ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

Մեր տան մօտ նպա­րա­տուն մը կար, որ մօտ եր­կու տա­րիէ ի վեր փա­կուած է՝ ի՜նչ, ի՜նչ պատ­ճառ­նե­րո­վ չենք գի­տե­ր։ Հո­ղի­ն տէ­րը բնա­կա­նա­բար կ՚ու­զէ շէն­քը վար­ձու տալ ու­րի­շի մը, սա­կայն կաշ­կան­դուած է պե­տա­կան ա­նուղ­ղա­կի ճնշում­նե­րո­վ։ Հի­մա թոյլ տուէք բա­ցատ­րե­մ։

­Հոս պէտք է ը­սե­մ, որ այդ տա­րա­ծուն հո­ղի­ն վ­րայ կան շատ մը այլ աշ­խա­տո­ղ գոր­ծա­տու­նե­ր։ Օ­րի­նակ՝ հարիւրյիսուն հո­գի­նո­ց ճա­շա­րան մը, սափ­րի­չ մը, ար­դու­կի­չ մը, ա­նաս­նա­բու­ժա­րան մը, սրճա­րան մը (coffee shop) եւ այլն։

Վե­րջե­րս ի­մա­ցանք, որ գոր­ծա­տէր մը՝ մա­նուկ­նե­րու յա­տուկ խա­ղա­վայր մը ու­զած է հաս­տա­տել հոն, սա­կայն քա­ղա­քի պատ­կան ի­շխա­նու­թի­ւննե­րը ար­տօ­նու­թի­ւն չեն տուած։ Ի­նչո­՞ւ, ո­րո­վհե­տե­ւ շր­ջա­նի բնա­կիչ­նե­րը պա­հան­ջած են, որ նպա­րա­տուն մը հաս­տա­տուի հոն՝ փո­խա­րի­նե­լո­վ փա­կուած վա­ճա­ռա­տան։

Ա­մե­րի­կա­յի մէջ՝ ըն­դու­նուած սո­վո­րու­թիւն է, որ երբ բնա­կար­անա­յի­ն շր­ջա­նի մը մէջ գոր­ծա­տէր մը կ՚ու­զէ վա­ճա­ռա­տուն մը հաս­տա­տել, պե­տու­թի­ւնը կը դի­մէ հոն բնա­կո­ղ ժո­ղո­վուր­դին եւ ե­թէ ա­նոնք ա­ռար­կու­թիւն մը չու­նի­ն՝ ար­տօ­նու­թի­ւնը կը տրուի­։

­Պե­տու­թի­ւնը­՝ ա­ւե­լի ճիշդ, քա­ղա­քա­յի­ն իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը յատ­կա­պէս ու­շա­դիր կ՚ը­լլան, որպէսզի գի­նե­տուն մը եւ կամ ո­գե­լի­ց ըմ­պե­լի ծա­խո­ղ վա­ճա­ռա­տուն մը չհաս­տա­տուի­՝ դպ­րո­ցի մը եւ կամ ե­կե­ղե­ցի­ի մը կող­քի­ն։

­Սա ար­դա­րա­նա­լի է, ո­րո­վհե­տե­ւ ոչ ոք կ՚ու­զէ­ր, որ գի­նո­վ մը ե­կե­ղե­ցի յա­ճա­խէ եւ կամ դպրո­ցա­կան ա­շա­կե­րտնե­ր դա­սա­ւան­դու­թե­անց ա­ւար­տի­ն կա­րե­նան մօ­տա­կայ վա­ճա­ռա­տու­նէ­ն ո­գե­լի­ց ըմ­պե­լի գնել։

