ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԾՆՈՒՆԴԸ՝ ԱՌԱՆՑ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Հին տարուան վերջին օրերուն արեւմտեան աշխարհը առաւելաբար, իսկ նոր տարուան առաջին օրերուն արեւելեան աշխարհը առաւելաբար նշեցին մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան յիշատակը: Յիշատակում մը, որ տարբեր է բոլոր տեսակի յիշատակումներէն: Յիշատակում մը, որ իւրայատուկ է, որովհետեւ իր մէջ կը պարունակէ անմահութեան եւ յաւիտենականութեան գաղտնիքը: Յիշատակում մը, որ մահկանացուի մը կամ մահկանացուներու չի՛ վերաբերիր, այլ՝ Անմահին, Ճշմարիտ Աստուծոյ:

Աշխարհի բոլոր կողմերը քրիստոնեայ հաւատացեալները նշելով իրենց Փրկիչին ծնըն-դեան յիշատակը, զիրար ողջունեցին եւ կ՚ողջունեն տակաւին, ըսելով՝ «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ», «Ձեզի մեզի մեծ աւետիս», կամ «Օրհնեալ է ծնունդը Քրիստոսի», իսկ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հետեւորդները ունին նաեւ պատասխանի այլ կերպ մը՝ «Օրհնեալ է ծնունդն եւ Աստուածայայտնութիւնն Քրիստոսի», որովհետեւ Քրիստոսի ծնունդով Աստուած յայտնուեցաւ մարդուն, իր՝ մարդուն կերպարանքով:

Այստեղ մի քանի հարցումներ կը չարչրկեն մեր միտքը սակայն.

Քանի՞ հաւատացեալի սիրտին ու հոգիին մէջ Քրիստոս ծնաւ:

Քանի՞ հոգի իր տուած աւետիսին իմաստը գիտէ:

Քանի՞ հոգի իր տուած աւետիսը խոր գիտակցութեամբ տուաւ, լաւ հասկնալով ու ըմբռնելով իր տուած աւետիսին մեծութիւնը:

Քանի՞ հոգի իր ստացած աւետիսին տուած պատասխանը՝ սրտանց տուաւ, վստահութեամբ եւ անհուն ուրախութեամբ, որ Քրիստոս՝ իսկապէս ծնաւ:

Աւելի՛ն. քանի՞ հոգի եկեղեցի գացողներէն եկեղեցի գացած էին հանդիպելու Քրիստոսին:

Քանի՞ հոգի եկեղեցի գացած էր մխիթարութիւն գտնելու իր մորմոքած սիրտին:

Քանի՞ հոգի եկեղեցի գացած էր ներքին սպասումով մը եւ ո՛չ թէ առ ի պարտականութիւն:

Քանի՞ հոգի եկեղեցի գացած էր Մանուկ Յիսուսը իր հետ տուն բերելու ակնկալութեամբ:

Հարցումներուն շարքը տակաւին կարելի է երկարել, բայց այստեղ նպատակը հարցումներու շարան մը տալ չէ, այլ՝ փորձել շօշափել այնպիսի նուրբ հարց մը, որ այսօր դժբախտաբար մեզմէ շատեր անտեսած են զայն եւ անտարբերութեամբ կը վարուին այդ ուղղութեամբ:

Հիմնական հարցը այսօր այն է, որ մենք Քրիստոսի ծնունդը կը տօնենք, կը յիշատակենք, կը նշենք, սակայն արդեօք Քրիստոսին տեղ կու տա՞նք մեր այս բոլոր գործողութիւններուն մէջ:

Նկատի ունենալով, որ երկու աշխարհներուն՝ արեւմտեան եւ արեւելեան պարագային ալ Սուրբ Ծնունդը կը նշուի նոր տարուան օրերուն, գրեթէ բոլոր քրիստոնեաներու տուներէն ներս զարդարուած կը գտնենք Կաղանդի ծառ կամ տօնածառ եւ շատ շատերու ծառերուն տակ ականատեսը կը դառնանք մսուրներու՝ մեծ ու փոքր, շքեղ եւ խոնարհ, փառաւոր եւ պարզ: Երեւոյթը ինքնին գովելի է եւ քաջալերելի: Սակայն, այս մսուրի առկայութիւնը մեր տուներէն ներս ի՞նչ նպատակ ունի, ինչո՞ւ համար մսուր կը դնենք կամ կը պատրաստենք, եթէ այդ մսուրի Բնակիչը մեզի հետ ներկայ պիտի չըլլայ:

Կու գայ Սուրբ Ծնունդի Ճրագալոյցի օրը եւ մարդիկ կը «շտապեն» եկեղեցի, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին մասնակցելու եւ իրենց հետ վառուած ճրագ մը տուն տանելու համար: Շատերու համար այդ ճրագն ալ իմաստ չունի եւ պէտք չե՛ն զգար ճրագ մը կամ մոմ մը տանելու իրենց հետ, որովհետեւ այդ երեւոյթը քարացած սովորութիւն կամ հեթանոսութիւն կը համարեն... (այս մասին ամբողջ յօդուած մը կարելի է գրել, այդ պատճառով այսքանով կը բաւարարուիմ, ընթերցողը ի՛նք թող հասկնայ ըսուածը): Պատարագէն անմիջապէս ետք ուրախութեամբ կ՚ողջագուրինք աւետելով Քրիստոսի ծնունդը: Ողջագուրումն ու աւետիսը կարծէք այդ գիշերուան «կանաչ լոյս»ն են, որովհետեւ այդ ողջագուրումէն ու հնչեցուցած աւետիսէն ետք, մարդիկ կ՚աճապարեն հասնելու իրենց տուները կամ այն ճաշարանները1, ուր նախապէս տեղեր ապահոված էին՝ նշելու համար «Սուրբ Ծնունդը»: Հասնելով իրենց տուներն ու ապահոված տեղերը, կը սկսի բո՛ւն «տօն»ը՝ կեր ու խումը, քէֆ-ուրախութիւնը: Կողքէն նայողը պիտի զարմանայ ու ինքն իրեն հարցնէ, թէ արդեօք այս մարդիկը, որ հիմա կը տեսնեմ, անոնք նոյնը չէի՞ն, որոնք քիչ առաջ եկեղեցի գացած էին եւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի մասնակցած... Պատասխանը ա՛լ աւելի կը դժուարանայ, երբ նոյն այդ սեղաններու ետին ականատեսը կը դառնանք այն հոգեւորականին կամ հոգեւորականներուն, որոնք քիչ առաջ նոյնինք պատարագիչն էր կամ պատարագին մասնակիցները: Այդ սեղաններուն շուրջ կը սկսին կենացները, կը սկսին բաժակաճառերը, կը սկսին գովասանական խօսքերը, կը սկսին խոստումները, մէկ խօսքով, կը սկսին, կը սկսին ու կը սկսին... Բնականաբար, այս բոլորին մէջ Քրիստոս Ի՛նք՝ ներկայ չէ: Քրիստոս մէկ կողմ ձգուած է: Ինչո՞ւ... Պատասխանը կը թողում մեզմէ իւրաքանչիւրիս, որովհետեւ մեզմէ իւրաքաչիւրս այդ թերացումին մէջն ենք...: Եւ այս քէֆ-ուրախութիւնները կ՚երկարին մինչեւ գիշերուան փոքր ժամերը... Աւելի հետաքրքրականն ու սարսափելին այն է սակայն, որ մեր այս հերոսները, առաւօտեան ուշ ժամերուն կը յայտնուին եկեղեցիներէն ներս՝ մասնակցելու Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին: Ո՛չ միայն այդքան, այլ՝ այդ հերոսները առաջիններն են, որոնք կը մօտենան Սուրբ Հաղորդութեան եւ...՝ կը հաղորդուին: Այստեղ պարզապէս կը մէջբերեմ Պօղոս առաքեալին հետեւեալ խօսքերը. «Ով որ անարժանութեամբ կ՚ուտէ եւ կը խմէ՝ այդ ուտելովն ու խմելովը ինքզինք դատապարտութեան կ՚ենթարկէ» (Ա.Կր 11.29): Գիտութեամբ կամ անգիտութեամբ, մեր Փրկիչին Սուրբ Ծննդեան տօնը կը վերածենք դատապարտութեան, փոխանակ օրհնութիւն ու ջերմութիւն ստանանք, փոխանակ նորոգենք մեր միտքը, սիրտն ու հոգին, ա՛լ աւելի կը թաղուինք մեղքերու տիղմին մէջ: Վա՜յ մեզի, որ Աստուծոյ ձրի պարգեւը կը մերժենք, փոխարէնը գումարներ կը ծախսենք մեր կորուստին համար:

Իսկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, այլ տեսակի խեղկատակութեան մը ականատեսը կը դառնանք, երբ օրհնուած ջուր ստանալու համար կոտորած կը սկսի, հրմշտուկ, քաշքշուք, խաբեբայութիւն: Ու դարձեալ բազմաթիւ հարցումներ կը ծագին...

