«ՍԱՍՆԱՅ ԾՌԵՐ». «ՆՈՒԻՐՈՒՄ»ԷՆ ՄԻՆՉԵՒ … ԱՐԿԱԾԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆ

Անս­պա­սե­լի չէր Վա­րու­ժան Ա­ւե­տի­սեա­նի Կի­րա­կի ե­րե­կո­յեան ը­րած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը: Ան կը յայտ­նէր, որ ի­րենք միա­ձայ­նա­բար ո­րո­շած են վար դնել ի­րենց զէն­քե­րը եւ յանձ­նուիլ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն: Րո­պէ­ներ անց Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ծա­ռա­յու­թիւ­նեը (ԱԱԾ) կը հա­ղոր­դէր, որ ՊՊԾ գուն­դին մէջ ե­ղող քսան զի­նեալ­նե­րը (ի դէպ ԱԱԾ-ն ա­նոնց հա­մար ա­հա­բե­կիչ բա­ռը կը գոր­ծա­ծէր) յանձ­նած են ի­րենց զէն­քե­րը եւ ձեր­բա­կա­լուած:

Մին­չեւ ի­րենց յանձ­նուի­լը «Սաս­նայ ծռե­ր» խմբա­կի զի­նեալ­նե­րը անց­նող տասն­հինգ օ­րե­րուն մնա­ցին բո­վան­դակ հա­յու­թիւ­նը յու­զող հիմ­նա­կան օ­րա­կար­գի գլխա­ւոր թե­ման: Ու վե­րի­վայ­րում­նե­րով լե­ցուն այդ օ­րե­րուն ըն­թաց­քին ա­մե­նէն մտա­հո­գիչ պատ­կե­րը կը ձե­ւա­ւո­րուէր 29 Յու­լի­սի գի­շե­րը, երբ «Սաս­նայ ծռե­ր» խմբա­կին նե­ցուկ կանգ­նե­լու նպա­տա­կով փո­ղոց ի­ջած հա­րիւ­րա­ւոր ցու­ցա­րար­ներ Ա­զա­տու­թեա­ն հրա­պա­րա­կին վրայ հա­ւաք ը­նե­լէ ետք երթ մը կա­տա­րե­լով՝ կը հաս­նէին Խո­րե­նա­ցի փո­ղոց ու զի­րենք ա­ռաջ­նոր­դե­լու կո­չուած պա­տաս­խա­նա­տու­ներ կը յայ­տա­րա­րէին, որ ինչ որ ալ պա­տա­հի, վճռած են այդ­տեղ մնալ առ ի զօ­րակ­ցու­թիւն՝ ՊՊԾ գուն­դի մէջ ար­դէն տասն­հինգ օ­րէ ի վեր դիր­քա­ւո­րուած զի­նեալ տղոց:

Ոս­տի­կա­նու­թեան կող­մէ ընդ­դի­մա­դիր ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն հետ բա­նակ­ցո­ղի դեր ստանձ­նած Հա­յաս­տա­նի փոխ-ոս­տի­կա­նա­պետ Լե­ւոն Ե­րա­նո­սեան սկիզ­բը կան­խազ­գու­շաց­նե­լով ու ա­պա բռնի ու­ժի դի­մե­լու մա­սին յա­րում­ներ կա­տա­րե­լով բո­ղո­քա­րար­նե­րու ա­ռաջ­նորդ­նե­րէն պա­հան­ջեց լքել տա­րած­քը:

Ի­րա­վի­ճա­կը ա­ւե­լի կը թէ­ժա­նար, երբ Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վէն ներս «Ժա­ռան­գու­թիւ­ն» խմբակ­ցու­թեան նա­խա­գահ Զա­րու­հի Պոս­տան­ճեան լե­զուակ­ռի­ւի մէջ կը մտնէր ոս­տի­կան­նե­րուն հետ եւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չի ան­յա­րիր բա­ռա­պա­շա­րով կը կոպ­տէր իր դի­մաց կանգ­նող­նե­րը: Ոս­տի­կան­նե­րը կը հա­կա­դար­ձէին ու տե­ղի ու­նե­ցած լե­զուակ­ռի­ւը կը վե­րա­ծուէր բա­խում­նե­րու:

Հի­մա երբ դէպ­քե­րը հա­սան ի­րենց լրու­մին, կա­րե­ւոր ալ չէ, թէ ո՞վ է այս ի­րադ­րու­թեան ստեղծ­ման նպաս­տող գլխա­ւոր կող­մը:

Գետ­նի վրայ կայ ամ­բողջ ե­ղա­ծին ա­հա­ւո­րու­թիւ­նը: Վեց տաս­նեակ վի­րա­ւոր­ներ, 150-ի չափ բեր­ման են­թար­կուած­ներ, մէկ վի­րա­ւոր ոս­տի­կան, եր­կու վի­րա­ւոր­ներ, ո­րոնց վի­ճա­կը մին­չեւ Շա­բաթ կէ­սօր կը մնար ծանր ու Սա­յաթ Յա­րու­թիւ­նեան ա­նու­նով 17-ա­մեայ ե­րի­տա­սարդ մը, որ իր աչ­քը կորսնց­նե­լով կը դառ­նար միա­կա­նի:

Այս բո­լո­րէն բա­ցի կան նաեւ «Սաս­նայ ծռե­ր» խում­բի քսան ձեր­բա­կա­լեալ զի­նեալ­ներ ու կայ ան­շուշտ «Հիմ­նա­րար խորհր­դա­րա­ն­»ի եր­կու գլխա­ւոր բան­տար­կեալ պա­տաս­խա­նա­տու­ներ՝ Ժի­րայր Սէ­ֆի­լեանն ու Ա­լեք Ե­նի­գոմ­շեա­նը:

Դէպ­քե­րուն հե­տե­ւող մէ­կէ ա­ւե­լի վեր­լու­ծա­բան­ներ բա­ցի ե­ղա­ծը ա­հա­ւոր հա­մա­րե­լէ, Ե­րե­ւա­նի ի­րա­վի­ճա­կը նման­ցու­ցած են 2008 թուա­կա­նի 1 Մար­տի ի­րադ­րու­թեան: Միակ տար­բե­րու­թեամբ, որ լա­րուած ի­րադ­րու­թեան, բա­խում­նե­րու, պայ­թու­ցիկ նիւ­թե­րու օգ­տա­գոր­ծու­մէն ետք Ե­րե­ւա­նի մէջ զո­հեր չկան:

Մինչ զի­նեալ­նե­րու յանձ­նուե­լու լու­րը կը տա­րա­ծուէր Ե­րե­ւա­նի մէջ, հա­րիւ­րա­ւոր մար­դիկ եր­թի մասն­կա­ցե­լով կը շա­րու­նա­կէին վան­կար­կել անց­նող օ­րե­րուն ի­րենց հնչե­ցու­ցած կո­չե­րը, մէկ տար­բե­րու­թեամբ, որ ցու­ցա­րար­նե­րը ի­րենց եր­թը կը կա­տա­րէին ա­ռանց ա­ռաջ­նոր­դի, հե­տե­ւա­բար՝ անգ­լուխ:

ՊՊԾ­-ի դէպ­քե­րուն ա­ռա­ջին օ­րէն քա­ղա­քա­կան տար­բեր ու­ժեր փու­թա­ցին «Սաս­նայ ծռե­ր» տղոց ա­րար­քը օգ­տա­գոր­ծել եւ ստեղ­ծել հար­թակ, ի­րենց հին ու նոր պա­հանջ­նե­րը ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար:

Ան­կախ ան­կէ, որ ա­նոնք կը յայ­տա­րա­րէին, թէ ի­րենց ա­րարք­նե­րով կը մի­տին նախ եւ ա­ռաջ «Լե­կի­տի­մաց­նե­լ» (օ­րի­նա­կա­նաց­նել) այդ զի­նեալ­նե­րուն ան­հե­ռան­կար ա­րար­քը, ո­րո­շիչ էր նաեւ, որ գետ­նի վրայ քա­ղա­քա­կան նե­րուժ ու­նե­նա­լու ի­րենց բո­լոր կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը սպա­ռած այդ ու­ժե­րը կը փոր­ձէին զի­նեալ­նե­րու ա­րարք­նե­րով թեւ առ­նել եւ ՊՊԾ­-ի գուն­դին մէջ ե­ղած ի­րադ­րու­թիւ­նը շա­հա­գոր­ծել, յա­ռաջ քշե­լով ամ­բոխ մը կա­ռա­վա­րե­լու հին-նոր ե­րա­զը:

Ա­ռա­ջին օ­րե­րու խմո­րում­նե­րէն ետք խա­ղէն իր կա­մօք դուրս կու գար «Քա­ղա­քա­ցիա­կան պայ­մա­նա­գի­ր» կու­սակ­ցու­թեան ա­ռաջ­նորդ Նի­կոլ Փա­շի­նեա­ն, որ օ­րեր ա­ռաջ նոյն­պէս յայտ­նած էր, թէ ինք պատ­րաստ է ա­մէն գնով հան­րու­թիւ­նը ա­ռաջ­նոր­դել ու լսել այդ հան­րու­թեան «թե­լադ­րանք­նե­ր­»ը:

Փա­շի­նեա­նի ա­րար­քը կը դառ­նար երկ­րոր­դա­կան, բայց նաեւ յստա­կօ­րէն կ՚ու­րուագ­ծուէր, թէ «Սաս­նայ ծռե­ր» խում­բին հա­մար տա­նե­լի չէր, որ այլ ու­ժեր Խո­րե­նա­ցիի հար­թա­կը օգ­տա­գոր­ծեն եւ ի­րենց կու­սակ­ցու­թեան գո­վազ­դը կա­տա­րեն:

Հի­մա, երբ խնդի­րը գտաւ խա­ղաղ հան­գու­ցա­լու­ծում, ա­մե­նէն հիմ­նա­կան հար­ցու­մը, որ կ՚ուղ­ղուի հե­տե­ւեալն է՝ ո՞վ էր ի­րա­կան պա­տան­դը այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ: Տա­կա­ւին ո՞վ էր, որ տու­ժեց այս բո­լո­րէն: Եւ ո՞ր կողմն էր, որ դրա­կան միա­ւոր­ներ կու­տա­կեց ստեղ­ծուած այս ծանր ի­րա­վի­ճա­կի ա­ւար­տին:

Խոր­քին մէջ, ոչ ոք: Ու ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը տու­ժո­ղը Հա­յաս­տանն էր:

Տու­ժո­ղը Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կա­նու­թեան պատ­կերն էր:

Տու­ժո­ղը Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թիւնն էր, որ յա­ռա­ջի­կայ 21 Սեպ­տեմ­բե­րին կը պատ­րաս­տուի նշել իր ծննդեան 25-րդ տա­րե­դար­ձը:

Ստեղ­ծուած բարդ ի­րադ­րու­թեան առ­ջեւ Հա­յաս­տանի ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը կը դի­մէր ծայ­րա­յեղ եւ ա­մէն պա­րա­գա­յի ա­նըն­դու­նե­լի ա­րարք­նե­րու: Ծե­ծի կ՚են­թար­կուէին տաս­նեակ լրագ­րող­ներ եւ կը ստեղ­ծուէր խու­ճա­պա­յին ի­րա­վի­ճակ մը, ուր շատ մը պա­րա­գա­նե­րու ցոյ­ցե­րուն ներ­կայ ե­ղող եւ կողմ չե­ղող քա­ղա­քա­ցի­ներ եւս ոս­տի­կա­նա­կան բա­ժին կը տա­րուէին:

Այս բո­լո­րը սպա­սե­լի էին, ո­րով­հե­տեւ իշ­խա­նու­թեան հա­մար ան­կա­ռա­վա­րե­լի դար­ձած ամ­բո­խը զսպե­լու եւ կար­գի հրա­ւի­րե­լու խնդիր կար: Ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը կը կա­տա­րէր իշ­խա­նու­թեան հրա­ման­նե­րը: Կա­րե­ւոր հար­ցում մը կը ծա­գի մեր մտքե­րուն, որ ար­դեօք իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը պատ­րա՞ստ են այս ե­ղած­նե­րուն ամ­բողջ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը կրե­լու:

Իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կ­­՚օգ­տուէին նաեւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Եւ­րո­պա­յի Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան «կա­կու­ղ» կե­ցուածք­նե­րէն եւ «Սաս­նայ ծռե­ր» տղոց ա­րար­քը դա­տա­պար­տող կո­չե­րէն:

Յատ­կա­պէս ա­մե­րի­կեան դես­պա­նա­տան կող­մէ Ուր­բաթ գի­շեր հրա­պա­րա­կուած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ցոյց կու տար, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հա­մար կա­րե­ւո­րը ՊՊԾ­-ի կեդ­րո­նին մէջ ե­ղող բժիշկ­նե­րուն ա­զատ ար­ձա­կումն էր, եւ ոչ թէ Հա­յաս­տա­նի այն հա­տուածն ու ա­նոնց պա­հանջ­նե­րը, ո­րոնք հան­դէս կու գա­յին ընդ­դի­մա­դիր դիր­քե­րէ:

Այլ խօս­քով՝ ԱՄՆ-ի հա­մար իր ար­բա­նեա­կէն դուրս լո­ղա­ցող ո­րե­ւէ երկ­րի մէջ «սի­րե­լի եւ գո­վե­լի» հա­մա­րուած ո­րե­ւէ ընդ­դի­մու­թիւն այս պա­րա­գա­յին նոյն ու­շադ­րու­թեան չէր ար­ժա­նա­նար:

Ու­րեմն Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ նաեւ գի­տէր, որ ընդ­դի­մու­թեան ա­նու­նով հան­դէս ե­կող­նե­րը «գործ յա­ջողց­նո­ղ» ընդ­դի­մա­դիր ու­ժեր չեն, չը­սե­լու հա­մար, որ ա­նոնք վա­ղուց սպա­ռած են:

Այս­քա­նը ար­տա­քին ճա­կա­տին հա­մար:

Վե­րա­դառ­նա­լով քա­ղա­քա­կան կեն­սա­դաշտ՝ պէտք է ան­պայ­ման շեշ­տադ­րել, որ «Հիմ­նա­դիր խորհր­դա­րա­ն» ա­նու­նով հան­դէս ե­կող խմբա­կը, ո­րուն ա­ռաջ­նոր­դը՝ Ժի­րայր Սէ­ֆի­լեան կը շա­րու­նա­կէ մնալ բան­տի ճա­ղե­րու ե­տին, չու­նէր յստակ ծրա­գիր­ներ:

Իր հիմ­նադր­ման, ա­նուա­նա­փո­խում­նե­րու ողջ ըն­թաց­քին, իր ա­ռաջ­նորդ­նե­րու բան­տար­կու­թեան եւ հա­մա­խոհ­նե­րու հան­դէպ ե­ղած բռնա­դա­տում­նե­րէն ետք ալ այդ ու­ժը չկրցաւ լուրջ, ի­մաս­տա­լից, շի­նիչ ընդ­դի­մու­թեան մը ի­րա­կան տե­սա­կը դառ­նալ:

Այդ խմբա­կին մէջ գոր­ծող ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը հա­ւա­տա­ցին ծայ­րա­յե­ղա­կան քայ­լե­րու, ա­ռանց հարց տա­լու, որ ի­րենց քայ­լե­րը ի՛նչ օ­գուտ կրնան բե­րել Հա­յաս­տա­նին:

Ա­ւե­լին ալ կայ, ա­նոնք ի­րենց գլխա­ւոր ա­ռաջ­նոր­դը բան­տէն ա­զա­տե­լու հա­մար դի­մե­ցին ան­նա­խա­դէպ զի­նեալ գրո­հի մը, որ խառ­նեց բո­լոր խա­ղա­քար­տե­րը եւ ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը՝ երկ­փե­ղու­մի տա­րաւ Հա­յաս­տա­նի ողջ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը:

Երկ­փեղ­կու­մի տա­րաւ, ո­րով­հե­տեւ Հա­յաս­տա­նի հան­րու­թեան հա­մար ըն­դու­նե­լի չէ ա­րեան հե­ղու­մը, ինչ խօսք, երբ խնդիրը կը վե­րա­բե­րէր ար­ցա­խեան ճա­կատ­նե­րէն ան­ցած եւ նուի­րու­մի մեծ ճա­նա­պարհ դար­ձած նուի­րեալ­նե­րու:

Այս խմբա­կը այ­սօր յայտ­նուած է Հա­յաս­տա­նը քա­ղա­քա­կան պա­տան­դի վե­րա­ծե­լու մեր­ժե­լի ո­րո­գայ­թի մը մէջ: Նման պարագա­նե­րու իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ո՛ր քայ­լին ալ դի­մեն, պի­տի շա­րու­նա­կեն դառ­նալ հան­րու­թեան պա­խա­րա­կու­մի եւ մե­ղադ­րու­մի գլխա­ւոր թի­րախ:

Չենք ը­սեր, որ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը սուրբ են: Ա­նոնք եւս ու­նին մեծ բաց­թո­ղում­ներ, բայց եւ այն­պէս ընդ­դի­մա­դիր ա­նու­նով հան­դէս ե­կող ո­րե­ւէ նման ա­րարք, իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը պի­տի դարձ­նէ ա­ւե­լի կարծր եւ կտրուկ քայ­լե­րու գա­ցող մար­մին մը:

Այս բո­լո­րին դի­մաց, զի­ջում­նե­րու, բա­նակ­ցու­թեանց, խօ­սակ­ցու­թեան բո­լոր մի­ջոց­նե­րու սպա­ռու­մէն ետք, Հա­յաս­տա­ն այս ա­մէ­ն ին­չէն դուրս ե­կաւ վի­րա­ւոր դէմ­քով մը:

Պարզ ալ չէ, որ ո՛վ պի­տի յա­ջո­ղի այդ դէմ­քին վրա­յէն մաք­րել բռնու­թեան եւ ա­րեան հետ­քե­րը, (չմոռ­նանք ոս­տի­կա­նու­թեան եր­կու զո­հե­րը) յստակ ու բա­ցո­րոշ է սա­կայն, որ նման վտան­գա­ւոր քայլ մը ա­ռած (շա­տե­րու հա­մար նուի­րա­կան) «Սաս­նայ ծռե­ր» տղոց խում­բին ա­րար­քը բա­ցի երկ­րին վրայ լուրջ բեռ դառ­նա­լէ, դար­ձաւ շեշ­տա­կիօ­րէն հե­ռան­կար ու ծրա­գիր չու­նե­ցող խումբ մը՝ զի­նեալ­նե­րու ար­կա­ծախնդ­րա­կան քայլ:

Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ հան­րու­թեան մէկ շեր­տը, որ ա­ռանց տրա­մա­բա­նե­լու փո­ղոց վա­զեց, մոռ­ցաւ, թէ ա­ռանց քա­ղա­քա­կան ծրագ­րի եւ ա­ռանց շի­նիչ ա­ռա­ջարկ­ներ ու­նե­նա­լու, ո­րե­ւէ խումբ կրնայ ամ­բո­խի վե­րա­ծուիլ ու ա­ղէտ դառ­նալ ոչ միայն պա­հանջ­ներ ու­նե­ցող կող­մին, այլ ամ­բողջ Հա­յաս­տա­նին ու հա­յու­թեան հա­մար:

31 Յու­լի­սի ե­րե­կո­յեան Վա­րու­ժան Ա­ւե­տի­սեան յայ­տա­րա­րեց «Սաս­նայ ծռե­ր» խում­բի զի­նա­թափ­ման մա­սին: Ան կա­րո­ղա­ցաւ ու­ժա­նա­կի պատ­րոյ­գը վնա­սա­զեր­ծել եւ վերջ տալ ճա­նա­պարհ չու­նե­ցող ար­կա­ծախնդ­րու­թեան մը:

Ինչ որ ալ ըլ­լան յա­ռա­ջի­կա­յի գոր­ծըն­թաց­նե­րը, յստակ է մէկ բան, թէ Հա­յաս­տա­նին խնա­յուե­ցաւ ա­րիւ­նա­հե­ղու­թեան սուղ գի­նը վճա­րե­լու փոր­ձու­թիւ­նը: Փոր­ձու­թիւն մը, որ կրնար շատ թանկ ար­ժել մե­զ՝ բո­լո­րիս:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Օգոստոս 1, 2016