ՄՈՍԿՈՒԱ ԵՒ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԿՐՆԱՆ ՊԱՐՏՈՒԻԼ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

Հա­լէ­պի պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թեան ու ա­նոր դե­րին մա­սին շատ գրուած է: Մենք՝ հա­յերս կը հա­ւա­տա­յինք, ու դեռ ալ կը հա­ւա­տանք, որ Հա­լէ­պը մե­զի հա­մար միայն կա­րե­ւոր տեղ մը ու­նի:

Բա­ց աս­տի, այս քա­ղա­քի պատ­մու­թիւ­նը, ա­նոր վեր­ջին գրե­թէ հա­րիւր տա­րուան ան­ցեա­լը, ա­նոր հրա­պա­րակ­նե­րը, երկ­նաս­լաց գմբէթ­նե­րով ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, պատ­մա­կան բեր­դը ու քա­ղա­քի հին ու նեղ փո­ղոց­նե­րը յա­տուկ ի­մաստ հա­գած են մե­զի հա­մար։ Բա­ցի այս բո­լո­րէն ակ­նե­րեւ է նաեւ, որ Հա­լէպ քա­ղա­քը մի­ջազ­գա­յին հա­մայ­նա­պատ­կե­րին վրայ ու­նի իր ու­րոյն կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը:

Հա­լէ­պը այ­սօր կը ներ­կա­յա­նայ որ­պէս սու­րիա­կան ա­րիւ­նա­լի պա­տե­րազ­մի հիմ­նա­կան գոր­դեան հան­գոյց։

Հոն է, որ ճա­կա­տագ­րա­կան բա­խում­նե­րէն ու ռազ­մե­րէն զատ ստեղ­ծուած է ջրբա­ժա­նա­յին ի­րա­կա­նու­թիւն մը, ուր աշ­խար­հի եր­կու հզօր­նե­րը՝ Ո­ւա­շինկ­թըն եւ Մոս­կուա «կը ճա­կա­տի­ն» ի­րա­րու դէմ:

Մինչ Մոս­կուա իր ամ­բող­ջա­կան նե­րու­ժը ներդ­նե­լով վճռած է Հա­լէ­պը «մաք­րե­լ» ընդ­դի­մա­դիր զի­նեալ­նե­րէն, ան­դին Ո­ւա­շինկ­թըն սպա­սուած քայ­լով մը ոտ­քի կը կանգ­նի եւ կը պա­հան­ջէ եօթ օ­րուան հրա­դա­դար մը:

Ա­նա­չառ ըլ­լա­լու հա­մար տե­ղին է յի­շեց­նել, որ 25 Օ­գոս­տո­սին, եր­կու հզօր­նե­րուն միջ­նոր­դու­թեամբ, Ժը­նե­ւի մէջ կա­յա­ցուած հրա­դա­դա­րի հա­մա­ձայ­նու­թե­նէն աս­դին Հա­լէ­պը մի քա­նի ա­ռիթ­նե­րով «փոր­ձու­թեան գօ­տի» ե­ղաւ ռու­սե­րուն հա­մար:

Ճիշդ է, որ Տէր Զօ­րի մէջ պա­տա­հած դէպ­քե­րը (18 Սեպ­տեմ­բեր) ուղ­ղա­կիօ­րէն ռու­սա­կան ու­ժե­րուն դէմ չէին, բայց եւ այն­պէս Մոս­կուա­յի հիմ­նա­կան մտա­հո­գու­թիւ­նը ժամ ա­ռաջ այս տագ­նա­պէն դուրս գա­լու ճա­նա­պար­հը բա­նալն է:

Ինչ­պէս Ո­ւա­շինկ­թըն, այն­պէս ալ Մոս­կուա ու­նին հիմ­նա­կան մտա­հո­գու­թիւն մը: Ա­նոնց հա­մար այդ­քան ալ կա­րե­ւոր չէ այս տագ­նա­պին լրու­մի մը հաս­նի­լը, հա­պա ի­րենց ու­ժե­րուն հոն այդ «ա­րիւ­նոտ ցե­խե­րու­ն» մէջ չխրուի­լը:

Հարկ է նշել, որ Օ­գոս­տո­սի 25-ին հաս­տա­տուած հրա­դա­դա­րը մի քա­նի ա­ռիթ­նե­րով կը ցնցուէր: Այդ ցնցում­նե­րէն ա­մե­նէն ե­րե­ւե­լին տե­ղի կ՚ու­նե­նար Սեպ­տեմ­բե­րի 16-ին, երբ սու­րիա­կան ու­ժե­րու Քաս­թե­լօ շրջա­նէն քա­շուե­լէն եւ ռու­սա­կան ու­ժե­րու այդ­տեղ տե­ղա­կա­յ­ւե­լէն ետք՝ ընդ­դի­մա­դիր խմբա­ւո­րում­ներ տար­բեր ե­ղա­նակ­նե­րով ոչ միայն կը խա­փա­նէին ՄԱԿ-ի մար­դա­սի­րա­կան շա­րա­սիւ­նին ա­րե­ւե­լեան Հա­լէպ մուտք գոր­ծե­լը, այլ կրակ կը բա­նա­յին Սու­րիոյ օ­րի­նա­կան բա­նա­կի դիր­քե­րուն ուղ­ղու­թեամբ:

Մոս­կուա, որ բա­ւա­կան մեծ ճնշում­ներ գոր­ծադ­րած էր Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն վրայ՝ պահ­պա­նե­լու հրա­դա­դա­րը եւ հե­ռու մնա­լու յա­ւե­լեալ գրգռու­թիւն­նե­րէ, կը յայտ­նուէր յու­սա­խա­բու­թեան մէջ:

Բա­ցի այդ, տե­ղի կ՚ու­նե­նա­յին Տէր Զօ­րի դէպ­քե­րը, ուր ըստ Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն ա­մե­րի­կեան օ­դու­ժի հարուա­ծով կը սպան­նուէին սու­րիա­կան բա­նա­կի 82 զի­նուոր­ներ: «Սա­նա» լրա­տուա­կան գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­մա­ձայն, Օ­գոս­տո­սի հրա­դա­դա­րէն մին­չեւ Սեպ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ջին կէ­սը կը զո­հուէին բա­նա­կի 162 զի­նուոր­ներ եւ կա­ռա­վա­րա­կան մար­մին­նե­րուն կար­ծի­քով՝ այս թի­ւը կը հա­մա­րուէր բա­ւա­կան ցնցիչ:

Ուրեմն, Մոս­կուա­յի հա­մար Տէր Զօ­րի դէպ­քե­րը ցոյց կու տա­յին, որ Ո­ւա­շինկ­թըն կը մի­տի ազ­դե­ցու­թեան նոր գօ­տի­ներ ու­նե­նալ այլ վայ­րե­րու մէջ եւ ձե­ւով մը օգ­տուիլ հրա­դա­դա­րի դրու­թե­նէն:

Վե­րա­դառ­նա­լով Հա­լէ­պին՝ պէտք է նշել, որ եր­կու հզօր­նե­րուն վէ­ճի հիմ­նա­կան նիւ­թը ընդ­դի­մա­դիր­նե­րու դա­սա­կար­գու­մի խնդիրն էր ու այդ պատ­ճա­ռով էր նաեւ, որ շա­բաթ մը ա­ռաջ մար­տե­րը դար­ձեալ կը սաստ­կա­նա­յին Հա­լէ­պի շուրջ: Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հա­մար կեն­սա­կան էր գոր­ծակ­ցիլ, այս­պէս ը­սած, «չա­փա­ւո­րա­կա­ն» ընդ­դի­մա­դիր զի­նեալ խմբա­ւո­րում­նե­րուն հետ ու ա­նոնց բեր­նին դնել «ա­մե­րի­կեան լե­զու» մը: Իսկ Մոս­կուա վճռած էր ա­մէն գնով «այ­րե­լ» եւ «մաք­րե­լ» ա­րե­ւե­լեան Հա­լէ­պի ամ­բողջ հա­տուա­ծը: Ի­րադ­րու­թիւ­նը կը թէ­ժա­նար, երբ Սու­րիոյ բա­նա­կի ջո­կատ­ներ մուտք կը գոր­ծէին Հին Հա­լէ­պի «Ալ Ֆա­րա­ֆը­ր» շրջա­նը, այդ­պէ­սով ստեղ­ծե­լով հատ­ման գիծ մը եւ կտրե­լով ընդ­դի­մա­դիր խմբա­ւո­րում­նե­րու միակ կա­պի ու պա­րէ­նի ճամ­բան:

Յայտ­նի էր նաեւ, որ ռուս բարձ­րաս­տի­ճան սպա­նե­րու միջ­նոր­դու­թեամբ պատ­րաս­տուած էր «օ­ղակ գոր­ծո­ղու­թիւ­ն» մը, պա­շար­ման տակ առ­նե­լու հա­մար Հա­լէ­պի ընդ­դի­մա­դիր խմբա­ւո­րում­նե­րը:

Այս բո­լո­րէն բա­ցի կար նաեւ Մոս­կուա­յի կա­րե­ւոր մէկ մտադ­րու­թիւ­նը, ըստ ո­րու Քրեմ­լին պի­տի փոր­ձէր ա­մէն գնով Սու­րիոյ մէջ նոր կա­ցու­թիւն մը ստեղ­ծել եւ այս ալ՝ նախ­քան յա­ռա­ջի­կայ Նո­յեմ­բե­րին Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէ ներս կա­յա­նա­լիք նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը: Ու այդ փո­փո­խու­թեան դաշ­տը բնա­կա­նա­բար Հա­լէպն էր ոչ միայն քա­ղա­քին ու­նե­ցած նշա­նա­կու­թեան հա­մար, այլ պարզ ա­նոր հա­մար, որ Հա­լէ­պը ընդ­դի­մա­դիր­նե­րէ զերծ պա­հե­լով կամ «մաք­րե­լո­վ»՝ պի­տի ստեղ­ծուէր ընդ­հա­նուր նոր ի­րադ­րու­թիւն մը երկ­րին մէջ: Դա­մաս­կո­սէն, Հոմ­սէն եւ Հա­մա­յէն ետք Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն գոր­ծը կը դիւ­րա­նար եւ կը մնար հիմ­նա­կան պայ­քա­րը ՏԱ­ՀԷՇ խմբա­ւոր­ման դէմ, ո­րուն դէմ կազ­մուած մի­ջազ­գա­յին դա­շին­քին ձեռք ե­ր­կա­րե­լով ռու­սե­րը պի­տի տա­նէին ռազ­մա­վա­րա­կան կա­րե­ւոր յաղ­թա­նակ մը եւ ա­ւե­լին:

Նման տագ­նա­պը ի­րո­ղա­պէս պի­տի տա­րուէր քա­ղա­քա­կան գե­տին, ուր տար­բեր բա­նա­ձե­ւում­նե­րով, տար­բեր մօ­տե­ցում­նե­րով եւ տար­բեր լու­ծում­նե­րով կա­րե­լի պի­տի ըլ­լար մտնել նոր փուլ:

Մոս­կուա­յի հա­մար այս քայ­լե­րուն շեշ­տա­կիու­թիւ­նը կը դառ­նար ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն, ան­շուշտ ա­պա­հո­վե­լէ ետք Ան­գա­րա­յի «լռե­լեայ­ն» նե­ցու­կը։ Այդ հա­մա­ձայ­նու­թեան ար­դիւն­քին պար­զե­լու Սու­րիա-Թուր­քիա սահ­մա­նա­յին հատուած­նե­րուն գտնուող քիւր­տե­րու ընդ­հա­նուր ի­րա­վի­ճա­կը եւ հոն ալ նոյն­պէս հիմ­նա­րար լու­ծում­ներ ո­րո­նե­լու:

Ա­հա այս մթնո­լոր­տին մէջ էր նաեւ, որ կը սաստ­կա­նար Հա­լէ­պի ի­րադ­րու­թիւ­նը:

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Մա­րիա Զա­խա­րո­վա ոչ միայն ա­նըն­դու­նե­լի կը նկա­տէր ա­մե­րի­կա­ցի պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու կա­տա­րած Սու­րիոյ հար­ցով Ո­ւա­շինկ­թը­նի Մոս­կուա­յի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան դադ­րեց­ման մա­սին «սպառ­նա­լի­ք­»ը, այլ ա­ւե­լի՛ն: Ան խօ­սած էր Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րիի կա­տա­րած մէկ յայ­տա­րա­րու­թեան մա­սին, ո­րու ըն­թաց­քին ա­մե­րի­կա­ցի պաշ­տօ­նա­տա­րը ա­ռանց բա­ռե­րը ծամծ­մե­լու կը յայտ­նէր, թէ ե­թէ Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մը շա­րու-­նա­կուի, ա­պա տագ­նա­պը կրնայ այդ երկ­րի շրջա­նա­կէն դուրս գա­լով հաս­նիլ մին­չեւ Ռու­սաս­տա­նի դռնե­րը:

