ԹԵՀՐԱՆԻ ԱՌՋԵՒ ԴՐՈՒԱԾ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐԸ … ԵՒ ԻՐԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԻՃԱԿԸ
Ուաշինկթընի իրական պահանջները՝ Թեհրանէն…
Իրանի Հանրապետութեան համար «նախատեսուած» ամերիկեան պատժամիջոցներու նոր ծրարը արդէն իսկ մտած է գործադրման փուլ։ Բոլորին յայտնի է, որ տնտեսական հիմքով այս պատժամիջոցները ունին մէկ հիմնական նպատակ. «ծունկի բերել» Իրանի գործող իշխանութիւնները եւ նոյն առումով ալ ստիպել իրանցիներուն, որպէսզի ամէն կերպով տեղի տան ու զիջումներ կատարեն յատկապէս արտաքին ճակատին վրայ։
Ծանօթ է, որ Միացեալ Նահանգներ շատ ալ շահագրգռուած չէ Իրանի ներկայ չարակարգի փոփոխութեամբ։
Եթէ իրապաշտ մօտեցում մ՚ունենանք, ապա արագօրէն պիտի կ՚ողմորոշուինք եւ ընդունինք, թէ ամերիկացիներուն համար ոչ թէ «հետաքրքրական» չէ Իրանի վարչակարգին տապալումը, այլեւ այդ կապակցութեամբ յստակ անկարելիութեան մթնոլորտը արդէն իսկ համոզած է զանոնք, որ ներկայիս այդպիսի առաջադրանք մը գրեթէ անկարելի է։ Եւ այս «անկարելիութեան» պատճառով է նաեւ, որ ամերիկացիք դիմած են «plan B»ի մը, որն է ստիպել իրանցիները, որպէսզի վերատեսութեան ենթարկեն իրենց արտաքին քաղաքականութիւնը։
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երբ Սպիտակ տուն հասաւ, առիթ չէր բախցներ քննադատութիւններ ուղղել Իրանին ու զանոնք «համեմել» մարդկային իրաւանց հարցերու վերաբերեալ իր դիտարկումներով, նաեւ խրատել իրանցի ժողովուրդը, որպէսզի ամէն գնով փողոց իջնէ եւ տապալէ 1979 թուականին յեղափոխութեամբ իշխանութեան հասած երկրի ղեկավարութիւնը։ Ճիշդ է նաեւ, որ Իրանի ներկայ իշխանութիւնները իրենց նախորդներուն նման արմատական չեն, սակայն ամէն պարագայի տեղ մը անոնք անցեալի իշխանութիւններու շարունակութիւնն են, ինչպէս նաեւ իրանեան իսլամական յեղափոխութեան «տէրն ու ծառաները»։
Վերադառնալով Թեհրանին վրայ ճնշումներ բանեցնելու մօտեցումներուն, ապա բոլորին հասկնալի է, որ այսօր Ուաշինկթընի համար թիւ մէկ խնդիր է՝ ապահովել Իսրայէլի թիկունքը։ Պատճառը աւելի քան հասկնալի ու բացորոշ է։ Իրան կը շարունակէ զինուորական կարեւոր ներկայութիւն ըլլալ Սուրիոյ մէջ եւ իրանցիք կը շարունակեն առաջուան թափով զինել ու մարզել սուրիական պատերազմին մէջ մեծ գործօն համարուող լիբանանեան «Հիզպուլլահ»ը։ Աւելի՛ն. Թեհրանի կեդրոնական ղեկավարութեան վերնախաւը Սուրիոյ մէջ կը փորձէ կիրառել խաղի նոր կանոններ՝ զանազան առիթներով կը խօսի Կոլանի շուրջ զինուորական կայաններու մասին, որոնք պիտի ղեկավարուին «Հիզպուլլահ»ի մասնայատուկ ուժերու կողմէ։
Այս նիւթը վերջերս տարածում գտաւ Իսրայէլի զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մէջ, ինչ որ մեծ անհանգստութիւն պատճառեց՝ առանց այդ ալ ներքին ճնշումներու տակ յայտնուած երկրի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուին։
Չմոռնանք, որ Կոլանի մէջ զինուորական փոփոխութիւններու մասին հրապարակուած տեղեկութիւններուն զուգահեռ, Թել Աւիւ ծանր հարուած կը ստանար Կազզէի զարգացումներէն, որոնց հետեւանքով ալ Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարար Աւեկտոր Լիպերման ստիպուեցաւ հրաժարիլ իր պաշտօնէն։ Եթէ նկատի ունենանք այս բոլոր տուեալները՝ յստակ կը դառնայ, թէ ինչ հանգամանքներով ամերիկացիք, մասնաւորապէս նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը, ամէն գնով կ՚ու-զեն ընկճել Իրանը եւ Թեհրանէն պահանջել՝ վերատեսութեան ենթարկել իր արտաքին քաղաքականութիւնը, յատկապէս Սուրիոյ նիւթին վերաբերեալ։
Անշուշտ յստակ է նաեւ, որ Սուրիոյ բաւականին խնդրայարոյց թղծածրարներուն առընթեր, այսօր գոյութիւն ունի Մոսկուա-Թեհրան որոշակի տարակարծութիւն։ Իբր այդ ալ Ռուսաստանի համար Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի դէմ ձեռք առնուած ճնշումները այսօրուան կտրուածքով ընդհանուր իրավիճակը մեղմելու լաւագոյն փորձեր են։
«ՊԱՐՍԿԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԷՆ ՆՈՐ ԱՐՏԱԳԱՂԹԻ ՉԻ ՍՊԱՍՈՒԻՐ»
Աւելի մօտէն իրազեկ դառնալու համար իրանահայութեան այսօրուան իրավիճակին, յաջողեցայ կարճ զրոյց մը ունենալ Թեհրանի մէջ հրապարակուող միակ հայկական օրաթերթի՝ «Ալիք»ի խմբագիր Դերենիկ Մելիքեանին հետ, որուն ամփոփումը կը ներկայացնեմ ստորեւ.
Դերենիկ Մելիքեան կը հաւատայ, որ հակառակ այսօրուան դժուար պայմաններուն՝ իրանցի ժողովուրդը մեծ յոյսեր ունի, որովհետեւ առկայ է Իրանին համար նախատեսուած եւրոպական հնարաւոր աջակցութեան յոյսը։ Ան այս առումով կ՚ըսէ՝ «Ուժի մէջ մտած տնտեսական պատժամիջոցները հաւանաբար պիտի ունենան իրենց ազդեցութիւնը, մինչ այժմ ալ, թեթեւակի ունեցած են՝ արտարժոյթի բարձրացման, գինի բազմապատկման առումով, որ ուղղակի կ՚ազդէ մարդոց կենսամակարդակին վրայ, բայց այստեղ կայ կարեւոր հանգամանք մը. Պարսկաստանը, երբ պատժամիջոցներու կ՚ենթարկուէր 2015 թուականին, իր կողքին ունէր Եւրոպան, որ իր հերթին կ՚ընդդիմանար Միացեալ Նահանգներու միակողմանի պատժամիջոցներուն եւ այսօր ալ կը բարձրաձայնէ, որ կրնայ օգտակար ու աջակից ըլլալ՝ պատժամիջոցները աւելի թեթեւ տանելու առումով: Այդ հանգամանքի վրայ ալ կը գումարուի Չինաստան-Ռուսաստան աջակցութիւնը, որ կու գայ այսպէս ըսած տապալելու Միացեալ Նահանգներու միակողմանի պատժամիջոցները՝ ընդդէմ Պարսկաստանի»։
Դերենիկ Մելիքեան նշեց, որ պէտք չէ մոռնալ, թէ պատժամիջոցները նպատակ կը հետապնդէին, որպէսզի ճըն-շումներու արդիւնքով պարսիկ ժողովուրդը ոտքի կանգնի սեփական իշխանութեան դէմ, սակայն այդ տեղի չունեցաւ։ «Այդ նպատակը, կարելի է ըսել, ամբողջովին տապալուած է, որովհետեւ Պարսկաստանի ժողովուրդը գիտակցեցաւ, որ անկախ ներքաղաքական խնդիրներէն, արտաքին ճնշումները, տուեալ պարագային Միացեալ Նահանգներու ճնշումները, հակաժողովրդական միտում կը հետապնդեն եւ հասկցաւ, որ ինք կը տուժէ, ուստի ժողովուրդը կանգնած մնաց սեփական իշխանութեան կողքին: Այնպէս որ այսօր կառավարութիւնը կրնայ պատժամիջոցներու բացասական արդիւնքները հեշտօրէն դիմագրաւել եւ յաղթահարել», ըսաւ ան:
Խօսելով հայկական համայնքի մասին՝ Դերենիկ Մելիքեան նշեց, որ հայկական համայնքը, երկրի միւս բնակիչներու նման, արդէն ընտելացած է ներկայ պայմաններուն, կը դիմակայէ, կը շարունակէ իր բնականոն կեանքը: «Այս խնդիրները կ՚ազդե՞ն, որ Պարսկաստանէն հայութեան նոր արտագաղթ մը ըլլայ». մեր զրուցակիցը պատասխանեց. «Վերջին քառասուն տարուան ընթացքին պարսկահայ համայնքէն արտագաղթը ունեցած է զանազան պատճառներ՝ տնտեսական, քաղաքական, հասարակական, հոգեբանական: Հիմա արտագաղթի նոր ալիք բարձրանալու համար պատճառները անցեալի համեմատ նուազած են, եւ դժուար թէ, այսպէս ըսած, արտագաղթի նոր հոսք սկսի եւ նկատելի դառնայ համայնքի մէջ: Այսօր արտագաղթ չըլլալու կարեւոր պատճառներէն մէկն ալ կարելի է համարել ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ ընդունուած օրէնքը՝ ներգաղթեալներու մասին, որ կը սահմանափակէ արտագաղթողներու քայլերը»:
