ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ
Լեզուն որով գրեցի երկրի երեսը քիչեր
Կը կարդային զայն արդէն ու պակսեցան անոնք ալ.
Հարիւր տարի ետք միայն իր այս ձեւով, այս սխալ
Կամ ճիշդ ձեւով ու հնչմամբ՝ լեզուն անուշ զոր խօսէր
Էին անուշ տղաքներ, գուցէ խօսող չունենայ,
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ - 1942
Արդարացուա՞ծ է արդեօք բանաստեղծին կանխագուշակումը մեր լեզուի ապագային մասին՝ թէ հնարաւորութիւններ կը մնան դեռ փրկելու մեր ոսկեղնիկը:
Մեսրոպեան դարուն մեր երկիրը բաժնուած է Բիւզանդիոնի եւ Պարսկաստանի տիրապետութեանց ներքեւ. ամէն պատճառ գոյութիւն ունէր ենթադրելու որ օտար տիրապետութեան ներքեւ կրնար ապականիլ կամ անհետանալ մեր ազգային ինքնութիւնը: Դիպուա՞ծ էր թէ՝ յատուկ դիտում որ յառաջացուց, գոյացուց եւ կոփեց այն վահանը, որով պիտի պահպանէինք մեր ազգային ինքնութիւնը - Մեսրոպ Մաշտոց ստեղծեց հայոց այբուբենը մեր ազգին միասնութիւնը զօդող եւ անոր ապագան երաշխաւորող գործօնը: Հետեւաբար ի զուր տեղը չէ որ Մաշտոցի եւ մեր թարգմանիչներու վաստակը սրբացուած են մեր պատմութեան մէջ:
Այնքան երկրաշարժներէն ու տեղաշարժներէն ետք, այդ լեզուն հասած է մեր դարուն անաղարտ:
Հարց է սակայն, թէ ի՞նչ պիտի ընենք մենք այդ լեզուով. ի՞նչ են մեր հնարաւորութիւնները զայն պահպանելու եւ փոխանցելու ապագայ սերունդներուն:
Հարցը միայն արեւմտահայերէնի մասին չէ. արեւելահայերէնն ալ ունի իր տագնապը, իր ճակատագրի հարցականը: Մամուլի լեզուն, ինչպէս նաեւ պետական լեզուն ուղղակի բարբարոսութիւն մըն է Մեսրոպի ժառանգութեան հանդէպ: Հարցը միայն օտար բառերու անհարկի օգտագործման մասին չէ, այլ շարադրութեան ու լեզուամտածողութեան մասին. ռուսերէն կը մտածեն ու հայերէն կը խօսին ու կը գրեն՝ աղճատելով ու դիմազեղծելով մեր լեզուն, զոր յաճախ ալ զայն նախանձախնդրութեա՜մբ կը հռչակեն պետական լեզու: Մասնաւորաբար անհասկնալի կը մնայ մէկ պարագայ - ինչո՞ւ այնքան հեշտութեամբ փոխառումներ կը կատարուին օտար լեզուներէ՝ անտեսելով արեւմտահայերէնի հարուստ բառագանձը:
Անկախութեան առաջին տարիներուն խաչակրութիւն մը սկսած էր լեզուի աղճատումին դէմ՝ գլխաւորութեամբ Ռաֆայէլ Իշխանեանի, որ սկսած էր նաեւ դասական ուղղագրութեամբ հրատարակել «Ուրբաթ» անուանուած իր թերթը: Իշխանեանի մը մոլեռանդ մաքրասիրութիւնը շատ հաւանաբար հակադարձ մը յառաջացուց մամուլի ու գրականութեան մէջ՝ կարծէք դիտումնաւոր կերպով մորթատելու համար լեզուն, ինչպէս հակադարձութիւն մը ստեղծած էր ատենին մեր Մխիթարեան հայրերու լեզուական մաքրութիւնը:
Թատերագիր եւ քաղաքական մեկնաբան Ճորճ Պերնարտ Շօ դիպուկ պատկերով մը բնորոշած է անգլիացիներու եւ ամերիկացիներու տարբերութիւնը ըսելով. «անգլիացիներն ու ամերիկացիները միեւնոյն ժողովուրդն են՝ բաժնուած միեւնոյն լեզուով». նոյնը չէ՞ նաեւ բաժանումը արեւմտահայոց եւ արեւելահայոց։
«Կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն» ողբացած էր Շահնուր 1920-ական թուականներու: Այսօրուան ողբերգութիւնը այն է, որ ալ ողբացող չկայ այդ ողբերգութեան դիմաց:
Դպրոցներու փակումը դեռ վերջին օղակն է այդ ողբերգութեան. դպրոցներու դռները բաց պահելէ եւ աշակերտները հաւաքելէ առաջ պէտք է պատրաստուին լեզուի ուսուցման արդիական դասագիրքեր ու պատրաստուին հայ լեզուի ուսուցիչներ - անցեալին, սովետական շրջանին ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրներն ու դասագիրքերու պատրաստութիւնը անբաւարար կիսամիջոցներ հանդիսացան:
Այսօր հայ դատի օրինական պաշտպանը անկախ Հայաստանն է. նոյնպէս նաեւ՝ հայ լեզուին՝ արեւմտահայ թէ արեւելահայ:
Արեւելահայ արդի ուղղագրութեան որդեգրումը ամբողջութեամբ սովետի վզին փաթթելը այդքան ալ ճիշդ չէ. Մանուկ Աբեղեան դեռ 1900-ական թուականներուն Ս. Էջմիածնի «Արարատ» պարբերաթերթին մէջ կատարած էր իր նախափորձերը, որոնք ի վերջոյ որդեգրուեցան 1922-ի տեքրէթով: Ինչ որ տեքրէթով մէկ օրուան մէջ օրէնք դարձաւ՝ կարելի չէ նման տեքրէթով ալ մէկ օրէն շրջել ապրուած եւ ամրագրուած իրականութիւն մը:
Այսօր դասական ու սովետական ուղղագրութեանց մասին կը վիճինք՝ երբ լեզուն ինքը ձեռքէ կ՚ելլէ:
Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը ողջունելի նախաձեռնութիւնը վերցուցած է պահպանելու եւ տեւականացնելու արեւմտահայ լեզուն, գրականութիւնը եւ մշակոյթը: Բնականաբար կարելի չէ արդիւնքներ սպասել մէկ օրէն միւսը. մանաւանդ որ մասնակիցներու ձեռնհասութեան մասին տուեալներ ալ հրապարակուած չեն: Սակայն այդ վիթխարի գործը հիմնարկութեան մը կամ միակ կազմակերպութեան մը տարողութենէն շատ անդին կ՚անցնի որքան ալ ազնիւ ըլլան դիտաւորութիւնները: Վերջերս հալէպահայերու կողմէ նախաձեռնուծ քննարկումը Երեւանի մէջ - ՀԲԸՄ-ի հովանաւորութեամբ - լուրջ բայց եզակի երեւոյթ մըն էր՝ խնդրի մը մասին որ համազգային զօրաշարժ կ՚ենթադրէ:
Գործը պետական չափանիշերով իրականացուելիք նախաձեռնութիւն կ՚ենթադրէ: Իր ակադեմիայով, լեզուաբաններու հոյլով եւ համալսարաններով հանդերձ Հայաստանի պետութիւնը կարծէք քաղա- քականութիւն մը չունի լեզուի մաքրազտման, զարգացման ու պահպանման մասին՝ նոյնինքն արեւելահայերէնը փրկելու՝ ուր մնաց որ նաեւ մտահոգուի արեւմտահայերէնի ճակատագրով:
Որքան տեղեակ ենք՝ ամբողջ Հայաստանի մէջ մէկ դպրոց գոյութիւն ունի ուր դասաւանդութիւնները կը կատարուին արեւմտահայերէնով: Երանի հերքող իրականութիւն մը յայտնուեր:
Միւս կողմէ համալսարանները անդրադարձած են թէ առանց գրաբարի գիտութեան եւ օգտագործման կարելի չէ մերինին նման ճկուն լեզու մը հարստացնել եւ քերականութեան վերլուծում կատարել:
Ճիշդ է թէ աբեղեանական ուղղագրութիւնը, մեսրոպեան հնչունային արժէքներու պահպանութեամբ կ՚երաշխաւորէ ուղղագրական ճշդութիւնը սակայն միւս կողմէ կալանքի տակ կ՚առնէ նոր բառակերտումի հնարաւորութիւնը, որ կենսական է աճող եւ քաղաքակրթութեան հետ քայլ պահող ժողովուրդի մը համար: Մարդիկ որոնք անծանօթ են գրաբարին, կամ՝ արեւմտահայ ուղղագրութեան՝ անկարելիութեան առջեւ պիտի գտնուին նոր բառակերտումներ կատարելու, բարդ կամ բարդացող բառեր կերտելու՝ զարգացող ճարտարարուեստին համար: Այդ պատճառով ալ ճիշդ ճանապարհը կը մնայ օտար բառերու փոխառութիւնը որ որոշ պարագաներուն թոյլատրելի ու ընդունելի պիտի ըլլայ:
Հայ դպրոցները կը փակուին՝ որովհետեւ ծախսալից են. սակայն, հայ լեզուի պահպանութենէն աւելի թանկ բան գոյութիւն ունի՞ որ մեր հասարակական պիւտճէները անոնց համար վերապահենք:
Առանց կատարուող լեզուական ուսուցման ծրագիրները (virtual school) տակաւին կը գտնուին իրենց սկզբնաւորութեան. սակայն լեզուի համաշխարհային ուսուցման, տարածման եւ պահպանման համար խոստմնալի հեռանկարներ կը պարունակեն:
Ատենն է որ տէրը կանգնինք մեր լեզուին արեւելահայ թէ արեւմտահայ ճիւղերով, բայց մանաւանդ տէր պէտք է կանգնի անոր պետութիւնը, այլապէս՝ «հարիւր տարի վերջ ... գուցէ խօսող չունենայ»:
Խմբագրական «Պայքար»ի, Պոսթոն