Այս խօս­քը իր մէջ կը պա­րու­նա­կէր բազ­մի­մաստ ե­րե­սակ­ներ եւ ըստ ռուս մէ­կէ ա­ւե­լի պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու, նման խօսք մը հե­ռու չէր ար­մա­տա­կան խմբաւո­րում­նե­րուն առ­ջեւ դէ­պի ռու­սա­կան հո­ղեր ճա­նա­պարհ ցոյց տա­լու «փոր­ձու­թե­նէն»:

Այս յայ­տա­րա­րու­թեանց փո­խա­րէն, թէ ինչ­քա­նո՞վ տե­ղին են ռուս պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու ար­տա­յայ­տած մտա­վա­խու­թիւն­նե­րը ցարդ յստակ չէ, սա­կայն պարզ կը դառ­նայ, որ ա­մե­րի­կա­ցիք պատ­րաստ են ի­րենց ու­նե­ցած բո­լոր գոր­ծօն­նե­րը օգ­տա­գոր­ծել «ցնցի­չ» պատ­գամ մը տա­լու հա­մար Քրեմ­լի­նի ղեկավարնե­րուն:

Բա­ցի այդ եւ ըստ ա­մե­րի­կեան Wall Street Journal-ին, ա­մե­րի­կա­ցի զի­նուո­րա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­ներ Սու­րիոյ հար­ցով պատ­րաս­տած են երկ­րորդ ծրա­գիր մը: Այդ ծրագ­րե­րուն մէջ կայ Ա­մե­րի­կա­յի Սու­րիոյ բա­նա­կը եւ պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րը հա­րուա­ծե­լու նա­խագ­ծեր՝ այս ան­գամ երկ­րի մայ­րա­քա­ղա­քին՝ Դա­մաս­կո­սի մէջ:

Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա այս ա­ռու­մով հրա­պա­րա­կաւ թե­լադ­րանք­ներ տա­լով՝ պա­հան­ջած էր ա­պա­հո­վա­կան բարձ­րա­գոյն մար­մին­նե­րէ պատ­րաստ ըլ­լալ Սու­րիոյ մէջ ո­րե­ւէ զար­գա­ցման եւ գոր­ծի դնել Սու­րիոյ հա­մար պատ­րաս­տուած «այ­լընտ­րան­քա­յին ծրագ­րե­ր»:

Սու­րիան ա­րիւ­նա­գամ ը­նող ա­րիւ­նա­լի ու վայ­րագ պա­տե­րազ­մը մտած է կա­րե­ւոր փուլ մը:

Տե­ղի կ­­՚ու­նե­նայ մեծ լա­րում: Ո­ւա­շինկ­թըն եւ Մոս­կուա «կը ճա­կա­տի­ն» Հա­լէ­պի մէջ, մինչ եւ­րո­պա­կան ըն­տա­նի­քը բա­ւա­կան ա­նո­րոշ հա­յեաց­քով կը հե­տե­ւի զար­գա­ցում­նե­րուն, կորսն­ցու­ցած ըլ­լա­լով գետ­նի վրայ ազ­դե­ցու­թեան լծակ­ներ ու­նե­նա­լու բո­լոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը:

Այ­սօր Սու­րիոյ մէջ հիմ­նա­կան խա­ղա­ցող­նե­րը նպա­տակ չու­նին պա­տե­րազ­մը դադ­րեց­նե­լու, այլ մար­տե­րը կը մղուին հա­կա­մար­տու­թեան կող­մե­րուն մի­ջեւ նոր «սահ­ման­նե­ր» գծե­լու:

Ռու­սա­կան ա­րագ քայ­լե­րուն դի­մաց Ո­ւա­շինկ­թըն կը փոր­ձէ ա­մէն գնով ար­գե­լակ դնել:

Յստակ ալ չէ, որ կը յա­ջո­ղի: Յստակ չէ նաեւ, որ Ռու­սաս­տա­նի Հա­լէ­պի հա­մար մշա­կած ծրա­գի­րը ինչ­քա­նով պի­տի յա­ջո­ղի:

Մտա­հո­գի­չը կող­մե­րէն ո­րե­ւէ մէ­կուն բա­ցո­րոշ յաղ­թա­նա­կն է:

Ու Սու­րիոյ մէջ Մոս­կուա­յի կամ յո­ռե­գոյն պա­րա­գա­յին Ո­ւա­շինկ­թը­նի յաղ­թա­նա­կը կը նշա­նա­կէ նոր պա­տե­րազմ­նե­րու սկիզբ, գու­ցէ այլ տա­րածք­նե­րու մէջ ու շատ հա­ւա­նա­բար ա­ւե­լի վայ­րագ ու ա­րիւ­նա­լի:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2016