Օ­ՆՈ­ՐԷ ՏԸ ՊԱԼ­ԶԱՔ՝ ՖՐԱՆ­ՍԱ­ԿԱՆ ԳՐԱ­ԿԱ­ՆՈՒ­ԹԵԱՆ ՌԷԱ­ԼԻԶ­ՄԻ ՀԻՄ­ՆԱ­ԴԻ­ՐԸ

«Լաւ գրուած պատմական վէպերը պատմութեան լաւագոյն դասընթացքները կ՚արժեն»։

Օնորէ տը Պալզաք 19-րդ դարու ֆրանսական դասական ռէալիզմի հիմնադիրն է։ Իր ստեղծագործութեան մէջ միահիւսուած են ֆրանսական Վերածնունդի դարաշրջանի մարդասիրութիւնը, լուսաւորականութեան գաղափարները, պատմական վէպերուն բնորոշ ռոմանթիզմը։

Օնորէ տը Պալզաք ծնած է 1799 թուականին, Ֆրանսայի Թուրս քաղաքին մէջ։ 1807-1813 թուականններուն յաճախած է Վանտոմի գոլէճ։ 1814 թուականին ընտանիքին հետ փոխադրուած է Փարիզ, ուր 1819 թուականին աւարտած է իրաւաբանական դպրոցը, միաժամանակ աշխատակցած է թարգմանչական գրասենեակի մը մէջ որպէս գրագիր։ Այս բոլորին զուգընթաց հետեւած է Սորպոնի համալսարանի գրական դասընթացքներուն։

1820-ական թուականներուն, Օնորէ փորձած է տպագրութեան ասպարէզ նետուիլ, բայց եւ այնպէս իր անփորձութեան պատճառաւ վնասով դուրս եկած է։ Ապա փորձած է Ուքրայնայէն Ֆրանսա կաղնիի ծառ ներմուծել, սակայն նոյնպէս ձախողութեան մատնուած է։

Իր իսկական անունը Օնորէ Պալզաք է։ Ան մեծ գումարներ ծախսած է՝ ֆրանսերէն «տը» մասնիկը իր անուան կողքին աւելցնելու համար, որպէսզի արիսթոկրատ կոչումը ստանար։ Պալզաք այն գրողն էր, որ առանց իր գործերը վերընթերցելու, սրբագրելու եւ խմբագրելու՝ հրատարակութեան կը յանձնէր։ Հակասական եւ տարօրինակ մարդ մըն էր։ Թշուառութեան մէջ ըլլալով հանդերձ, միշտ ճերմակ վերնաշապիկով դուրս կու գար։ 

Սկզբնական շրջանին Պալզաք պատմական թեմաներով արկածախնդրական վէպեր գրած է։ Հանրայայտ դարձած է «Շուաններ» վէպով, զոր նուիրուած է 1799 թուականի ապստամբութեան: Պալզաք իր այս գործին մէջ պատկերած է հասարակ ժողովուրդը եւ շարքային զինուորները, որոնք ձգտած են պահպանել յեղափոխութեան նուաճումները։

Պալզաք առանձնայատուկ էր իր գրիչով ու գրական նկարագրութեամբ։ Առարկաները, երեւոյթները մանրամասն կը նկարագրէր, կը փորձէր ընթերցողին հոգւոյն մէջ խորասուզուիլ։ Ոգեշնչուած էր սկովտացի ռոմանթիկ գրող Ուոլթըր Սքոթէն, որուն ազդեցութիւնը վառ կերպով կը տեսնենք իր գրական ստեղծագործութեանց մէջ։

Պալզաքէն առաջ գիւղական կեանքը գրականութեան եւ գեղարուեստին կ՚ընծայէր միայն քնքոյշ հովուերգութեանց եւ կայտառ պատկերներու նիւթեր։ Պալզաքի թափանցող հանճարը թերեւս առաջինը եղաւ, որ նշմարեց նորութիւնը այն հարցերուն, զորս արդի գրականութեան եւ ընկերաբանութեան առջեւ կը դնէր ֆրանսական Մեծ Յեղափոխութեան մրրիկը։ Իր սովորական յստակատեսութեամբ. Պալզաք հասկցաւ գիւղական կեանքին բովանդակ բարդութիւնը եւ ցոյց տուաւ, որ յեղափոխութիւնը կը պայթէր, իսկ ըմբոստացած գիւղացիները՝ համախումբ զայրագին ատելութեամբ կը խոյանային մեծ հողատէրերու անառիկ դղեակներուն վրայ։

Ժամանակի հասարակական, քաղաքական, ընտանեկան կեանքին բնորոշ երեւոյթները՝ եսասիրութիւնը, բարոյական անկումը, նիւթականի ապականիչ ազդեցութիւնը, մարդու ճակատագիրը արտացոլուած են հեղինակի շարք մը գործերուն մէջ։ Պալզաք քննադատած է թէ՛ մեռնող ազնուականութեան այլասերումը, թէ՛ նոր ձեւաւորուղ ազնուական հասարակութեան անբարոյականութիւնն ու անսկզբունքայնութիւնը, թէ՛ տնտեսական յարաբերութեանց զարգացման կամայականութիւնն ու քաոսը, թէ՛ հասարակ ժողովուրդի աղքատացումը («Գիւղական բժիշկ» (1833), «Կեսար Բիրոտոյի փառքն ու անկումը» (1837), «Կուրտիզանուհիներու պերճանքն ու թշուառութիւնը» (1838-1847), «Ամուրիի կեանքը» (1841), «Գիւղական քահանայ» (1841), «Մութ գործ» (1841), եւ այլն):

Գրողի աշխատանքային օրը կէսգիշերին կը սկսէր: Ան օրական տասնվեց ժամ կը գրէր, իսկ միայն սուրճ խմելու ընթացքին կը հանգստանար։ Ականատեսներ կը վկայեն, որ ան ընդմիջումներու ընթացքին ծայրայեղութենէ ծայրայեղութիւն «կը թռչէր». կա՛մ շատ կ՚ուտէր եւ կամ իր սիրուհիներուն հետ ժամանակ կ՚անցընէր։ Պալզաք արտաքնապէս գեղեցիկ տղամարդ մը չէր, կարճահասակ եւ գէր էր ու նոյնիսկ ինքզինք չէր խնամեր։ Իր խօսքը շատերու համար «կենդանի շունչ» էր՝ գեղեցիկ ու սրամիտ բառերով շարադասուած։ Երբ կը խօսէր՝ իր զրուցակիցը անմիջապէս անոր իմաստութենէն կը հրապուրուէր։ Ահա թէ ինչո՛ւ կին արարածները մէկ անգամէն կրնային իրեն սիրահարուիլ։ Պալզաք կին արարածի մասին ըսած է. «Ոչ ոք կինը կը սիրէ երիտասարդութեան կամ հասունութեան համար, գեղեցկութեան կամ տգեղութեան, յիմարութեան կամ խելքի համար։ Կինը կը սիրեն ոչ թէ բանի մը համար, այլ պարզապէս կը սիրեն։ Ով որ կին կրնայ ղեկավարել, կրնայ նաեւ պետութիւն ղեկավարել»։

1834 թուականին, Օնորէ կ՚որոշէ իր ստեղծած եւ ստեղծուելիք բոլոր երկերը ամփոփել բազմահատոր երկի մը մէջ, ուր պիտի ներկայացուէին իր ժամանակի բարքերու համայնապատկերը, որ յետագային պիտի կոչէր «Մարդկային կատակերգութիւն»։ Պալզաքի այս ստեղծագործութիւնը բաղկացած է երեք մասերէ՝ «Բարքերու ուսումնասիրութիւններ». «Փիլիսոփայական ուսումնասիրութիւններ» եւ «Վերլուծական ուսումնասիրութիւններ»։ Ռէալիզմի գաղափարախօսներէն մին ըլլալով՝ Պալզաք համակողմանիօրէն պատկերած է ֆրանսական իրականութիւնը. ցոյց տուած է նիւթապաշտ հասարակութեան մէջ մարդու հոգեւոր աշխարհի խեղաթիւրումը: «Մարդկային կատակերգութիւն» գործին մէջ պատկերուած է մօտ 2000 կերպար, որոնցմէ իւրաքանչիւրը խտացուած տիպական յատկանիշներով անհատականութիւն մը կը ներկայացնէ: Մեծն գրողի ստեղծագործութեանց մէջ կայ ընդհանուր գիծ մը, որու ընթերցողը կրնայ հանդիպիլ։ Այդ դրամն է, որ շարունակ մտատանջած ու չարչրկած է զինք։ Ան իր հերոսներուն ընդմէջէն ցոյց տուած է, որ մարդ երբ դրամին կուռքը եւ երկրպագուն դառնայ, կրնայ  իր ամենամեծ հարստութիւնը՝ խիղճը կորսնցնել։

Օնորէ տը Պալզաք մանուկ հասակին ընկերներ չունէր. հարազատներէն կտրուած էր, իսկ 14 տարեկանին հոգեկան եւ ջիղերու խանգարում ունեցած էր, որուն պատճառաւ ալ սակաւախօս ու ինքնամփոփ անձ մը դարձած էր։ Օր մը, Օնորէն ինքնիրեն կը խոստանայ, որ իր գրութեանց շնորհիւ հանճար ու հանրաճանաչ մարդ մը պիտի դառնայ։ Իրաւամբ, Պալզաք իր աշխատասիրութեան եւ յամառութեան շնորհիւ մեծ համբաւ կ՚ունենայ։ Փարիզի աղջիկներու սիրելին էր սիրառատ Պալզաքը։ Ամէն օր աշխարհի տարբեր անկիւններէն տասնեակ նամակներ կը ստանար։ Իսկ օր մը իր ձեռքը կ՚անցնի նամակ մը, որուն մէջ գրուած էր. «Ձեր հոգին դարեր տեսած ու ապրած է։ Իսկ շատեր զիս կը վստահեցնեն, որ դուք տակաւին երիտասարդ էք։ Երբ կարդացի ձեր ստեղծագործութիւնները՝ սիրտս թրթռաց։ Դուք տուած էք կնոջ իսկական արժանիքներն ու սէրը, զորս կնոջ համար պարգեւ են եւ աստուածային ճառագայթում։ Ձեր հոգւոյն նրբութիւնը զարմացուցած է զիս եւ ձեզի թոյլ տուած է, որ դուք կնոջ հոգին կարողանաք կռահել ու հասկնալ…»:

Ձեռագիրն ու գրելու ոճը անծանօթի մասին շատ բան կը «պատմէր»։ Պալզաք առաջին իսկ վայրկեանէն կը հասկնայ, որ նամակի հեղինակը երիտասարդ, գեղեցիկ ու մեծահարուստ կին մըն էր։ Շուտով անծանօթուհին ինքզինք կը բացայայտէ։ Ան լեհ Էւելինա Հանսքան էր, որ Ուքրայնոյ Օտեսա քաղաքին մէջ կ՚ապրէր։ Էւելինան 32 տարեկան էր. ամուսնացած էր, սակայն իր տարիքը միշտ կը թաքցնէր եւ ինքզինք հինգ տարի աւելի փոքր կը ներկայացնէր։ Պալզաք եւ Էւելինա 16 տարի շարունակ կը նամակակցին։ Պալզաք իր հեռաւոր անծանօթուհիին կը գրէր. «Ինձմէ մի՛ վախնաք։ Մի՛ հաւատաք իմ մասիս կատար-ւած զրպարտութիւններուն։ Ես պարզապէս երեխայ եմ, սակայն աւելի պարզամիտ եմ։ Բայց ես երեխայի պէս մաքուր եմ ու երեխայի պէս սիրել գիտեմ…։ Պաշտելիս, իմ հպարտ թագուհիս, արեւմուտքի վարդ, հիւսիսային աստղ, սրտի տիրուհիս, վեհաշուք անծանօթուհիս…»:

Էւելինան եւ Պալզաք սիրահարուած էին եւ ապագայի մասին ծրագրեր ունէին։ Պալզաք իր նամակներուն մէջ միշտ սիրոյ, հաւատարմութեան խօսքեր կը շռայլէր, սակայն իր հեռաւոր սիրելիին միշտ կը դաւաճանէր։ Վերջապէս, 1833-ին, Օնորէն ու Էւելինան կը հանդիպին։ Պալզաք երբ Էւելինան կը տեսնէ, կը հիանայ եւ անգամ մը եւս կը սիրահարուի։ Իսկ Էւելինան իր մտածումներն ու յոյզերը իր ընկերուհիին ուղղուած նամակին մէջ հետեւեալ բառերով արտայայտած է. «Դիմացս գէր, կարճահասակ, կլորադէմ, ճերմակ մազերով տղամարդ մը կանգնած էր, որուն դիմացի երկու ակռնաները չկային։ Շատ հասարակ հագուածք մը ունէր, կարծես ծառայող մըն էր»: Էւելինա հիասթափ-ւած էր, իր սիրելին այսպէս չէր պատկերացուցած, բայց նոյն նամակը կ՚աւարտէր՝ ըսելով. «Անբասիր կինը կարելի է գերել միայն մտքի թովչանքով եւ ազնուութեամբ։ Իմ խօսքերս չես կրնար ամբողջապէս հասկնալ, քանի որ զինք չես տեսած։ Իր աչքերը խօսուն ու արտայայտիչ են»:

1850-ին, Էւելինայի ամուսնոյն մահուընէ ետք՝ անոնք կ՚ամուսնանան։ Պալզաք այս առթիւ իր մտերիմ ընկերոջ հետ իր ուրախութիւնը կիսած է՝ ըսելով. «Երեք օր առաջ ես ամուսնացայ այն միակին հետ, զոր սիրած եմ, աւելի կը սիրեմ եւ պիտի սիրեմ մինչեւ մահ»: Պալզաք չէր խաբած։ «Աղմկոտ» երիտասարդութենէն, բազմաթիւ սիրավէպերէն ու կիներէն յոգնած էր։ Ան մէկ բան կը ցանկար. ջերմութիւն եւ հոգատարութիւն, խաղաղ ու հանգիստ ծերութիւն իր սիրելի Էւելինայի հետ։ Սակայն հինգ ամիս անց ծանր կը հիւանդանայ ու կը մահանայ։ Նախքան մահանալը՝ ըսած է. «Հասնելով նպատակիս՝ կը մեռնիմ, ինչպէս հին սուրհանդակ մը։ Սէրն ու մահը միաժամանակ սրտիս դռնէն ներս կը մտնեն։ Սիրելի կինը նուաճել՝ երբ սէրը արդէն հանգչած է…»: Շատեր նոյնիսկ կ՚ըսէին, որ իր մահուան մահիճին մէջ անգամ Պալզաք իր ստեղծած հերոսները կը կանչէր ու անոնց հետ կ՚ապրէր, որովհետեւ կը հաւատար, որ այդ հերոսները զինք կըր-նային բուժել։

Մեր ընթերցողներուն Պալզաքի գրչին, մտահայեացքին եւ ստեղծագործութեանց հետ ծանօթացնելու համար, հակիրճ տողերու մէջ պիտի փորձենք ներկայացնել հեղինակի «Շակրէնի կաշին» խորագրեալ վէպը։ Իր այս ստեղծագործութեամբ Պալզաք պատմական վէպերէն ընկերային վէպերու կ՚անցնի՝ նպատակ ունենալով պատկերել 19-րդ դարուն Ֆրանսայի մէջ տիրող ազնուականութեան նիւթապաշտութիւնն ու դրամի ուժը։ Դրամը բոլոր սրբութիւնները իրեն կ՚ենթարկէր եւ ամէն ինչ կ՚ոչնչացնէր։ Ան դարձած էր մեծագոյն կիրքը եւ երազներու գագաթնակէտը։ Սոյն վէպը բաղկացած է երեք մասերէ՝ «Թալիսմանը», «Անսիրտ կինը» եւ «Հոգեվարք»։ Թալիսմանը (յուռութք) շակրէնի կաշին է, որ վերեւ նշուած իրավիճակին խորհրդանիշն է։ Նշենք, որ շատերու ընկալումով՝ թալիսման այն առարկան է, որ սնոտիապաշտական պատկերացումներու, կրողին կամ ունեցողին երջանկութիւն, յաջողութիւն բերելու, փորձանքներէ ու վտանգներէ զերծ պահելու յատկութիւն ունի։

Այս գլուխին մէջ Պալզաք կը ներկայացնէ գլխաւոր հերոսի՝ Ռաֆայէլ տը Վալենթինի պատմութիւնը։ Վալենթին աղքատ էր եւ նոյնիսկ իր ապրուստը չէր կրնար հոգալ։ Չդիմանալով կեանքի դաժանութեան՝ Ռաֆայէլ կ՚որոշէ ինքնասպան ըլլալ եւ ինքզինք կամուրջէն վար նետել։ Յարմար ժամանակին սպասելով, ան պատահաբար հին իրերու խանութ մը կը մտնէ, ուր խանութի ծերունի տէրը անոր զարմանահրաշ թալիսման մը կու տայ։ Թալիսմանի վրայ հետեւեալը գրուած էր. «Ինծի տիրանալով՝ դուն ամէն ինչին տիրացած կ՚ըլլաս, բայց քու կեանքդ այն ատեն ինծի պատկանած կ՚ըլլայ։ Աստուծոյ կամքն է սա։ Ցանկա՛ եւ ցանկութիւններդ պիտի իրականանան։ Սակայն իւրանքանչիւր ցանկութեանդ զուգահեռ, ես կեանքիդ օրերդ պիտի սպաննեմ։ Եթէ կ՚ուզես, որ սեփականութիւնդ դառնամ, ուրեմն առ զիս։ Աստուած ձայնդ կը լսէ»։  Այսպէսով Ռաֆայէլ ծերունիին հետ դաշինք կը կնքէ։ Երիտասարդի իւրաքանչիւր երազը իրականութիւն պիտի դառնար, բայց միաժամանակ անոր կեանքը պիտի կրճատուէր։  

Երկրորդ գլխուն մէջ Պալզաք կը ներկայացնէ Ռաֆայէլի եւ գեղեցկուհի, մեծահարուտ Ֆէոտորայի պատմութիւնը։ Ռաֆայէլ անոր կը սիրահարուի, կնոջ հաճոյանալու համար՝ մեծ գումարներ կը ծախսէ, սակայն Ֆէոտորան չ՚ուզեր ամուսնանալ։ Այս կնոջ կերպարը Պալզաք մեկնաբանած է որպէս «վերին խաւի խորհրդանիշ»։ Ռաֆայէլ հիւրանոցի մը մէջ կ՚ապրէր, որուն տանտիրոջ աղջիկը՝ Պալինան Ռաֆայէլին սիրահարուած էր, սակայն վերջինս աղջկան ուշադրութիւն չի դարձներ։ Ռաֆայէլը արդէն ենթագիտակցաբար Ֆէոտորային սիրահարուած էր, իսկ Պալինան չէր կրնար անոր սիրտը գերել, որովհետեւ Ֆէոտորայի պէս հարուստ չէր։

Երրորդ գլխուն մէջ Ռաֆայէլ արդէն ամբողջութեամբ կը վայելէ շակրէնի կաշիի բարիքները։ Ան սկսած էր ապրիլ շքեղ առանձնատան մը մէջ, որուն գլխաւոր պատերէն մէկուն վրայ իր արժէքաւոր թալիսմանը կախած էր։ Վէպի այս գլուխին մէջ կը տեսնենք Ռաֆայէլի եւ Պալինայի պատմութիւնը եւ շակրէնի կաշիին պատճառած անդառնալի հետեւանքները։

Ազնուական իրականութեան մէջ Պալզաք երկու ուղի կը տեսնէր՝ թշուառութիւն եւ հարստութիւն, որ միեւնոյն ժամանակ բարոյական արժէքները ոտնահարելու յատկութիւն ունէին։ Միայն մէկ երջանկութիւն կար՝ ոսկիին տիրանալու բերկրանքը, քանի որ ոսկին մարդու լիակատար երջանկութիւն կրնար ապահովել։ Հեղինակին համաձայն՝ այս երկու ուղիները միայն երկու ելք ունէին՝ բարոյական ու ֆիզիքական մահ։

Սոյն վէպը Պալզաքի ինքնակենսագրականն էր։ Ռաֆայէլի կերպարին տակ Պալզաք ինքզինք ներկայացուցած էր։ Գրողը իր ամբողջ կեանքը աշխատանքին նուիրած էր՝ շարունակ իր առողջութիւնը սպառելով։ Ան քաջ կը գիտակցէր, որ այդպէսով իր կեանքը կը կրճատէր, բայց միաժամանակ մեծ անուն ձեռք կը բերէր եւ ապագայ սերունդներուն անժամանցելի ժառանգութիւն մը կը ձգէր։

Ինչպէս ծերունին նշած էր, թէ մարդու ամբողջ կեանքը ինկած է «ցանկալ» ու «կարենալ» բառերուն միջեւ։ Ցանկալը մեզ կ՚այրէ, իսկ կարենալը՝ կը կործանէ։ Ռաֆայէլ Վալենթինը կը տեսնէր, որ դրամը կրնար գիտութիւնն ու տաղանդը, առաքինութիւնն ու ազնուութիւնը փոխարինել։ Իսկ մարդ էակը իր կրթութեամբ, մարդկային յատկութիւններով ոչինչ կ՚արժէ։ Շակրէնի կաշին Վալենթինի մութ կողմերը՝ եսասիրութիւնն ու ագահութիւնը կը բացայայտէ։ Ան կը փորձէ նիւթականի շնորհիւ ճակատագրի վրայ իշխել, սակայն երբ հոգեվարքի մէջ էր՝ կը հասկնայ, որ իր ճակատագիրը իսկութեան մէջ Աստուծոյ ձեռքերուն մէջն է։

Կաշին Ռաֆայէլի վախը «կը մերկացնէ», ոչ թէ աղքատութեան վախը, այլ՝ կեանքը կորսնցնելու վախը։ Ռաֆայէլի կերպարին մէջ Պալզաք կը բացայայտէ 19-րդ դարու լայն հասարակութեան թոյլ կամքը, նոյնիսկ՝ կամքի բացակայութիւնը։ Երիտասարդը դասակարգի զոհը կը դառնայ։ Ի տարբերութիւն բազմաթիւ մարդոց, ան կը հասկնայ, որ իր մեծագոյն սխալը շակրէնի կաշին ընտրելն էր։ Այնուամենայնիւ, վատնած օրերը այլեւս անկարելի էր վերադարձնել։ Ռաֆայէլ բնութենէն օգնութիւն կը խնդրէ, բայց վերջինս նոյնպէս ժամանակի դիմաց անզօր էր։ Ըստ հեղինակի՝ ազնուական հասարակութեան մէջ աշխատանքն ու հարստութիւնը, աղքատութիւնն ու գոյութեան իրաւունքը անհամատեղելի են։

«Շակրէնի կաշին» վէպը կարելի է որակել որպէս փիլիսոփայական, երեւակայական ժանրին պատկանող ստեղծագործութիւն, սակայն գերբնական տարրերը վէպի բացառիկ իմաստն ու իրականութիւնը երբեք չեն պակսեցներ։ Բացի արծարծուող գաղափարներու բնութագրումէն, վէպին մէջ յիշուած նկարագրութիւնները, աւանդութիւնները, հնաոճ իրերու խանութը եւ խաղատուներու միջավայրը վէպը աւելի կը պատկերազարդեն ու հետաքրքրական կը դարձնեն։

«Շակրէնի կաշին» վէպը լոյս տեսնելուն պէս, Պալզաք մեծ ճանաչում ձեռք կը բերէ, իսկ գիրքը շուտով կը սպառի։ Օնորէ տէ Պալզաք իր այս անզուգական գործով ո՛չ միայն ֆրանսական գրականութեան համար մեծ դէմք մը կը դառնայ, այլեւ՝ համաշխարհային գրականութեան։

Պալզաք թէկուզ 58 տարեկան հասակին մահացաւ, սակայն իր ստեղծագործութիւնները ցայսօր իրենց այժմէականութիւնը չեն կորսնցուցած եւ ոչ ալ կը կորսնցնեն։

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունուար 10, 2018