Ինչո՞ւ համար այդ հրմշտուկը օրհնուած ջուրին համար, եթէ իրապէս կը գիտակցինք այդ օրհնուած ջուրի ունեցած զօրութեանը:

Ինչո՞ւ համար այդ քաշքշուքը օրհնուած ջուրին համար, եթէ իրապէս կը հաւատանք անոր սրբարար ու կենդանարար ոյժին:

Ինչո՞ւ համար այդ խաբեբայութիւնը օրհնուած ջուրին համար, երբ գիտենք, որ այն մաքրող ու սրբացնող է:

Ինչո՞ւ համար այդ կոտորածը օրհնուած ջուրին համար, երբ գիտենք, որ այն բժշկարար զօրութիւն ունի:

Ինչո՞ւ համար. որովհետեւ, ջուրը օրհնելու ընթացքին չե՛նք լսեր հոգեւորականին կարդացած աղօթքը եւ կամ կրճատելու համար արարողութիւնը, կը զլացուի աղօթքը իր ամբողջական բնագիրով կարդացուիլ, ինչ որ պատճառ կը դառնայ այդ խեղկատակութեան: Շատեր կու գան ըսելու, որ ինչ ալ ընենք, միեւնոյնն է, մեր ժողովուրդը չի՛ փոխուիր: Չի՞ փոխուիր. այո, չի՛ փոխուիր, երբ մեր մարդկային ունայն միջոցներով փորձենք փոխել, սակայն կը փոխուի, երբ Ճշմարիտ Բարեփոխիչին ճիշդ կերպով ներկայացնենք եւ հրամցնենք մեր ժողովուրդին: Հաւա՛տք պէտք է սակայն այդ Բարեփոխիչին նկատմամբ, հաւա՛տք, որ Անոր համար անկարելի ոչինչ կայ, հաւա՛տք, որ Ան է «Կենդանին ու Կենդանարարը», եւ մենք Իր ձեռագործներն ենք եւ ո՛չ թէ Ան՝ մեր ձեռագործը:

Ի վերջոյ, պէտք է կամք ունենանք, որ Գերագոյն Բարեփոխիչի ծննդեան տօնին՝ զԻնք ընդունինք մեր յարկերէն ներս եւ Ի՛ր հետ տօնենք Իր ծնունդը եւ ո՛չ թէ առանց Իրեն: Քրիստոս մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար ծնաւ, որպէսզի մեզմէ իւրաքանչիւրին համար կեանք պարգեւէ, անմահութիւն շնորհէ: Արդարեւ, կեանքի Պարգեւիչն ու անմահութեան Շնորհիչը ընդունինք մեր սիրտերու մսուրէն ներս, Անոր տրամադրենք մեր ամենէն ջերմ անկիւնը՝ մեր սիրտը, որպէսզի գալով Իր ջերմութեամբ յաւիտենապէս ջերմ պահէ մեր սիրտերն ու հոգիները, այնպիսի ջերմութեամբ, որ աշխարհի ցրտութիւնն անգամ չկարենայ մսեցնել այն:

Եւ՝

«Ես պիտի ուզէի որ հոգիս ծանրաբեռնուած չըլլար առօրեայ հազարումէկ հոգերով, գրաւուած ու խճողուած չըլլար աշխարհին վերաբերող մտահոգութիւններով, որպէսզի հոգիիս խորը կարենայի ունենալ ազատ անկիւն մը, ուր մանկացեալ ու մարդացեալ իմ Փրկիչ Աստուածս ունենար մսուրանման Իր գահը, եւ դառնար կեանքիս ամբողջական Տէրը, Առաջնորդը եւ Հովիւը, եւ ես այլեւս որեւէ բանի կարօտ պիտի չմնայի։

«Ես պիտի ուզէի, որ միտքս ծանրաբեռնուած չըլլար աշխարհի գիտութիւնը ամբարելու մոլուցքով, բայց կարենայի զԱստուա՛ծ ճանչնալ, իմ մանկացեալ ու մարդացեալ Փրկիչ Աստուածս ճանչնալ մարդկային իմ խեղճ միտքիս ամբողջ զօրութեամբը, այնպէս՝ որ այդ ճանաչողութիւնը ըլլար մտածողութիւնս լուսաւորող եւ առաջնորդող միակ ջահը եւ զայն արբուցանող կենդանարար աղբիւրը, եւ ես այլեւս միտքով պիտի չթափառէի աշխարհի անապատներուն մէջ, պապակս յագեցնելու համար։ 

