ԸՍՏ ԱՐԱԲ ԼՐԱԳՐՈՂԻՆ՝ ՀԱԼԷՊԻ ՆՇԱՆԱՒՈՐ «ՀՈԹԷԼ ՊԱՐՈՆ»Ը ՊԻՏԻ ՎԱՃԱՌՈՒԻ

Օրին իմացած էի, որ Հալէպի հանրայայտ «Հոթէլ Պարոն»ի ժառանգորդը՝ Մազլումեանները մեկնած են Միացեալ Նահանգներ։ Այդ օրերուն «ամէն տեղէ» պաշարուած էր Հալէպը,  որուն վրայ ահաբեկիչ զինեալներ անխնայ կերպով կրակ կը տեղացնէին, որուն հետեւանքով ալ կ՚արձանագրուէին տասնեակ զոհեր։ Պատերազմական գործողութիւններէն անմասն չէին մնար Հալէպի հայկական թաղամասերը եւ այդ օրերուն (յատկապէս 2016-ին) հայ գաղութը ականատես կը դառնար մի քանի արիւնալի հանգրուաններու։

Այդ օրերուն էր նաեւ, որ միջազգային վարկ վայելող մէկէ աւելի լրատուական ծառայութիւններ յատուկ հարցազրոյց կը պատրաստէին հայութեան համար քաջ յայտնի «Հոթէլ Պարոն»ին մասին։

Եւ հակառակ անոր, որ «Հոթէլ Պարոն»ը կը շարունակէր գործել, որպէս հիւրընկալ «սովորական» պանդոկ մը, ամէն պարագայի տակ շատեր կը վկայէին, որ այդ կառոյցը դադրած է գործելէ որպէս Հալէպ քաղաքի պանդոկներէն մին, այլ դարձած է պատմական արժէք ունեցող կառոյց մը։

Ինչպէս նիւթի սկիզբը նշեցի, այս բոլոր տուեալները հաշուի առնելէ ետք կը յաջողէի ճարել «Հոթէլ Պարոն»ի սեփականտէր՝ Արմէն Մազլումեանի մէկ դստեր իմակը։ Համեստափայլ տիկինը կը կոչուէր Մարի Մոմճեան (շատ հաւանաբար կը կրէր իր ամուսնոյն մականունը)։ Քանի մը նամակներ գրելէ ետք Տիկին Մարին կը բարեհաճէր պատասխանել ու կտրուկ ձեւով կ՚ըսէր, թէ չ՚ուզեր ոչ մէկ կերպով խօսիլ մամուլին, սակայն կը խոստանար «մօտիկ ապագային» առիթ ստեղծել եւ պատասխանել իմ հարցումներուն։

Այդ օրերէն անցած էին գրեթէ երեք տարիներ ու ահա անգամ մը եւս «Հոթէլ Պարոն»ի նիւթը ջուրի երես կ՚ելլէր։ Նիւթին մասին այս անգամ կը գրէր լիբանանեան արաբատառ «Ալ Ախպար» պարբերականի հալէպցի լրագրող Սահիպ Անժարինին։ Լրագրողը, որ վարկ ունեցող եւ հաւաստի աղբիւր ըլլալու հռչակ շահած լրագրող մըն է, կը համարուի սուրիական հարցերով «Ալ Ախպար»ի ամենէն յայտնի անուններէն մին։ Անժարինի, որ յաջողած էր հռչակ շահիլ յատկապէս Հալէպը հարուածած պատերազմի օրերուն՝ իր նիւթին համար կ՚ընտրէր «սքանտալային» խորագիր մը գրելով՝ «Հոթէլ Պարոն. 100-ամեայ կառոյցը անորոշութեան առջեւ»։

Անկախ ամէն ինչէ, «Հոթէլ Պարոն»ը այսօր եւս կը համարուի Հալէպի հայութեան պատմական անցեալը վկայագրած կառոյց մը։ Զանազան առիթներով միջազգային գործիչներու եւ դէմքերու կարճ հանգրուանը դարձած պանդոկը, սովորական պանդոկ մը չէ եւ այս առումով ալ հալէպահայերու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ունի այն համոզումը, թէ պանդոկը մաս կը կազմէ այդ դարաւոր համայնքի հարիւրամեայ պատմութեան։

Ամէն պարագայի յստակ է, որ պանդոկը վաճառելու մասին տեղեկութիւնները կրնան իրաւացի ըլլալ։ Ճիշդ է, որ այդ մասին ամենէն աւելի խօսելու իրաւունքը ունին Մազլումեանի ժառանգները, որոնք սակայն մինչեւ հիմա կը նախընտրեն լուռ մնալ։ Իսկ եթէ պատահի, որ պանդոկի վաճառման լուրը իրական դառնայ եւ ան վաղը չէ, միւս օրը վաճառուի, ապա ի՞նչ պիտի ըլլայ հալէպահայութեան տեսակէտը։ Գաղութ մը, որ ութ տարուան պատերազմէն ետք յայտնուած է բաւական դժուարին պայմաններու մէջ, պիտի կարողանա՞յ «պանդոկի մը» մասին մտածել կամ գործել։

