ՎԼԱՏԻՄԻՐ Փու­թին Եւ Վստա­հուած Ան­ձե­րը

Երբ խօսքը կը վերաբերի հարստութեան բաժանումին, Ռուսաստան աշխարհի ամենէն անհաւասարակշիռ հիմնական երկիրներէն մէկն է: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն քառորդ դար ետք դրամատիրութիւնը վրէժխնդրութեամբ ժամանեց: Կարգ մը մարդոց եկամուտները զգալի աճ արձանագրեցին, բայց կասկածելի սեփականաշնորհման պատկերները, օրէնքի թոյլ իրավիճակը, բնական աղբիւրներու արտահանումէն կախուածութիւնը եւ քաղաքական ճարպիկութիւնը թոյլ տուին, որ սակաւապետներու փոքր դաս մը ձեռք բերէ երկրի հարստութեան հսկայական մասը:

Միայն իրենք իրենց պարտական՝ սակաւապետները վերահսկուած են Վլատիմիր Փութինի նախագահութենէն ի վեր: Երկարատեւ ղեկավարը փոխադարձ շահի համաձայնութիւն մը գոյացուցած է. քաղաքականութիւնը ինծի ձգեցէք, աջակցեցէք, երբ որ ձեզի պէտք ունենամ, եւ դուք կրնաք պահել, նոյնիսկ աւելցնել ձեր հարստութիւնը:

Բայց Ռուսաստանի նոր հարստութեան պատմութեան մէկ մասը բացակայ է, ինչ կը վերաբերի Փութինի հարստութեան:

Վերջերս տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, պատասխանելով իր ունեց-ւածքներուն մասին հարցումին, ան արձագանգեց քմծիծաղով եւ հեգնական ժպիտով մը. «Ես չունիմ այն հարստութիւնը, որ ինծի կը վերագրեն»:

Իրականութեան մէջ Ռուսաստանի ղեկավարը հանրածանօթ է ինքզինք «պաշտօնապէս» մաքուր պահելու համար: Սակայն զգալով, որ աւելի մանրամասնութիւններ կան այս պատմութեան մէջ, «Օ.Սի.Սի.Ար.Փի»ն եւ անոր երկարատեւ գործընկեր «Նովայա Կազեթան» պրպտեցին աւելին իմանալու համար եւ միացուցին Վլատիմիր Փութինի կարգ մը ընկերներու, ընտանիքի եւ ներքին շրջանակի ունեցուածքները:

Այս մարդոցմէ ոմանք կը ղեկավարեն կամ մեծ բաժիններ ունին մեծ ընկերութիւններու մէջ: Ոմանք կապուած են Ռուսաստանի շահութաբեր բնական պաշարներու մարզին: Իրենց տնտեսական յաջողութեան մէկ ընդհանրութիւնը իրենց կապն է նախագահին հետ:

Կայ աւելի փոքր, աւելի խորհրդաւոր խումբ մը՝ վստահուած անձեր, որոնք յստակ բացատրութիւն չունին իրենց թաքնուած հարստութեան մասին, որ բացայայտուեցաւ լրագրողներու կողմէ: Անոնք Կը պնդեն, որ իրենք գործարարներ չեն, ծանօթ չեն հանրութեան եւ կարգ մը պարագաներու կ՚ըսեն, որ շատ գաղափար չունին իրենց անուններուն տակ արձանագրուած հարստութեան վերաբերեալ: Նորէն ունին մէկ ընդհանրութիւն. անոնք Փութինի ազգականները կամ մանկութեան ընկերներն են:

Այս վստահուած անձերուն հարստութեան կրնայ տրուիլ պարզ բացատրութիւն մը. անոնց դրամը կրնայ իսկապէս Փութինի դրամը ըլլալ: Բայց Ռուսաստանի մէջ ոչինչ պարզ է:

ՔԱՐՏԷՍԻ ՎՐԱՅ ԴՆԵԼ ՓՈՒԹԻՆԻՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԵՒ ՆԵՐՔԻՆ ՇՐՋԱՆԱԿԸ

Ըստ «Օ.Սի.Սի.Ար.Փի»ի հաշիւներուն եւ «Ֆորպզ 2017»ի վարկանիշներուն, Փութինի ներքին շրջանակի՝ ընտանիքի անդամներ, հին ընկերներ եւ ընկերներ, որոնք ընտանիքի անդամներ դարձած են՝ հարստութիւնը կը կազմէ մօտաւորապէս 24 միլիառ տոլար: Անոնց ամենէն յաջող գործերը կապուած են պետականօրէն վերահսկուող քարիւղի կամ՝ կազի մարզին հետ, կամ այլ պետական ընկերութիւններու:

Այս ցուցակի մէջ երեք հոգի՝ Միխայիլ Շելլոմով, Սերկէյ Ռոլտըկին եւ Փիոթր Քոլպի կը ձեւաւորեն իրենց սեփական նմոյշը: Թէեւ անոնք մեծ ունեցուածքներու տէր են, սակայն անոնք հեռու կը մնան հանրութեան աչքէն, կարծես՝ հիմնականին մէջ տեղեակ չեն իրենց սեփական ընկերութիւններուն մասին եւ դժուարութեամբ կը բացատրեն իրենց հարստութեան աղբիւրներուն մասին: Ասիկա, նախագահին հետ անոնց անձնական կապերուն զուգահեռ, հարց կը բարձրացնէ, որ արդեօք անոնց ունեցուածքները իսկապէս իրե՞նց կը պատկանին, թէ՞ անոնք պարզապէս իրենց վստահուած են:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2017