Ու­րե­մն, երբ գոր­ծա­տէր մը կ՚ու­զէ գի­նե­տուն մը եւ կամ ո­գե­լի­ց ըմ­պե­լի ծա­խո­ղ վա­ճա­ռա­տուն մը բա­նալ, պէտք է դրան վրայ այդ ա­ռու­մո­վ յայ­տա­րա­րու­թի­ւն մը փակց­նէ­՝ որ հոն կը մնայ մէկ ա­միս։ Ամ­սուայ վեր­ջա­ւո­րու­թե­ան՝ ե­թէ ա­ռար­կո­ղ չե­ղաւ, ար­տօ­նու­թիւ­նը կը տրուի եւ վերջ։
­Վե­րա­դառ­նա­լո­վ վե­րո­յի­շե­ալ մե­ր հո­ղա­տէ­րի­ն, ան ե­րկու տա­րի­է ի վեր վարձք չի ստա­նար փա­կուած նպա­րա­տու­նէ­ն եւ դժբախ­տա­բար ո­րե­ւէ գոր­ծա­տէր հե­տաքրք­րուած չէ հոն նպա­րա­տուն մը հաս­տա­տե­լու նպատակով։ Այս ալ ար­դար չէ­, սա­կայն օ­րէ­նքի տրա­մադ­րու­թի­ւնն է որ կը գոր­ծադ­րուի­՝ ի վնաս հո­ղա­տէ­րի­ն…

­Տա­րի­նե­ր ա­ռաջ, Հայ­կա­կան  բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նու­ր միու­թիւ­նը (ՀԲԸՄ)՝ Հա­լի­վու­տ Հիլ­լս բ­նա­կա­րա­նա­յին շրջա­նին մէջ, մե­ծա­տա­րած հող մը գնեց։ Հոն պի­տի կա­ռու­ցուէր կեդ­րոն մը՝ իր գրա­սե­նեա­կնե­րով­, հան­դի­սաս­րա­հով եւ մար­զա­խա­ղեր­ու հա­մա­լի­րով­։

Դժ­բախ­տա­բար սա­կայն Լոս Ան­ճե­լը­սի քա­ղա­քա­յին պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ար­տօ­նու­թիւն չտուին­։ Ին­չո՞ւ, ո­րով­հե­տեւ շրջա­նի բնա­կիչ­նե­րը ա­ռար­կած էին, թէ յա­ւել­եալ եր­թե­ւեկ­ի պատ­ճա­ռաւ՝ շատ աղ­մուկ պի­տի յա­ռա­ջա­նար, ինչ ո­ր պի­տի խան­գա­րէր ի­րեն­ց ան­դոր­րու­թիւ­նը։

Ստի­պու­ած, հո­ղը ծա­խեց­ին եւ սկսան նոր փնտըռ-տու­քի՝ յար­մար կեդ­րոն մը կա­րեն­ալ կա­ռու­ցա­նե­լու հա­մար։ Տա­րի­ներ վերջ, Փա­սա­տի­նա քա­ղա­քի բնա­կա­րա­նա­յին շրջա­նի մը մէջ՝ ա­նոնք գտան օ­տար յա­րա­նու­ա­նու­թեա­ն պատ­կա­նող ե­կեղ­ե­ցի մը, որ ծա­խու հա­նու­ած էր­։­

Ե­կե­ղեց­իին հո­ղին վրայ կա­յին նաեւ դպրոց մը, սրահ մը, մար­զա­խա­ղա­վայր մը, գրա­սեն­եակ­ներ եւ ինք­նա­շարժ­ներ­ու ըն­դար­ձակ կան­գառ մը։ Յար­մար նկա­տե­լով­, ՀԲԸՄ-ը՝ բա­րե­րար Ա­լեք Մա­նու­կեա­նի նիւ­թա­կան օ­ժան­դա­կու­թեամբ, գնեց ե­կե­ղե­ցին եւ զայն վե­րա­ծեց հան­դի­սաս­րա­հի։

Դար­ձեալ՝ շրջա­նի բ­­նա­կիչն­ե­րուն ա­ռար­կութ­եամբ, քա­ղա­քա­յին պատ­կան իշխ­ա­նու­թիւն­ը ար­տօ­նութ­իւն շնոր­հեց այն պայ­մա­նաւ, որ շա­բա­թա­մի­ջի օ­րե­րուն՝ ո­րե­ւէ գոր­ծուն­էու­թիւն ա­ւար­տէր ի­րի­կուայ ժա­մը տա­սին։

Սա է պե­տա­կան ա­նուղ­ղա­կի ճնշու­մը՝ ո­րուն պէտք է են­թար­կուինք­, ե­թէ կ­­՚ու­զենք մեր գոր­ծը յ­­ա­ռաջ տա­նիլ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան սկզբունք­նե­րու վրայ հիմն­ուած այս եկր­ին մէջ՝ ուր կը կի­րար­կուի «A government of the people, by the people, for the people» կա­նո­նագ­րու­թիւն­ը։

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2016