Ստորեւ թարգմանաբար ընթերցողներուս կը ներկայացնեմ օրերս «Ալ Ախպար» պարբերականին մէջ հրապարակուած Սահիպ Անժարինիի «Հոթէլ Պարոն»ի մասին ստորագրած յօդուածը։

«ՕԹԷԼ ՊԱՐՈՆ. ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱՅ ԿԱՌՈՅՑԸ ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԵԱՆ ԱՌՋԵՒ»

Հալէպցի լրագրող Սահիպ Անժարինի կարեւոր յօդուած մը հրապարակած է Հալէպի պատմական արժէք ունեցող «Հոթէլ Պարոն»ի մասին: Լրագրողը, որ լիբանանեան արաբատառ «Ալ Ախպար» պարբերականի աշխատակիցն է, կը գրէ. «Չէ եղած մէկը, որ Հալէպ այցելած ըլլայ եւ լսած չըլլայ պատմական «Հոթէլ Պարոն»ի մասին: 100-ամեայ ամբողջ դարաշրջանի մը ականատեսը եւ վկայագրողը եղած «Հոթէլ Պարոն»ը հաւանաբար ծախուի յառաջիկայ օրերուն»:

Լրագրողը նաեւ նշած է, թէ ինք օրեր առաջ հանդիպում ունեցած է ներկայիս «Հոթէլ Պարոն»ի տնօրինութիւնը ստանձնած Ռուպինա Թաշճեանի հետ եւ ան եւս տխրութեամբ եւ ցաւագին ձայնով մը պատասխանած է իր հարցերուն՝ ըսելով, թէ շատ հաւանական է, որ պանդոկի սեփականատէրերը, որոնք կը գտնուին Սուրիայէն դուրս, վճռած են զայն ծախելու որոշումը:

Ռուպինա, որ վերջին տարիներուն ամուսնական կապ հաստատած է «Հոթէլ Պարոն»ի տէր եւ տնօրէն Օննիկ եւ Արմէն Մազլումեաններու ժառանգորդը՝ Արմէն Մազլումեանին հետ, նշած է, թէ պանդոկը առաջին անգամ փակուած է հոկտեմբեր 2012-ին, երբ մեծ պայթում մը տեղի ունեցած է Հալէպի նշանաւոր հրապարակներէն «Սաատալլա Ալ-Ժապրի» հրապարակին վրայ, ապա 2014-ին պանդոկը վերաբացած է իր դռները՝ այս անգամ ապաստան տալով Սուրիոյ զանազան շրջաններէն Հալէպի փութացող գաղթականներուն։

Լրագրողը նաեւ պատմած է պանդոկի պատմական ըլլալու հանգամանքներուն մասին՝ նշելով, որ «Հոթէլ Պարոն» իջեւանած են տասնեակ յայտնի գործիչներ, որոնցմէ ամենաուշագրաւը կը համարուի Էտուըրտ Լորընս՝ «արաբներու Լորընսը» անունով յայտնի գործիչը, որ իր մօր ուղղած նամակներուն մէջ կը նկարագրէ պանդոկի մանրամասնութիւնները եւ կը յիշեցնէ, թէ պանդոկի պատշգամը նստելով՝ կը վայելէ Հալէպէն անցնող գետին գեղեցկութիւնը:

Լրագրողը կը յիշեցնէ նաեւ, որ 1961 թուականին «Հոթէլ Պարոն»ը ենթակայ կը դառնար Սուրիոյ մէջ մշակուած «թահմիմ» օրէնքին, որու հիման վրայ կառոյցներ՝ եկեղեցիներ, դպրոցներ, հիւանդանոցներ կը դադրէին սեփականաշնորհում ունենալէ եւ կ՚անցնէին պետական հոգատարութեան տակ, սեփականատէրերուն տալով միայն գործածելու եւ շահագործելու իրաւունքը, որ յայտնի է արաբերէն՝ «ֆրուղ» օրէնքով:

