ՊԱՂԵՍՏԻՆԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ՃԱՆՉՆԱԼ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՅ ԱՐԱԲ-ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՈՒՂԵԾԻՐԻՆ
Պատահական չէր, անշուշտ, Հայաստանի պաշտօնապէս ճանչցաւ Պաղեստին պետութիւնը։ Արիւնալի պատերազմը, դառն իրադարձութիւնները կերպով մը դարձան խթան ի շարս այլ երկիրներու, նաեւ փոքրիկ Հայաստանին ճանչնալու Պաղեստին պետութեան գոյութիւնը։ Թերեւս շատեր դիտարկեցին, որ Հայաստանի այս քայլին տակ կան հաշիւներ կամ ակնկալիքներ, բայց ճանաչումէն ի վեր աւելի քան յստակ է, որ Հայաստան արաբ-իսրայէլեան կամ աւելի ճիշդը Պաղեստին-Իսրայէլ հակամարտութեան մեծ խորապատկերին մէջ ուզեց կեցուածք որդեգրել ու կանգնիլ՝ իրեն հարեւան եւ մասամբ համագործակից արաբ եւ իսլամ տէրութեանց կողքին։
Հայաստան այս հակամարտութեան ոչ մէկ պարագայի ընդունած կամ ունեցած է ծայրայեղական նկրտումներ, ծայրայեղ կեցուածքներ՝ միշտ հաւատալով, որ այս հակամարտութիւնը կարելի է լուծել միայն ու միայն խաղաղ բանակցութեանց, նաեւ «երկու տէրութեանց լուծում»ով, որուն առաջին եւ հիմնական ռահվիրայ-պաշտպանը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն է։
Խորքին մէջ այս արիւնալի հակամարտութեան առընթեր տեղի կ՚ունենան բաւականին բարդ գործընթացներ, նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի կտրուածքով խնդիրը հասած է այնպիսի փուլի մը եւ այնպիսի բարդ եզրագիծի, որ բոլոր կողմերը պարտաւոր են հաշուի նստիլ յետպատերազմեան նոր իրականութեան հետ։ Այդ իրականութեան ամենակարեւոր պատգամը այն է, որ թէ՛ Պաղեստին եւ թէ մանաւանդ Իսրայէլ պարտաւորուած են խօսիլ իրարու հետ, նստիլ կլոր սեղանի մը շուրջ ու գտնել այնպիսի ընդունելի առաջարկութիւններու փաթեթ-ձեւաչափ մը, որ ընդունելի ըլլայ բոլոր կողմերուն համար։ Ու առաւելապէս այս ձեւաչափին մէջ ամենահիմնական կէտը կը մնայ մէկ բան, որ Իսրայէլ ի վերջոյ ընդունի, որ իր հարեւանութեամբ պիտի ապրի, գոյատեւէ ու բարգաւաճի Պաղեստին պետութիւն մը։ Բնականաբար, նոյնը պարտաւոր է ընել պաղեստինեան կողմը, իբր այդ, երկու կողմերուն համար ալ անհնար է ներկայ խաղացողներով երեւելի յառաջընթաց մը արձանագրել։
Նեթանիյահու, որ կը շարունակէ խօսիլ «Պատերազմ. մինչեւ հասնինք մեր նպատակներուն» ձեւաչափով մը, բաւական երկար ժամանակէ ի վեր կորսնցուցած է ազդեցիկ ըլլալու բոլոր հիմնական զէնքերը։ Նոյնը կրնանք ըսել «Համաս»ին մասին, որ ո՛չ միայն ջլատուած է, այլ կը համարուի պատերազմի համահեղինակը։ Հետեւաբար, երկու կողմերն ալ պարտաւորուած են փոխել իրենց խաղացողները։
Անշուշտ, այս կէտին թէ՛ Իսրայէլ եւ թէ Պաղեստին կարիքը ունին իսկական նեցուկի մը, որուն հիմնական թեկնածուն, հակառակ բազմապիսի խնդիրներու, հաշիւներու կամ նոյնիսկ թերացումներու, կը շարունակէ ու պիտի շարունակէ մնալ ԱՄՆ։ Այն ԱՄՆ-ը, որ կը համարուի «Երկու տէրութեանց լուծում» առաջադրանքին հիմնական հեղինակն ու հովանաւորը։ Մինչ այդ, յստակ է նաեւ, որ ԱՄՆ-ի թերացումներուն պատճառով էր, որ այս պատերազմը ծայր առաւ, ծաւալեցաւ ու դեռ ալ կը շարունակուի։
Այս բոլորը ներկայացնելէ անդին, հարկ է նաեւ նշել, որ Հայաստանի առած քայլը միով բանիւ խաղաղութեան սատարող քայլ կը համարուի ու այն նախասկիզբ մը կրնայ հանդիսանալ միւս բոլոր տէրութեանց, որոնք այս նիւթով տեսակ մը կաց ու կամի մէջ են։ Ի դէպ, այս նիւթով «Արմէնփրէս»ին դիտարկումներ կատարած է արաբագէտ Արմէն Պետրոսեան:
Ըստ իրեն, բաւական կարեւոր քայլ էր Պաղեստին պետութիւնը Հայաստանի կողմէ ճանչնալու որոշումը եւ այդ պայմանաւորուած է առաջին հերթին ճիշդ այս պահուն պաղեստինեան հակամարտութեան ծիրէն ներս արձանագրուող իրողութիւններով՝ Կազզէի հատուածին մէջ Իսրայէլի կողմէ շարունակուող ռազմական գործողութիւններով, որոնց հետեւանքով լուրջ մարդասիրական եւ ռազմական մարտահրաւէրներ յառաջացած են ամբողջ տարածաշրջանին համար։ Այս հակամարտութիւնը, կարծես թէ, նաեւ աշխարհագրութեան ընդլայնման հնարաւորութիւններ կ՚ուրուագծէ՝ պայմանաւորուած Իսրայէլ-Լիբանան, Իսրայէլ-Սուրիա պատերազմի հաւանականութեամբ:
Պաղեստին պետութեան ճանաչման երկրորդ կարեւոր հանգամանքը կապուած է միջազգային իրավիճակին հետ։ Արդարեւ, բոլոր միջազգային դերակատարները օրակարգ բերած են եւ կրկին կը շեշտադրեն «երկու պետութիւն՝ երկու ժողովուրդներու համար» բանաձեւը։
Վերջին շրջանին միջազգային տարբեր դերակատարներ եւս սկսած են ճանչնալ Պաղեստին պետութիւնը. ինչպէս՝ եւրոպական քանի մը երկիրներ վերջերս ճանչցան զայն, ՄԱԿ-ի մէջ բազմաթիւ բանաձեւեր կը շրջանառուին Պաղեստին պետութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան հետ կապուած։ Այնպէս որ թէ՛ միջազգային օրակարգին վրայ կայ այս խնդիրը, թէ՛ այսօր տարածաշրջանային մակարդակով չափազանց կարեւոր խնդիր դարձած է պաղեստինեան հիմնախնդրի գործընթացը, որովհետեւ այն ռազմական եւ անվտանգութեան առումով տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը վատթարացնելու լրջագոյն ներուժը ունի:
Պետրոսեան կը նշէ, որ տասնամեակներ շարունակ Հայաստանի Հանրապետութիւնը աջակցած է Արցախի մեր հայրենակիցներու ինքնորոշման իրաւունքին։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը տեւական դէմ հանդէս եկած է բազմաթիւ խնդիրները ռազմական ճանապարհով լուծելու քաղաքականութեան, որ վարած է Ատրպէյճան եւ ներկայիս կը վարէ Իսրայէլ։ Եւ այս իրողութիւններու պարունակին մէջ կը կարեւորուի Հայաստանի Հանրապետութեան որոշումը:
Ինչ կը վերաբերի Իսրայէլի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արման Յակոբեանի կանչուած ըլլալուն այդ երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւն, բնականաբար, Իսրայէլի վարքագիծը կանխատեսելի էր եւ տրամաբանական։ Իսրայէլ նախապէս ալ նման մօտեցում ցուցաբերած է, երբ որեւէ պետութիւն ճանչցած է Պաղեստին պետութիւնը, դեսպանները կանչած է արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ բողոքի յղած է։ Իսրայէլի վարքագիծը եւս այս պարագային կանխատեսելի էր։ Բնականաբար, որեւէ կասկած չկայ, որ Հայաստան-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն վրայ այս որոշումը բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենայ, բայց մինչեւ այդ որոշումն ալ Հայաստան-Իսրայէլ յարաբերութիւնները չեն փայլած իրենց դրական, որակական յատկանիշներով։
Բացի այդ, մինչեւ հիմա Իսրայէլ բազմիցս իրականացուցած է քայլեր, յատկապէս՝ Ատրպէյճանի հետ ռազմական ոլորտի յարաբերութիւններու խորացմամբ, որ ռազմավարական եւ անվտանգութեան խնդիրներ յառաջացուցած է Հայաստանի համար։
Հայաստանը պէտք է բարձրաձայնէ իր մտահոգութիւնները ո՛չ միայն Հայաստան-Իսրայէլ կամ Իսրայէլ-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն գծով մտահոգիչ իրողութիւններով, այլեւ՝ Իսրայէլի տարածքին մէջ իսրայէլահայ համայնքի նկատմամբ վարուող քաղաքականութեան հետ կապուած։
Ինչ կը վերաբերի Հայաստան-ԱՄՆ յարաբերութիւններուն, չեմ կարծեր, որ Հայաստանի որոշումը լուրջ խնդիրներ կրնայ յառաջացնել այդ յարաբերութիւններուն վրայ։
Վերջին շրջանին լրջագոյն խնդիրներ կը նկատուին ԱՄՆ-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն մէջ, որոնք պայմանաւորուած են Իսրայէլի մէջ գործող կառավարութեան քաղաքականութեամբ, որ իր ծայրայեղութեամբ կ՚ազդէ ո՛չ միայն տարածաշրջանի անվտանգութեան վրայ, այլեւ՝ խնդիրներ կը յառաջացնէ նոյնիսկ տարբեր դաշնակցային յարաբերութիւններուն մէջ։ Վերջին շրջանին, նոյնիսկ ԱՄՆ ակնարկած է Պաղեստին պետութեան ստեղծման հաւանականութեան մասին՝ օրակարգի բերելով «Երկու պետութիւն՝ երկու ժողովուրդի համար» բանաձեւի հիման վրայ խնդրի կարգաւորումը։ Այնպէս որ, Հայաստանի առած որոշումը բաւականաչափ կշռադատուած է։ Այն կայացուած է տարածաշրջանային եւ միջազգային իրողութիւններով եւ համաշխարհային անվտանգութեան մարտահրաւէրներով պայմանաւորուած:
Արմէն Պետրոսեան իր դիտարկումները կ՚եզրափակէ անդրադառնալով հայ-պաղեստինեան յարաբերութիւններուն։ Իսկ հայ-պաղեստինեան յարաբերութիւններու յետագայ զարգացումը կախուած է անկէ, թէ ինչպիսի լուծում կը ստանայ ներկայ հակամարտութիւնը։ Բնականաբար, անկէ ետք արդէն հնարաւոր կ՚ըլլայ քննարկել Պաղեստին-Հայաստան յարաբերութիւններու զարգացման հարցը։ Այս պահուն Հայաստանի նման որոշումը հիմնականին մէջ պայմանաւորուած է ստեղծուած տարածաշրջանային լարուածութիւնը եւ անվտանգութեան լրջագոյն մարտահրաւէրները կանխելու եւ լայնամաշտապ տարածաշրջանային պատերազմ թոյլ չտալու հետ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/22/2024