ՀՍԿԱՅԻՆ ՈՒ ԼՈՒՍՆԻՆ ՀԵՏ

Հո՛վ ա­րէք, ամ­պե՛ր ջան,

հո՛վ ա­րէք, 
Իմ տար­տին դար­մա՛ն ա­րէք... 

Թեքահարթակէն վար կը սողոսկի անուշ մեղեդին, կը մեղմէ ամէն ցաւ, վիշտ, կսկիծ, մորմոք... կը հոսի լսողութեանց մէջ անոնց, որոնք ակամայ կը բարձրանան անտեսելով ձմրան մռայլ ցուրտը:

Ամ­պե­րը հով չեն ա­նում, 
Իմ տար­տին դար­ման ա­նում...

Երաժիշտին հնչիւններուն հարազատութիւնն է, որ կը լեցնէ մթնոլորտը ջերմութեամբ մը զուլալ, մաքուր. հոգիի սպեղանին է, որ կը կաթկթի ներաշխարհներուն մէջ:

Աստղազարդ, պայծառ երկինք մը կը տարածուի մեր տեսահորիզոնին առջեւ. մետաքսեայ, մթագոյն կերպաս մըն է կարծես երկինքը՝ տեղ-տեղ փայլուն ուլունքներով: Աստղագէտը լուսարձակով ցոյց կու տայ բեւեռային աստղը, ապա կը գծէ դարեր առաջ մարդկային յայտնագործութեան հետեւանքով բացայայտուած կենդանակերպերը՝ ցուլը, կարիճը, ձուկը, կոյսը..., մեղեդին կը շարունակէ գեղգեղել բացօթեայ այս տարածութեան մէջ, կը տարածուի շատ հեռուները, աւելի մեղմանալով կը յառաջանայ մինչեւ որ հասնի անհաս ականջներու:

Մուգ նո­ճի­ներ մի­գա­պար, 
Ճամ­բի վե­րեւ սի­գա­պար...

Աչքերը կանոնաւոր հերթականութեամբ աստղադիտակէն կը դիտեն լուսինը, Հրատը, որ այսօր, այս ժամերուն, կը սաւառնի երկնքին մէջ. կարճ, շատ կարճ միջոց մը միայն ու կարմիր մոլորակը կ՚անհետանայ մեր տեսադաշտէն այնքան արագ, որքան արագ պիտի անհետանար այս մոլորակին ու արբանեակներուն անունները կրող Հռոմէական պատերազմի աստուած՝ Մարսը, որ յունական դիցաբանութեան Արեսն է, իր երկու որդինեուն՝ Ֆոպոսին ու Դէյմոսին հետ, պատերազմի դաշտին մէջ թշնամին սարսափեցնելով: Երաժիշտին գլգլան մեղեդին կը մեղմէ կարմիր մոլորակին արագութիւնը...

Քե­լէ՛, քե­լէ՛, քել­քիդ մեռ­նեմ, 
Քո գո­վա­կան խել­քիդ մեռ­նեմ...

Աչքերս են, որ լիալուսնի շքեղութեամբ հմայուած անկուշտ փարած են աստղադիտակի ոսպնեակին. պահ մը կը մենանամ ու՝ «Ադամա՞նդ ես, ի՛նչ ես: Որքա՜ն հմայագեղ է փայլքդ, սարի ուսին բազմած մերթ կը փայլիս լի դէմքով, մերթ մէկ աչքով կը դիտես արեւէն երես դարձնելու պէս, մերթ բարակ շողդ կը մատնէ հետեւումդ երկնային»: Ու լուսնի շողերը կը պարեն մեղեդիի՞ն ազդեցութենէն, թէ երկխօսութիւն մըն է, որ տեղի կ՚ունենայ...

Չի­նար ես, կե­ռա­նալ մի,
Յա՛ր, յա՛ր, յա՜ր... 

«Ինչպէ՞ս չներշնչուէր Հսկայ երաժիշտը, հոս, այս վայրին մէջ կեցած քեզ դիտելով, ինչպէ՞ս չներշնչուէին եկող ու գացող սերունդները դարեր շարունակ, դուն ամէն տեղ ես Աստուածաշունչէն սկսեալ՝ «Ո՞վ է այդ կինը, որ կը նայի բարձունքէն որպէս վաղորդայն աստղ, հիասքանչ, որպէս լիալուսինը» (Երգ երգոց 6։ 10)...

Մե՛ր դըռ­նէն հե­ռա­նալ մի.
Յա՜ր, յա՜ր, յա՛ր...

«Գիտե՞ս, որ արեւէն ստացած այս լոյսովդ ինչե՜ր տեսած ես դուն, լաւն ու վատը, չարն ու բարին, բայց բոլորին յոյս ներշնչած՝ լոյսիդ պէս խաւարին մէջ տարածուող: Բոլորի՞ն..., կը հարցնեմ, քանի յիշեցի մեր հերոսամարտերը՝ «Խոշոր, հարթ քարին վրայ կարգով շարուած անպատան այդ մեռելները լուսնի լոյսին տակ արտակարգօրէն տժգոյն ու մսած կ՚երեւին» («Շապին Գարահիսար ու իր Հերոսամարտը», Արամ Հայկազ, էջ՝ 241), ու հայ մայր մը, լոյսիդ տակ, կը շշնջայ օրօր մը եղերական՝ «Երգին բառերը գիշերուան զով խաղաղութեան մէջ կու գային որոշ ու հասկնալի, բաբախուն ու տաք, հրացած երկաթի պէս: Հայ մօր արիւնոտ սիրտը այդ պարզուկ օրօրով ցեղի վրէժին սերմը կը փոխանցէր յաջորդ, մեծցող սերունդին...» (Էջ՝ 253)»։

Բայց ինչո՞ւ յիշեցի...: Ու մեղեդին շարականի վանկերով կը շշնջայ՝ «Տէր ողորմեա՜...»:

Ինչպէ՞ս չյիշել, երբ հոս՝ այս յիշատակելի վայրին մէջ կը թերթենք յուշերը Հսկային, յուշերը անոր, որ ցաւատանջ խելագարեցաւ երկար տարիներ՝ լուսի՛ն, մխիթարեցի՞ր զայն խելագարութեան տարիներուն..., ու լուսնի շողերը կը պլպլան աստղադիտակի ոսպնեակին մէջ, կարծես անկէ դուրս ելլել կ՚ուզեն... ու մեղեդին կը շարունակէ յուզել ներաշխարհներ՝ «Տէ՛ր ողորմեա՜...», կարծես Հսկան է որ կը մխիթարէ մեզ երկնքի արքայութեան արժանացած իր դիրքէն:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Մարտ 1, 2019