Սահիպ Անժարինի նաեւ կը նշէ, որ Ռուպինա ներկայիս կը զբաղեցնէ պանդոկի գլխաւոր՝ թիւ 213 սենեակը, որ հիւրընկալ եղած է արաբ եւ եւրոպացի, ինչպէս նաեւ հայ մեծ գործիչներու: Ան կը յիշէ անունները՝ Ժամալ Ապտ Ալ-Նասէրի, Սուրիոյ նախկին նախագահ, ատենօք պաշտպանութեան նախարար Հաֆըզ Էսատի, Ճազայիրի նախագահ Հապիպ Պուրքիպայի, Իմարաթի իշխան Զայէտ Ալ-Նահեանի, Սուրիոյ վարչապետ Իպրահիմ Հանանոյի, ինչպէս նաեւ Ֆարէս Խուրիի եւ անոնց նման շատ շատերու, որոնք զանազան առիթներով իջեւանած եւ ապրած են Հալէպի «Հոթէլ Պարոն»ին մէջ:

Պատմելով կարեւոր մանրավէպ մը, ան նաեւ յիշեցուցած է, որ 1936-ին Սէուտական արքունի ընտանիքը, երբ կը ճամբորդէր դէպի Հնդկաստան, նոյնպէս իջեւանած է այդ պանդոկին մէջ, ինչպէս նաեւ Շարլ տը Կոլ, Թէոտոր Ռուզվելթ, Եուրի Կակարին, Վալենթինա Կերշկովա, Տէյվիտ Ռաքիֆելըր, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ միջազգային վարկ ունեցող գրողներ՝ Ակաթա Քրիսթի, Ուիլիըմ Սարոյեան, Ֆրայա Սթակ եւ ուրիշներ:

Ան նաեւ կը գրէ, թէ պանդոկին մէջ իջեւանած են նոյնպէս բրիտանացի գիտնական Ճորճ Սմիթ, Փաուլօ Մաթիյէ, նշելով նաեւ, որ Ճորճ Սմիթ նոյնիսկ մահացած է այդ պանդոկին մէջ եւ թաղուած Հալէպի «Շէյխ Մաքսուտ» շրջանի լատիններու գերեզմանատան մէջ:

Ի՞ՆՉ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒ ՏԱԿ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԵՑԱՒ «ՀՈԹԷԼ ՊԱՐՈՆ»Ը

1868 թուականին, Գրիգոր Մազլումեան կ՚անցնէր Հալէպէն եւ ան որպէս մահտեսի, կը մեկնէր Երուսաղէմ: Գրիգոր հմայուած էր Հալէպով, լսած ու կարդացած էր Հալէպի մասին եւ իրօք սիրահարուած էր այդ քաղաքին: Գրիգոր զարմանքը կ՚արտայայտէ, թէ ինչպէս կը պատահի, որ այդ մեծ եւ գեղեցիկ քաղաքին մէջ պանդոկ մը չկայ: Տարիներ անց, ան կը վերադառնայ Հալէպ եւ կը բանայ «Արարատ» պանդոկը, Հալէպի Ալ-Ժալլում փողոցին մէջ: Այդ փոքրիկ պանդոկը կը բաղկանար 12 սենեակներէ եւ կը համարուի ամբողջ Սուրիոյ պատմութեան առաջին պանդոկը, որուն հիմնադիրը կը սեպուի Գրիգոր Մազլումեանը: Անոր որդիները՝ Արմէն եւ Օննիկ, կը շարունակեն իրենց հօր սկսած գործը եւ պանդոկներ կը բանան: Անոնց կառուցած պանդոկներէն յայտնի է «Ալ-Ազիզիյէ փալաս»ը եւ «Ալեփփօ փալաս»ը :

1906 թուականին, երբ խօսակցութիւններ կը տարածուէին Պերլին-Պաղտատ երկաթուղագիծի կառուցման մասին, երկու եղբայները կ՚որոշեն հզօր պանդոկ մը կերտել, 1907-ին անոնք մեծ հողաշերտ մը կը գնեն եւ կը նախապատրաստեն այդ պանդոկի առաջին յարկի կառուցումը, զոր կ՚աւարտեն 1909-ին: 1911-ին կը կառուցուի առաջին յարկը եւ բացումը կը կատարուի այդ պանդոկին, իսկ 1930-ականներուն պանդոկին վրայ կ՚աւելցուին երկրորդ եւ երրորդ յարկերը:

Պանդոկը ականատես կ՚ըլլայ Առաջին եւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմներուն: Օսմանցիները, գերմանացիները, անգլիացիները, ֆրանսացիները կ՚անցնին հոնկէ, իսկ 2012-ին ընթացք կ՚առնէ պանդոկի նահանջի փուլը:

Թաշճեան պատասխանելով լրագրողի հարցումին, թէ՝ ո՞վ պիտի ըլլայ այս պանդոկը գնողը, կ՚ըսէ. «Ես պատասխան մը չունիմ, բայց ըսեմ, որ մտադիր ենք պանդոկի պատմութիւնն ու անցեալը ներկայացնող ցուցահանդէս մը բանալ պանդոկին մէջ»:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունուար 10, 2019