ԳԱՂԹՈՂ ԹԻԹԵՌՆԻԿՆԵՐԸ

Գաղթող թռչուններ են կռունկները, արագիլներն ու ծիծեռնակները: Աշնան կը ճամբորդեն դէպի հարաւ, համեմատաբար աւելի տաք շրջաններ: Գարնան առաջին օրերուն կը վերադառնան տուն ու կը շինեն իրենց բոյնը: Հայութիւնը կը խորհրդանշեն: Միեւնոյն ճակատագիրը: Մի՛շտ գաղթական, իսկ վերադարձին քանդուած կը գտնեն իրենց բոյնը, սակայն չեն վհատիր: Կը շինեն նորը՝ յիշելով հինը:

«Ծիծեռնակը բոյն կը շինէ,
Բոյն կը շինէ եւ կ՚երգէ,
Ամէն մէկ շիւղ որ կպցնէ,
Իր հին բոյնը կը յիշէ»

Հայկ նահապետի օրերէն մինչեւ օրս միեւնոյն տեսարանը յաճախ կը կրկնուի: Ակամայ գաղթ, վերադարձին՝ աւերակներու կոյտ, եւ յաջորդ օրն իսկ՝ վերաշինութիւն:

Մեր պապենական հողերէն հեռու եւս՝ միեւնոյն տեսարանը: Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Իրանի պատերազմներ: Ռումբ ու աւեր: Ժամանակաւոր «գաղթ»՝ դէպի համեմատաբար աւելի ապահով վայրեր: Վերադարձին շատեր իրենց բնակարանները վնասուած կը գտնեն: Պատերազմը չէ հասած իր աւարտին: Ռումբերու ձայները տակաւին կը լսուին, սակայն յաջորդ օրն իսկ տարբեր «երաժշտութիւն» մը կը հասնի մեր ականջներուն: Մուրճերու հաճելի «մեղեդի» մը:

Վնասուած բնակարաններու վերանորոգում:

«Կռո՛ւնկ, ուստի՞ կու գաս, ծառայ եմ ձայնիդ,
Կռո՛ւնկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մը չունի՞ս»

Շատ է նաեւ վերջնականապէս օտար ափեր գաղթող հայերու թիւը, եւ երբ իրենց ծնըն-դավայրէն նոր ժամանած ծանօթի մը հանդիպին, միեւնոյն հարցումը՝

«Մեր ծննդավայրէն խապրիկ մը չունի՞ս»:

Կռունկներու գաղթը երբ սկսէր, մեր պապերը կը հետեւցնէին, որ աշուն է, իսկ անոնց վերադարձը գարունը կ՚աւետէր:

«Մարտը անցաւ, հասաւ ապրիլ գեղեցիկ,
Հեռու աշխարհէն եկաւ ծիծեռնակ,
Բարո՛վ դուն եկար, գարնան կարապետ,
Բոյն շինողներէն ամենէն վարպետ»


«Կռունկը թռաւ, գնաց լեռներէն,
Սոխակն ալ փախաւ մեր պարտէզներէն,
Միայն դու մնացիր ճնճղուկներու հետ,
Սիրուն ծիծեռնակ, գարնան կարապետ»

Ծիծեռնակներու թռիչքէն օդերեւոյթը կը գուշակէին մեր պապերը: Երբ բարձրէն թըռ-չէին, կը նշանակէր, որ եղանակը արեւոտ է, իսկ ցածէն թռչելու պարագային, անձրեւներ կը նախատեսուէին:

«Ծիծեռնակը բոյն կը շինէ
Ե՛ւ կը շինէ ե՛ւ կ՚երգէ»

Ծիծեռնակները վերադարձան ու դարձեալ շինեցին իրենց բոյնը, սակայն պատմական Հայաստանի ու Կիլիկիոյ մեր պապերուն վերադառնալու առիթը չտրուեցաւ, որպէսզի վերանորոգեն մոխիրի վերածուած իրենց տուները:

Կռունկները գարնան գալուստը որո՞ւ պիտի աւետէին: Ամայութիւն էր ամէն կողմ:

«Կոտորածն անգութ, հայերը թող լան,
Անապատ դարձաւ շքեղ Ատանան»

2016-ին Քեսապ հայկական աւանը ամայացաւ: Քեսապցիները դարձեալ բռնեցին գաղթի ճամբան, սակայն բարեբախտաբար ժամանակ մը ետք ազատագրուեցաւ Քեսապը, ու ժողովուրդը վերադարձաւ տուն: Վնասուած բնակարաններն ու ազգային կալուածները շատ էին: Անմիջապէս սկսան շինարարական աշխատանքները:

«Ծիծեռնակը բոյն կը շինէ եւ կ՚երգէ»

Քեսապցին, ծիծեռնակներու նման, երգելով վերանորոգեց իր բոյնը:

Սուրիոյ ամենէն հայահոծ Հալէպ քաղաքէն նոյնպէս մեծ թիւով հայեր գաղթեցին: Բարեբախտաբար բաւական մեծ էր մայր հայրենիք գաղթողներուն թիւը:

Անկախ հայրենիք ունինք:

«Երկիր մ՚ունինք մենք Հայաստան,
Ինչո՞ւ ապրինք օտարութեան» (Ժող. երգ)

Լիբանանէն, Իրանէն եւ Իրաքէն գաղթող հայերը հաստատուեցան Ամերիկա, Գանատա եւ եւրոպական կարգ մը երկիրներ: Այդ տարիներուն Հայաստան տակաւին չէր վերանկախացած, այլապէս վստահաբար մեծ թիւով հայեր պիտի նախընտրէին ներգաղթը՝ փոխանակ նետուելու ձուլարաններու գիրկը:

***

Ի՞նչ էր պատճառը, որ յիշեցի այս բոլորը:

Վերջերս անակնկալի առջեւ գտնուեցայ, երբ տասնեակ հազարաւոր թիթեռնիկներու հանդիպեցայ, որոնք կ՚ուղղուէին դէպի հիւսիս: Երկինքը լեցուն էր թիթեռնիկներով: Միչեւ այդ օրը այն տպաւորութիւնը ունէի, որ միայն կարգ մը թռչուններ կը գաղթեն, եւ թիթեռնիկներու այս «արշաւանքը» նորութիւն մըն էր ինծի նման շատերու համար:

Ներկայ օրերուն «գաղտնիք» բառը վերցուած է բառարաններէն: «Թոյլ բերան» համացանցի միջոցով ամէն ինչ կարելի է տեղեկանալ, ուստի դիմեցի անոր օգնութեան, եւ առանց վարանումի՝ ան պատասխանեց հարցումներուս:

Շնորհակա՛լ եմ:

Մեքսիքայէն գաղթած թիթեռնիկներ էին: Անոնք եւս կը գաղթեն դէպի իրենց դրացի Գալիֆորնիա նահանգի հիւսիսը գտնուող Օրեկըն նահանգը… զուգաւորուելու:

Բնութիւնը, կարծես, դիտումնաւոր կերպով օգտակար կը հանդիսանայ անոնց գաղթին: Այդ օրերուն հովը դէպի հիւսիս կը փչէ, ինչ որ կը դիւրացնէ անոնց ճամբորդութիւնը:

Վստահաբար ամէն գարնան սկիզբը կը պատահի այս գաղթը, սակայն քիչեր կը նկատեն: Սուսիկ փուսիկ, առանց ժամանակ կորսնցնելու, կ՚աճապարէին տեղ հասնիլ՝ վայելելու Օրեկընի նահանգի կանաչազարդ բնութիւնը եւ հոն ծնանիլ:

Հարաւային Գալիֆորնիոյ մէջ, երկար ատեն, այս տարուան նման առատ անձրեւներու չէինք հանդիպած: Ամէն կողմ կանաչութիւն էր, եւ թիթեռնիկները աճապարելու կարիքը չունէին, որպէսզի շուտով տեղ հասնին: Օրեկըն գաղթելու հիմնական պատճառը այդտեղի առատ անձրեւներուն շնորհիւ կանաչապատ դաշտերն ու գոյնզգոյն ծաղիկներն են, եւ անոնք կը սիրեն կանաչութեան մէջ անցընել իրենց ծննդաբերութեան շրջանը:

Նախորդող տարիներուն Գալիֆորնիոյ կլիման յար ու նման էր Մեքսիքայի: Անապատային չոր օդ:

Այս տարի մեր մօտ եւս ամէն կողմ կանաչութիւն եւ գոյնզգոյն ծաղիկներ են: Կրնա՞յ ըլլալ, որ այն խաբկանքը ունեցան, որ արդէն իսկ հասած են Օրեկըն: Օրեր անցուցին Գալիֆորնիոյ հանրածանօթ զբօսաշրջային վայրերու մէջ: «Տիզնի լենտ», «Իւնիվըրսըլ սթիւտիօ» եւ համբաւաւոր Հոլիվուտ պողոտան, ուր կը գտնուին նշանաւոր արուեստագէտներու «աստղերը»:

Նախագահ Թրամփը չհանդուրժողները (որոնք թիւով այնքա՜ն շատ են) անմիջապէս հաճելի անեքթոտներով անդրադարձան այս աննախընթաց արշաւին:

Մեր «սիրելի» նախագահը ի զուր կը փորձէ վաւերացնել Գալիֆորնիա-Մեքսիքա սահմանին վրայ 2.000 մղոն երկարութեամբ պատի մը կառուցումը՝ արգելք հանդիսանալու անօրէն գաղթականներու Միացեալ Նահանգներ մուտքին:

Պատը կառուցուելու պարագային, մինչեւ իսկ թիթեռնիկները սահմանը անցնելու դժուարութեան պիտի հանդիպին: Անոնք արծիւներուն նման բարձրէն թռչելու վարժ չեն եւ անուշադրութեամբ կրնան պատին զարնուելով՝ տեղ չհասնիլ:

Այս տարի Մեքսիքայի թիթեռնիկները, շատ աւելի մեծ թիւով եւ բնականէն աւելի կանուխ անցան սահմանը:

Վաղը կրնայ ուշ ըլլալ:

Մեքսիքայի բնակիչներուն մէջ սովորութիւն դարձած է անօրէն մուտք գործել Հարաւային Գալիֆորնիա եւ հոն ծնած իրենց զաւակը ինքնաբերաբար կը դառնայ ամերիկեան քաղաքացի:

Կրնա՞յ ըլլալ, որ միեւնոյն պատճառով է Մեքսիքայի թիթեռնիկներու գաղթը դէպի Ամերիկա եւ հոն ծնանիլ:

Ո՞վ որմէ ընդօրինակած է այդ սովորութիւնը:

Մեքսիքացի բնակիչնե՞րը թիթեռնիկներէն, թէ՞ թիթեռնիկները՝ մեքսիքացիներէն:

Հարցում մը, որուն չկրցաւ պատասխանել մինչեւ իսկ ամենագէտ «Կուկըլ»ը:

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Շաբաթ, Յունիս 1, 2019