Գարեգին Լեւոնեան. Հայ Մշակոյթի Արուեստաբան Պահապանն ու Քարոզիչը

Սեպ­տեմ­բեր 28-ին լրա­ցաւ մա­հո­ւան 69-րդ տա­րե­լի­ցը հայ մշա­կոյ­թի ճա­նաչ­ման, պահ­պան­ման ու զար­գաց­ման բա­նա­սի­րա­կան մեծ գոր­ծին եւ ազ­գա­յին նո­ւիրա­կան ծա­ռա­յու­թեան մար­զին մէջ հսկա­յա­կան եւ մե­ծար­ժէք ա­ւան­դի տէր ­Գա­րե­գին ­Լե­ւո­նեա­նի (1872-1947)։

Հայ ա­շու­ղա­կան գրա­կա­նու­թեան եւ ե­րաժշ­տու­թեան մե­ծու­թիւն­նե­րէն Ա­շուղ ­Ջի­ւա­նիի որ­դին է ­Գա­րե­գին ­Լե­ւո­նեան, որ 75-ա­մեայ իր կեան­քին մե­ծա­գոյն մա­սը անմ­նա­ցորդ նո­ւի­րա­բե­րեց հայ եր­գի ու գրա­կա­նու­թեան, հայ կեր­պա­րո­ւես­տի ու թատ­րո­նի, հայ մա­մու­լի եւ տպագ­րու­թեան ան­կորն­չե­լի գան­ձե­րուն հե­տա­զօ­տու­թեան եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեան, յայտ­նա­բեր­ման ու գի­տա­կան ար­ժե­ւոր­ման՝ արո­ւես­տա­բա­նի ու գրա­կան-քննա­դա­տի իր վա­րա­կիչ օ­րի­նա­կով ամ­բողջ սե­րունդ­ներ հասց­նե­լով եւ թրծե­լով։

Հա­յոց մշա­կու­թա­յին հարս­տու­թեան մշտար­թուն պա­հա­կը եւ ան­խոնջ քա­րո­զի­չը հան­դի­սա­ցաւ Գա­րե­գին ­Լե­ւո­նեան։ ­Հայ­կա­կան նկար­չու­թիւնն ու ա­շու­ղա­կան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, հայ գրա­կա­նու­թիւնն ու հրա­պա­րա­կագ­րու­թիւ­նը, հա­յոց թատ­րոնն ու տպագ­րա­կան ա­րո­ւես­տը մնա­յուն ու­սում­նա­սի­րու­թեան, ար­խի­ւա­յին պե­ղու­մի եւ բծախն­դիր վեր­ծա­նու­մի անս­պառ աղ­բիւր մը ե­ղան ­Գա­րե­գին ­Լե­ւո­նեա­նի հա­մար։ Ոչ միայն ինք հարս­տա­ցաւ հայ մշա­կու­թա­յին գան­ձա­րա­նին տի­րա­պե­տե­լով, այ­լեւ՝ հարս­տա­ցուց նե­րաշ­խար­հը ամ­բողջ սե­րունդ­նե­րու, հայ­կա­կան ար­ժէք­նե­րու ճա­նա­չո­ղու­թիւնն ու պաշ­տա­մուն­քը հո­գեմ­տա­ւոր սնուն­դի վե­րա­ծե­լով շա­տե­րու հա­մար։

Գա­րե­գին ­Լե­ւո­նեան ծնած է 6 ­Նո­յեմ­բեր 1872 թուա­կանին, Ա­լեք­սանդ­րա­պոլ (­Կիւմ­րի)։ Ու­սու­մը ստա­ցած է տեղ­ւոյն Ս. Փրկ­­չի դպրո­ցին մէջ, ա­պա՝ բարձ­րա­գոյն ուս­ման հա­մար մեկ­նած է Սեն ­Փե­թերս­պուրկ, ուր Արո­ւեստ­նե­րու ա­կա­դե­միան ա­ւար­տած է 1897-ին։

Կա­նուխ տա­րի­քէն ­Գա­րե­գին ­Լե­ւո­նեան ան­յագ ծա­րաւ դրսե­ւո­րեց ա­րո­ւեստ­նե­րու հան­դէպ՝ յատ­կա­պէս նկար­չու­թեան մէջ իր բնա­տուր ձիր­քը ար­տա­յայ­տե­լով։ ­Սեն Փե­թերս­պուր­կէն վե­րա­դար­ձին, դա­սա­խօ­սա­կան պաշ­տօ­նի կո­չո­ւե­ցաւ Սուրբ Էջ­միած­նի ­Գէոր­գեան ճե­մա­րա­նին մէջ, ուր 1902-1906 թուականներու միջեւ գե­ղա­րո­ւես­տի պատ­մու­թիւն եւ գե­ղան­կար­չու­թիւն դա­սա­ւան­դեց։

Ու­սու­մը կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու եւ եւ­րո­պա­կան մշա­կոյ­թին հետ մօ­տէն շփո­ւե­լու մղու­մը հան­գիստ չտուաւ ­Լե­ւո­նեա­նի, որ 1906 թուականին մեկ­նե­ցաւ ­Լայփ­ցիկ, Գեր­մա­նիա, ուր եւ­րո­պա­կան ա­րո­ւեստ­նե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թեան մէջ խո­րա­նա­լով, մա­նա­ւանդ փո­րագ­րու­թեան մար­զին մէջ հմտա­նա­լով՝ ար­ժա­նա­ցաւ Արուես­տա­բա­նի փրո­ֆե­սէօ­րա­կան տիտ­ղո­սին։

1908 թուականին վե­րա­դար­ձաւ հայ­րե­նիք եւ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ա­տե­նի հայ մշա­կու­թա­յին մեծ օ­ճախ հան­դի­սա­ցող ­Թիֆ­լիզի մէջ՝ հիմ­նադ­րե­լով եւ խմբագ­րե­լով «­Գե­ղա­րո­ւեստ» հան­դէ­սը (1908-1922): «­Գեղարո­ւեստ»ը սոսկ թերթ մը չե­ղաւ, ուղ­ղա­կիօ­րէն մշա­կու­թա­յին մեծ շար­ժու­մի մը շար­ժիչ ու­ժը դար­ձաւ. ամ­բողջ տա­րի­ներ մեր ժո­ղո­վուր­դին գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ճա­շա­կը մշա­կեց, բարձ­րո­րակ ա­րո­ւես­տի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կրա­կը վա­ռեց եւ, մա­նա­ւա՛նդ, մեծ ներդ­րում ու­նե­ցաւ հա­յոց մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը մեր սե­րունդ­նե­րուն ծա­նօ­թաց­նե­լու եւ ներշնչ­ման աղ­բիւ­րի ու ազ­գա­յին ինք­նա­ճա­նա­չո­ղու­թեան հիմ­քի վե­րա­ծե­լու սերն­դա­կերտ գոր­ծին մէջ։

Թիֆ­լի­զեան իր գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քին, Գա­րե­գին ­Լե­ւո­նեան բա­ցաւ նաեւ նկար­չա­կան դա­սըն­թացք-նե­րու ա­րո­ւես­տա­նոց եւ օրհ­նա­բեր ներդ­րում ու­նե­ցաւ հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու հա­մար նկար­չու­թեան ու­սու­ցիչ­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան մէջ։ ­Կազ­մեց եւ հրա­տա­րա­կեց դա­սագր­քեր («­Հայ­կա­կան վա­յել­չագ­րու­թիւն եւ գե­ղագ­րու­թիւն», ­Թիֆ­լիզ, 1908, «Գ­­ծագ­րու­թիւն եւ նկար­չու­թիւն», ­Թիֆ­լիզ, 1909): ­Նաեւ եր­կու տա­րի, 1910-1911 թուականներու միջեւ, ան­ձամբ նկար­չու­թիւն դա­սա­ւան­դեց ­Թիֆ­լի­զի ­Ներ­սի­սեան դպրո­ցին մէջ։

Վ­­րաս­տա­նի մէջ խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թեան վերջ­նա­կան հաս­տա­տու­մէն ետք, ­Գա­րե­գին ­Լե­ւո­նեան տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւան, ուր բարձ­րա­գոյն ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մէջ ստանձ­նեց ա­րո­ւեստ­նե­րու դա­սա­ւանդ­ման պաշ­տօն­ներ։ 1926-1928 թուա­կաններու միջեւ դա­սա­ւան­դեց Ե­րե­ւա­նի Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ա­րո­ւես­տա­նո­ցին (­Տեխ­նի­կում) մէջ, իսկ կեան­քի վեր­ջին տա­րի­նե­րուն՝ ­Թա­տե­րա­կան ­հիմ­նար­կի եւ ­Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս ե­ղաւ։

Գա­րե­գին ­Լե­ւո­նեան ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ե­ղաւ ա­ռա­ջին մշա­կու­թա­յին գոր­ծի­չը, ո­րուն խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը շնոր­հե­ցին Ա­րո­ւես­տի ­վաս­տա­կա­ւոր գոր­ծի­չի կո­չու­մը (1932): Իսկ 1934 թուականէն սկսեալ ան մաս կազ­մեց Գ­­րող­նե­րու ­միու­թեան՝ պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօն­ներ վա­րե­լով։

Մե­ծար­ժէք ա­րո­ւես­տա­բանն ու գրա­կա­նա­գէ­տը մահա­ցաւ 28 ­Սեպ­տեմ­բեր 1947 թուականին, Ե­րե­ւան։
Հայ մշա­կոյ­թի եւ գրա­կա­նու­թեան տար­բեր մար­զե­րուն նուի­րո­ւած իր հրա­պա­րա­կում­նե­րը ­Գա­րե­գին Լե­ւո­նեան ստո­րագ­րեց այ­լա­զան գրչա­նուն­նե­րով՝ ինչ­պէս Գ. Լ., ­Գօշ, Գ­­րա­սէր, Լ., Ճ­­ռինչ, ­Մե­ֆիս­տո­ֆել, Շա­ւարշ, ­Վա­ղի­նակ ե­ւ այլն։

Ծա­ւա­լուն ժա­ռան­գու­թիւն մը կտա­կեց հայ մշա­կոյ­թին։ ­Տաս­նեա­կա­ւոր հա­տոր­նե­րով հրա­տա­րա­կուած կամ տա­կա­ւին ձե­ռա­գիր վի­ճա­կի մէջ մնա­ցած իր գոր­ծե­րուն շար­քին են՝ «­Հայ ա­շուղ­ներ»ը, Ա­լեք-պոլ, 1892, 151 էջ: «­Հա­յոց պար­բե­րա­կան մա­մու­լը», Ա­լեք-պոլ, 1895, 570 էջ: «Աշ­խար­հէ աշ­խարհ կամ 20.000 վերստ Եւ­րո­պա­յում», ­Թիֆ­լիզ, 1914: «­Հա­յոց պար­բե­րա­կան մա­մու­լը», Ե., ­Պետհ­րատ, 1934, 230 էջ: «­Թատ­րո­նը հին ­Հա­յաս­տա­նում», Ե., ­Հայ­պետհ­րատ, 1941, 122 էջ: «Ա­շուղ­նե­րը եւ նրանց ա­րո­ւես­տը», Ե., ­Հայ­պետհ­րատ, 1944, 106 էջ: «­Հայ գիր­քը եւ տպագ­րու­թեան ա­րո­ւես­տը», Ե., ­Հայ­պետհ­րատ, 1946, 255 էջ: «­Յու­շեր», Ե., ­Հայ­պետհ­րատ, 1959, 203 էջ: «Եր­կեր», Ե., Հայ­պետ-հ­րատ, 1963, 504 էջ:

Գարեգին ­Լե­ւո­նեա­նի վաս­տա­կին գլխա­ւոր ե­րեք բնա­գա­ւառ­նե­րէն ա­ռա­ջի­նը ե­ղաւ ա­շու­ղա­գի­տու­թիւ­նը։ Ան ոչ միայն Ա­շուղ ­Ջի­ւա­նիի եւ ­Սա­յաթ Նո­վա­յի նո­ւի­րո­ւած կո­թո­ղա­կան իր հա­տոր­նե­րով ա­նոնց ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խար­հին եւ կեն­սագ­րու­թեան ա­մե­նէն հա­րուստ հա­ւա­քա­ծո­նե­րը կազ­մող ու գի­տա­կան հրա­տա­րա­կու­թեան ար­ժա­նաց­նող բա­նա­սէ­րը ե­ղաւ, այ­լեւ ժո­ղովր­դա­կան ու ա­շու­ղա­կան եր­գե­րու գե­ղա­րո­ւես­տա­կան կա­պե­րը վեր­ծա­նող, հայ­կա­կան տա­ղա­չա­փու­թեան ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը լու­սա­բա­նող եւ միջ­նա­դա­րեան հայ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան գրա­կան-գե­ղա­րո­ւես­տա­կան հարս­տու­թիւ­նը խո­րա­թա­փանց ար­ժե­ւոր­ման են­թար­կող ա­րո­ւես­տա­բա­նը հան­դի­սա­ցաւ։

Գա­րե­գին ­Լե­ւո­նեա­նի վաս­տա­կին երկ­րորդ գլխա­ւոր ուղ­ղու­թիւ­նը հայ թատ­րո­նին եւ նկար­չու­թեան ազ­գա­յին ա­կունք­նե­րը յայտ­նա­բե­րե­լու եւ ա­րո­ւես­տա­բա­նա­կան ար­ժե­ւոր­ման են­թար­կե­լու բնա­գա­ւա­ռը ե­ղաւ։ ­Թէ՛ ազ­գա­յին մեր ան­կորն­չե­լի գան­ձե­րուն ու­սու­ցա­նո­ղը ե­ղաւ, թէ՛ հա­յոց ա­րո­ւեստ­նե­րու վե­րա­նո­րոգ­ման շար­ժու­մին նա­խա­ձեռ­նո­ղը դար­ձաւ։

Գա­րե­գին ­Լե­ւո­նեա­նի հա­մար նոյն­քան կա­րե­ւոր ներդ­րու­մի բնա­գա­ւառ հան­դի­սա­ցան հայ մա­մու­լի եւ տպագ­րու­թեան գի­տա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւ­նը, հա­ւա­քումն ու հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը։

Այդ պատ­կա­ռե­լի վաս­տա­կին առ ի գնա­հա­տանք՝ մեծ բա­նաս­տեղծ Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեան հե­տա­գա­յին պի­տի վկա­յէր, որ՝
«­Գա­րե­գին ­Լե­ւո­նեա­նի ընդգր­կու­մը լայն էր, հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րը՝ բազ­մա­զան, ծրագ­րե­րը՝ շատ։ ­Նա տաս­նեակ տա­րի­նե­րի ըն­թաց­քում, իր ան­խոնջ գոր­ծու­նէու­թեամբ յի­շեց­նե­լով ժրա­ջան մե­ղո­ւին, հա­ւա­քել եւ կու­տա­կել է ա­հա­գին փաս­տա­կան նիւթ, գրքեր։ Ար­խիւ­նե­րից, փո­շի­նե­րի տա­կից, մի խօս­քով՝ ան­յայ­տու­թիւ­նից լոյս աշ­խարհ է բե­րել բազ­մա­թիւ փաս­տեր ու տո­ւեալ­ներ…»։

­Գա­րե­գին ­Լե­ւո­նեան ի­րա­ւամբ կը հան­դի­սա­նայ ու եր­կար ժա­մա­նակ պի­տի յի­շա­տա­կո­ւի իբ­րեւ ­Հայ Մ­­շա­կոյ­թի ան­կորն­չե­լի գան­ձե­րուն մե­ծա­վաս­տակ հե­տա­խոյզն ու տե­սա­բա­նը։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2016