ՓՈՔՐԻԿ ՕՐԻՈՐԴԻԿԸ

«Փոք­րիկ օ­րիոր­դի­կը,
Նստել է սե­նեա­կը,
Լաց է լի­նում,
Լաց է լի­նում...»

Շատ հարազատ հնչիւններ են, «Սարայիկ»ը եղած է «օրիորդիկ», «կու լայ»ն՝ «լաց է լինում» , Հալէպը՝ Երեւան, բայց մեղեդին նոյնն է, նոյն սրտամօտ ու բարութիւն բուրող եղանակը, նոյն սփոփանքի ուսուցումը մանուկները զիրար կապող, ընկերասիրութիւն ու տկարին օժանդակելու սէր ու յարգանք հաղորդող: Կանչ մըն է թերեւս կարօտի, որ ակամայ քեզ դէպի իրեն կը տանի:

Մանկութեան ձայնն է որ կը հնչէ, անմեղունակ ու զուլալ ջուրի պէս կը հոսի, կ՚երթայ, իրեն հետ տանելով յուշեր անմոռաց, որոնք մէկիկ-մէկիկ կ՚ագուցուին մտքին մէջ անհատին ու ան կ՚ապրի շատ հեռաւոր անցեալին մէջ, այլեւ անոր մէջ կը զարթնի մանուկը, ժամանակուան խաղը, ջերմութիւնը, հարազատութիւնը:

Բայց ինչո՞ւ արդեօք մեր մանկական խաղերուն մէջ միշտ տկարներ գոյութիւն ունին, հոս՝ լալկան Սարայիկը, ուրիշ խաղի մը մէջ՝ անտառի գայլէն վախցող մանուկները: Ճիշդ է, որ անոնք մարդկային առաքինի յատկանիշներ կ՚ուսուցանեն ու զանոնք կը սերմանեն մանուկներուն մէջ, սակայն արդեօք զօրացնել պէտք չէ՞ մանուկները, անտառի գայլերէն չսարսափելու, չյուսահատելու ու չհիասթափելու համար: Կեանքի մէջ այնքան մարդանման գայլեր կան որ, անտառի գայլերը կը սոսկան անոնցմէ թերեւս:

Կը կարծէի, որ այսպիսի խաղեր հիմա չկան, փոխարինուած են արդի համակարգչային խաղերով, անոնց ժամանակը անցած է, սակայն ահա կը լսեմ, կը տեսնեմ մանուկները, դէմս են անոնք ու կը վերակենդանացնեն մանկութիւնս: Մենք եւս ընկերներով կը խաղայինք փողոցը, կը վազվզէինք: Մենք վայելեցինք այսպիսի մանկութիւն, մեզի յաջորդող սերունդները՝ ոչ: Բայց ահա մենք՝ մեր թաղի Սարայիկներս, աշխարհի տարբեր քաղաքներուն մէջ, իւրաքանչիւրս մենութեան պատեան մը հագած կը շրջինք, կը փնտռենք սփոփանքը ու երբեմն կ՚արտայայտուինք դիմատետրի էջերուն մէջ տողեր գրելով, անոնց մեկնութիւններուն մէջ ալ երբեմն կը գտնենք Սարայիկներուն սփոփանքը:

Պատշգամն եմ: Ամէն օր կէսօրէետք կը վխտայ տանս դէմի ընդարձակ տարածութիւնը շրջանի մանուկներով, զբօսանքի ելած աշակերտներու նման են անոնք, որ խումբ-խումբ հաւաքուած իրենց համար սիրելի խաղ մը կը խաղան: Խումբ մը աղջնակներ պուպրիկներով ու խաղալիքներով կը զբաղին: Քիչ անդին, ուրիշ խումբ մը գիծ կը խաղայ, սագերու նման ցատկելով ասֆալթին վրայ գծուած քառակուսիներուն վրայէն: Հոն, հսկայ թթենիին շուքին տակ խումբ մը աղջիկ պարան կը ցատկէ: Մանչուկներ հեծանիւ կը քշեն ու երբեմն, դիտմամբ ու հրճուանքով կը խանգարեն աղջնակներուն խաղերը:

Խումբ մը տղաք գնդակին ետեւէն կը վազեն, այժմու ֆութպոլի աստղերը կը կապկեն անոնք, մէկը եղած է Մէսսի, միւսը՝ Ռոնալտօ, բերդապահը կը փախցնէ գնդակը ու՝ «Կօօօօլլլլլ», կը լսուի յաղթանակին ձայնը, բոլորը կը շրջապատեն Մէսսին ու կը շնորհաւորեն զինք, մինչ Ռոնալտօն զայրացած բերդապահին հետ կը վիճի: Ամենէն շատ յոգնողը սակայն պահուըտուք՝ պախկըւոցի խաղացող խմբակն է, որուն մասնակիցները բոլոր խմբակներուն մէջ, ծառերուն կոճղերուն ետին, ճիւղերուն վրայ եւ այլ աննշմար տեղեր կը պահուին. այս տարածութեան մէջ եկուր ալ գտիր, թէ ո՞վ, ո՞ւր կրնայ պահ-ւած ըլլալ:

Զգոյշ, արագ շարժէ՛, գնդակը չհարուածէ քեզ, հակառակ պարագային կը պարտուիս եւ դուրս կ՚ելլես խաղէն: Զսպանակի նման աջ ու ձախ կ՚երթեւեկեն մանուկները երկու կողմերէն գնդակին հարուածներէն խոյս տալու համար: Ու ահա գնդակը բարձրէն նետուելով քովս կը հասնի, խաղացողներուն նայուածքները՝ նոյնպէս, ու. «Էստեղ, էստեղ նետէք» կը գոչեն, ամէն մէկը ինքզինք մատնանշելով, կը խորհիմ նետել գնդակը հեռու, շատ հեռու, հասցնել իմ խաղընկերներուս, արդեօք կարելի՞ է...:

Խմբակները կը սկսին նօսրանալ, մանուկները կը քաշուին իրենց տուները, գնդակ խաղացող պատանիները քրտնաթաթախ կը վազեն լուացուելու, արեւուն այսօրուան հրաժեշտի շողերը նշմարելի են: Թաղին անկիւնէն կ՚երեւին խումբ մը գեղուհիներ, որոնք եւս այս թաղի բնակիչներն են եւ ատենին խաղացեր են քիչ առաջուան մանուկներուն նման: Երիտասարդութիւնը քնքշաբոյր զեփիւռի նման պատած է զիրենք: Ժպիտներով ու աւելին՝ քահքահներով ուշադրութիւն կը հրաւիրեն կամ ալ հրաժեշտ կու տան անկիւնը զիրենք դիտող երիտասարդներուն, որոնց հետ էին թերեւս ու իրենց տարիքի եռացող արիւնը կը զովացնէին:

Երիտասարդուհիներէն մին կողքի ծաղկոցէն փիսիկ մը կը քաղէ ու կը փչէ փիսիկին ցօղունէն բռնած: Ընկերուհիներն ալ մէկական փիսիկով կը մասնակցին: Կը հրճուին անոնք ի տես թռչկոտող փերթերուն: Գարնան ձիւնի նման բամպակ-բամպակ փերթիկները կ՚ողողեն չորս դին:

Փիսիկին փերթերը կը թռին, կ՚երթան, հովին թեթեւ հպումով կը պտտին ու կ՚անհետանան, ինչպէս մանկութիւնն ու պատանութիւնը:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յունիս 1, 2017