ՄԵԾ ՊԱՀՔ (Գ.)

ՏՆՏԵՍԻ ԿԻՐԱԿԻ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ

Ինչպէս նախորդ գրութեան մէջ յիշած էի, թէ Մեծ պահքի քառասնօրեայ պահեցողութեան այս ժամանակաշրջանը, մեր Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ծիսական-արարողական կեանքին մէջ ամենէն գեղեցիկ, ամենէն պարզ, միաժամանակ ամենէն խորախորհուրդ ժամանակաշրջանն է: Կիրակի օրերը, ինչպէս արդէն ըսած էինք անցեալ անգամ, յատուկ անունով մը կոչուած են, հաւատացեալները առաջնորդելու համար ինքնամաքրման եւ ինքնաքննութեան:

Մեծ պահքը խորհրդանշող այլ երեւոյթ մըն է. պահեցողութեան քառասնօրեայ այս ժամանակահատուածի ընթացքին եկեղեցիներէն ներս կատարուած Արեւագալի, Խաղաղական եւ Հանգստեան ժամերգութիւնները, որոնք իրենց բովանդակութեամբ՝ աղօթքներով, քարոզներով, մաղթանքներով եւ հոգեւոր երգերով, առիթ կ՚ընծայեն հաւատացեալներուն լեցուելու հոգեւորապէս եւ արժանապէս ապրելու ապաշխարութեան այդ ժամանակաշրջանը:

Այս գրութեամբ առաջին հերթին պիտի անդրադառնամ Տնտեսի Կիրակիին եւ ապա՝ Արեւագալի ժամերգութեան:

Սկսինք Տնտեսի Կիրակիով: Նախեւառաջ ընթերցենք Աւետարանական հատուածը:

ՃԱՐՊԻԿ ՏՆՏԵՍԻՆ ԱՌԱԿԸ

Իր աշակերտներուն Յիսուս այս առակը պատմեց.

-Մեծահարուստ մարդ մը կար, որ իր ստացուածքներուն վրայ տնտես մը ունէր։ Երբ տնտեսին մասին մարդիկ ամբաստանութիւն ըրին՝ ըսելով, թէ իր տիրոջ հա-րըստութիւնը կը վատնէ, մեծահարուստը կանչեց զինք եւ ըսաւ. «Ի՞նչ են քու մասիդ այս ըսուածները։ Քեզի յանձնուած բոլոր ստացուածքներուս հաշիւը տուր։ Այլեւս իմ տնտեսը չես կրնար ըլլալ»:

Տնտեսը ինքնիրեն խորհեցաւ. «Ի՞նչ կրնամ ընել. ահա տէրս զիս տնտեսութեան պաշտօնէն կը զրկէ։ Բանուորութիւն չեմ կրնար ընել, մուրալու կ՚ամչնամ։ Սակայն գիտեմ թէ ինչ պէտք է ընեմ, որ երբ տէրս զիս տնտեսութեան պաշտօնէն հեռացնէ, մարդիկ ընդունին զիս իրենց տուներէն ներս»: Ապա մէկ առ մէկ կանչեց իր տիրոջ պարտապանները եւ առաջինին հարցուց. «Ո՞րքան պարտք ունիս տիրոջս»: Անիկա պատասխանեց. «Երկու հարիւր թիթեղ ձէթ»: Տնտեսը ըսաւ. «Ահաւասիկ պարտամուրհակդ. նստէ եւ անմիջապէս գրէ՝ հարիւր»: Յետոյ հարցուց միւսին. «Դո՞ւն որքան պարտք ունիս»: Անիկա պատասխանեց. «Չորս հարիւր յիսուն պարկ ցորեն»: Տնտեսը ըսաւ. «Ահաւասիկ պարտամուրհակդ. նստէ եւ գրէ՝ երեք հարիւր յիսուն»:

Տէրը ասիկա լսելով՝ գովեց անիրաւ տնտեսը իր հնարամտութեան համար։ Որովհետեւ այս աշխարհի մարդիկը իրարու հանդէպ իրենց վարմունքին մէջ աւելի ճարպիկ են, քան լոյսի որդիները։ Եւ ես կ՚ըսեմ ձեզի.- Աշխարհիկ հարստութիւնը գործածեցէք այնպէս՝ որ Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահիք, որպէսզի երբ այս աշխարհէն ելլէք, ձեզ յաւիտենական յարկերու մէջ ընդունին» (Ղկ 16.1-9):

Հետաքրքրական եւ պարզ է մեր Տիրոջ պատմած այս առակը, որ իր մէջ կը պարունակէ արթնութեան եւ զգաստութեան կոչ։

Արդարեւ, եկեղեցւոյ հայրերէն շատերը հետեւեալ ձեւով կը մեկնեն այս առակը. Մեծահարուստ մարդը, Աստուած Ի՛նքն է, իսկ տնտեսը՝ մարդը (մարդիկը): Բամբասանքը, մարդուն գործած մեղքերն են, որոնք պատճառ կը դառնան մարդուն Աստուծմէ հեռանալուն եւ պատիժի արժանանալուն։ Մեծահարուստին տնտեսը կանչելն ու հարցնելը ցոյց կու տան Աստուծոյ անսահման ու ծով մարդասիրութիւնն ու ողորմութիւնը մարդուն նկատմամբ, հակառակ այն իրողութեան, որ Ան կանչելու ու հարցնելու կարիք չունի, որովհետեւ ըստ Սաղմոսագիր Մարգարէին՝ «սիրտին խորհուրդները քննողը Աստուած է». այստեղ երբ կ՚ըսէ, թէ կը կանչէ ու կը հարցնէ, ատով ըսել կ՚ուզէ, թէ այդպիսով առիթ կու տայ մարդուն, որպէսզի անդրադառնայ իր գործած սխալներուն, գիտակցի իր գործած յանցանքներուն եւ զղջալով ու ապաշխարելով վերադառնայ Աստուծոյ որդեգրութեան շնորհին։

Տնտեսին կատարած արարաքը, որ իր տիրոջ պարտապաններուն ունեցած պարտքերը զեղչեց, օրինակն են բարի եւ առաքինի գործերուն, որոնց միջոցով մարդ իր սխալները կը սրբագրէ։ Բարի եւ առաքինի գործերն են՝ աղօթական կեանքը, պահքն ու ծոմապահութիւնը, ողորմութիւն ընելը, կարիքաւորներուն օգնելը, հիւանդներուն եւ բանտարկեալներուն այցի երթալը, ներողամտութիւնը, հանդուրժողականութիւնը, առանց փոխարէնը ակնկալելու տալը եւ բոլորին սիրելը անխտիր։

«Այս աշխարհի մարդիկը իրարու հանդէպ իրենց վարմունքին մէջ աւելի ճարպիկ են քան լոյսի որդիները» արտայայտութիւնը հետեւեալն է. Այս աշխարհի մարդիկը բնական է, մենք ենք, որ կ՚ապրինք այս աշխարհի վրայ։ Աւելին, ճարպիկ արտայայտութիւնը կը նշանակէ, թէ մենք առիթ ունինք մենք մեզ սրբագրելու, զղջալու եւ ապաշխարելու, իսկ այդ ընելու համար բազմաթիւ կարելիութիւններ ու միջոցներ ունինք։ Լոյսի որդիներ ըսելով կը մատնանշէ հրեշտակները, որոնք մեզի նման առիթ չունին իրենց սխալները սրբագրելու եւ զղջալու, որովհետեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր վիճակին մէջ հաստատ է։ Ինկած հրեշտակները առիթ չունին վերադառնալու իրենց նախկին վիճակին, իսկ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ մնացած հրեշտակները, յաւիտեան իրենց ծառայութեան մէջ պիտի մնան հաստատ կերպով։

Ինչ կը վերաբերի մեր Տիրոջ այս արտայայտութեան՝ «աշխարհիկ հարստութիւնը գործածեցէք այնպէս՝ որ Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահիք, որպէսզի երբ այս աշխարհէն ելլէք, ձեզ յաւիտենական յարկերու մէջ ընդունին», յստակ եւ պարզ կոչ մըն է ուղղուած իւրաքանչիւրիս, մեր պանդխտութեան՝ այս աշխարհի վրայ ապրելիք մեր օրերը օգտագործելու Աստուծոյ հետ բարեկամանալու եւ Աստուծոյ հաճելի ըլլալու համար, որպէսզի արժանանանք յաւիտենական յարկերուն։ Զգոյշ պէտք է ըլլալ, սակայն, այստեղ հարստութիւն ըսելով նիւթականը միայն պէտք չէ հասկնալ. իւրաքանչիւր մարդ՝ աղքատ թէ հարուստ՝ հարո՜ւստ է, հարուստ՝ իր ունեցուածքով, հարուստ՝ իր ինքնութեամբ, սակայն պէտք է գիտնալ այդ հարստութիւնը ճիշդ կերպով օգտագործել, որպէսզի յաւիտենական հարստութեան արժանանանք։

ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ

Ինչպէս վերը նշեցի, Մեծ պահքը լեցուն է խորախորհուրդ ծիսական-արարողական կեանքով: Մեծ պահքի յատկանշական երեւոյթներէն մէկն է «Արեւագալի ժամերգութիւն»ը, որ կը կատարուի առաւօտեան: Արեւագալ կը նշանակէ լուսաբաց, արեւածագ. այսինքն, ժամերգութիւն՝ որ կը կատարուի լուսաբացին, արեւածագին:

Արեւագալի ժամերգութիւնը անցեալին կատարուած է Առաւօտեան ժամերգութեան աւարտին: Եօթներորդ դարուն, Եզր. Ա. Փառաժնակերտցի Կաթողիկոսի (630-641) օրերուն եւ անոր կարգադրութեամբ է, որ Արեւագալի ժամերգութիւնը առանձնացած է: Ժամերգութեան երգերուն, քարոզներուն եւ աղօթքներուն մեծամասնութիւնը մեր երանաշնորհ հայրապետներէն՝ Սուրբ Ներէս Շնորհալի Հայրապետի գրիչին արգասիքն են: Արեւագալի ժամերգութեան քարոզներէն եւ աղօթքներէն քանի մը հատը նաեւ կ՚ընթերցուին այլ ժամերգութիւններու ընթացքին ալ:

Անցնինք բացատրութեան:

Ժամագիրքին մէջ, Արեւագալի ժամերգութեան սկիզբը գրուած է. «Կարգ հաւաքական աղօթքներուն Արեւագալի ժամերգութեան, որ կը կատարուի ի դէմս Սուրբ Հոգիին, ինչպէս նաեւ ի դէմս Յարուցեալ Քրիստոսի, որ երեւեցաւ աշակերտներուն»: Այս տողերէն յայտնի կը դառնայ, թէ Արեւագալի ժամերգութիւնը կը կատարուի Սուրբ Հոգիին եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին ուղղուած:

Ինչպէս մեր Եկեղեցւոյ միւս բոլոր ժամերգութիւնները, այս ժամերգութիւնը եւս բաղկացած է աղօթքներէ, քարոզներէ, մաղթանքներէ, սաղմոսներէ եւ հոգեւոր երգերէ:

Ժամերգութիւնը կը սկսի Տէրունական աղօթքով, որուն կը յաջորդէ ժամարարին օրհնաբանական խօսքը, որ կ՚ըսէ. «Տիրոջ անունը օրհնեա՜լ ըլլայ յաւիտեան, անոր հռչակը մնայ այնքան՝ որքան ատեն որ կը մնայ արեւը»: Ապա կը յաջորդէ սարկաւագին հետեւեալ քարոզը. «Իր անունով թող օրհնուին երկրի բոլոր ազգերը, բոլոր ժողովուրդները թող երանի տան անոր: Օրհնեա՜լ է Տէր Աստուած, Աստուածը Իր ժողովուրդին, միայն Ի՛նքն է որ սքանչելի գործեր կ՚ընէ: Յաւէտ օրհնեա՜լ է Իր փառաւոր անունը, ամբողջ աշխարհը թող իր փառքովը լեցուի: Ամէ՜ն, ըլլա՜յ»: Ժամարարն ու սարկաւագը իրենց արտասանած խօսքերով կ՚օրհնաբանեն Ամենակալ Աստուծոյ Սուրբ Անունը եւ Անոր օրհնութիւնը կը խնդրեն ամբողջ աշխարհին եւ բոլոր ժողովուրդներուն վրայ:

Ասկէ ետք դպիրները կ՚երգեն «Յարեւելից մինչ ի մուտս» Արեւագալի երգը, որ տրամաբանական շարունակութիւնն է ժամարարին ու սարկաւագին արտասանած օրհնաբանութեան: Այս երգը բաղկացած է երկու տուներէ եւ համապատասխան յորդորակէ, որ բուն երգին բովանդակութեամբ կազմուած է: Դպիրները Արեւագալի երգին առաջին տունին միջոցով կոչ կ՚ուղղեն բոլոր ազգերուն ու ժողովուրդներուն, որպէսզի «նոր օրհներգութեամբ» օրհնաբանեն «արարածներու Արարիչը, որ արեւուն լոյսը ծագեցուց այսօր աշխարհի վրայ»: Իսկ երկրորդ տունով դարձեալ կոչ կ՚ուղղեն «արդարներու բազմութիւններ»ուն, որոնք Ամենասուրբ Երրորդութեան փառաբանիչներն են, առաւօտեան այս պահուն «Հօրը եւ Սուրբ Հոգիին հետ» գովելու «խաղաղութեան առաւօտը՝ Քրիստոսը, որ Իր գիտութեան լոյսը ծագեցուց մեր մէջ»:

 Այս երգին ու յորդորակին կը յաջորդէ սարկաւագին քարոզը, որ դարձեալ տրամաբանական շարունակութիւնն է նախապէս երգուած երգին ու յորդորակին: Քարոզը կը սկսի այսպէս. «Արեւելքէն մինչեւ Արեւմուտք, քրիստոնեայ բոլոր երկիրներուն մէջ, ո՛ւր որ ալ սրբութեամբ Տէրը օգնութեան կը կանչեն, անոնց բարեխօսութեամբ թող Տէրը ողորմէ մեզի...» եւ այլն: Իսկ քարոզէն ետք ներկայ հոգեւորականներէն մէկը նոյն նախորդող երգին ու քարոզին պսակը հանդիսացող աղօթքը կ՚ընէ, ուր կը կարդանք. «...Քու բարեգթութեամբդ ընդունէ՛ մեր սաղմոսերգութիւնը, Քու պաշտպանութիւնդ ընծայէ մեզի՝ տկարներուս, Դուն՝ որ արդար ես, եւ թող փառաւորուի՛ Ամենաուրբ անունդ...». եւ «...Մշտնջենաւո՛ր Աստուած, յաւիտենակա՜ն Աստուած, որ մեր ստորին այս աշխարհին մէջ լոյս ծագեցար, եւ մեզ լուսաւորեցիր մեր խաւարային մեղքերէն...»:

Աղօթքին կը յաջորդէ դպիրներուն կողմէ ընթերցուած 100-րդ Սաղմոսը եւ ապա «Ճգնաւորք» երգը, որ բաղկացած է հինգ տուներէ եւ համապատասխան յորդորակէ: Երգը ուղղուած է հինգ խումբի հաւատացեալներու, այսպէս.

ա) Ճգնաւորներու. «Ո՜վ Աստուծոյ ճգնաւորներ, ժառանգորդներ երկինքի արքայութեան, որ անցաւոր այս կեանքը փոխանակեցիք եւ անոր տեղ անանց բարիքները առիք: Տիրոջ քով բարեխօսեցէ՛ք եկեղեցւոյ զաւակներուս համար»:

բ) Նահատակներու. «Ո՜վ պանծալի նահատակներ, երկնաւոր Հօրը սիրելիներ, որ Քրիստոսի հետ մկրտուեցաք ձեր արիւնով՝ խաչի մահը յանձն առնելով: Տիրոջ քով...»:

գ) Մարտիրոսներու. «Ո՜վ ցանկալի մարտիրոսներ, Ճշմատութեան Հոգիին օթեւաններ, որ Հոգիով յաղթեցիք մարմնաւոր կարիքներուն եւ ցանկութեանց: Տիրոջ քով...»:

դ) Գովելիներու. «Ո՜վ աշխարհին համար գովելիներ, երկնային Պետութիւններուն համար բաղձալիներ, որ բոլոր մարդոցմէ աւելի երանելի եղաք: Տիրոջ քով...»:

ե) Կամաւոր զոհերու. «Ո՜վ դուք՝ կամաւոր զոհեր, տարիքով մանուկ եւ իմաստութեամբ կատարեալ, որ կաթի փոխարէն՝ զմայլեցուցիչ գինին խմեցիք: Տիրոջ քով...»: 

Յորդորակին կը յաջորդէ ժամարարին հետեւեալ մաղթանքը. «Կ՚աղաչենք՝ ողորմէ՛, Տէ՜ր բարերար, կ՚աղաչենք՝ ողորմէ՛, սուրբ ճգնաւորներուն աղօթքներուն սիրոյն՝ կ՚աղաչենք ողորմէ՛»: Այստեղ պէտք է ուշադրութիւն դարձնել այն իրողութեան, թէ Ժամերգութիւնը առաջին հերթին սկիզբ առաւ զԱստուած օրհնաբանելով եւ բոլոր ժողովուրդներուն ու ազգերուն կոչ ուղղելով փառաբանելու եւ օրհնաբանելու Ամենասուրբ Երրորդութիւնը: Ապա, օրհնաբանութեան յաջորդեց սուրբ ճգնաւորներու, նահատակներու, մարտիրոսներու, գովելիներու եւ կամաւոր զոհերու գովերգութիւնը եւ անոնց բարեխօսութիւնը խնդրելը: Այս իրողութիւնը հզօր փաստ մըն է, որ եկեղեցւոյ ապրող անդամները բնա՛ւ չեն մոռնար բոլոր անոնք՝ որոնք Քրիստոսով ննջեցին, մանաւանդ անոնք՝ որոնք իրենց արիւնով վկայեցին Քրիստոսի մասին եւ ամրացուցին եկեղեցւոյ հիմերը, եւ մենք՝ ապրողներս միշտ իրենց բարեխօսութիւնը կը խնդրենք եւ իրենց ապրած կեանքը յիշելով կը փորձենք նմանիլ անոնց: Եւ այստեղ ժամարարին մաղթանքն ու ապա սարկաւագին արտասանած քարոզը այլ բան չէ, եթէ Աստուծոյ ուղղուած աղաչանք մը, սուրբ ճգնաւորներու եւ նահատակներու աղօթքներուն սիրոյն եւ միջնորդութեամբ՝ ողորմելու բոլոր արարածներուն: Ժամարարի մաղթանքին կը յաջորդէ սարկաւագին քարոզը, ուր կ՚ըսուի. «Տիրոջ դիմենք՝ սուրբ նահատակներուն միջնորդութեամբը, որոնք չարերը պարտութեան մատնեցին, նեղութիւններուն համբերեցին...»: Սարկաւագի քարոզին կը յաջորդէ աղօթք մը, որու բովանդակութիւնը սուրբերուն անունով մեր կատարած աղաչանքներն են: Աղօթքին մէջ ի մասնաւորի կ՚ըսուի. «...Սուրբ Աստուածածինին եւ բոլոր սուրբերուն աղաչանքով՝ մի՛ զրկեր մեզ Քու ողորմութենէդ, այլ փրկէ՛ մեզ անոնց աղօթքով...»:

Ի Քրիստոս ննջածները յիշելէն եւ անոնց բարեխօութիւնը խնդրելէն ետք, մեր Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերը կարգաւորած են այս անգամ յիշել ապրող հաւատացեալները: Այսպէս, վերջին աղօթքին կը յաջորդէ Յովհաննէս Սարկաւագ Վարդապետին (ծնած է շուրջ 1045-ին, վախճանած՝ 1129-ին) կողմէ ըսուած հետեւեալ քարոզը. «Յիշէ՛, Տէր, քեզի ծառայողները.- Մեր ծնողները, ուսուցիչները, եղբայրները, ընկերները, մեզ կերակրողները, ուխտաւորները, ճամբորդները, մեզ հանգստացնողները, վաստակաւորները, խոստովանողները, գերիները, հիւանդները, նեղեալները, իշխանութեան գլուխ գտնուողները, մեզի չարիք ընողները, բարերարները, թշնամիները, մեզ ատողները, եւ անոնք՝ որոնք հաւատքով դաստիարակեցին մեզ»: Կը նկատենք, թէ քարոզին մէջ յիշուած են գրեթէ բոլոր տեսակի ապրող մարդիկը: Քարոզին կը յաջորդէ աղօթք, ուր կ՚ըսուի. «Յիշէ՛, Տէր, եւ ողորմէ՛:

Բարերար եւ բազումողորմ Աստուած, Քու անմոռաց գիտութեամբդ յիշէ՛ բոլոր քեզի հաւատացողները, եւ ողորմէ՛ բոլորին...», իսկ շարունակութեան մէջ ալ աղօթող հոգեւորականը կը խնդրէ Աստուծմէ օգնելու եւ փրկելու ամէն տեսակի վտանգներէ ու փորձութիւններէ:

Աղօթքին կը յաջորդէ 63-րդ Սաղմոսին 1-4 համարները: Ապա, դպիրները կ՚երգեն «Լոյս, Արարիչ լուսոյ» երգը, որ բաղկացած է չորս տուներէ եւ համապատախան յորդորակէ: Այս երգով Սուրբ Երրորդութեան փառաբանութիւնն է, որ կը կատարուի, զայն որակելով որպէս «Լոյս». առաջին տունին մէջ Հօր Աստուծոյ, երկրորդին՝ Որդի Աստուծոյ, երրորդին՝ Սուրբ Հոգի Աստուծոյ, իսկ չորրորդին մէջ Սուրբ Երրորդութեան, ուր կ՚ըսուի. «Լո՜յս, երեք եւ մէկ, անբաժանելի Սուրբ Երրորդութիւն. երկնայիններուն միացած՝ երկրածիններս միշտ կը փառաւորենք Քեզ: Առաւօտեան լոյսին ծագելուն հետ՝ Քու աննիւթական լո՛յսդ ծագէ մեր հոգիներուն մէջ»:

Ապա ժամարարը մաղթանք կը կատարէ, որ տրամաբանական շարունակութիւնն է նախորդող երգին ու յորդորակին: Մաղթանքը հետեւեալն է. «Լոյսովդ, ո՜վ Քրիստոս, ամէնքս լուսաւորուեցանք, եւ հաւատացողներս Սուրբ Խաչիդ ապաւինեցանք, ո՜վ Փրկիչ: Լսէ՛ մեզ, ո՜վ Աստուած, մեր Փրկիչը, Քու խաղաղութիւնդ տուր մեզի, եւ ողորմութիւնդ ցուցաբերէ մեզի հանդէպ, մարդասէ՜ր Տէր»: Ժամարարի մաղթանքին կը յաջորդէ սարկաւագին նոյն բովանդակութեամբ քարոզը, եւ ապա աղօթք, որու մէջ կ՚ըսուի. «...Արդարութեան եւ իմաստութեան լո՛յսդ ծագէ մեր վրայ եւ մեզ լոյսի ու ցերեկի որդիներ դարձուր, որպէսզի երբ օրը բացուի՝ երկիւղածութեամբ վարենք մեր կեանքը, եւ առանց գայթակղութեան իր կատարումին հասցնենք, որովհետեւ Դո՛ւն ես մեր օգնականն ու Փրկիչը...»:

Հոգեւորականին աղօթքին կը յաջորդէ դպիրներուն արտասանած 23-րդ Սաղմոսը, որմէ ետք «Ճանապարհ» երգը: «Ճանապարհ» երգը բաղկացած է երկու տուներէ եւ համապատասխան յորդորակէ: Երգին բովանդակութիւնը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին ուղղուած աղաչանք է հաւատացեալներս առաջնորդելու եւ մտցնելու համար երկինք՝ Հօր եւ Հոգիին մօտ: Երգին մէջ մեր Տէրը ներկայացուած է որպէս Ճանապարհ, Ճշմարտութիւն, Կեանք եւ կեանք մտնելու Դուռ, այսպէս.

«Ճանապարհ, Ճշմարտութիւն եւ Կեանք, Քրիստոս. առաջնորդէ՛ մեր հոգիները, որպէսզի երկրէն երկինք ելլեն:

Կեանք մտնելու Դուռը, Յիսո՛ւս, մե՛զ եւս Հօրը եւ Հոգիին քով մտցուր, որպէսզի միշտ փառք երգենք»:

«Ճանապարհ» երգին ու յորդորակին կը յաջորդեն ժամարարին մաղթանքը, սարկաւագին քարոզը եւ հոգեւորականին աղօթքը, որոնք իրենց բովանդակութեամբ գրեթէ նոյն են: Մաղթանքին, քարոզին ու աղօթքին մէջ Տիրոջմէ կը խնդրուի խաղաղութեան ճամբաներուն մէջ պահել մեր քայլերը (մաղթանք), իր ծառաներուն կեանքը յաջողելու եւ ուղղելու դէպի բարին ու խաղաղութիւնը (քարոզ), եւ խնդրանք Քրիստոսին, որպէսզի առաջնորդէ մեզ Իր արդարութեան ճամբաներով, որպէսզի Իր ողորմութեամբ կարենանք հասնիլ կեանքի եւ փրկութեան նաւահանգիստին (աղօթք):

Եթէ ուշադրութիւն դարձնենք, անպայման պիտի նկատենք, թէ Ժամերգութիւնը ի՜նչ տրամաբանական յաջորդականութեամբ կազմուած է: Սկիզբը, ինչպէս վերը նշեցինք, կը սկսի Սուրբ Երրորդութեան փառաբանութեամբ, ետքը ի Քրիստոս ննջածներուն յիշատակութեամբ եւ անոնց բարեխօսութիւնը խնդրելով, որմէ ետք Աստուծոյ ողորմութիւնը խնդրելով ապրողներուն համար: Ապա, Սուրբ Երրորդութիւնը փառաբանելով որպէս Լոյս եւ խնդրելով՝ լուսաւորել հաւատացեալներուս կեանքը: Իսկ աւարտին Քրիստոս մեր Աստուծմէ խնդրելով ուղղորդելու մեր քայլերը դէպի երկինք՝ մտնելու համար այնտեղ եւ վայելելու Սուրբ Երրորդութեան ներկայութիւնը:

Շատերու միտքին մէջ հարցում կը ծագի, թէ այս բոլորը ի՞նչ առընչութիւն կրնան ունենալ Մեծ պահքին հետ: Ինչպէս մեր առաջին գրութեան մէջ նշած էինք, թէ «Քառասնորդացը արդարեւ, մաքրուելու, սրբուելու, պատրաստուելու առիթ մըն է, հանդիպելու համար Սիրելիին հետ, հանդիպելու համար Արարիչին հետ, հանդիպելու Փրկիչին հետ»: Բնականաբար մաքրուիլն ու սրբուիլը անհատական ջանք կը պահանջեն, սակայն եւ այնպէս մեր անհատական ջանքով չենք կրնար արդիւնք ունենալ, եթէ չըլլայ Աստուծոյ միջամտութիւնը, ի Քրիստոս ննջածներուն օրինակը: Իսկ Արեւագալի ժամերգութեան մէջ տեսանք, թէ ինչպէս ամէն բանէ առաջ, հաւատացեալը Աստուծոյ օրհնաբանութիւնն է, որ կը կատարէ, եւ կը հաստատէ, թէ «միայն Ի՛նքն է, որ սքանչելի գործեր կը կատարէ», ասով իւրաքանչիւր հաւատացեալ Տիրոջ սպառազինութիւնն է, որ կ՚ընդունի իր վրայ անփորձանք անցնելու քառասնորդաց ճանապարհորդութիւնը: Ապա, կը դիմենք ի Քրիստոս ննջածներուն, կը յիշենք անոնց գործածները եւ կը խնդրենք անոնց բարեխօսութիւնը: Որմէ ետք կը յիշենք նաեւ մենք մեզ՝ ապրողներս, եւ կը խնդրենք Աստուծմէ, որպէսզի օգնէ եւ փրկէ մեզ ամէն տեսակի վտանգներէ ու փորձութիւններէ: Այս բորորէն ետք կը դիմենք Սուրբ Երրորդութեան որպէս Լոյս եւ լոյսի աղբիւր ու պարգեւիչ, եւ Քրիստոսի լոյսը ընդունելով՝ կ՚ըսենք. «Լոյսովդ, ո՜վ Քրիստոս, ամէնքս լուսաւորուեցանք, եւ հաւատացողներս Սուրբ Խաչիդ ապաւինեցանք, ո՜վ Փրկիչ»: Իսկ Ժամերգութեան աւարտին դարձեալ Քրիստոսին դիմելով՝ կ՚աղօթենք. «Կեանքի առաջնորդող եւ խաղաղութիւն պարգեւող մեր Աստուածը, Քրիստո՜ս, Դո՛ւն առաջնորդէ մեզ, որպէսզի արդարութեան Քու ճամբաներէդ քալենք եւ Քու ողորմութեամբդ՝ խաղաղութեամբ հասնինք կեանքի եւ փրկութեան նաւահանգիստը, որովհետեւ Դո՛ւն ես մեր օգնականն ու Փրկիչը: Քեզի՛ կը վայելեն փառքը, իշխանութիւնն ու պատիւը, այժմ եւ միշտ, յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն»:

Ինչպէս տեսանք, ամբողջ Ժամերգութիւնը մաքրուելու եւ սրբուելու առիթ մը, միաժամանակ պատրաստութիւն մըն է խաղաղութեան ճամբաներով քայլելով՝ հասնելու եւ հանդիպելու Աստուծոյ:

(Շար. 3)

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Վաղարշապատ, 24 Փետրուար 2018

Հինգշաբթի, Մարտ 1, 2018