ԱՆ­ՏԷ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ

Կեանքի մէջ ա­մենավատ բանը այն է, երբ  տագնապի մէջ, վտանգի դիմաց, կամ մահուկենաց օր­հասի պահե­րուն կը զգաս, որ մինակ ես, ան­տէր ես ու անտի­րա­կան, երբ կեանքիդ բո­լոր օ­րե­րը ե­ղած ես ըն­կե­րա­յին շրջա­նա­կի մէջ, սի­րած ես, օգ­նած ես, քա­ջա­լե­րած ես, պայ­քա­րած ես, փրկած ես, հա­սած ես բո­լո­րին, զո­հած ես ա­ռող­ջու­թիւն ու հան­գիստ, մո­մի պէս լու­սա­ւո­րած ես շրջա­պատդ ու հա­լած… ու այս բո­լո­րէն ետք, երբ «լի­նել-չլի­նե­լ»ու դա­մոկլ­եան սու­րը կախ­ուած է գլխա­վե­րեւդ, շուրջդ կը նա­յիս ու մարդ չես գտներ ձեռ­քէդ բռնող, վէրքդ կա­պող, յե­նակ ե­ղող, որ ոտ­քի կանգ­նիս. մի­նակ ես, ա­ռան­ձին, լքուած քու ճա­կա­տագ­րիդ…

Հի­մա, այս է վի­ճա­կը Հա­լէպ քա­ղա­քին ու հա­լէպ­ցի­նե­րուն: Չորս տա­րի ինչ-ինչ զրկանք­նե­րով, ցա­ւե­րով, վնաս­նե­րով ու կո­րուստ­նե­րով դի­մա­ցան ու դի­մադ­րե­ցին մահ­ուան, ան­դա­դար ակն­կա­լե­լով, որ չ՚ու­շա­նար խա­ղա­ղու­թեան գա­լուս­տը, սա­կայն, եր­թա­լով ա­ւե­լի վատ­թա­րա­ցաւ վի­ճա­կը եւ դա­նա­կը հա­սաւ ոս­կո­րին ու ան­ցաւ ող­նա­ծու­ծին: Հա­լէպ­ցի­նե­րը կը նա­յին ի­րենց շուր­ջը ու փր­կա­րար ձեռք մը չեն գտներ ա­նոր կառ­չե­լու, մի­նակ են ու ան­տէր, իսկ հա­լէ­պա­հա­յու­թիւ­նը, ա­ռա­ւե՛լ եւս: Ան­շուշտ կ՚ակ­նար­կեմ հա­մաշ­խար­հա­յին անդ­րա­դար­ձին, մեծ պե­տու­թեանց ու մի­ջազ­գա­յին մար­մին­նե­րուն, ոչ թէ տե­ղա­կան շտապ օգ­նու­թեանց մար­մին­նե­րուն, ո­րոնց օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը անգ­նա­հա­տե­լի է:

Բնու­թեան ա­ղէտ­նե­րու պա­րա­գա­յին, ամ­բողջ աշ­խար­հը զօ­րա­շար­ժի կ՚են­թարկ­ուի, ա­ղէտ­եալ երկ­րին օգ­նու­թեան հաս­նե­լու հա­մար: Հա­մա­ճա­րակ­նե­րու ըն­թաց­քին աշ­խար­հի բո­լոր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը կը փու­թան ա­ռաջ­քը առ­նե­լու եւ փրկե­լու ա­ղէտ­եալ­նե­րը: Պա­տե­րազմ­նե­րը ին­չո՞ւ չեն ար­ժա­նա­նար այս­պի­սի վե­րա­բեր­մուն­քի: Քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ու­րիշ աս­պա­րէզ է, պա­տե­րազ­մը քա­ղա­քա­կան ա­ղէտ է, ո­րուն հա­մար ու­րիշ չա­փա­նի­շեր կան, տար­բեր հա­շիւ­ներ, սա­կար­կու­թիւն­ներ, ուր մար­դը այդ հա­շիւ­նե­րուն մէջ նե­րա­ռուած չէ, մարդ­կա­յին կո­րուս­տի հար­ցը սա­կար­կու­թեանց նիւթ չէ դժբախ­տա­բար:

Եր­բեմն, բա­ւա­կան դժուա­րու­թիւն­նե­րէ ետք, մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը կը յա­ջո­ղի պա­շար­եալ շրջա­նի բնա­կիչ­նե­րուն օ­ժան­դա­կու­թիւն հասց­նել: Ու­տես­տե­ղէ­նի ու պա­շա­րի օգ­նու­թիւն­նե­րը կը նմա­նին հի­ւանդ, հիւծ­ուած մար­դուն բե­րա­նը դգալ-դգալ ա­պուր լեց­նե­լուն, որ կ՚ազ­դուր­ուի, սա­կայն ա­ռանց հիմ­նա­կան դար­մա­նու­մի. որ­քան ալ կերց­նես՝ այդ հի­ւան­դը պի­տի չա­ռող­ջա­նայ:

Ո՞ւր են հա­մաշ­խար­հա­յին, մի­ջազ­գա­յին հե­ղի­նա­կու­թիւն­նե­րը, ին­չո՞ւ Հա­լէ­պը ա­ղէտ­եալ քա­ղաք պի­տա­կե­լով չեն փու­թար պա­տե­րազ­մը կեց­նե­լու ու քա­ղա­քը փրկե­լու վերջ­նա­կան չքա­ցու­մէ: Չե՞ն կրնար, շատ լաւ ալ կրնան, սա­կայն, կ՚ու­զե՞ն։ Բա­ցի հար­ուա­ծը ստա­ցո­ղէն, ոչ մէ­կուն ձեռն­տու է պա­տե­րազ­մը դադ­րեց­նե­լը, քա­նի որ բո­լորն ալ շա­հեր ու­նին եւ այդ շա­հե­րուն մէջ մարդ­կա­յին կո­րուստ­նե­րը լու­սանց­քա­յին են, նոյ­նիսկ աննշ­մար, հաշ­ուէ դուրս:

Վա՛յ մեր աշ­խար­հին, որ 21-րդ այս սրար­շաւ ար­հես­տա­գի­տու­թեան դա­րուն, ո­րուն կեր­տի­չը ՄԱՐԴն  է, ԻՆՔ հաշ­ուէ դուրս է պա­տե­րազմ­նե­րու ըն­թաց­քին:

Երբ այս­քան ան­պէտ ու  ան­կա­րե­ւոր կը դառ­նայ մար­դը աշ­խար­հի «Տէ­րե­ր»ուն ձեռ­քը, ու­րեմն ժա­մա­նա­կը ե­կած է, որ նոր ջրհե­ղեղ մը գայ ու սրբէ տա­նի կեղ­տը այս երկ­րա­գուն­դին:

ՅԱ­ԿՈԲ ՄԻ­ՔԱ­ՅԷ­ԼԵԱՆ

«Ա­պա­գայ»

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2016