ՆՈՐ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Վա­ղը՝ Կի­րա­կի, 2 Ապ­րի­լին, Հա­յաստա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան քուէար­կե­լու ի­րա­ւունք ու­նե­ցող քա­ղա­քա­ցի­նե­րը պի­տի ընտ­րեն քսան­­հինգ տա­րիէ ի վեր ան­կախ երկ­րի նոր խորհր­դա­րա­նը:

Ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը պի­տի բե­րեն ի­նն գլխա­ւոր ու­ժեր, ո­րոնց մէջ որ­պէս ա­ռան­ձին ուժ կը ներ­կա­յա­նան Հա­յաս­տա­նի մէջ իշ­խա­նու­թեան գլուխ գտնուող Հա­ն­րա­պե­տա­կա­ն­­ը, «Բար­գա­ւաճ Հա­յաս­տա­ն» կու­սակ­ցու­թեան ա­ռաջ­նոր­դի ա­նու­նով «մկրտուա­ծ» «Ծա­ռու­կեա­ն» դա­շին­քը, Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, «Հայ­կա­կան վե­րած­նուն­դ» կու­սակ­ցու­թիւ­նը, Հա­մայ­նավար կու­սակ­ցու­թիւ­ն­­ը, իսկ որ­պէս դա­շինք կը մաս­նակ­ցին՝ «Ել­ք», ՀԱԿ-ՀԺԿ, «Ա­զատ Դե­մոկ­րատ­նե­ր», «Օս­կա­նեան-Րաֆ­ֆի-Օ­հա­նեա­ն» (ճանչ­ցուած՝ Օ­ՐՕ ա­նու­նով):

Այս ընտ­րու­թիւն­նե­րը, ի տար­բերու­թիւն մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին տե­ղի ու­­նե­ցած­նե­րուն, կը զա­տո­րո­շուին ընտ­րու­թեան մասն­ա­կից ու­ժե­րու քա­նա­կով. բան մը, որ բա­ւա­կան «մեծ շփո­թ» ստեղ­ծած է հայ­րե­նի քուէար­կո­ղին մօտ:

Տխուր փաստ է, որ Հա­յաս­տա­նի տնտե­սա­կան ծանր պայ­ման­նե­րուն հե­տե­ւան­քով քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն կա­րե­ւոր մէկ մա­սը քուէար­կու­թեան պի­տի մաս­նակ­ցի մտքին մէջ ու­նե­նա­լով «նիւ­թա­կա­ն» նպա­տակ մը: Եւ ընտ­րա­կա­շառք բաժ­նե­լու սո­վո­րու­թիւնն ալ նոյն ա­ռու­մով եւս «նո­րու­թիւ­ն» մը չէ՝ բո­լոր այն ու­ժե­րուն հա­մար, ո­րոնք ու­նին դրա­մա­կան կա­րե­ւոր նե­րուժ ու այդ ու­ժին յե­ն­­լով պի­տի փոր­ձեն ա­ռա­ւե­լա­գոյն քուէ­նե­րու տի­րա­նալ։

ԳԱ­ՂԱ­ՓԱ­ՐԱ­ԿԱՆ ՎԷՃ

Ան­ցեալ Դեկ­տեմ­բե­րին «Հայ ազ­գա­յին գոնկ­րէ­ս» կու­սակ­ցու­թիւ­նը (յայտ­նի ՀԱԿ ա­նու­նով) բա­նա­լով Հա­յաս­տա­նի «ընտ­րար­շա­ւի փու­լ­»ը, հան­րու­թեան կը ներ­կա­յա­նար «Խա­ղա­ղու­թիւն հի­մա» լո­զուն­գով: Երկ­րի ա­ռա­ջին նա­խա­գահ Լե­ւոն Տէր-Պետ­րո­սեան հա­մա­գու­մա­րի «աստ­ղ»ը ըլ­լա­լով (ինչ­պէս որ կ­­՚ակն­կա­լուէր), հրա­պա­րակ կը հա­նէր խա­ղա­ղու­թիւն կեր­տե­լու մա­սին իր կու­սակ­ցու­թեան «վար­կած-մօ­տե­ցու­մ­»ը, որ իր իւ­րա­յատ­կու­թեամբ (վար­կա­ծը, ոչ Տէր-Պետ­րո­սեա­նը) կը դառ­նար Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու ա­մե­նէն «գա­ղա­փա­րա­կան» մօ­տե­ցու­մը: Իր ու­նե­ցած փոր­ձով, քա­ղա­քա­կան ան­ցեա­լով եւ կեն­սագ­րու­թիւն կեր­տած գոր­ծի­չի հըմ-տու­թեամբ, Տէր-Պետ­րո­սեան իր կու­սա­կից­ներն ու հա­մա­կիր­նե­րը «կը նե­տէ­ր» բա­ւա­կան «նո­ր» հա­մա­րուած յոր­ձա­նու­տի մը մէջ:

Ա­ռա­ջին նա­խա­գա­հին յա­ռաջ քշած վար­կած­նե­րը ամ­րագ­րուած էին ու­ժեղ եւ հա­մո­զիչ փաս­տարկ­նե­րով ու ա­տոր հա­մար էր նաեւ, որ խա­ղա­ղու­թիւն կեր­տե­լու թէ­զը կը դառ­նար ամ­բողջ ընտ­րար­շա­ւի ե­թէ ոչ գլխա­ւոր, ա­պա գլխա­ւո­րա­գոյն օ­րա­կար­գե­րէն մին:

Ճիշդ է, որ հա­յաս­տան­ցիին հա­մար այ­սօր կա­րե­ւո­րը, ոչ թէ ղա­րա­բա­ղեան հար­ցին լու­ծումն էր, բայց եւ այն­պէս Լե­ւոն Տէր-Պետ­րո­սեան խնդիր­նե­րուն կը մօ­տե­նար ղա­րա­բա­ղեան հար­ցի պա­տու­հա­նէն, հա­ւաս­տիաց­նե­լով՝ որ այդ հիմ­նա­հար­ցի լու­ծու­մը պի­տի կա­րո­ղա­նայ Հա­յաս­տա­նը դուրս բե­րել տնտե­սա­կան ան­կու­մա­յին վի­ճա­կէն ու նոյ­նիսկ պի­տի դադ­րեց­նէ՝ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն մտա­հո­գիչ ցու­ցա­նիշ­նե­րու հա­սած ար­տա­գաղ­թը, որ «ա­րիւ­նա­քա­մ» կ՚ը­նէ եր­կի­րը։

Տէր-Պետ­րո­սեա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցած «քա­ղա­քա­կան թէ­զ­»ը կը մնար ա­մե­նէն հիմ­նա­կա­նը այս ամ­բողջ ընտ­րա­վազ­քին մէջ ու այդ թէ­զին վրայ հիմնուե­լով էր, որ ա­նոր գլխա­ւոր ընդ­դի­մա­խօս­նե­րը, մաս­նա­ւո­րա­պէս ՀՅԴ-ն, կը կազ­մէին հա­կազ­դե­լու յստակ մէ­քա­նիզմ­ներ: Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը բա­ւա­կա­նին զգոյշ եւ հա­ւա­սա­րակշ­ռուած մօ­տե­ցում­նե­րով հան­դէս ե­կաւ։ ՀՅԴ­-ի տե­սա­կէ­տէ Տէր-Պետ­րո­սեա­նի ար­տա­յայ­տած միտ­քե­րը ա­ւե­լի շատ ա­նոր «պատ­մա­կան մե­ղադ­րանք­ներ­ն» էին, ո­րոնք պատ­ճառ կը դառ­նա­յին, այս վէ­ճին մէջ Դաշ­նակ­ցու­թեան ներ­քա­շուե­լուն։ Ու պէտք չէ մոռ­նալ նաեւ, որ Դաշ­նակ­ցու­թեան մէ­կէ ա­ւե­լի պա­տաս­խա­նա­տու­ներ Տէր-Պետ­րո­սեա­նի թէ­զին մա­սին խօ­սե­լով՝ կը յայ­տա­րա­րէին, որ ի­րենք եւս «պա­տե­րազ­մի կու­սակ­ցու­թիւ­ն» մը չեն:

ՆԻ­ԿՈԼ ՓԱ­ՇԻ­ՆԵԱՆ ԿԱՄ ՁԱՅՆ Ե­ՐԻ­ՏԱ­ՍԱՐ­ԴՈՒ­ԹԵԱՆ

Ե­րեք տա­րուան ան­ցեա­լի մը տէր «Քա­ղա­քա­ցիա­կան պայ­մա­նա­գի­ր» կու­սակ­ցու­թիւ­նը այ­սօ­րուան կտրուած­քով կը հա­մա­րուի Հա­յաս­տա­նի ե­րի­տա­սար­դու­թեան խօ­սա­փո­ղ­­ը: Մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին Լե­ւոն Տէր-Պետ­րո­սեա­նի ա­մե­նավս­տա­հե­լի­նե­րէն պատ­գա­մա­ւոր Նի­կոլ Փա­շի­նեան, որ խոր-հըր­դա­րան հա­սած էր «Հայ ազ­գա­յին գոնկ­րէ­ս­»ի ցու­ցա­կով, ա­ւե­լի վերջ տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ կ՚ու­նե­նար ՀԱԿ-ին հետ ու դուրս կու գար ա­նոր խորհր­դա­րա­նա­կան շար­քե­րէն։

Փա­շի­նեան, որ յայտ­նի է գոր­ծող իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն դէմ իր ու­նե­ցած խիստ գնա­հա­տա­կան­նե­րով, կը յա­ջո­ղէր կարճ ժա­մա­նա­կի մը մէջ դառ­նալ ընդ­դի­մա­դիր շրջա­նակ­նե­րու «յոգ­նիլ չգիտ­ցո­ղ» գոր­ծի­չը: Ու անց­նող տա­րի­նե­րուն, շնոր­հիւ ա­նոր աքթիւ ներ­կա­յու­թեան եւ նա­հանջ չճանչ­ցող խօս­քին, յա­ջո­ղե­ցաւ ստեղ­ծել հա­մա­կիր­նե­րու ե­րե­ւե­լի ցանց մը, որ ա­ւե­լի ուշ վե­րա­ծուե­ցաւ կու­սակ­ցա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լող ե­րի­տա­սարդ­նե­րու խում­բի մը:

Ճիշդ է, որ ցարդ յստակ չէ, թէ քուէ­նե­րու ինչ բա­ժին պի­տի ստա­նայ Նի­կոլ Փա­շի­նեա­նի ու ա­նոր գոր­ծըն­կե­րնե­րուն՝ Էտ­մոն Մա­րու­քեա­նի («Լու­սա­ւոր Հա­յաս­տա­ն») եւ Ա­րամ Զ. Սարգ­սեա­նի («Հան­րա­պե­տու­թիւն») հետ կազ­մած «Ել­ք» դա­շին­քը, բայց ա­նու­րա­նա­լի է, որ այդ դա­շին­քին շուրջ հա­ւա­քուած է Հա­յաս­տա­նի աշ­խոյժ ե­րի­տա­սար­դա­կան տար­րին կա­րե­ւոր մէկ հա­տուա­ծը:

Փա­շի­նեան, որ ան­ցեալ ե­րեք տա­րի­նե­րուն միշտ ներ­կայ ե­ղած է հայ­րե­նի քա­ղա­քա­կան կեան­քի հիմ­նա­կան եւ շրջա­դար­ձա­յին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն, այս ընտ­րա­պայ­քարն ալ յա­ռաջ մղեց բա­ւա­կան «նախ­նա­կան» մի­ջոց­նե­րով։ Նիւ­թա­կան մեծ նե­րուժ չու­նե­նա­լու պատ­ճա­ռով ան գոր­ծի մղեց «դռնէ-դու­ռ» ծրա­գի­րը, ո­րուն նպա­տակն էր ան­հա­տա­կան շփման շնոր­հիւ՝ ի­րենց տե­սա­կէտ­ներն ու ընտ­րա­կան ծրա­գի­րը ներ­կա­յաց­նել հնա­րա­ւո­րինս շատ թի­ւով քա­ղա­քա­ցի­նե­րու:

Ան­կախ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն «Ել­ք­»ին ձեռք ձգե­լիք ար­դիւնք­էն, յստակ է նաեւ, որ Փա­շի­նեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ այս քա­ղա­քա­կան ու­ժը տա­կա­ւին ա­ճե­լու տեղ եւ ա­տեն ու­նի:

Օ­ՐՕ ԴԱ­ՇԻՆՔ ԿԱՄ «ՆԱԽ­ԿԻՆ ՆԱ­ԽԱ­ՐԱՐ­ՆԵ­ՐՈՒ Ա­ԿՈՒՄ­Բ»

Երբ Սէյ­րան Օ­հա­նեան կը հե­ռա­ցուէր Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րի պաշ­տօ­նէն, ոչ ոք կը մտա­ծէր, թէ ան­ցեալ տա­րի­նե­րու նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի «հա­ւա­տա­րիմ գոր­ծա­կի­ց­»ը շատ ա­րագ ոս­տու­մով մը պի­տի անց­նէր քա­ղա­քա­կան դաշտ: Ու դէպ­քե­րու ըն­թաց­քը այն­պէս կը դա­սա­ւո­րուէր, որ Օ­հա­նեան իր կող­քին կ­­՚ու­նե­նա­ր Հա­յաս­տա­նի եր­կու նախ­կին ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րէն՝ Րաֆ­ֆի Յով­հան­նի­սեանն ու Վար­դան Օս­կա­նեա­նը: Յով­հան­նի­սեան, որ իր հետ կը բե­րէ­ր «Ժա­ռան­գու­թիւ­ն» կու­սակ­ցու­թեան մնա­ցոր­դա­ց­­ը, ընտ­րա­կան խա­ղ­­ին կը միա­նար վեր­ջին պա­հուն ու ողջ ընտ­րար­շա­ւին ըն­թաց­քին ալ կը ներ­կա­յա­նար շատ հան­գիս­տ եւ իր ընտ­րու­թիւ­նը ա­պա­հո­ված գոր­ծի­չի մը դիր­քե­րէ: Բայց ի­րա­կա­նու­թեան մէջ այդ­պէս չէր, ո­րով­հե­տեւ 2013 թուա­կա­նի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թեան հիմ­նա­կան «այ­լընտ­րան­քա­յին թեկ­նա­ծու»ն վա­ղուց կորսն­ցու­ցած էր իր «փայլ­ք­»ը: Գա­լով Վար­դան Օս­կա­նեա­նին, որ երկ­րի երկ­րորդ նա­խա­գահ Ռո­պէրթ Քո­չա­րեա­նի պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ա­ւար­տին կը զգե­նուր նախ­կին նա­խա­րա­րի վե­րար­կուն։ Յստակ է նաեւ, որ այդ հանգ­րուա­նէն մին­չեւ օրս Օս­կա­նեան հա­կա­ռակ իր հմուտ դի­ւա­նա­գէ­տի ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րուն ու «Բար­գա­ւաճ Հա­յաս­տան» կու­սակ­ցու­թեան հետ ճա­նա­պար­հ կտ­րե­լու բո­լոր փոր­ձե­րուն, կը դառ­նար լու­սանց­քայ­նա­ցուած ու իշ­խա­նու­թեան կող­մէ մեր­ժուած գոր­ծիչ մը:

