Մեծ Պահքին խորհուրդը
Արդէն սկսաւ Մեծ պահքը: Այդ շրջանը կը տեւէ 48 օր՝ Բուն բարեկենդանէն մինչեւ Ս. Յարութեան (Ս. Զատկի) տօնի նախօրէն: Պահքի շրջանին կ՚օգտագործեն բացառապէս բուսական ծագում ունեցող սննդամթերք:
Պահքի ընթացքին կը հրաժարին ոչ միայն որոշ կերակուրներէ, այլեւ մոլի սովորութիւններէ, շատախօսութենէ, ստախօսութենէ, հայհոյանքէ եւ այլ մեղքերէ:
Կերակուրէն հրաժարիլը առանց մեղքէն ետ կենալու անօգուտ է: «Սատանան միշտ պահքի մէջ է, ոչինչ կ՚ուտէ, բայց մեղք գործելէ չի դադրիր եւ չի յոգնիր», կ՚ըսէ Ս. Գրիգոր Տաթեւացին: «Լերան քարոզ»ին մէջ Յիսուս պահքի մասին կ՚ըսէ. «Երբ ծոմ պահէք, տրտմերես մի՛ ըլլաք կեղծաւորներու նման, որոնք իրենց երեսները կ՚այլանդակեն, որպէսզի մարդոց այնպէս երեւան, թէ ծոմ կը պահեն, ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, այդ է անոնց վարձքը, այսինքն՝ մարդոց երեւալը եւ անոնցմէ գովուիլը: Այլ երբ դուն ծոմ կը պահես, օծէ քու գլուխդ եւ լուայ քու երեսդ, որպէսզի չերեւաս մարդոց ծոմ պահող, այլ քու Հօրդ, գաղտնաբար, եւ քու հայրդ, որ տեսնէ, ինչ որ ծածուկ է, կը հատուցանէ քեզ» (Մատթ. 6:16-18): Զղջումը, աղօթքը, ապաշխարանքը հիմնական պայմաններն են Աստուծոյ զօրութիւնը ստանալու:
Մեծ պահքի օրերը կը խորհրդանշեն անապատի մէջ Քրիստոսի քառասնօրեայ աղօթքի, ծոմապահութեան եւ ապաշխարութեան շրջանը: Իր մկրտութենէն ետք Յիսուս «հոգիով անապատ առաջնորդուեցաւ ու քառասուն օր փորձուեցաւ սատանայէն: Չկերաւ ու չխմեց այն օրերունէ (Ղուկ. 4:1-3): Յիսուս Զինք ծոմապահութեան ենթարկեց մարդկային ցեղի փրկութեան համար, մարդկութեան փոխարէն Ինք ապաշխարեց, որպէսզի բոլոր պահեցողութիւն ընողներուն ապաշխարանքը իմաստ եւ իրականութիւն ստանան շնորհիւ Իր ծոմապահութեան: Քառասնօրեայ պահքին կը յաջորդէ պահոց եւս մէկշաբաթեայ շրջան՝ Աւագ շաբաթը: Այդ է պատճառը, որ քառասնօրեայ կոչուող պահքը 48 օր կը տեւէ:
Մեծ պահքը ունի եօթ Կիրակի, եօթ յիշարժան օրեր. Բուն բարեկենդան, Արտաքսման, Անառակի, Տնտեսի, Դատաւորի, Գալստեան եւ Ծաղկազարդ: