ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Չար ու ստախօս մարդիկը ի՞նչ կ՚ընեն:
Պատասխան. Առակագիրը կը գրէ. «Չար մարդը անիրաւին շրթունքներուն մտիկ կ՚ընէ ու ստախօսը վնասակար լեզուին ականջ կը դնէ» (Առ 17.4): Չարն ու ստախօսը այդպէս կը վարուին, որովհետեւ եթէ հակառակ կերպով վարուին, իրենց սխալը երեւան կու գայ եւ կը պախարակուին: Աւելին, անոնք այդպէս կը վարուին, քանի որ կը վախնան, եթէ հակառակ կերպով վարուին, իրենց չուզած կամ չսիրած բանը լսեն, որովհետեւ այդ ընթացքին, այսինքն՝ չարութեան ու ստութեան մէջ ըլլալով իրենք զիրենք ճշմարտութեան թշնամի ըրած են, եւ իւրաքանչիւր խօսք որ ճշմարտութիւնը կը յայտնէ, անոնք կը սարսափին անկէ ու այդ պատճառով ալ անիրաւին շրթունքներէն ու վնասակար լեզուներէն կը կախուին, քանի որ այնտեղէն իրենց ականջները հաճեցնող խօսքեր կը լսեն, սակայն կ՚անգիտանան, որ այդ խօսքերը իրենց հոգիին վէրքերը ա՛լ աւելի կ՚աւելցնեն եւ օր օրի անբուժելի կը դարձնեն:
Աւելին, մարդ ընդհանրապէս իր նմանները կը փնտռէ, այլ խօսքով անիրաւ ու վատ լեզու ունեցող մարդոց համար հաճելի է իրենց նման մարդոց հետ շփուիլը, որովհետեւ այդպիսիով մէկը միւսը կը գովէ եւ իրենք զիրենք լաւ կը զգան, այլ խօսքով՝ իրենք զիրենք բաւարարուած կը զգան, եւ այդ պատճառով է, որ առաքինի մարդոցմէ եւ ճշմարտութիւնը ըսող մարդոցմէ կը հեռանան ու կը թշնամանան անոնց հետ, ու ո՛չ միայն կը հեռանան եւ կը թշնամանան, այլեւ կը սկսին անարգել ու անպատուել զանոնք, որովհետեւ իրենց մերկութիւնը կը յայտնեն անոնց…:
Եւ ինչքա՜ն շատ է թիւը այդպիսիներուն յատկապէս մեր օրերուն, որոնք աշխարհիկ հաճոյքներու ենթակայ ըլլալով, կ՚անարգեն ու կ՚անպատուեն ամէն տեսակի սրբութիւն եւ արժէք, ամէն տեսակի ճշմարտացիութիւն ու ազնիւ խօսք, ամէն տեսակի բարոյականութիւն ու մարդկայնութիւն, եւ իրենց անասնական կիրքերուն ստրկացած՝ աջն ու ձախը կը մրոտեն ու կը ցեխոտեն՝ միայն թէ իրենք «սպիտակ ու մաքուր» երեւան…:
Հ. Աղքատը ծաղրողը աղքա՞տը միայն կ՚անարգէ:
Պ. Ո՛չ. Առակագիրը կը գրէ. «Աղքատը ծաղրողը անոր Ստեղծիչը կ՚անարգէ» (Առ 17.5): Այսօրուան նիւթականացած մարդուն համար աղքատութիւնը ամօթ է, կամ անարգանք է, բայց իրականութեան մէջ աղքատութիւնը կարգավիճակ է, ինչ բանի մէջ իւրաքանչիւր մարդ կրնայ յայտնուիլ, շատ յաճախ մեծահարուստները եւս: Աւելին, աղքատութիւնը հարուստ կամ վիճակով լաւ եղող մարդոց համար առիթ մըն է Երկինքի Արքայութեան մէջ գանձեր դիզելու համար, միւս կողմէ աղքատութիւնը աղքատ մարդուն համար առիթ մըն է յաւիտենական հանգիստը ժառանգելու եւ երանական կեանքով ապրելու համար, պայմանով սակայն աղքատը չդժգոհի ու չգանգատի իր վիճակին մէջ:
Աղքատ թէ՛ հարուստ, մարդ պէտք է իր վիճակով գոհ ըլլայ եւ շնորհակալութիւն յայտնէ Աստուծոյ ամէն բանի համար: Եթէ աղքատը իր աղքատութեան մէջ դժգոհի ու բողոքէ, իր վիճակը ա՛լ աւելի կը ծանրանայ, իսկ հարուստը եթէ իր ունեցածով գոհ չըլլայ ու գանգատի, կրնայ ըլլալ որ իր ամբողջ ունեցածը կորսնցնէ:
Աւելին, մարդ պէտք է գիտակցի նաեւ որ իւրաքանչիւր կարգավիճակ Աստուած է որ կու տայ մարդուն: Կա՛րդանք. «Մեռցնողն ու կենդանացնողը, գերեզմանը իջեցնողն ու վեր հանողը Տէրն է: Աղքատացնողն ու հարստացնողը, ցածցնողն ու բարձրացնողը Տէրն է: Անիկա աղքատը փոշիէն կը վերցնէ ու կարօտը աղբիւսէն կը հանէ, որպէսզի իշխաններու հետ նստեցնէ ու փառքի աթոռը անոնց ժառանգութիւն տայ. քանզի երկրի հիմերը Տիրոջն են ու աշխարհը անոնց վրայ հաստատեց։ Անիկա Իր սուրբերուն ոտքերը կը պահէ ու չարագործները մութին մէջ պիտի կորսուին. քանզի մարդ իր ուժովը չի կրնար յաղթել» (Ա. Թգ 2.6-9): Այս չի՛ նշանակեր, որ Աստուած մարդը որպէս մեքենայ կը գործածէ կամ քմահաճութեամբ կը վարուի մարդուն հետ, այլ՝ ընդհակառակը, Աստուած իւրաքանչիւրին համար իւրայատուկ բան ունի վերապահած, որուն մարդ կրնայ հասնիլ, եթէ հնազադի Աստուծոյ կամքին ու գործադրէ Անոր պատուրիանները:
Հոգեւոր առումով հարստութիւնն ու աղքատութիւնը անմիջականօրէն առընչուած են հոգիին հետ, այսինքն մարդուն հոգիով հարուստ կամ աղքատ ըլլալուն հետ: Այս մասին Սուրբ Ամպրոսիոս կը գրէ. «Եկեղեցւոյ մէջ մէկը հարուստ կ՚ըլլայ՝ եթէ հաւատքով հարուստ է, որովհետեւ հաւատացեալը գանձերու աշխարհ մը կը շահի: Տարօրինա՞կ է այս, որ հաւատացեալը աշխարհը ունի, այնքան ատեն որ Յիսուսի ժառանգութիւնը ունի, որ աշխարհէն իսկ աւելի թանկարժէք է: Անգին արեամբ փրկագործուեցաք, եւ ասիկա բոլորին համար կ՚ըսուի, եւ ո՛չ թէ միայն հարուստներուն համար»: Իսկ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կը գրէ. «Աղքատը ծաղրողը անոր Ստեղծի՞չը կ՚անարգէ. ինչո՞ւ. որովհետեւ Աստուած է աղքատը ստեղծողը: Ով որ խիստ է, իր մէջ մարդկութիւն չկայ, եւ փոխանակ քնքշութիւն ցուցաբերելու՝ կը ծաղրէ, որով իր այդ արարքին համար կը պատժուի: Այդպիսին կորուստի կը մատնուի, որովհետեւ աստուածային նախախնամութեան ու իմաստութեան դէմ կը մեղանչէ»:
Միւս կողմէ, մարդ եթէ իր նմանը ծաղրէ, այս պարագային աղքատը, միշտ պէտք է նկատի ունենայ, որ օրին մէկը ինք եւս ծաղր ու ծանակի առարկայ պիտի դառնայ ու իր վիճակը շատ աւելի ծանր ու գէշ պիտի ըլլայ, քան տուեալ անձինը: Տէր Յիսուս մեզի ոսկեայ կանոն մը տուած է մարդկային փոխյարաբերական կեանքին մէջ, որ է՝ «ինչ որ կ՚ուզէք որ մարդիկ ընեն ձեզի, նոյնը ըրէք դուք անոնց. այս սկզբունքը իր մէջ կը խտացնէ Օրէնքն ու մարգարէներու ուսուցումները» (Մտ 7.12): Պարզ ու յստակ. մարդ ինչ որ ընէ՝ նոյնը պիտի վերադառնայ իրեն: Շատեր կը կարծեն որ այդ վերադարձը անպայմանօրէն այս կեանքի մէջ է որ պիտի ըլլայ…: Երանի՜ թէ այդպէս ըլլար, գոնէ մարդ զղջալու եւ իր գործած սխալը սրբագրելու առիթ կ՚ունենար, բայց շատ յաճախ այդ վերադարձը պիտի պատահի Տէր Յիսուսի երկրորդ գալուստին, այսինքն՝ Վերջին Դատաստանի ժամանակ, երբ այլեւս մարդ առիթ պիտի չունենայ ո՛չ մէկ բան սրբագրելու, այլ՝ պարզապէս այստեղ իր գործած ծաղր ու ծանակին հետեւանքը՝ պատիժը պիտի կրէ:
Հետեւաբար, մարդ այնքան ատեն որ այս կեանքին մէջ է, ամէն ինչ պէտք է ընէ, որպէսզի մաքուր ու սպիտակ էջերով հասնի Վերջին Դատաստանին, որպէսզի երանական վարձատրութեան լեցուին իր գիրքին էջերը, եւ ո՛չ թէ այս աշխարհի մէջ գործած սխալներուն ի պատասխան տալիք պատիժներով:
Հոգեւոր հարստութեան պարագային մարդ պէտք է ուշադիր ըլլայ, որովհետեւ շատ յաճախ մարդիկ իրենք զիրենք հոգեպէս հարուստ կը ցուցնեն, բայց իրականութեան մէջ ճիշդ հակառակն է: Այս մասին հետաքրքրական է կարդալ Սուրբ Մակար Մեծի այս տողերը. «Աղքատ մարդը, երազին մէջ ինքզինք հարստացած կը տեսնէ, երբ արթննայ՝ ինքզինք կրկին աղքատ եւ մերկ կը գտնէ. նոյնպէս ալ բոլոր անոնք, որոնք հոգեւոր նիւթեր կը խօսին եւ կը ձեւացնեն, թէ ամբողջական ատակութիւնն ունին, բայց երբ առանձնապէս փորձառութիւնը չեն ապրած իրենց խօսածին եւ իրենց սիրտերուն մէջ զօրեղապէս չեն իրականացուցած կամ ճաշակած այն՝ որուն մասին կը ճառեն, ապա ապարդիւն եւ մտացածին երեւակայութենէ զատ ուրիշ բան չեն ունենար: Անոնք կը նմանին այն կնոջ, որ մետաքսով եւ ոսկեղէններով զարդարուած՝ ինքզինք պիղծ եւ ապականեալ վայրերու մէջ կը ցուցադրէ: Անոնց սիրտը պիղծ ոգիներու բնակարան կ՚ըլլայ: Անոնք միշտ պատրաստ կ՚ըլլան արդարութեան եւ սրբութեան մասին ճառելու, մինչ այդ ճշմարտութիւններուն նուազագոյն վայելքն ու ակնարկն իսկ չունին»:
Մենք մեզ հարուստ չձեւացնենք, որովհետեւ երեւոյթներն ու ինքնացուցադրութիւնը մեզ լաւ տեղ չեն տանիր, ընդհակառակը մեզ դէպի կորուստ ու յաւիտենական մահ կ՚առաջնորդեն: Հարո՞ւստ ենք՝ շնորհակալութիւն յայտնենք Աստուծոյ եւ աղքատներուն բաժին հանենք մեր ունեցածէն: Աղքա՞տ ենք, առաւել եւս շնորհակալութիւն յայտնենք Աստուծոյ՝ Անոր ամէն տեսակի ողորմածութիւններուն ու գութին համար, առանց որոնց մեր աղքատութեան մէջ իսկ պիտի չկարենայինք ապրիլ ու գոյատեւել: Մէկ խօսքով, մարդ իր բոլոր կարգավիճակներուն մէջ միշտ պէտք է շնորհակալութիւն յայտնէ Աստուծոյ ամէն ինչի համար:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 53
Վաղարշապատ
Հարթակ
- 11/30/2024