ՏԵՍԱԿԱՒՈՐ «ԴՐԱԽՏՆԵՐ»

Կիրակի առաւօտ մըն էր, ըստ մեր ընկալեալ բարի սովորութեան, այր եւ կին երբ կը պատրաստուէինք եկեղեցի երթալ, յանկարծ մեծ մանչս աղմուկով մը «աւետեց», թէ երկու ամիսէ ի վեր մեզի պատկից բնակարան-տունը պարապ մնալէ ետք, արդէն հիմա ունէր իր նոր տէրը, որ չին-չին մըն էր: Այլ խօսքով՝ չինացի ըսել կ՚ուզէր:

Ու յաջորդ օրը, գործէս վերադարձիս, երբ մեր տան ետեւի բաժինը, որուն «պարտէզ» անունն ալ կու տայինք, ծառերը ջրելով զբաղած էի, յանկարծ նշմարեցի, որ երկու բնակարանները բաժնող սահմանային թուփերուն ետեւէն, մէկը զիս կը դիտէր՝ համարձակ:

-Հալօ նէյպըր,- հասաւ ականջիս:

«Աշխատանքս» դադրեցուցի ու ձայնին կողմը դառնալով, ի՜նչ մեղքս պահեմ, ես ալ «հալօ չին-չին» մը պիտի ըսէի, սակայն շուտով անդրադարձայ ու ինքզինքս զսպելով միայն «հէլօ»ով մը փոխադարձեցի այդ անակնկալ բարեւին: Ապա արագ եւ շատ քաղաքավար, թուփերուն մօտեցայ: Մարդը զիս տեսնելով քանի մը անգամ գլուխը վեր վար շարժեց: Տեսած ֆիլմերէս յիշեցի: Յարգանքի եւ բարեւի նշան:

-«Մայ նէյմ իզ Եանկ», ըսաւ երիտասարդ չին-չինը, որուն տափատէն ամուր բռնած էին իր երկու փոքրիկ աղջիկները, իսկ քիչ մը անդիէն իր կինը ժպտումերես՝ մեզ կը դիտէր:

-«Շիզ մայ ուաֆ՝ Սու»,- շարունակեց Եանկը, երբ նկատեց որ աչքերս իր կնոջ ուղղութեամբ դարձած էին:

-Մայն նէյմ իզ Ճորճ,- ըսի կրկին քաղաքավար ու ես ինծի մտովի արդարացուցի, թէ հիմա ո՞վ սիրտ ունէր այս նորեկին ալ սորվեցնել Գէորգ անունը: Պէտք է ըսել, որ ամէն առիթով սա փրկարար «Ճորճ»ին կը դիմէի, երբ նեղ դրութեան մատնուած ըլլայի: Յաճախ այս մակդիր-անունը դրական դերեր խաղացած էր իմ վայրկեաններուս մէջ:

Եւ սկսանք մեր խօսակցութեան:

Նոր դրացիս՝ Եանկ Լին, նախ զիս մեքսիքացի կարծած էր: Ու երբ յօնքերս իբրեւ ժխտական նշան վեր առած էի, ան իր միտքը փոխելով, մեքսիքացին՝ «յոյն»ով փոխարինած ապա շուտով իտալացիի դարձուցած: Իմ երկար ու կտրուկ պատասխան «նօ»երէս ետք, այս անգամ հնդիկի վերածած:

-Նաթ ամերիքըն ինտյըն... հինտու ինտյէն,- արդարացած էր:

Ու վերջին, ձայնիս հաստատ ոճով, երբ «արմէնիէն» ըսած էի, մեր հանդիպումը արդէն վերջ գտած էր: Ու յաջորդող օրերը, շաբաթներն ու ամիսները, մեզ երկուքս զիրար կապելով, ինքնաբերաբար երկուքով ինկած էինք նոր եւ հաճելի բարեկամութեան մը գիրկը, որոնք երբեմն փոխադարձ այցելութիւններով ալ կը զարդարուէին:

-Պա՛պ, չին-չինդ, գրոց-բրոց ալ է, տաունթաուըն տպարան ունի, չինարէն թերթ կը տպէ՛,- օր մը ըսին մանչերս, իբրեւ նոր եւ մեծագոյն յայտնութիւն, կարծես ձեւով մըն ալ անտեսանելի բաներ մը կ՚ուզէին բնորոշել: Բայց անկախ այս բոլորէն, նոր դրացիս մտերմիկ շունչով, պարզ եւ համեստ մէկը կ՚երեւար:

«Ժամանակը հրաշք կրնայ գործել»,- ըսած էին մեր մեծերը: Եւ այդպէս ալ եղաւ: Մեր մտերմութեան կամ բարեկամութեան հորիզոնը օրէ օր աճեցաւ եւ հասաւ մինչեւ «ճոք»եր պատմելու եւ նոյնիսկ իրարու լեզուին սովորական բառերուն տիրանալու գեղեցիկ եւ հետաքրքրական հանգրուանին: Ու անձնապէս բազմազբաղ վիճակիս մէջ, արդէն քանի մը ամիսէն իսկ չինարէնով մինչեւ հինգ համրել սորված էի: Նաեւ գիտէի հացին, ջուրին, ծառին եւ արեւին չինարէնները: Իմ կարգիս ալ սորվեցուցած էի Հայաստան, Երեւան, Արարատ, Սեւան, եռագոյն ու տակաւին շատ բաներ:

Երկուքս ալ կը գիտակցէինք ժողովուրդի մը անմահութեան գաղտնիքներուն: Ու ամէն անգամ որ ինք հայրենիքի մասին կ՚արտայայտուէր, անմահութեան չափ երկար ժպիտ մըն ալ կը բացուէր անոր նկատմամբ ունեցած պապակին դիմաց:

Եանկ կը հաւատար որ իրեն համար, այս օտար հողին վրայ «արմատ» դնելը կամ նետելը, անկարելի պիտի ըլլար: Իր նկարագրին դէմ էր հայրենի հողէն հեռանալը: Բայց պայմանները ստիպած էին, որ ինք շեղէր իր ազնիւ գիծերէն: Սակայն այս բոլորը, իմ չար բախտէս, երկար չտեւեցին: Կինս օր մը յայտնեց, թէ Եանկը փոյթով հիւանդանոց փոխադրած էին: Եւ առաջին իսկ պատեհ առիթին, փութացած էի զինք տեսնելու:

Աստուած իմ... չին-չինս աւելի դեղնած ըլլալով, կարծես իսկական իր գոյնը նոր դուրս տուած ըլլար: Գլխու ահռելի ցաւը պատճառ դարձած էր, որ խեղճ մարդուն ակնոցը փոխէին, ակռաները նորոգէին, լեարդն ու լեղուցը դեղէին, աղիքները կարճեցնէին ու իր նիհար ու չորցած մարմինը աւելի չորցնէին: Իսկ անպիտան ցաւը, մնացած էր իր տեղը: Խեղճը դարձած էր շրջուն «դեղարան» մը: Ժամը ժամին եւ հնազանդ կ՚առնէր իր բոլոր դեղերը, առանց ոչ մէկ բողոք հասցէագրելու՝ Արարիչին:

-Է՜հ,- կ՚ըսէր միշտ,- եթէ հայրենի գիւղս ըլլայի, ճար մը գտած էին,- կարծես ինքզինք կը համոզէր: Ձեւով մը՝ մխիթարանք:

Յստակ էր, թէ Եանկ հայրենադարձութեան հիւանդութենէ կը տառապէր: Կարօտ՝ հողին, հարազատներուն: Հայրենիք վերադառնալու գաղափարը զարնուած էր իր մտածումի դռներուն ու հոն բնակութիւն հաստատելով նոր արմատներ ծլարձակած: Անտեսանելի ու կենսունակ արմատներ, որոնք իր այս հիւանդութեան դէմ հոգեկան իր դիմադրականութիւնը կ՚ամրապնդէին: Եւ օր մը, բացայայտօրէն ինծի պարզեց իր մտադրութիւնը: Երկիր վերադառնալ:

Այդ վայրկեանին էր, որ նշմարեցի, թէ իր սրտին շուրջ հաճելի տաքութիւն մը պատած էր: Սիրտը նոր ոստումով մը սկսած էր բաբախել: Տեսանելի էր, թէ ինչպէս հայրենիքի հողի կանչին յստակ արձագանգ-տրոփումը կար այդ դեղին ու փոքր սրտին մէջ: Իրեն համար նոր կեանքի մը սկզբնաւորութիւնը: Նոր արեւ մը ծագած էր իր մտքի եւ հոգիի երկինքներուն վրայ:

-Ներկան շատ կարեւոր է,- կ՚ըսէր միշտ,- որովհետեւ ապագան անկէ է որ կը ծնի:

Իրեն համար հանգիստ կեանքէն եւ դրամ «դիզելէն» աւելի հիմնական եւ կարեւոր բան մը կար: Իր հայրենիքն ու անոր հողին կանչը:

-Ճիշդ է, որ հոն աւելի պիտի տառապիմ, բայց մի մոռնար «մայ նէյպըր», որ կեանքի պայքարէն կը ծնի երջանկութիւնը: Առանց տառապանքի կարելի չէ չափել ուրախութեան սահմանները, կը կրկնէր:

Հիւանդ դրացիս, հակառակ իր ծանր հիւանդութեան, իր ներքին ուրախութենէն, կարծես փիլիսոփայ ալ դարձած ըլլար: Եանկ վերջապէս որոշած էր իր այդ հիւանդ վիճակով իսկ, վեց տարիներ մեզի հետ դրացնութիւն ընելէ ետք, վերադառնալ մայր հայրենիք՝ Չինաստան: Իր պապենական դրախտավայրը:

Իր մեկնումով, չորս թիւ պիտի աւելնար միլիառներու հասնող չին-չիններու երկրի բնակչութեան թիւին վրայ: Չորս պարզ եւ անմեղ հոգիներով լեցուն թիւ մը, որ մեր կեանքը շրջան մը բաժնեց յիշատակելի արարներով: Գեղեցիկ, օրինակելի, շինիչ ե՛ւ անմոռանալի ե՛ւ ուսուցողական:

Դրացիիս վերջնական կամ անվերադարձ մեկնումը խոր տպաւորութիւն ձգած էր մեր բոլորին վրայ: Իր մեկնումէն երկու օրեր ետք միայն՝ յանկարծ նոր դրացիներ ունեցանք: Հայեր էին անոնք, թիւով եօթը, որոնք մեր հայրենիքէն վերջնականապէս հեռանալով, աւելի ճիշդ՝ արտագաղթելով, կը հաստատուէին Ամերիկա:

Իրենց ներկայութեամբ, եօթը նոր հայեր ալ կ՚աւելնային աւելի քան քառորդ միլիառ բնակչութիւն ունեցող աշխարհի մարդկութեան ամէնաարագ ու գործող Ամերիկա կոչուած ձուլարանին մէջ: Նոր «դրախտավայրը»:

Է՜հ, աշխարհ...:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2023