«Ես պիտի ուզէի, որ սիրտս ծանրաբեռնուած չըլլար խառնափնթոր ու դառնացուցիչ զգացումներով, այլ՝ կարենայի մանուկ սիրտի մը ամբողջ պարզութեամբն ու ամբողջական անկեղծութեամբը՝ իմ խեղճ, բայց մուրացեալ սիրտիս խորը ընկալել, գրկել ու համբուրել եւ երախտագէտ ու երկիւղած սիրտով խոնարհիլ ու պաշտել մանկացեալ ու մարդացեալ իմ Փրկիչ Աստուածս, որ ինծի համար օր մը եկաւ աշխարհ, որպէսզի իմ սիրտս չմնայ առանց սիրոյ եւ կրակի, եւ ես իր ներկայութեամբը հրացած՝ կարենամ իր սէրը ճառագայթել աշխարհին» (Զարեհ Արք. Ազնաւորեան):

Քրիստոսի ծնունդը նշենք Քրիստոսո՛վ, Քրիստոսի մէջ, Քրիստոսի համար, որպէսզի Քրիստոս մեզի առանց այցելութեան չձգէ, այլ՝ այցելելով ամոքէ մեր սիրտին մորմոքը եւ սպիացնէ մեր հոգիին վէրքերը, որպէսզի մաքուր եւ սրբացած կերպով ներկայանանք Իրեն, յուսալով Իր ողորմութեանը եւ աստուածային սիրոյն:

 

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ՝

ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ:

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ԾՆՈՒՆԴՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Յ.Գ.- Այս յօդուածս լոյս աշխարհ եկաւ, այս առաւօտեան սիրեցեալ աւագ՝ միաժամանակ խոնարհագոյն Եղբօր մը հետ նամակագրութեան ժամանակ: Նամակագրութեան ժամանակ երբ յօդուածի վերնագիրը յղացայ ու յայտնեցի Եղբօրս, որ առիթ նոր յօդուածի մը վերանգիրն ու պարունակութիւնը տրամադրած է, պատասխանեց. «...Ես բան չեմ տրամադրած: Ատիկա ընողը՝ մեր ժողովուրդն է: Առատաձեռն է այս պարագային...»: Իրապէս ալ, մեր ժողովուրդը այնքա՜ն առատաձեռն է ո՛չ միայն այս պարագային, այլ՝ բոլոր պարագաներուն: Եւ մեր ժողովուրդին այս առատաձեռնութիւնը եթէ փորձենք միայն դրական բաներու համար օգտագործել, հրաշքներ կը գործէ մեր ժողովուրդը: Յարգանք մեր ժողովուրդին եւ ցաւ՝ անոր խեղկատակութիւններուն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ, 7 յունուար 2019


1 Սարսափելի երեւոյթ մը մտած է մեր մէջ: Սուրբ Ծնունդի եւ Սուրբ Յարութեան տօներուն ժամանակ, յանկարծ մեր հայկական ռատիոներն ու հայկական մամուլը կը սկսին ծանուցումներու երկար շարանի մը: Հիմնական ծանուցումը հետեւեալն է. «Մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդի տօնին առթիւ, ճաշկերոյթ-պարահանդէս «...» ճաշարանէն ներս, կ՚երգէ սիրուած երգիչ այսինչ այսինչեանը»: Նոյն ծանուցումը Յարութեան տօնին՝ «մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնին առթիւ, ճաշկերոյթ-պարահանդէս «..» ճաշարանէն ներս, կ՚երգէ սիրուած երգիչ այսինչ այսինչեանը»: Մեր Փրկիչին տօնը ճաշկերոյթ-պարահանդէսներո՞վ է, որ պիտի նշենք: Այս ի՛նչ խեղկատակութիւն է: Ո՛չ սրբութիւն յարգել գիտենք, ո՛չ սկզբունք ունինք, ո՛չ արժանապատուութիւն: Վերածուած ենք անբան գազաններու, որոնք իրենց բնազնդով կ՚առաջնորոդուին: Այս բոլորին մէջ ցաւալին այն է, որ ո՛չ մէկ յանդիմանական խօսք կ՚ըլլայ հրապարակաւ, ո՛չ մէկ այպանում կը կատարուի այս խեղկատակութեան: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ արժէքներն ու սկզբունքները փոխուած են: Այսօր 21-րդ դարն է....: Ողբամ զքեզ....:

Հինգշաբթի, Յունուար 10, 2019