ՍԷՐՔԱՆԸ՝ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՓՆՏՌՏՈՒՔԻ ՄԷՋ

Նախապէս գրած էի Պարութհանէ փողոցի զառիվերին վրայ իմ յաճախակի ժամադրավայրերէս մէկուն, տիգրանակերտցի Տիկին Մարիի ճաշարանին մասին։ Այս անգամ դարձեալ նոյն փողոցը պիտի տանիմ ձեզի, սակայն դէպի վար։ Պիլեզիկճի փողոցի վրայ կը բնակէի, եւ եթէ դէպի Տիկին Մարիի ճաշարան Պարութհանէն զառիվեր մըն էր, որն ի վեր պիտի մագլցէին ոտքերս պրկելով մկանները զիստերուս, ապա դէպի Սէրքանի սրճարանը նոյն Պարութհանէն զառիվար մըն էր, որմէ վար ստիպուած պիտի վազէի գրեթէ, եւ մաշեցնէի կօշիկներս՝ արգելակելու համար ընթացքս։

Ոչ միայն սրճարանը հաճելի էր, մօտիկ ինծի, եւ լաւ սուրճ ունեցող, այլ նաեւ տէրը՝ Սէրքանը, հետաքրքրական։

Ալեւի եւ զազայախօս ընտանիքի զաւակ, Սէրքանը ծնած է Մուշի մօտ Վարդօ քաղաքի մօտակայ գիւղերէն մէկուն մէջ։ Երեսուն օրուան հազիւ եղած, փոխադրուած են Քոճաէլի, յետոյ Իզմիթ, ուր հասակ նետած է։ Սակայն տակաւին յատուկ զգացական կապ մը ունի իր ծննդավայրի հանդէպ, ուր դեռ ունի ազգականներ, որոնց կ՚այցելէ ամէն ամառ։

Զրոյցներու ընթացքին կամաց-կամաց հասկցած էի, որ Սէրքան խորհրդապաշտ, զգայուն ու նուրբ անհատականութիւն մըն է։ Բանաստեղծութիւններ կը գրէ, սազ կը նուագէ. բայց թերեւս ամենէն կարեւորը ան է, որ ինքնութեան լուրջ եւ զգայուն փնտռտուքի մը մեղեդիին մէջ ինկած էր այն ամիսներուն, երբ զինք յաճախ կը տեսնէի։

Սէրքան լուրջ կասկածներ ունէր, թէ իր նախնիները հայեր եղած են։ Ընտանիքի անդամներէն այդ մասին յստակ բան չէր լսած, բայց դրսեցիներէ լսած էր այդ մասին յուշող որոշ արտայայտութիւններ։ Կը յիշէր նաեւ մանկութեան տարիքէն այնպիսի մանրամասնութիւններ, որոնք իր կասկածները աւելի եւս կ՚ամրապնդեն. «Հօրենական մեծ մօրս ընտանիքին մէջ տարեց կիները զիրար «աղջիկ» կը կանչէին», կը վերյիշէ ան։ Իր ընտանիքին մէջ հարցուփորձի միջոցով արմատներու մասին տեղեկութիւն գտնելու յոյսերը ի դերեւ ելած էին ժամանակ մը ետք։ Գացած էր իրենց գիւղ, հարցուցած մարդոց, բայց դարձեալ՝ բոլորը լռած էին անցեալի մասին։

Այցելութիւններէն մէկուն ընթացքին գիւղին մէջ հանդիպեր էր ծերունիի մը, որ ըսեր էր, թէ գիտէ հայկական հին գերեզմանատան տեղը, եւ զինք տարեր էր այդտեղ։ Ծերունին ըսեր էր. «գիտեմ որ գիւղացիներէն եթէ խնդրեմ պիտի չընեն, բայց քեզի կ՚ըսեմ, քեզմէ կը խնդրեմ, որ երբ որ մեռնիմ զիս այստեղ թաղեն…»։ Սէրքան այնքան ցնցուած էր այս պատմութենէն, որ պատմելու ընթացքին անգամ աչքերը լեցուեցան ու ստիպուած լռեց, զսպելու համար ինքզինք։

Այն ժամանակ Սէրքան տակաւին չէր գիտեր, թէ իր ընտանիքի արմատները ի՞նչ ինքնութիւն ունէին։ Բայց անբացատրելիօրէն կը հաւատար, որ հայկական գիծ մը կայ իր անցեալին մէջ։ Աւելի՛ն, կը հաւատար որ իր այս կասկածներուն հիմնական պատճառը ծինայինօրէն փոխանցուող լուռ գիտակցութիւն մըն է, որ քիչ քիչ կը գծէ իր ճամբան եւ կը պարզէ իրականութիւնը։ Այսպէսով, ան իր Իզմիթէն Քուրթուլուշ գալ ու հաստատուիլը նոյնիսկ այդ ծինային ուժին կը կապէ, որ զինք, ըստ իր մեկնաբանութեան, տարաւ այնտեղ՝ ուր հայեր շատ կ՚ապրին։

«Հապա ինչո՞ւ հոս. Ինչո՞ւ Քուրթուլուշ, այս խոշոր քաղաքին մէջ», կը հարցնէր ան ինքնութեան փնտռտուքի իր այդ ճամբուն վրայ, որմէ թերեւս ալ երբեք դուրս պիտի չկարենայ գալ։

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մայիս 1, 2019