Համայնքային գործիչին հարցուցի նաեւ, թէ արդեօք կանխատեսելի՞ է, որ Միացեալ Նահանգներ որոշակի զինուորական գործողութիւններ կատարէ՝ հարուածելու համար Պարսկաստանի նաւթատար ցանցը կամ զինուորական միջամտութեամբ խանգարէ պարսկական նաւթի արտածումը, նկատի ունենալով, որ պատժամիջոցներու թիրախին է դրամատնային համակարգն ու փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Պարսկաստանի նաւթի արտահանումը՝ ան ըսաւ. «Դժուար թէ այսօր նման տարբերակ ի գործ դնելու հնարաւորութիւն ունենայ: Ես կը կարծեմ, որ տարածքաշրջանի մէջ աշխարհագրա-քաղաքական հաշուեկշիռը ի նպաստ ԱՄՆ-ի չ՚աշխատիր: Տարածքաշրջանի մէջ դժուար թէ նոր ճակատ բացուի, այն ալ Պարսկաստանի պէս գերտէրութեան դէմ։ Չնայած այսօր Թրամփի իշխանական համակարգի մէջ կան երկու առանցքային այնպիսի դէմքեր, որոնք յայտնի են իրենց ծայրայեղ ռազմատենչութեամբ, յանձին՝ Ճոն Պոլթընի եւ Մայք Փոմփէոյի։ Բայց դժուար թէ ներկայ պայմաններու տակ այդ ծայրայեղականներու կողմէ նման ռազմական տարբերակ կիրառելու որոշում կայացուի: Թէեւ տեղ մը պէտք չէ բացառել նաեւ այն թոյլ հաւանականութիւնը, որ նոյն ծայրայեղականները, գտնուելով հրէական փարախի մէջ, Իսրայէլի քարոզչական ազդեցութիւններու ներքոյ, իրենց համար արբանեակային ուժ հանդիսացող Իսրայէլի կողմէ այսպէս ըսած, կէտային կամ սահմանափակ որեւէ ռազմական յարձակում կատարեն՝ ըսենք Պարսկաստանի նաւթը փոխադրող նաւթատար ցանցի վրայ, բայց անոր հաւանականութիւնը ես այսօր այնքան ալ իրական չեմ համարեր», մեկնաբանեց մեր զրուցակիցը:
Դերենիկ Մելիքեան իր կարծիքը յայտնեց նաեւ այն մասին, թէ արդեօք այս իրավիճակը կը յանգեցնէ նո՞ր համաձայնութեան՝ Պարսկաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ:
«Ես կը կարծեմ, որ այս հարցի պատասխանը օրեր առաջ շատ դիպուկ տուած է նոյնինքն՝ Պարսկաստանի հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամանէյը։ Բանակցութիւններու կամ երկխօսութեան տարբերակները մատնանշելով՝ ան խստօրէն բացառած է այս իշխանութեան՝ թրամփեան իշխանակարգի հետ բանակցիլը: Սա բազմանշանակ յայտարարութիւն մըն է եւ մեզի կը յուշէ, թէ 2015-ին Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնը՝ յանձին դեմոկրատական վարչակարգի, բանակցութիւններու սեղանի շուրջ Պարսկաստանի եւ եւրոպական ու համաշխարհային միւս գերուժերու համատեղ համաձայնութեամբ ստորագրեց միջուկային պայմանագիրը, որ ուժի մէջ էր մէկուկէս-երկու տարի, մինչեւ թրամփեան ծայրայեղական՝ հակապարսկական իշխանակարգի գործի գլուխ գալը: Եւ իրական է այն հեռանկարը, որ քանի դեռ այս ծայրայեղական իշխանութիւնները, որոնք լոկ հռետորաբանութեամբ իրենց դիւանագիտութիւնը կը դրսեւորեն, դժուար թէ բանակցութեան եւ երկխօսութեան առիթներ ստեղծեն: Երեւի պէտք է այս իշխանութեան փոխարինէ ապագայ վարչական, իշխանական նոր համակարգ, յանձին դեմոկրատական իշխանութիւններու, որոնք ալ երեւի կը յայտարարեն նո՛ր բանակցութիւններու եւ նոր համաձայնութիւններու անհրաժեշտութեան մասին», եզրափակեց Դերենիկ Մելիքեան:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան