ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ԵՐԵՒՈՅԹ ՄԸ
Հազուագիւտ կերպով կը պատահի, որ օտար մը հայերէն սորվի։ Ընդհանրապէս հայ մարդոց օտար կողակիցներն են որ հայերէն կը սորվին եւ կը շաղուին մեր ապրելակերպին հետ։ Սա ալ աւելցնեմ, որ վերոյիշեալ պարագային՝ հայերէն սորվիլը ստիպողական չըլլար, այլ սիրայօժար կերպով։
Մեր այս պատմութեան հերոսուհին՝ Քարմուն Խու (Karmun Khoo), հայու մը օտար կողակիցը չէ, այլ Սինկափուր ծնած եւ այժմ Աւստրալիա ապրող մանկամարդուհի մը, որ սիրահարուած է հայերէն լեզուին։
Քարմուն սահուն կերպով կը խօսի ֆրանսերէն, սորված է սպաներէն եւ գերմաներէն եւ հիմա կեդրոնացած է սորվելու լատիներէն։ Ան կը ծրագրէ երթալ Մեծն Բրիտանիա, պատմութիւն ուսանելու համար։
Քարմուն հայերէն լեզուին ծանօթացած է Հայկական համացանցային համալսարանին (Armenian Virtual College) միջոցաւ։ Իր համացանցային ուսուցիչն է (online instructor) Մարինա Խաչատուրեան, որու մասին շատ գովասանքով կ՚արտայատուի ան։
Քարմուն սահուն կերպով կը խօսի արեւելահայերէն եւ կը ծրագրէ օրին մէկը այցելել Հայաստան եւ անձամբ ծանօթանալ հայ մշակոյթին ու կենցաղին, ներառեալ հայկական կերակուրները, երաժշտութիւնը եւ աւանդութիւնները։ Ան յատկապէս կ՚ուզէ տեսնել Գառնիի հեթանոսական տաճարը։
Քարմուն հիացած է հայկական տառերուն։ Ըստ իրեն, գրելու լաւագոյն ձեւերէն մէկը կը ներկայացնէ ան՝ աշխարհով մէկ։ Ան կը խորհի նաեւ, որ Հայաստան պէտք է ճանչցուի որպէս աշխարհի հնագոյն քաղաքակրթութիւններէն մին՝ Բաբելոնի, Պարսկաստանի եւ Եգիպտոսի կողքին։
Սա իսկապէս հրաշքի համազօր երեւոյթ մըն է, երբ նկատի առնենք, թէ որքան հայեր կան՝ ի սփիւռս աշխարհի, որոնք կը դժկամին հայերէն խօսելու…
Մեծն Լոս Անճելըսի հայկական գաղութը բախտաւորուած է տասը հայկական վարժարաններով։ Այցելեցէք որեւէ վարժարան զբօսանքի պահուն եւ պիտի լսէք միայն անգլերէն։ Ցաւալի այս երեւոյթը դժբախտաբար կը ծաւալի նաեւ ընտանիքներէն ներս։ Պատճառաբանութիւնները շատ են, սակայն արդարանալի չեն անոնք երբեք։ Օրինակ՝ տան մէջ, մենք մեր զաւակներուն հետ անգլերէն կը խօսինք, որպէսզի բարելաւենք մեր լեզուն։ Կամ՝ անգլերէն կը խօսինք, որպէսզի անարատ մնայ անոնց անգլերէն լեզուի տիրապետութիւնը։
Մենք շատ լաւ գիտենք, որ մանուկ մը կրնայ մի քանի լեզուներու տիրանալ միեւնոյն ժամանակ։ Վկայ՝ Միջին Արեւելք ծնած ու հասակ առած մեր սերունդի զաւակները, որոնք կը տիրապետեն հայերէնի կողքին՝ արաբերէնի, անգլերէնի եւ ֆրանսերէնի…
Վկայ՝ մեր հերոսուհի Քարմունը, որ ուշ տարիքին սորված է եւ այժմ սահուն կերպով կը խօսի հայերէն՝ տիրապետելով նաեւ անգլերէնի, ֆրանսերէնի, սպաներէնի եւ գերմաներէնի։ Կամենալը՝ կարենալ է, պիտի ըսեմ ես եւ կոչ պիտի ուղեմ բոլոր հայերուն, որ կառչած մնան իրենց պապենական լեզուին եւ չզլանան փոխանցել հազուագիւտ այդ ժառանգը, իրենց յաջորդ սերունդներուն։
Յիշենք Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ Որդուն» բանաստեղծութիւնը, որ կը վերջանայ հետեւեալ տողերով.
Ու տե՛ս, որդիս, ու՛ր էլ լինես,
Այս լուսնի տակ ու՜ր էլ գնաս,
Թէ մօ՛րդ անգամ մտքիցդ հանես,
Քո մա՜յր լեզուն չմոռանա՛ս։
Իսկ ես պիտի աւելցնեմ, որ մայր լեզուն չմոռնալու համար, պէտք է միշտ խօսիլ հայերէն եւ վերջ։
Արդար ըլլալու համար պէտք է աւելցնեմ, որ հայերէն խօսելու դժկամութիւնը սահմանուած չէ Ամերիկա եւ Գանատա ապրող հայ բնակչութեան համար։ Արժանթին, Ֆրանսա, Անգլիա եւ այլ տեղեր ապրող հայերն ալ՝ յատկապէս պատանիներն ու երիտասարդները, կը դիմակալեն նոյն դժուարութիւնը՝ ցաւօք ի սիրտ…:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան
Հարթակ
- 11/22/2024