ԳԻՐՔԻՍ ԷՋԵՐՈՒՆ ՆՄԱՆ

Կրկին բաց ըրած եմ սիրտս,
Գիրքիս էջերուն նման,
Փնտռելու համար ներկաս,
Տարակուսանքիս միակ վկան:
 
Բաց ըրած եմ բառերս,
Գիրքիս էջերուն նման,
Որպէսզի կանչած սուրբերս,
Լսէին աղօթքներս աղերսական:
 
Բաց ըրած եմ միտքս,
Գիրքիս էջերուն նման,
Որպէսզի վերադարձող բոլոր յուշերս,
Նոր արշալոյսեր բանան տեւական:
 
Բաց ըրած եմ նաեւ տողերս,
Բոլոր գիրքերուս էջերուն նման,
Որպէսզի բուրումնաւէտ  խօսքերս,
Բաժնեմ բոլորին անպայման:
 
Ու բաց ըրած եմ նաեւ խիղճս,
Հին ու նոր էջերուս նման,
Ու բարի մաղթանք մը սեղմած կուրծքիս,
Կը սպասեմ ճակատագրիս տնօրինման:
 
Տակաւին, բաց ըրած եմ կեանքս,
Բուրվառի կրակի նման,
Որպէսզի եզակի կարօտս,
Խնկարկէ նոր արշալոյսերուս ճամբան:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յունիս 1, 2023