Այս բո­լո­րը դի­տար­կե­լէ ետք, յստակ կը դառ­նայ, որ Օ­ՐՕ Դա­շին­քը կազ­մող գլխա­ւոր գոր­ծիչ­նե­րը զի­րար ա­գու­ցող կա­պը իշ­խա­նու­թե­նէն «նե­ղուա­ծ» ըլ­լա­լու փաստն է: Կայ տե­սու­թիւն, որ այս դա­շին­քի ղե­կա­վար­նե­րը ստա­ցած են նախ­կին նա­խա­գահ Ռո­պէրթ Քո­չա­րեա­նի հա­ւա­նու­թիւ­նը, հա­կա­ռակ ա­նոր՝ որ նախ­կին նա­խա­գա­հի բան­բեր Վիք­թոր Սո­ղո­մո­նեան զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով յայ­տա­րա­րած է, թէ Քո­չա­րեան հե­տաքրք­րուած չէ Հա­յաս­տա­նի ներ­քին քա­ղա­քա­կան կեան­քի զար­գա­ցում­նե­րո­վ:

Ա­մէն պա­րա­գա­յի վեր­ջին պա­հուն կազ­մուած այս դա­շին­քը այ­սօր կանգ­նած է դժուար փոր­ձա­քա­րի մը առ­ջեւ ու ե­թէ պա­տա­հի, որ դա­շին­քը չկա­րո­ղա­նայ խորհր­դա­րան մուտք գոր­ծել, ա­պա դժուար չէ կան­խա­տե­սել ա­նոր ինք­նա­լու­ծա­րու­մ­­ը:

ԵԶ­ՐԱ­ԿԱ­ՑՈՒ­ԹԻՒՆ ՄԸ

Վե­րը մատ­նան­շուած քա­ղա­քա­կան դա­շինք­նե­րը այ­սօր հան­րու­թեան կը ներ­կա­յա­նան որ­պէս ընդ­դի­մա­դիր դաշ­տի գլխա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ: Ճիշդ է, որ այս խմբա­ւո­րում­նե­րուն կող­քին գո­յու­թիւն ու­նին ընդ­դի­մա­դի­ր ըլ­լա­լու պատ­րաստ այլ ու­ժեր եւս, սա­կայն զա­նա­զան հան­գա­մանք­նե­րու բե­րու­մով՝ ա­նոնք բա­ւա­րար նե­րուժ չու­նին երկ­րի ար­մա­տա­կան ընդ­դի­մու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ըլ­լա­լու:

Տա­կա­ւին յստակ ալ չէ, թէ ինչ ար­դիւնք­նե­րով կ­­՚ա­ւար­տին Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը, բայց եւ այն­պէս վեր­ջին տուեալ­նե­րուն լոյ­սին տակ յստա­կօ­րէն կ՚ընդգ­ծուի, որ իշ­խա­նա­կան Հան­րա­պե­տա­կա­ն­­ը, Ծա­ռու­կեա­նի կազ­մած հա­մա­նուն դա­շին­քը, իշ­խա­նու­թեան մաս կազ­մող Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, ընդ­դի­մա­դիր դաշ­տի «Ելք»ն ու շատ հա­ւա­նա­բար ՀԱԿ-ՀԺԿ-ն պի­տի հան­դի­սա­նան յա­ռա­ջի­կայ խորհրդա­րա­նը բաղ­կաց­նող հիմ­նա­կան քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Ապրիլ 1, 2017