ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)
ԲՈՐՈՏՆԵՐՈՒ ԱՊԱՍՏԱՆԱՐԱՆԸ1
Տարածաշրջանէն ներս ներկայ լարուածութիւնը, կամ դժուար հանգամանքները որոնց մէջով կ՚անցնի, կամ սիոնիստական, գաղութային կամ կայսերական սպառանլիքը (ինչպէս կ՚ուզես կոչէ զայն), որ կը վտանգէ արաբական գոյութիւնը իր բոլոր տարածքներէն ներս, ամենէն մեծ գլուխէն մինչեւ ամենէն փոքր գլուխը:
Արաբները [այս վիճակը] կը կապեն Իսրայէլի գոյութեան հետ:
Իսրայէլը զայն կը կապէ արաբական պատրաստութիւններուն՝ զինք գոյութենէ վերացնելու համար:
Ամերիկան զայն կը կապէ Ռուսաստանի՝ տարածաշրջանէն ներս աւելի ազդու ներկայութիւն ունենալու ցանկութեան:
Եւրոպան զայն կը կապէ պաղեստինցիներուն Լիբանանի հողերուն վրայ գտնուելուն:
Պաղեստինցիները զայն կը կապեն զիրենք Լիբանանէն վռնտելուն:
Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը զայն կը կապէ անհամբեր եւ ինքզինք չկարենալ սանձելուն ու զսպելուն:
Եգիպտոսը զայն կը կապէ Քամբ Տէյվիտի եւ ինքնակառավարման բանակցութիւնները սառեցնելուն:
Պարսկաստանը զայն կը կապէ Ծոցի պատերազմին:
Յեղափոխական պետութիւնները զայն կը կապեն ժողովուրդներու նպատակներուն չկառչելուն:
Պահպանողական պետութիւնները զայն կը կապեն իսլամութեան պարաններէն չբռնուելուն:
Տնտեսագէտներ զայն կը կապեն նաւթի աւելցուքին հետ:
Մասնագէտները զայն կը կապեն Իսրայէլի ունեցած պատմական յաւակնութիւններուն արաբական ջուրերուն:
Զինուորականները զայն կը կապեն տարածաշրջանէն ներս զինուելու աւելնալուն:
Արեւմուտքցիները զայն կը կապեն «Սամ 6» հրթիռներուն, իսկ արեւելքցիները՝ «ԷՖ 16»ին:
Արբանեակները զայն կը կապեն տարածաշրջանէն ներս օտար նաւատորմներու աւելնալուն:
Իսկ ոմանք այնքան կ՚երթան, հասնելու բնութեան ապականելուն, ծովերու խորերը եղող սուզանաւերուն, կամ տիեզերքի խորքերը՝ լուսինին, Վեներային, Մերքիւրիին. [այս բոլորը] ծածկելու համար իրական ու պատմական պատճառը, որն է՝ արաբական ահաբեկչութիւնը եւ այս տարածաշրջանէն ներս կարծիքի ու արտայայտութեան ազատութեան բացակայութիւնը:
Այս պատճառով, բոլոր խօսակցութիւնները եւ հեռաձայնային կապերը, որ կը կատարուին այստեղ կամ այնտեղ, ինչպէս նաեւ այս զարմանքը, որ կը տիրէ արաբական եւ օտար մայրաքաղաքներէն ներս, թէ որո՛նք են ամենէն շտապ խնդիրները՝ որ պէտք է սկսիլ լուծում տալ անոնց. Լիբանանի Հարաւի՞ խնդիրը, Լենալիբանանի՞ խնդիրը: Այլեւ, լիբանանեան խնդիրը կապ ունի՞ Միջին Արեւելքի խնդիրին լուծման հետ, թէ՞ Միջին Արեւելքի խնդիրին լուծումը կապ ունի լիբանանեան խնդիրի լուծման հետ: Այս բոլորը միայն ափսոսանք եւ տխրութիւն կը յառաջացնեն, քանի որ արաբները, ինչպէս նաեւ Ամերիկան, Ռուսաստանը եւ ալ-Քամար կղզին ալ գիտեն, եւ Իսրայէլն ալ առաջին գիտցողներէն մէկն է, թէ հնարաւոր չէ ո՛չ Հարաւի, ո՛չ Հիւսիսի, ո՛չ դիմադրութեան, ո՛չ գաղթակայաններու, ո՛չ ինքնակառավարման, ո՛չ Իրաք-Պարսկական պատերազմի, ո՛չ ալ Ծոցի ծովերուն մէջ լողացող նաւթի արտահոսքի խնդիրները լուծել, նախքան արաբ մարդուն խնդիրը լուծել իշխանութեան հետ, եւ վերջ տալ 1948-էն ի վեր անոր նկատմամբ յաջողութեամբ կիրառուած արաբական մերժողական դրոյթներուն:
Ամօթ չէ՞ գիտական եւ քաղաքակրթական այսքան զարգացումէ ետք, ինչի մարդկութիւնը հասաւ, եւ հարիւրաւոր համալսարաններէն ու հազարաւոր կրթական, գեղարուեստական, թատերական դպրոցներէ ետք, որ արաբական աշխարհը կը ծածկեն, իշխանութեան եւ քաղաքացիին միջեւ խօսակցական լեզուն տակաւին ոտքով հարուածելն ու մազեր քաշելն է:
Տեսնես եթէ Իսրայէլն ալ իր ծնունդէն եւ զինք արաբական աշխարհի սիրտին կեդրոնը տնկելէն ետք բերաններ գոցէր, բանտեր շինէր, աշխատողները անօթի ձգէր, պարտիզպանները գողնար, եւ ամէն անգամ երբ բժիշկ մը բողոքէր՝ ձերբակալէր զինք, կամ ձայն մը բարձրանար՝ լռեցնէր զինք, ապա երթար ու մաքսանենգութեամբ զբաղէր, ամառնային արձակուրդներու ու հանգիստի երթար, եւ Եւորպայի մէջ բոլոր պարողներուն վրայ դրամով ծածկէր…, ապա կրնա՞ր գրաւել Արեւմտեան ափը, Սինան եւ Կոլանը, կամ քանդէր Իրաքի աթոմակայանները, Եգիպտոսը մեկուսացնէր, կամ յարձակէր Լիբանանի վրայ ու աչք ունենար Հնդկաստանի ու Փաքիստանի վրայ:
Ո՞վ երկար տարիներէ ի վեր առաւօտեան՝ վայրի ծաղիկի մը հոտը առաւ, կամ հետապնդեց թիթեռնիկ մը, կամ թռչունի մը հազը լսեց:
Ո՞վ երկար դարերէ ի վեր լուսինը դիտեց, կամ մայրամուտը, կամ իր ափերով առուակէն ջուր խմեց:
Ո՞վ պատմութեան սկիզբէն ի վեր սրտանց արաբական ծիծաղ մը լսեց:
Բացի սպանութենէն, արիւն թափելէն եւ կողոպտելէն բան չկայ:
Ո՛չ ոք կը մտածէ թէ մանկութիւն կայ, որ պէտք է աճի, մեծնայ:
Շրթունքները՝ պէտք է համբուրուին:
Աչքեր՝ որ պէտք է հանդիպին:
Մատներ՝ որ պէտք է զիրար բռնեն:
Մէջքեր՝ որ պէտք է շրջապատուած ըլլան, բայց ո՛չ թէ ռումբերով ու պայթումներով:
Ո՜վ արաբներ, կ՚երդուեցնեմ ձեզ այս ազգին մէջ մնացած մանկութեամբ, սիրով, ընկերութեամբ, ծառերով, թռչուններով, ամպերով, գետերով ու թիթեռնիկներով:
Կ՚երդուեցնեմ ձեզ, որ առաւօտեան ողջունէք անոր դրօշակները, իսկ երեկոյեան խոնարհիք անոնց դիմաց. դուք ահաբեկչութիւնը փորձեցիք երկար տարիներով ու դարերով, եւ ահաւասիկ կը տեսնէք, թէ ո՞ւր հասցուց ձեր ժողովուրդները:
Օր մը փորձեցէք ազատութիւնը, որպէսզի տեսնէք թէ ինչքա՜ն մեծ են ձեր ժողովուրդները եւ ինչքա՜ն փոքրիկ է Իսրայէլը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 18
Վաղարշապատ
1 Հարիւր տարուան կեանք ունեցող այս ապաստանարանը կը գտնուի Եգիպտոսի ալ-Քալյուպիա նահանգի Ապու Զաապալ շրջանին մէջ: Անցնող հարիւր տարիներու ընթացքին Եգիպտոսի տարբեր նահանգներէն բազմաթիւ հիւանդներ ապաստան գտած են այստեղ, բուժում ստանալու համար: Ոմանք ալ բռնի կերպով բերուած են այստեղ, մեկուսացուած են՝ զերծ մնալու համար վարակելու վախէն: Այս ապաստանարան մտնողներուն մեծամասնութիւնը մինչեւ իրենց մահը այստեղ մնացած են: