսպղացնէր իր հմայուած աչքերուն առջեւ: Ուստի իսկոյն գացեր էր միանալու առաջին օրէն Արեւելեան թատրոնի խումբին, եւ «Մեղու» կը յիշէ զայն առանց մականունի՝ «Պ. Մարտիրոս»ի վրայ խօսելով առաջին ներկայացման առթիւ իսկ: Ետքէն թերթերը կը խօսին «Մնակեան»ի մասին, մանաւանդ երբ Վարդովեանի հետ Զմիւռնիա կ՚երթայ, ուր մեծ յաջողութիւն կը գտնէ 1862-ին: Այսպէս, Արեւելեան թատրոնի երկրորդ տարեշրջանին Մնակեանն ալ, Վարդովեանի պէս, կը հեռանայ Արեւելեան թատրոնի խումբէն՝ հաւանաբար չկրնալով հանդուրժել այն առաջնակարգ դիրքին, զոր ձեռք բերած էր Էքշեան՝ նիւթապէս վայելելով առիւծի բաժինը թատերական հասոյթներէն եւ առաջին դերերուն մէջ, գրաւելով միշտ թատերաբեմը, ուր կ՚արժանանար ժողովուրդին ջերմ ծափերուն»:
Զմիւռնիոյ մէջ իր գտած ջերմ ընդունելութենէն խանդավառ՝ Մնակեան քանի մը հայ, յոյն եւ թուրք դերասան ընկերներով կը հիմնէ «Վասպուրական» թատերախումբը, որ յատկապէս ֆրանսական երաժշտախառն կատակերգութիւններով լայն հասարակութիւն կը գրաւէ: Այս շրջանին կ՚ամուսնանայ եւ բեմական իր գործունէութեան կողքին կը վերադառնայ ուսուցչութեան՝ նախ Ադրիանապոլսոյ (Էտիրնէ) մէջ, ապա՝ վերստին Պոլիս: Ուսուցչութիւնը բնաւ արգելք մը չեղաւ, որպէսզի Մնակեան՝ արդէն իբրեւ հանրածանօթ դերասան եւ թատրոնի ղեկավար, նոր թափով լծուի բեմական գործունէութեան: Կը գործակցի «Մաղաքեան թատրոն»ին, Կէտիկփաշայի թատրոնին եւ, թուրք դերասան իր ընկերներու հրաւէրով, Օսմանեան թատերական ընկերակցութեան հետ:
Պոլիսով չսահմանափակուեցաւ Մնակեանի հետագայ գործունէութիւնը: Ադամեանի, Արուսեակի եւ Սիրանոյշի արժէքով մեծատաղանդ դերասաններու հետ, Մնակեան շարունակ թատերական ելոյթներով շրջագայեցաւ ոչ միայն Օսմանեան կայսրութեան տարածքին (մինչեւ Թեսաղոնիկէ ու Եգիպտոս, պարբերաբար վերադառնալով Զմիւռնիա եւ Էտիրնէ), այլեւ հասաւ մինչեւ Թիֆլիզ, ուր ռուսական թատերախաղերու մէջ իր ստանձնած կատակերգական փայլուն դերերով ուղղակի հմայեց հայ, վրացի եւ ռուս հանդիսատեսը:
Մարտիրոս Մնակեան անուրանալիօրէն մեծ ներդրում ունեցաւ նաեւ թրքական թատրոնի ծաղկումին մէջ: Նոյնինքն թրքական աղբիւրները յատուկ կարեւորութեամբ ու գնահատանքով կ՚անդրադառնան հայ բեմի վարպետի բարձրարժէք աւանդին՝ իբրեւ օսմանեան թատրոնի զարգացման նախակարապետներէն մէկուն:
1900-ականներուն Մնակեան ղեկավար գործունէութիւն ունեցաւ ատենի թրքական մեծագոյն թատրոններուն մէջ, յատկապէս՝ Օսմանլը տռամ քումփանիասիի (Օսմանեան թատերական ընկերակցութիւն) հետ, որ Մնակեանի եւ ընկերներու իրագործած աւելի քան 250 գործերու բեմականացումով՝ կը նկատուի 20-րդ դարասկիզբի թրքական թատրոնի մեծագոյն ներկայացուցիչը: Իր այդ վաստակին համար Մնակեան թատերական դասաւանդութեան հրաւիրուեցաւ Օսմանեան պետական երաժշտանոցին մէջ: 1912 թուականին պետական շուքով տօնուեցաւ Մարտիրոս Մնակեանի թատերական գործունէութեան յիսնամեակը եւ հայ թատրոնի վարպետը արժանացաւ սուլթանի յատուկ շքանշանին:
Հայ թատրոնի մեծատաղանդ հսկան բեմէն հեռացաւ 1916 թուականին, երբ առողջական վիճակն ու սեփական ժողովուրդին ազգային մեծ ողբերգութիւնը՝ ամբողջապէս ինքնամփոփ դարձուցին կենսուրախ եւ կենսայորդ հայ դերասանապետը:
22 Փետրուար 1920-ին առյաւէտ փակուեցան աչքերը հայ բեմական արուեստի վաստակաշատ վարպետին, որ իր գործով ու արուեստով շնչաւորեց սերունդներուն ուղղուած Մարտիրոս Մնակեանի դաւանանքը՝
«Մարդու կերպարանքը անոր հոգիին հայելին է»:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