Բժիշկը Եւ Բժշկական Բարոյագիտութիւնը
Երկար տարիներու ծանր եւ լուրջ աշխատանքէ ետք, բժշկական համալսարանէն շրջանաւարտ ուսանողը, ստանալէ առաջ իր բժշկական վկայականը, գիտակցաբար եւ համոզումով կը կատարէ բժշկութեան մեծագոյն վարպետին՝ Հիփոկրատի ուխտը, որ կ՚ըսէ՝
«Կը խոստանամ երկիւղածութեամբ, Աստուծոյ առջեւ ըլլալ ճշմարիտ հետեւեալ յայտարարութեանս.
- Պիտի ըլլամ հաւատարիմ բժշկական ասպարէզին, կոչումին, իտէալներուն եւ մարդկութեան ծառայելու անոր առաքելութեան:
- Պիտի որդեգրեմ դարմանումի այն ձեւերը, զորս կը նկատեմ օգտակար իմ հիւանդներուս համար, իմ կարողութեանս եւ դատողութեանս համաձայն:
- Պիտի մնամ հեռու ամէն արարքէ, որ մահացու եւ վնասակար է: Պիտի մնամ հեռու չարագործութենէ:
- Պիտի չտամ մահացու դեղ ոեւէ անձի, նոյնիսկ եթէ պահանջուի:
- Պիտի չկատարեմ վիժում եւ կամ վիրաբուժական այլ գործողութիւն՝ ոճրային նպատակով:
- Համաճարակներու ընթացքին եւ այլ վտանգաւոր կացութիւններու ընթացքին պիտի կատարեմ իմ պարտականութիւններս՝ իբրեւ բժիշկ, մոռնալով անձս:
- Պիտի ըլլամ գաղտնապահ՝ ի շահ հիւանդին: Ինծի պիտի վերապահեմ այն, ինչ որ կը տեսնեմ եւ ինչ որ կը լսեմ.
- Պիտի մնամ հեռու՝ որեւէ քանդիչ արարքէ, երբ մտնեմ հիւանդի մը բնակարանը. իմ առաքելութիւնս պիտի ըլլայ օգնել անոր:
- Պիտի ապրիմ կեանքս՝ գործելով իմ ասպարէզիս մէջ ճշմարտութեամբ, խաղաղութեամբ, մաքրութեամբ:
- Պիտի պահեմ այս երդումը անխախտ: Ուստի, թող շնորհուի ինծի՝ վայելել կեանքը եւ ծառայել իմ ասպարէզիս, այն ասպարէզին, որ յարգուած էր ամբողջ մարդկութեան կողմէ դարերէ ի վեր»:
Այժմ կը յիշեմ այն վայրկեանները, երբ ես ալ պատիւը եւ առանձնաշնորհումը ունեցայ կատարելու Հիփոկրատի բժշկական այս վեհանձն ուխտը, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի շրջանաւարտներու հանդէսին: Այդ հրապարակային հանդիսութեան վերջաւորութեան մեր աւագ բժիշկ դասախօսներէն լուրջ, համեստ եւ խոհեմ Տքթ. Արամ Պաղտասարեան մեծ պահարան մը յանձնեց բոլոր նորափթիթ բժիշկներուն: Տեղւոյն վրայ բոլորիս համար գաղտնի մնաց այդ պահարանին պարունակութիւնը: Սակայն տուն վերադառնալէ ետք առաջին պարտականութիւնս սեպեցի բանալ այդ խորհրդաւոր պահարանը, որ կը պարունակէր անգլերէն լեզուով պատրաստուած գրութիւն մը «I WILL» խորագիրով հրատարակուած Տքթ. Մ. Խալիտիի եւ Տքթ. Արամ Պաղտասարեանի կողմէ: Թարգմանաբար այդ գրութիւնը կ՚ըսէր՝
ԵՍ ՊԻՏԻ
- Ըլլամ այնքան զօրաւոր, որ ոչ մէկ բան կարենայ խանգարել իմ մտքիս խաղաղութիւնը:
- Գործեմ այնպէս, որ իմ հիւանդներս իրապէ՛ս զգան, որ պիտի առողջանան:
- Տեսնեմ ամէն բանին լաւ կողմը: Պիտի ըլլամ լաւատես:
- Տեսնեմ սխալներս, որպէսզի առաւել եւս օգտակար դառնամ իմ հիւանդներուս:
- Ըլլամ մի՛շտ ուրախ, զուարթ եւ բարեացակամ՝ իմ հիւանդներուս հետ:
- Պիտի տամ շատ ժամանակ՝ իմ անձիս կատարելագործումին, որպէսզի ժամանակ չունենամ քննադատելու իմ գործակիցներս:
- Յիշեմ շարունակ, որ կեանքի մէջ ամենէն թանկագին բանը ուրիշին ծառայելն է:
- Գոհանամ ունեցածովս:
Կարծէք՝ երկրորդ ուխտ մըն էր, որ կը փոխանցուէր երէց, փորձառու եւ վաստակաշատ գործակից բժիշկէ մը: Քանի մը անգամ կարդացի այդ «ԵՍ ՊԻՏԻ» խոստմնագիր գրութիւնը, որ կու գար որպէս լրացուցիչ Հիփոկրատի ուխտին: Ան դարձաւ իմ բժշկական կեանքիս առաջին եւ մնայուն թանկարժէք եւ խորհրդատու նուէրը:
Ուրեմն՝
Բժշկութիւնը առաքելութիւն մըն է եւ հիմնուած է զոհողութեան եւ ծառայութեան սկզբունքներուն վրայ: Ծառայութիւն՝ մարդուն հոգեկան, մտային եւ ֆիզիքական առողջութիւնը պահպանելու, անոր կեանքը երկարաձգելու եւ անոր ցաւերը ամոքելու առանց գոյնի, սեռի, տարիքի եւ ընկերային կարգավիճակի խտրութեան:
Բժշկութիւնը կը պահանջէ անսահման զոհողութիւն, յարատեւ աշխատանք, համեստութիւն, համբերութիւն, գաղտնապահութիւն, զօրաւոր կամք, հաւատք եւ բարձր բարոյականութիւն:
Բժշկութիւնը համամարդկային առաքելութիւն մըն է, հետեւաբար բժիշկը իր հիւանդները կը դարմանէ առանց խտրութիւն դնելու հիւանդներու ազգութեան, կրօնին, գոյնին, սեռին, տարիքին, համոզումներուն, ընկերային ու տնտեսական վիճակին:
Բժշկութիւնը անսակարկ զոհողութիւն է, հետեւաբար բժիշկը օգնութեան կը հասնի ոեւէ հիւանդի, որեւէ տեղ եւ որեւէ ժամու: Իրեն համար ժամանակը, վայրը եւ հիւանդին ինքնութիւնը առարկելի հարցեր չեն: Ան շտապ օգնութեան կը հասնի նոյնիսկ ամենէն վտանգաւոր կացութեան մէջ՝ մոռնալով իր անձը եւ իր անհատական կեանքը:
Բժշկութիւնը գաղտնապահութիւն պահանջող ասպարէզ մըն է, հետեւաբար ամէն բժիշկ գաղտնապահութեամբ կը հետեւի իր հիւանդներուն եւ կը յարգէ անոնց անհատականութիւնն ու արժանապատ-ւութիւնը:
Բժիշկ-հիւանդ յարաբերութիւնը կ՚ըլլայ անկեղծ եւ թափանցիկ ու հիմնուած՝ փոխադարձ վստահութեան վրայ: Հիւանդը տեղեակ կը պահուի իր ունեցած հիւանդութեամբ եւ կը բացատրուին հիւանդութեան դարմանումին եղանակն ու մանրամասնութիւնները: Բժիշկը դարմանումը կը կատարէ միայն ու միայն հիւանդին հաւանութեամբ եւ այդ՝ գործածելով անհրաժեշտ նուազագոյն քանակութեամբ դեղեր: Յաճախ բժիշկը կը մտերմանայ իր հիւանդին հետ՝ առաւելագոյն չափով օգտակար դառնալու անոր բոլոր դժուարութիւններուն եւ նոյնիսկ անոր անձնական հարցերուն: Այս մտերմութիւնը կը դառնայ մնայուն եւ հաստատ՝ մարդկային առողջ մտածողութեամբ եւ ընկերական մօտեցումով: Սակայն այս մտերմութեան մէջ բժիշկը ինքնաբերաբար կ՚ըլլայ վերապահ եւ զգոյշ: Ան չի գործածեր այս մտերմութիւնը անձնական յետին նպատակներու համար: Ան կը դառնայ խոհեմ, համբերատար եւ ճկուն ու կը գործէ ո՛չ միայն որպէս բժիշկ, այլ նաեւ՝ որպէս փիլիսոփայ, հոգեբան եւ ընկերաբան, այլ խօսքով՝ ամբողջական եւ իտէալական բժիշկ:
Բժշկութիւնը ասպարէզ եւ գիտութիւն ըլլալով հանդերձ, ան նաեւ արուեստ եւ փիլիսոփայութիւն է: Անդարմանելի հիւանդութեան մը պարագային բժիշկը ի գործ կը դնէ իր ամբողջ էութիւնը՝ առաւելագոյն խոհեմութեամբ պարզաբանելու կացութիւնը թէ՛ հիւանդին եւ թէ՛ անոր պարագաներուն, որպէսզի անոնք ապրին մտքի հանդարտութեամբ եւ սրտի ու հոգիի գոհունակութեամբ:
Բժշկութիւնը մարդկային առաքելութիւն մը ըլլալով՝ բժիշկը նկատի կ՚առնէ չքաւորը, նիւթապէս անկարողը, որբը, բազմանդամ ընտանիքը, անկարը եւ անգործը: Ան յաճախ կը հրաժարի իր պատուագինէն եւ փոխարէնը կը ստանայ հոգեկան գոհունակութիւն:
Բժշկութիւնը ազատ ասպարէզ մը ըլլալով՝ բժիշկը հեռու կը մնայ առեւտրական միտումներէ եւ գործելակերպէ: Անոր բժշկական հաստատագիրները եւ վկայագիրները կը ցոլացնեն իր ուղղամտութիւնը, բարոյականութիւնը, օրինականութիւնը եւ բժշկական գիտապաշարը: Ան կը գործէ իր ասպարէզի օրինական պայմաններուն եւ ընդունուած սովորութիւններուն համաձայն ու իր կարողութիւններուն շնորհիւ կը զարգացնէ իր ասպարէզը եւ իր ժողովրդականութիւնը:
Վերոնշեալ բոլոր յատկութիւններով բժիշկը կը դառնայ հեղինակաւոր ՄԱՐԴ ԲԺԻՇԿ: Ան կ՚արժանանայ յարգանքի, գուրգուրանքի եւ վստահութեան՝ իր հիւանդներէն եւ իր շրջապատէն:
Բժշկական բարոյագիտութիւնը խոր արմատներ ունեցած է հայկական բժշկութեան պատմութեան մէջ:
- Մեծն Ներսէս հայրապետը (353-373) գործադրած է հանրային առողջապահական շարք մը միջոցառումներ եւ օրէնքներ, օրինակի համար՝ արգիլած է ազգականական ամուսնութիւնները, ապօրինի սեռային յարաբերութիւնը եւ վիժումը: Արգիլած է նոյնիսկ ամուսնութիւնը կարգ մը հիւանդութիւններու պարագային: Կաթողիկոսի այս միջոցառումները կ՚արտացոլան 365-ին Աշտիշատի եկեղեցական ժողովի որոշումներուն մէջ:
- Դաւիթ Անյաղթ Ե. դարուն լայնօրէն խօսած է բժշկական հարցերու մասին եւ մեծ կարեւորութիւն ցուցաբերած է բժշկական բարոյագիտութեան:
- Կիլիկեան իշխանութեան շրջանին ընդհանուր բժշկական բարոյագիտութիւնը հիմք ծառայած է բժիշկներուն բժշկական ծառայութեան: Դիտաւորեալ ոճիր նկատուած է բժիշկին մերժումը՝ հիւանդը տեսնել իր տան մէջ: Բժիշկին մասնագիտական անկարողութիւնը եւ կամ թերացումը նկատուած է կանխամտածուած ոճիր: Յաճախ բժիշկը ամբաստանուած է իր բարոյական թերութեան համար եւ՝ ծանր պատիժներու ենթարկուած:
- Ամիրտովլաթ Ամասիացի 15-րդ դարուն ձգտած է միշտ բժշկական կատարելագործումի եւ հաւատացած է, որ իւրաքանչիւր բժիշկ յարատեւ կարդալու է եւ հետազօտելու է ամբողջ կեանքի ընթացքին: Ան եղած է պահանջկոտ՝ բժշկական բարոյագիտութեան նկատմամբ եւ ուզած է տեսնել «իտէալ բժիշկ»ը միշտ եւ ամէն տեղ: Ան ըսած է. «Բժիշկը պէտք է օժտը-ւած ըլլայ բանականութեամբ եւ պարտքի գիտակցութեամբ, ան պէտք չէ գինեմոլ, ագահ եւ շահախնդիր ըլլայ, ան պարտաւոր է սիրել աղքատները, ըլլալ գթառատ, նուիրուած, աստուածավախ եւ բարոյապէս մաքուր:
- Սերվիչեն (Վիչենեան) ունի «Սկզբունք բարոյականի» աշխատասիրութիւնը, որուն մէջ ան երկարօրէն կ՚անդրադառնայ բժշկական բարոյականութեան եւ բժիշկին առողջ բարոյականութեան:
Այս յօդուածը պիտի վերջացնեմ Ռուբէն Սեւակի «ՀՐԱՇԱԼԻ ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆ» գրութեամբ, որ գրուած է Լոզանի մէջ, 1913-ին:
«ՀՐԱՇԱԼԻ ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆ»
Երիտասա՛րդ բժիշկ, որ մարդը առողջացնելու արուեստին ես նուիրուած, չեմ հարցներ քեզի, թէ կը ճանչնա՞ս ար-ւեստդ, բայց կը ճանչնա՞ս գոնէ մարդը:
Մարդը այն մորթազերծ կենդանին չէ՛, որուն դնդերները քննեցիր մարդակազմութեան պատկերներուն վրայ: Մարդը այն մարմնազերծ դեղին կմախքը չէ՛, որուն շարժումները ուսումնասիրեցիր ոսկորներուն վրայ: Մարդը այն շնչազերծ կանաչ դիակը չէ՛, որ ամիսներով քարէ սեղանի մը վրայ պառկեցուցած՝ չափեցիր, կշռեցիր, պատռեցիր, կտրեցիր, յօշոտեցիր, սղոցեցիր, բզկտեցիր, առանց որ անգամ մը բերանը բանար՝ հարցնելու համար, թէ «ի՞նչ կ՚ընես, բարեկա՛մ…»:
Քեզի հիւանդ մը ցուցնելէ առաջ պատ-ւիրեցին տարիներով դիակներու վրայ աշխատիլ, որպէսզի մարդը ճանչնաս, եւ որպէսզի հոգիդ չդողայ ու խիղճդ չպոռայ:
Երկարօրէն քննելէ, փնտռելէ, պրպտելէ վերջ, գանկին մէջ նեխած ուղեղ մը ու սրտին մէջ սեւցած արիւն մը գտար:
- «Ո՞ւր է հոգին, ո՞ւր է խիղճը», գոչեցիր ծիծաղելո՜վ:
Աւա՜ղ, քու ուսումնասիրած մարդդ դիա՜կ մըն է միայն: Զգուշացի՛ր իրեն նմանելէ: Մարդը, որ կ՚ապրի, մարդը, որ կը խորհի ու կը զգայ, մարդը, որուն բարոյական տառապանքները բի՛ւր անգամ աւելի են, քան՝ ֆիզիքական տառապանքները, այն մարդը ուրիշ բան կը պարունակէ իր մէջ, քան՝ ճարպն ու ոսկորը…
Ամէ՛ն մարդու մէջ Աստուած մը կայ… Ահաւասիկ թէ ի՛նչ բան կը մոռնան քեզի ուսուցանել:
Ցաւալի է խոստովանիլ, որ այժմու բժշկական վարժարանները կեանքի առաքեալներ կը պատրաստեն ա՛յնպէս, ինչպէ՛ս զինուորական վարժարանները կը հասցնեն մահուան պաշտօնեաներ: Սա՛ տարբերութեամբ, որ այս վերջինները զինուորին ո՛չ թէ միայն սուր ու հրացան կու տան, այլ՝ անձնուիրութիւն, վեհանձնութիւն, զոհողութեան ամբողջ դաստիարակութիւն մը: Մինչդեռ դեռատի բժիշկի մը ձեռքը թոյն մը եւ դանակ մը տալէ վերջ կ՚արձակեն զայն՝ առանց բարոյական ու հոգեկան ո՛րեւէ պատրաստութեան:
Մարդը իբրեւ միսի ու ոսկորի շարժական գործիք մը ներկայացնելէ վերջ, բժշկութիւնը կը սորվեցնեն այնպէս, ինչպէս մեքենագէտներուն կը սորվեցնեն երկաթէ գործարաններուն ուսումը:
Հոգեկան ո՛չ մէկ բառ, բարոյական ո՛չ մէկ ուղղութիւն, անցեալի ո՛չ մէկ յիշողութիւն:
Եւ սակայն հազարներով տարիներ, փարաւոններու երկրէն մինչեւ Աւետեաց երկիրը, ու Յորդանանէն մինչեւ Գանգէս, միլիոններով մարդիկ հոգեկան բժշկութիւնը միայն կը գործադրէին իրենց ախտերուն դէմ պայքարելու համար: Եւ ամբողջ կրօնքներ հիմնուեցան՝ հրաշքներու հաւատալիքին վրայ:
«Հրաշալիքներու դարը անցաւ» ըսին քեզի ու ամուր կերպով փակեցին անբացատրելի իրողութիւններու անհանգստացուցիչ դուռները:
Չըլլա՛յ որ նեղմիտներուն հաւատաս: Այն մարդիկը, որ ամէն բան գիտնալու յաւակնութիւնն ունին, կը մերժեն ինչ որ իրենց անհասկնալի կը թուի: Աչքերնին գոցած կը քնանան ու աստղերը կ՚ուրանան…
Քանի որ խօսքը աստղերուն է, յիշեցնենք, թէ մինչեւ 18-րդ դարուն վերջերը Ֆրանսական գիտութեանց կաճառը կը մերժէր ընդունիլ, թէ երկինքէն կրնայ քար իյնալ երկրի վրայ… Ականատես վկաները իբրեւ խենթ ու խաբեբայ կը հռչակէր: Օր մը քաղաքապետ մը իր շրջանակին մէջ ինկած երկնաքարէն նմոյշներ ղրկած ըլլալով իրեն՝ պատկառելի ակադեմիան 1772-ին հրատարակած տեղեկագրով կը յայտարարէր, թէ՝ «եղելութիւնը յայտնապէս կեղծ եւ երեւոյթը ֆիզիքապէս անկարելի էր»: Ճշմարտութիւնը իրենց գլխուն մտցնելու համար պէտք եղաւ, որ այդ քարերէն մէկը իրենց գլխուն իյնար… 1864-ի մայիս 4-ին ակադեմական Ատոլֆ Պրոնեար քիչ մնաց վախէն մեռնէր՝ երկնաքարի մը անկումին ականատես ըլլալով…
Նոյնը պիտի պատահէր նաեւ հրաշալի բժշկութեան համար:
Տիեզերահռչակ բժիշկ Շարքօ իր ամբողջ գիտութիւնը քանի մը անբուժելի հիւանդներու վրայ ի զուր փորձելէ վերջ, ի՜նչ մեծ եղաւ իր զարմանքը, երբ անոնք օր մը ուխտատեղի մը երթալով՝ բոլորովին բուժուած վերադարձան… Այսպէս, մատը վէրքին մէջ բռնուելէ ետք իրապաշտ գիտնականը խոնարհեցաւ ճշմարտութեան առաջ. իրն է հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Գիտութիւնը, որ յեղաշրջուելու վրայ է, չի կրնար ամէն ինչ բացատրելու յաւակնութիւնն ունենալ, այսպիսով իր բարեշըր-ջումը ժխտած պիտի ըլլար… Հրաշքները ամէն ատեն գոյութիւն ունեցան՝ իրարմէ բոլորովին տարբեր կրօններու ու քաղաքակրթութեանց մէջ, ինչպէս որ այժմ ալ կը կատարուին բոլոր լայնութիւններուն վրայ: Այսպիսով բուժուած հաշմանդամները հարիւրներով կը հաշուուին, նոյնիսկ երբեմն՝ պալարներն ու ուռուցքները: Ես տեսայ վերադարձը այն հիւանդներուն, որոնց ես չկրնալով անձամբ հաւատք ներ-ըշնչել՝ ուխտատեղի մը գացեր էին. քննեցի իրենց անդամալոյծ անդամները ու ներկայ գտնուեցայ ախտին անյայտացման»:
Լիթրէ իր «Դրական իմաստասիրութեան» մէջ կը նկարագրէ բազմաթիւ հրաշքներ, որ Սեն-Լուիի գերեզմանին դպչելով՝ կը գործուէին:
Հռչակաւոր Տքթ. Ֆաուլեր կը ներկայացնէ ութ կին հիւանդներ, որոնք ստինքի ուռուցքներ ունէին ու դարմանուեցան հոգեկան բուժումով:
Սխալ հետեւութիւններու տեղ չտալու համար դիտել տանք, թէ որքան հազուադէպ են գիտապէս վաւերացուած հրաշքները: Սակայն, եթէ հիւանդները իրենց հաւատքը փոխանակ փայտի կտորի, սուրբի պատկերի մը, դիակի շիրմի մը վրայ դնելու, այդ փրկարար հաւատքը գիտութեան վրայ դնէին, որքա՜ն պիտի շատնար հրաշալի բուժումներու թիւը… Ա՛յս է հիւանդներուն տրուելիք պատուէրը:
Բայց բժիշկներուն համար ուրի՛շ կենսական պատուէր մը կայ:
Եթէ դուն իրապէս բժիշկ ես, հիւանդներուդ փրկութեան համար իրաւունք չունի՛ս որեւէ միջոց մերժելու այդ նպատակին հասնելու համար: Սահմանափակ ու այլամերժ բժշկութիւն մը գիտակից ոճրագործութիւն մըն է: Պիտի դիմես հնարաւոր բոլոր ազդակներուն: Դեղն ու դանակը, ջուրն ու կրակը, ելեկտրականութիւնն ու մագնիսականութիւնը, գիտութիւնն ու հաւատքը՝ փոխն ի փոխ քու զէնքերդ պիտի ըլլան. որովհետեւ այն ախտերը, որոնց դէմ կը կռուիս, տարբեր հիւանդներու մէջ, տարբեր զէնքերու կը դիմես:
Պիտի հարցնես սակայն, թէ կարելի՞ է հրաշքը գիտական հաւատալիքներու կարգը դասել: Անշո՛ւշտ կարելի է:
Գերբնական կարծուող հրաշքը այնքան բնական է, որքան երկինքէն ինկող քարը: Միայն թէ գիտունները ժխտելով անոր գոյութիւնը՝ դեռ չուսումնասիրեցին հրաշագործումի օրէնքները եւ բախտին ձգեցին հրաշքի կատարումը:
Քաջութիւնն ունենանք խոստովանելու, թէ հին ազգերը մեզմէ շատ աւելի լաւ կը ճանչնային այս գիտութիւնը: Եգիպտացիներուն, իսրայէլացիներուն, հնդիկներուն պատմութիւնը լեցուն է այսպիսի փաստերով:
Այժմ մեզի համար մութ կը մնայ հրաշագործումի եղանակը, բայց անոր սկզբունքը լոյսի մը նման պարզ է:
Ձանձրոյթի գաղափարը կը յօրանջեցնէ, ամօթի գաղափարը կը կարմրցնէ, գութի գաղափարը կը լացնէ, սարսափի գաղափարը կը դեղնեցնէ, բժշկուելու գաղափարը կը բժշկէ:
«Եթէ,- կ՛ըսէ Պարուէլ,- առողջանալու հաստատ համոզումը իշխէ հիւանդին հոգւոյն վրայ, այդ հիւանդը անխուսափելիօրէն պիտի առողջանայ»:
Հոգեկան ազդեցութիւնը այնքա՜ն մեծ է ֆիզիքականին վրայ, որ յանկարծական վախ մը բոլոր շարժումներդ անկարելի կը դարձնէ: Եթէ բուռն յուզում մը կրնայ վայրկենաբար անդամալուծել, աւելի՛ բուռն յուզում մը կրնայ անդամալուծութիւնը վայրկենաբար փարատել:
Ամէն բան կախում ունի բժշկուելու գաղափարը հիւանդին մէջ ներմուծելու արուեստէն:
Ու տեսէք, թէ Սրուանձտեան, որ ո՛չ բժիշկ էր, ո՛չ գիտնական, այլ՝ գաւառացի վեղարաւոր մը, գիտուններու կողմէ կղպուած հրաշքի բժշկութեան դուռները ի՜նչ վսեմ պարզութեամբ կը բանայ:
«Նայէ սա մանուկը, իր երեսներուն վրայ էրեթիկ ջրջրուկ ունի: Սա մամիկը թէզպէհը ձեռքն առած նստեր է. մանուկին երկու բազուկները բռնած՝ իր բոյթերով ու մատներով տղուն բազուկները կը ճնշէ, կը շօշափէ, բազուկն ու վայր մատները կը տանի ու կը բերէ. իր աչքերը անթարթ՝ մանուկին աչքերուն յառած է. ու երբեմն ալ արմուկներէն վեր թեւերը կը ճմլէ. կը դառնայ, տղուն երեսն ի վար կը խաչակնքէ, եւ ձեռքերը պորտին ու կուրծքին վրայ դնելով՝ բոյթով կը ճնշէ, վզին մայր երակները կը ճմլէ, ճակատը կը շփէ, երբեմն երբեմն ալ երեսին կը փչէ եւ միշտ կը պտպտայ, աղօթք կ՚ընէ: Յաճախ տղան կը յօրանջէ: Կը մագնիսացնէ՞, կ՚ելեկտրականացնէ՞, թէ՞ աղօթիւք հրաշք կը գործէ. վերջապէս տղան հիւանդ էր եւ կ՚ըառողջանայ»:
Հիմա այս պատկերին հետ բաղդատութեան դիր այն նորագոյն բժիշկները, որոնք յաճախ հիւանդին ձեռքն իսկ չսեղմած (ժամանակ կորսնցնելո՞ւ, թէ՞ վարակուելու վախէն)՝ կը նստին արագօրէն ստացագիր մը գրելու պէս՝ շարադրելու դեղագիր մը, որ միշտ երկրորդական է, յաճախ անօգուտ, երբեմն՝ վնասակար:
Կո՛յր պէտք է ըլլալ չտեսնելու համար այն բազմաթիւ հիւանդները, որոնք երկար ճամբորդութիւններ կ՚ընեն, բժիշկէ բժիշկ կը նետուին՝ պաշտպան մը ու նեցուկ մը գտնելու յոյսով, ու չեն իսկ փորձեր գործադրել այնքա՜ն սուղ գնուած դեղագիրները: Որովհետեւ դժուար է ընդունիլ այն բազմաթիւ դեղերը, որոնք յաճախ տրամագծօրէն հակառակ են իրարու… Ու յետոյ՝ հիւանդին փնտռածը միայն թուղթի կտոր մը չէր, այլ՝ ապրելու յո՜յս, հոգեկան ուժ, տառապելու քաջութի՜ւն…
Դժբախտաբար այս բարոյական ազդակը կ՚անտեսեն բժշկական նորագոյն հաստատութիւններն անգամ: Սկեպտիկները համոզելու համար թէ հաւատքի բարբառ մը, հոգ չէ թէ՝ հրապարակային ու անանձնական, ֆիզիքական ի՜նչ մեծ ուժ կրնայ ներշնչել հիւանդին արեան մէջ, կը հրատարակենք սա յուզիչ տողերը, որ անծանօթ կին մը մեզի կ՚ուղարկէ զուիցերիական սանաթորիոմէ մը.
«Հիւանդի բնական յուսահատութեամբ, անկողնիս մէջ պառկած՝ կը սպասէի ես ալ, չեմ գիտեր, թէ ինչո՞ւ… Մահուա՞ն՝ որ չէր գար, կեանքի՞ն՝ որ կ՚ուշանայ զիս վերականգնելու: Երկար ամիսներու հիւանդութիւնը արդէն մաշեր, հալեցուցեր էր կորովիս ու համբերութեանս մեծ մասը, ու մնացած քիչովը դեռ կը տանջուէի:
«Ահա կը ստանամ «Ազատամարտ»ը մեծ ուրախութեամբ կը կարդամ հայերէն թերթերը. հայ գիրը տեսնելով՝ կարծես կարօտը կ՚առնեմ հայրենիքիս:
«Ապրիլը յաղթել է». շտկուեցայ անկողնիս մէջ. սկսայ կարդալ յօդուածը եւ մինչեւ վերջացնելս բոլորովին առողջ կը զգայի զիս: Ա՜լ կուրծքիս տակ հիւանդ թոք մը չկար. երակներուս մէջ թարմ արիւն կը հոսէր. յաջորդ օրն իսկ ելայ անկողնէս:
«Եթէ բժիշկները յաճախ գիտնան հիւանդին հոգին բուժել, երեւի աւելի շատ պիտի յաջողին մահուան ճանկերէն ազատել մարմինը:
«Ուրեմն ձեր յօդուածը միշտ լքման վայրկեաններուս կարդացի եւ ամէն անգամ նորոգուած ուժերով սկսայ կռուիլ հիւանդութեանս դէմ:
«Կռունկը»… ինծի համար ալ պիտի երգէ՞ք այդ կռունկը…Բայց չէ՛, ես պիտի լաւանա՛մ…»։
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Հարթակ
- 11/22/2024