Չեմ Սիրեր Երբ…
Ի՞նչպէս կ՚ընկալենք մեր շրջապատն ու մեր անձը: Ի՞նչպէս կ՚ընկալենք աշխարհը: Մե՞ր աչքերով: Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ ըսել «մեր աչքերով»:
Մարդու մօտեցումներու, ընկալումներու եւ աշխարհահայեացքի ձեւաւորման մէջ դերակատար են բազմաթիւ գործօններ: Այստեղ հասարակական - հոգեբանական հարց չքննարկենք: Տեղը չէ, ոչ ալ ես նպատակ ունիմ ընելու ատիկա: Բայց առօրեայ մեր կեանքի ընթացքին՝ «հեռու եւ մօտիկ ընկերներու» հետ շփման ժամանակ, իրենց հետ հեռու եւ մօտիկ «զրոյց ունենալու» ատեն կրնաս զգալ եւ գիտնալ շատ բան… Թէ ինչքանո՛վ իրենք իրենց ու աշխարհը կը զգան ու կը տեսնեն իրենց աչքերով:
Գի՞րքը, ստացած տեղեկութիւննե՞րը, առհասարակ ընթերցանութի՞ւնը: Այո՛, թերեւս, կամ՝ անպայման դեր ունին մեր մտքերու ձեւաւորման մէջ: Բայց ո՞ր մէկն է վատը: Երբ կարդացուածը կ՚իւրացնենք ոչ թէ մեր մէջ այդ համոզումները խորացնելով (որ պիտի ունենայ սեփական փորձի հիմք), այլ այսինչ կամ այնինչ մեծանուն եւ համբաւ ունեցող մարդու ընկալած ճշմարտութիւնը միայն մէջբերելով (այդ ճշմարտութիւնը հիմք ունի նոյն այդ անհատի կենսափորձի մէջ): Որեւէ գէշ բան չկայ ուրիշներու (եւ մեծերու) մտքերուն հետ ծանօթանալու մէջ, այդ մէկը մասամբ լաւ է անպայման: Բայց երբ այս տողը ըսենք ու կրկնենք միայն անոր համար, որ ըսած է այսինչ ու այնինչ հռչակաւոր անձը, ահա ասիկա է, որ կը դառնայ անհաղորդ ու անհրապոյր, բան մը, որ կը զգաս հեռուէն կամ մօտիկէն՝ «հեռու եւ մօտ ընկերներէն» եւ բոլորէն՝ առհասարակ: Ինչ, որ սխալ բան մը կայ այստեղ: Կարելի չէ ո՛չ հաւնիլ, ոչ ալ չհաւնիլ ուրիշի մը ըսած ճիշդ խօսքը, որ, այս պարագային, հարցին ոչ-մէկ առընչութիւն ունեցող անձը կ՚ըսէ:
Եւ թող չիյնանք ծայրայեղութիւններու գիրկը: Պէտք չէ ամէն մարդ իր կեանքին մէջ փորձէ այն ամէնը, ինչ որ կատարած է մարդկութիւնը՝ իր ծննդեան օրէն սկսած: Կրակի գիւտ պէտք չէ ընել կամ, ինչպէս կ՚ըսեն Հայաստանի մէջ (հաւանաբար ռուսերէնէն թարգմանուած է), պէտք չէ նորէն հեծանիւ յօրինել: Այո՛, պէտք չէ անգամ մը եւս ապրիլ ամբողջ մարդկութեան կենսափորձը: Բայց այստեղ կայ շատ կարեւոր հարց մը՝ կապուած մարդու աշխարհընկալումին ու աշխարհահայեացքին, որ մտային է, հոգեկան է, բարոյական է, եւ այս հարցերուն պարագային մարդկութիւնը չէ հասած վերջակէտին: Ինչպէս որ ամէն օր զարգացող մեր աշխարհը չէ հասած իր ստեղծագործութիւններու աւարտին: Մէկը միւսի հետ փոխկապ-ւած է: Ստեղծարար միտքն ու հոգին կը ստեղծեն նոր աշխարհ, եւ ստեղծարար միտք ու հոգի ունենալու համար բաւական չէ կարդալ ու ծանօթանալ մեծերու խօսքերուն ու իրենց եզրակացուցած ճշմարտութիւններուն հետ (ինչքան ալ այդ եզրակացուցածը ճիշդ ըլլայ ու ճշմարիտ): Բաւական չէ: Այդ մեզի կ՚օգնէ շատ բան գիտնալ իրենց հոգեկան աշխարհի եւ մտայնութեան մասին, բայց չէ՞ որ այդ հոգին իրենցն է եւ ոչ մերը: Եւ ինչքան ալ բուռն ու խանդավառ մէջբերենք այդ միտքերը, ինչքան ալ հիանանք այդ միտքերով, եթէ մեր քով կը պակսի անոնց նկատմամբ անկեղծ հաւատքը, եթէ մենք մեր ամբողջ հոգիով ու էութեամբ չենք ընդունիր անիկա՝ որպէս մեզմէ մաս մը, մէկ է, ըսուած խօսքն ու ճշմարտութիւնը կը դառնայ միայն կեղեւ՝ միջուկէն պարպուած:
Այո՛, անառարկելի են ուղենշային շատ խօսքեր ու ճշմարտութիւններ: Բայց փակե՞նք մեր մտքի սահմանները՝ մնալով գիրքերու սահմաններուն մէջ: Ու պարտադրե՞նք գրքերէն մեր սորվածը մեզի ու մարդկային հասարակութեան: Ասիկա է, որ դատապարտելի է ու խնդրայարոյց: Թերեւս մաքառինք մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին՝ գիտնալու համար աշխարհի եւ մարդկութեան գոյութեան իմաստը: Թերեւս ամբողջ կեանք մը տեւէ գիտնալու ատիկա, եւ վերջաւորութեան եզրակացնենք նոյնը, ինչ որ եզրակացուցած են մեր մեծերը: Բայց չէ՞ որ այդ մաքառումներու արդիւնքը ապրած կեանքով մեր եզրակացուցածը նոյն ինքը ԿԵԱՆՔՆ է ու ԿԵԱՆՔԻ ԳԱՂՏՆԻՔԻ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄԸ, որ մեզի համար հաւասար է նոր գիւտի, նոր ձեռքբերման հետ՝ անվերջանալի պայքարի շնորհիւ :
Ո՛չ անիմաստ կրկնենք ուրիշի ապրած կեանքը, ո՛չ ալ բաւարարուինք ուրիշի եզրակացութիւնը՝ որպէս մերը ընդունելով, երբ այդ զգացումն ու ընկալումը չենք ապրած իւրովի ու մեր սեփական կեանքով: Ստեղծենք ՄԵՐԸ՝ մեր ունեցած հնարաւորութիւններով ու կարելիութիւններով: Մեր իրական ձեռքբերումն է ՄԵՐԸ, այլապէս գիրքերու աշխարհը թափառելով եւ այդ աշխարհին ոչ մէկ բան աւելցնելով՝ կը մնանք լաւ քարոզող ու լաւ ճառախօսող, որ գոնէ ինծի պէտք չէ ատիկա, եւ չեմ ուզեր այդ վիճակին մէջ մնան (կամ մատնուին) իմ «հեռու եւ մօտիկ ընկերները»:
Այո՛, ծանօթանանք այլոց ընկալումներուն, կարդանք շատ, ուսումնասիրենք շատ, բայց մտքի ազատութիւն տանք մեզի՝ ապրելու եւ արարելու մերը, որ թերեւս վեր ըլլայ մինչեւ այսօր եղած շատ ընկալումներէ ու գաղափարներէ: Տանք ազատութիւն՝ աշխարհը տեսնել ոչ թէ գիրքերու աշխարհէն իւրացուցած օրէնքներով ու չափորոշիչներով, այլ մեր կարդացածը խթան համարենք մեր սեփականը կառուցելու համար: Թող որ այդ մէկը ըլլայ չնչին, ըլլայ աննշան, բայց մերը ըլլայ՝ հեռու բոլոր տեսակ կեղծ կրկնութիւններէ ու մէջբերումներէ, հեռու բոլոր տեսակ ճառերէն ու քարոզներէն: Մեծերուն նմանելու եւ կատարեալ ըլլալու համար, չսխալելու համար չկասեցնենք մեր մտքի թռիչքը, չկասեցնենք մեր մտքի ազատութիւնը: Եւ միայն այդ պարագային, ինչքան ալ թերի ըլլայ մեր եզրակացութիւնը, կ՚ընկալուի մարդոց հոգիով ու սրտով, որ անհրապոյր չի կրնար ըլլալ եւ անպայման իր ազդեցութիւնը կ՚ունենայ մեր շրջապատին վրայ, «հեռու եւ մօտիկ ընկերներու» մօտ եւ… աշխարհի մէջ:
ՌՈՒԲԻՆԱ ՄԱՀՏԵՍԻ ՕՀԱՆԵԱՆ