ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ՀԱՅԵԱՑՔԸ ՈՒՂՂՈՒԱԾ Է ԴԷՊԻ ՄՈՍԿՈՒԱ
«Համայնքային արեւելում»
22 Նոյերմբեր 1943 թուականին Լիբանան կը հռչակէր իր անկախութիւնը: Երկիրը, որ մինչ այդ յայտնուած էր Ֆրանսայի «հոգատարութեան» տակ, կը ստեղծէր համակեցութեան հիմքով պատրաստուած ազգային սահմանադրութիւն մը, որուն ամենէն նշանակալի կէտը իսլամ-քրիստոնեայ համախառն իշխանութիւն մը կերտելն էր: Երկրի իսլամ բնակչութեան եւ քաղաքական շրջանակներուն համար անընդունելի կը համարուէր ֆրանսական հոգատարութիւնը: Իսկ 90-ականներուն սկիզբ առած նոր Լիբանանի մը ընդհանուր պատկերը կը բանար անկախ եւ ինքնիշխան ապրելու հնարաւորութիւնները:
Հակառակ այս բոլորին, Լիբանանի քաղաքական կեանքի բաղկացուցիչ տարրերը ցայսօր ալ իրենց համար «յենարան» կը փնտռեն շրջանային ազդեցիկ կողմերուն մէջ: Մինչ սիւննիներուն համար անցեալի կողմնացոյցը ուղղուած էր դէպի Եգիպտոս, անդին զարթօնք ապրած շիիներուն համար գլխաւոր «փրկիչ»ը կը դառնար Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը:
Իսկ պատկերը այլ էր քրիստոնեաներու պարագային, որոնց հիմնական ուժը՝ մարոնիները «իրենց զօրութիւն»ը կը գտնէին Ֆրանսայի մէջ:
Այս բոլորը ներկայացնելէ ետք, այսօր երեւելի է, որ յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներուն ու մասնաւորապէս մարոնի (Լիբանանի նախագահը պէտք է ըլլայ մարոնի համայնքի անդամ եւ այդ մէկը ամրագրուած է երկրի սահմանադրութեամբ) համայնքի պարագլուխներուն մօտ երեւելի «թեքում» մը կայ դէպի հեռաւոր հիւսիս՝ Մոսկուա: Այս մօտեցումը սոսկ արեւելումի փոփոխութիւն մը չէ, այլ կապ ունի Միջին Արեւելքի մէջ կատարուող զարգացումներուն հետ։
Ռուսաստանի կեցուածքը՝ Լիբանանի անվտանգութիւնը «կարմիր գիծ է»
Հակառակ տնտեսական հարթակի վրայ գոյացող մոխրագոյն ամպերուն, Լիբանանը պիտի շարունակէ հեռու մնալ «ամբողջական ընդհանրում»ի երթալու վտանգներէն: Միջին Արեւելքի հարցերուն վերաբերեալ կարծիք յայտնող վերլուծաբաններու համաձայն՝ բոլորովին նորութիւն չէ, որ շրջանի հարցերը «տնօրինող» հիմնական «խաղացողներ»ը Լիբանանի համար գծած են «ընդհանրումի ընդհանուր կանոններ», որոնցմէ դուրս գալը արգիլուած է: Այս եւ տարբեր հարցերու մասին օրեր առաջ խօսած է Լիբանանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Ալեքսանտր Զասփեքին: Զասփեքին, որ խօսած է «Ալ Ախպար» պարբերականին՝ յայտնած է. «Լիբանանի մէջ բոլոր քաղաքական ուժերը լաւապէս կ՚ըմբռնեն շրջանի ծանր իրավիճակը ու եկած են այն եզրակացութեան, որ եթէ պետական ընդհանուր համակարգը փուլ գայ, ապա այդ փլուզման հետեւանքով պիտի վնասուին բոլորը»: Զասփեքինի լիբանանեան օրակարգին վերաբերեալ արտայայտած միտքերը կը կարեւորուին մի քանի առումներով, որոնցմէ պէտք է առանձնացնել հետեւեալ կէտերը:
Ա.- Ռուսաստան ջատագովն է այն գաղափարին, որ Սուրիոյ մէջ ծագած եւ ցարդ ալ շարունակուող հրդեհը ամէն գնով պէտք է հեռու պահուի Լիբանանէն:
Բ.- Ռուսաստանի համար Լիբանանի մէջ որեւէ քաղաքական լուծում պէտք է գոհացնէ բոլոր քաղաքական կողմերը եւ բխի ընդհանուր շահերը պաշտպանելու առաջնահերթութենէն:
Եթէ առաջին եզրակացութեան պարագային Մոսկուա կարիք չի զգար ամպագոռգոռ յայտատարութիւններ ընելու, ապա Լիբանանի մէջ բոլոր կողմերուն շահերը պաշտպանելու վերաբերեալ Ռուսաստան չ՚երկմտիր այդ մասին բարձրաձայն խօսելու:
Փորձենք բացատրել:
Անգամ մը եւս վերադառնալով դեսպան Զասփեքինի ըրած յայտարարութիւններուն՝ պէտք է շեշտակիօրէն ընդգծել անոր հնչեցուցած հետեւեալ միտքը. «Լիբանանը, որպէս երկիր կազմուած է շատ նուրբ հաւասարակշռութիւններու հիման վրայ»:
Ռուսաստանի դեսպանին կողմէ հնչած այս յայտատարութիւնը պատահական չէ: Եւ ան կը գծէ խաղի ընդհանուր կանոններու կարեւոր եզրագիծերը: Վերջին մէկ տարուան ընթացքին ու մասնաւորապէս զօրավար Միշէլ Աունի նախագահ ընտրուելէն ետք, տարբեր առիթներով ու տարբեր բեմերէ կարծիքներ հնչեցին այն մասին, թէ Աունի նախագահ ընտրուիլը պէտք է համարել յաղթանակ «դիմադրութեան ուղեգիծ»ին, բայց խորքին մէջ այդպէս չէր: Այդպէս չէր, որովհետեւ զօրավար Աուն Պաապտայի պալատ կը հասնէր ոչ միայն ներքրիստոնէական համաձայնութեան մը ճանապարհով, այլ նաեւ շրջանային կողմերու կանաչ լոյսով:
Այսինքն Աուն, որ լիբանանցիներուն մինչ այդ կը ներկայանար «Հիզպուլլահ»ի եւ անոր շուրջ եղող ուժերուն «Քրիստոնեայ վահան»ը, այսօր դուրս եկած է այդ դերէն եւ հանրութեան կը ներկայանայ՝ որպէս բոլոր լիբանանցիներուն հայրը:
Նախագահ Աուն իր այս կեցուածքը եւ բոլոր կողմերուն նախագահը ըլլալու իր նախանձախնդրութիւնը յաջողեցաւ ամրագրել մի քանի կարեւոր քայլերով, որոնցմէ ամենէն ցայտունն ու երեւելին անոր Ռիատ տուած պաշտօնական այցելութիւնն էր:
Բացի այդ, մնալով իր ընդհանուր «քաղաքական ուղղութեան» վրայ, Միշէլ Աուն մինչեւ այս պահը չնախընտրեց հանդիպիլ Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատին հետ։ Ան աւելի նպատակայարմար համարեց բաւական նուրբ կեցուածքներով հանդէս գալ Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ:
Նախագահը նաեւ կը գիտակցի, որ Էսատի դէմ սիւննի աշխարհին ունեցած ընդհանուր պայքարին մէջ Լիբանանէն չի պահանջուիր ներկայանալ «առաջատար»ի դիրքերէն, այլ հետեւիլ ընդհանուր իրադրութեան եւ ըլլալ դրօշակիրը «ընդհանուր զսպուածութեան» մը:
Այս ընդհանուր պատկերին դիմաց եւ մինչեւ այս պահը Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը կը շարունակէ վարել բաւական ճկուն մօտեցում մը:
Վերոյիշեալ մօտեցումին շնորհիւ է նաեւ, որ կ՚ամրագրուի արտաքին կարեւոր ազդակներով արդէն իսկ «նուիրականացած» «Լիբանանը հեռու պահել շրջանային կրակներէն» նշանաբանը: Գալով ներկայ հանգրուանին քաղաքական կեանքին մէջ բաւական մեծ հնչեղութիւն ունեցող ընտրական նոր օրէնքի մը մշակման խնդրին, պէտք է նշել, որ ընտրական օրէնքի հարցը կը ներկայանայ որպէս ներքին քաղաքական կեանքի հիմնական բաղկացուցիչ: Ընտրական օրէնքի հարցը, նաեւ բաւարար ուժ չունի Լիբանանը առաջնորդելու անսպասելի եւ վտանգաւոր տագնապներու: Քաղաքացիական հասարակութեան մէկէ աւելի ներկայացուցիչներ տարբեր առիթներով կը խօսին (եթէ ընտրական նոր օրէնք մը չվաւերացուի, կամ յոռեգոյն պարագային գործող խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը արդէն երրորդ անգամ երկարաձգուի) «վտանգաւոր պարապութեան» մը մասին: Սակայն գաղտնիք չէ, որ այդ «վտանգաւոր պարապութեան» սպասող բոլոր կողմերը բաւարար ուժ չունին երկար ժամկէտներով որեւէ «փողոցի շարժում» իրենց ձեռքին մէջ պահելու: Այստեղ յիշեցման կարգով պէտք է նշել 2015 թուականին Պէյրութի լուրերը միջազգային «թրենտ» դարձնող «աղբի խնդրին» մասին, որ ժամանակի ընթացքին մարեցաւ, առանց կենսական լուծումներ բերելու քաղաքացիներուն համար ընտրական օրինագիծէն կամ նոյնիսկ ընտրութիւններէն շատ աւելի ծանրակշիռ եւ կենսական՝ կենսալորտային հարցով մը: Ուրեմն յանգելով այդ եզրակութեան, աւելի քան յստակ կը դառնայ, որ բոլոր անոնք, որոնք սպառնալիք կը տեսնեն ընտրութեանց նոր օրէնքի բացակայութեան կամ նոյնիսկ գործող խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգման մէջ, անոնք հեռու են իրատեսական մօտեցումներ ունենալու հիմնարար սկզբունքէն: Լիբանանը Զուիցերիա չէ: Լիբանանը ի վերջոյ կանոնակարգուած ըմբռնումներու եւ «քաղաքական թեքստ»ը կամ ուղեգիծը օրուան տրամադրութիւններուն ու մանաւանդ պահանջին մօտեցնելու փորձ ունեցող իշխանութեան մը ենթագետինն է:
Սխալ չէ այդ մօտեցումը, սխալ չէ տարբեր առիթներով դուրս գալ «նուիրականացած» օրէնքներու տոմարէն եւ վարուիլ քաղաքական դաշտի պահանջներուն համաձայն: Անշուշտ, եթէ այդ մօտեցումը կը բխի երկիրը մեծ ցնցումներէ հեռու պահելու թելադրականութենէն:
Վերադառնալով յօդուածին սկիզբը արծարծուած միտքերուն, պէտք է անպայման շեշտադրել, որ այսօր բաւական լայն ճակատ կազմած ներքրիստոնէական կողմին համար (նկատի առնել՝ «Ազգային ազատ հոսանք»ն ու «Լիբանանեան ուժեր»ը եւ այդ դաշինքին շուրջ եղող բոլոր կողմերը) յստակ սկսած է դառնալ, որ լիբանանցի քրիստոնեաներուն հայեացքը սկսած է թեքիլ դէպի Մոսկուա:
Մօտիկ անցեալին յատկապէս մարոնի համայնքին համար Փարիզը կարեւոր եւ հիմնարար ըսելիք ունէր: Այսօր դերերը փոխուած են, ու պատահական չէ, որ մարոնի համայնքի պարագլուխներուն ու նոյնիսկ նախագահ զօրավար Աունին համար Մոսկուան սկսած է դառնալ «ուղղութիւն» եւ նեցուկ տուող կարեւոր հիմնաքար մը:
Այս մօտեցումը բաւական նոր ու թարմ է եւ ան կապ ունի Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու շահերէն բխող ընդհանուր կեցուածքներուն ու յատկապէս արեւելումներուն հետ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան