ԱՐԴԵՕՔ ՎՏԱՆԳՈՒԱ՞Ծ ԵՆ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՀԱՅԵՐԸ

Երեւանէն արաբագէտ Դաւիթ Յովհաննիսեանի կարծիքով՝ Արաբական ծոցի երկիրներուն մէջ ապրող հայերը ներկայիս նոյնպէս վտանգուած են:

Միջին Արեւելքէ ներս տիրող ընդհանուր տագնապալի իրավիճակէն ետք, այսօր բաւական բարդ դրութեան մը մէջ յայտնուած է Արաբական ծոցը:

Ընթացող բախումներու կողքին (Սուրիա, Իրաք, Եմէն) իսլամական աշխարհի երկու հիմնական թեւերը, իրենց համար բախման նոր «գօտի» մը ընտրած են Քաթարը, ու հոն ընթացող զարգացումները անպայման սահմանափակուած կրնան չըլլալ միայն «տնտեսական հարթութեան» վրայ ընթացող պայքարներով։

Յստակ է նաեւ, որ սկիզբ առած արշաւին գլխաւոր նպատակն է ընկճել եւ ծունկի բերել Իրանի հետ բարեկամութեան նոր կամուրջներ հաստատել փորձող Քաթարը:

Այս բոլորէն անդին, եթէ քննական ակնոցով մը նայինք Քաթարի ընդհանուր իրավիճակին, ապա տեղւոյն իշխանութիւններուն ընդհանուր վարմունքը ցոյց պիտի տայ, որ ան յատկապէս վերջին քսան տարիներուն ընթացքին բաւական անսպասելի խուսանաւումներու եւ քաղաքական «ցատք»երու աւանդութիւն ունեցած երկիր դարձած է:

Չմոռնանք, որ 2013 թուականին իր հօրը՝ Համատ իշխանին դիրքը գրաւած Թամիմ իշխանի իշխանութեան հասնիլը ունէր մէկ հիմնական նպատակ, որն էր այդ իշխանութեան «ճակատ»էն մաքրել իր հօր Իսրայէլի հետ ունեցած բաւական կասկածելի կապերուն հետքերը եւ նոր ուղղուածութիւն տալ երկրին:

Իշխան Թամիմ, որ կը վայելէ երիտասարդական խումբերուն ամբողջական զօրակցութիւնը, երկրին ղեկը կը ստանձնէր Միջին Արեւելքի համար բաւական բարդ փուլի մը մէջ: Խօսքը անշուշտ կը վերաբերի սուրիական տագնապին, որուն առընթեր Թամիմ իշխան ստիպուած էր «կարեւոր ուշադրութիւն» դարձնել եւ նոյնիսկ տարբեր ձեւաչափերով «մասնակցութիւն» բերել այդ աղէտաբեր պատերազմին:

Այստեղ պէտք է ի մտի ունենալ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի արտաքին քաղաքականութեան ամենէն կարեւոր օղակը՝ Միջին Արեւելքի ընդհանուր տեսարանն է: Այս առումով ալ Տանըլտ Թրամփի վերջերս շրջան տուած այցելութիւնը բնականաբար կը բովանդակէր մէկէ աւելի պատգամներ: Այսպէս՝

ա. Վերահաստատել եւ դրամական (զէնքի գործարք) պայմանաւորուածութեամբ ամրացնել Միացեալ Նահանգներ-Սէուտական Արաբիա կապը:

բ. Սէուտցիներուն ներշնչել բաւարար ինքնավստահութիւն ու անոնց ականջին փսփսալ, որ «դուք էք սիւննի աշխարհի տէրն ու տիրական»ը, հետեւաբար պարտաւոր էք արագ քայլեր կատարել եւ ձեր «տան» բոլոր հարցերը պարզել:

գ. Սիւննիները «համոզել», որ իրենց կարեւորագոյն թշնամին Իսրայէլը չէ, այլ շիի Իրանը:

դ. Ճանապարհ հարթել երիտասարդ Մուհամմէտ իշխանին առջեւ եւ զինք «դաւանիլ» որպէս Սէուտական Արաբիոյ յաջորդ թագաւոր:

Քարտերու այս տեղաբաշխումէն ետք ընթացք կ՚առնէր Քաթարի դէմ «ամպարկօ»ի հանգրուանը, որուն շղթայազերծումէն անմիջապէս ետք ի յայտ կու գար, որ այս «ստեղծուած» տագնապը կարճ ժամանակի մը համար ընթացք առած չէ:

Այս մօտեցումները նկատի ունենալով յստակ կը դառնայ, որ այսօր Արաբական ծոցի երկիրներուն համար ճակատագրական ժամանակներ են: Խօսքը կը վերաբերի օրերս Ուաշինկթըն գտնուող Քաթարի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն ունենալիք շփումներուն:

«Քաթարեան տագնապ»ի շղթայազերծումէն երկու շաբաթ վերջ Սէուտական Արաբիա «յատուկ ցուցակ» մը կը հրապարակէր: 13 կէտերէ բաղկացած «պահանջներու ցուցակ»ին մէջ կան կէտեր, որոնց ամենէն «աչքառու»ն Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ կապերու խզման «պարտաւորութիւն»ն էր: Ակներեւ է նաեւ, որ յատկապէս Քուէյթի Պըն Սուպահ իշխանին յանձն առած «հաշտութեան նախաձեռնութիւն»էն ետք յստակ սկսաւ դառնալ, որ սէուտցիք չեն պատրաստուիր իր օգտագործած լեզուն «փոխել» կամ ընդհանուր ետդարձ մը կատարել:

Այս մօտեցման մեծագոյն ցուցանիշը Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ատէլ Ժուպէյրի կատարած յայտարարութիւնն է, ուր ան կը բացայայտէր, որ իրենք չեն պատրաստուիր վերատեսութեան ենթարկել Քաթարին ներկայացուած 13 պայմանները:

Տոհայի դէմ սահմանուած «ամպարկօ»էն անմիջապէս ետք սկիզբ կ՚առնէր շրջանային նոր «համակարգ» մը, որուն մասնակիցները կը յայտնէին իրենց նեցուկը Քաթարին:

Այստեղ պէտք չէ անտեսել Քաթարի Թամիմ իշխանի կատարած յայտարարութիւնը, ուր ան կ՚ըսէր, թէ իրենց համար այս տագնապին դէմ դնելու երկու հիմնական յենարաններն են՝ Թեհրանն ու Անգարան:

Իր ձեւաչափով բաւական զարմանալի թուացող այս նոր դաշինքը (նկատի առնելով, որ Թեհրան ու Անգարա բաւական մեծ տարակարծութիւններ ունին յատկապէս Սուրիոյ մէջ) իր «օրհնութիւն»ը կը ստանար Մոսկուայէն:

Այս պատկերին վրայ Հայաստանի իշխանութիւններուն դէպի Քաթար կատարած քայլերն ալ կարելի է համարել տրամաբանական շարունակութիւնը նորածիլ այդ դաշինքին:

Գալով հայկական ճակատին, ապա պէտք է անպայման հաշուի առնել Հայաստանի կողմէ Քաթարի նկատմամբ երեւելի դարձող «մօտիկութիւն»ը: Այսպէս, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի դէպի Տոհա տուած այցելութիւնները, նոյնպէս ցուցանիշ են, որ Հայաստան Քաթարի հետ նոր բովանդակութիւն ունեցող յարաբերութեան մը սկիզբին է:

Այլապէս ինչպէս բացատրել Հայաստանի ցոյց տուած այս «մերձեցում»ը հանգրուանի մը, երբ նոյնիսկ եւրոպական ազդեցիկ երկիրներ կը զգուշանան «ներսիւննիական» այս տագնապին մասին յստակ կարծիք արտայայտել:

Ճիշդ է, որ Հայաստան-Քաթար յարաբերութիւնները կ՚ընթանան բաւական դանդաղ քայլերով, սակայն չի բացառուիր, որ Հայաստանի «քաթարեան դաշինք»ին անդամակցիլը կրնայ բաւական լուրջ իրավիճակներու տանիլ:

Ճիշդ է նաեւ, որ Հայաստանի համար այս առումով այլընտրանքները շատ չեն: Այսինքն Հայաստան որպէս տէրութիւն իրաւունք չունի «խաղէն» դուրս մնալու: Բացի ատկէ, կայ նաեւ Սէուտական Արաբիոյ հետ ընդհանրապէս դիւանագիտական կապեր չունենալու հարցը, որ Հայաստանը կը դնէ Քաթարին հետ անմիջական եւ նոյնիսկ սերտ կապեր մշակելու ռազմավարութեան:

Եթէ յարաբերութիւններուն առընթեր մշակուած ձեւաչափեր կան, ապա անոնց հիմքը պէտք է ըլլայ պետական մակարդակի շահերու պաշտպանութիւնը, որուն ընդհանուր առանցքին կը պատկանի նաեւ արաբական աշխարհի մէջ եղող հայկական սփիւռքի անվտանգութեան եւ կայունութեան հիմնահարցը: Ճիշդ է, որ տակաւին վաղ է Երեւանի Տոհայի հետ յարաբերութեանց ընդհանուր եզրագիծը տեսնելու, սակայն յստակ է, որ այս «մերձեցում»ը ունի որոշ հեռանկարներ, որոնք ամէն պարագայի պէտք է կատարուին բաւական զգոյշ քայլերով: Ի վերջոյ պէտք չէ մոռնալ, որ Հայաստան ցայսօր ալ Սէուտական Արաբիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունի։ Այս իրավիճակին մէջ Հայաստանի կողմէ որեւէ դիւանագիտական բացթողում կրնայ լուրջ վնաս հասցնել Քուէյթի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Պահրէյնի ու յատկապէս Սէուտական Արաբիա հաստատուած հայկական համայնքներուն:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան 

Շաբաթ, Յուլիս 1, 2017