ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԱԿՆԱՐԿՆԵՐ

ԿԱԶԻ ՍՏՈՒԳՄԱՆ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆ

-Աղջիկ ճան, քանի՞ տարի էլ էսպէս վարձով ես բնակուելու:

Կ՚ըսէ շրջանի կազի ստուգման պաշտօնեան, երբ հերթական եռամսեայ այցելութիւններուն ընթացքին նոյն բնակարանին մէջ, նոյն հայրենադարձ կինը կը տեսնէ:

-Իսկ դուն, պապի՛կ, մինչեւ ե՞րբ այս ծանր աշխատանքով պիտի պտըտիս,- կը պատասխանէ հայրենադարձը:

Եօթանասունամեայ կորաքամակ մարդը թախծոտ աչքերով կը նայի հայրենադարձին ու ցաւերուն տոպրակին բերանը բացուած կը սկսի դուրս թափել զանոնք մի առ մի.

-Պա՛, տեսնու՞մ ես էս պայուսակը,- կը պատասխանէ ցոյց տալով ձեռքին բռնած ծանր պայուսակը,-  իմանո՞ւմ ես ինչքան է ծանր, հազիւ եմ կարողանում վերցնել: Աշխատավարձս հազիւ հազ է հերիքում դեղերիս: Ի՛նչ անենք, աշխատելու ենք էնքան որ ուժներս տեղումն են:

ՎԱՂԸ ՄԵՌԵԼՈ՞Ց Է

Ճրագալոյցի արարողութեան սկսելէն առաջ եկեղեցւոյ նստարանները կամաց-կամաց կը լեցուին: Եկեղեցի մտնողը մոմերը վառելէն ետք կը հանգչի նստարանի մը վրայ եւ կը սկսի զրուցել կողքինին հետ.

-Վաղը Մեռելոց է, չէ՞,- կը հարցնէ կիներէն մէկը:

-Չգիտեմ, քուրօ, հարցրու էնտեղ կանգնած սարկաւագին,- կը պատասխանէ կողքինը:

-Հա, ճիշդ ես ասում, գնամ, հարցնեմ արարողութիւնը սկսելուց առաջ,- սիրտ առած կը պատասխանէ զրուցակիցը:

Քիչ ետք կը վերադառնայ ու լսած բացատրութիւնը կը փոխանցէ.

-Վաղը տօն ա, քուր ճան, էսօր չգիտեմ ինչ ասեց...

-Էսօր Ճրագալոյց է, Սուրբ Ծննդի նախատօնակը, քուր ճան,- կը բացատրէ երրորդ մը, որ երկխօսութեան ակամաօրէն հետեւած էր,- Էսօր ճրագն ենք տուն տանելու՝ Ծննդեան Աւետիսի ճրագը, պա ինչի՞ դրսում լամբեր են վաճառում, վաղը տօն է, միւս օրը լինելու է Մեռելոց:

-Ճիշդ ես ասում, սարկաւագն էլ Ճրագալոյց էր ասել, մոռացել էի...,- կը հաստատէ կինը լսածին ճշդութիւնը:

ԴՐԱՄԱՊԱՆԱԿՆԵՐԸ ԻՆԿԱ՜Ն...

Երեւանի մանաւանդ կեդրոնական թաղամասերու խճողուած կէսօրէետքերը ո՞վ չի գիտեր: Չորսէն ութի շրջանները, երբ աշխատավայրերէն ելած պաշտօնեաները կամ որեւէ աշխատանք ունեցողները տուն կը փութան, նոյնիսկ թաքսիները կը սոսկան այս ժամերու խցանումներէն ու երբեմն, կարգ մը վարորդներ, կը նախընտրեն գիշերուան ժամերուն աշխատիլ, քան յետմիջօրէին: Հապա հանրակառքերու խճողուածութիւնը...

Ահա թէ ինչե՜ր կրնան պատահիլ այս ժամերուն հանրակառքերուն մէջ:

Հայրենադարձ քառասուննոց կին մը, աշխատանքէն վերադարձին, հանրակառք կը բարձրանայ: Խճողուած հանրակառքին մէջ հազիւ կենալու տեղ մը կը ճարէ, ապա, ակնթարթ մը անց, ուսապարկը ուսերէն վար կ՚առնէ, որպէսզի, իր խելքով, աւելի ազատ շարժելու տեղ ըլլայ հանրակառքին մէջ: Հազիւ թէ ուսապարկը կը գրկէ, կը նկատէ գրպանին բաց ըլլալը, ուր ընդհանրապէս կը դնէր իր դրամապանակը եւ նկատելով իրի մը բացակայութիւնը իսկոյն ետեւ դառնալով, յետսակողմը կանգնած երիտասարդին բաճկոնին բացուածքին մէջ կը մխրճէ ձեռքը ու՝

-Դրամապանակները ինկա՜ն,- կը գոռայ տեսնելով մէկի փոխարէն մի քանի դրամապանակի գետին իյնալը:

Հանրակառքին մէջ աճող աղմուկը կը հասնի վարորդին ունկերուն, որ կը կանգնեցնէ հանրակառքը ու դուրս կը դրուի դրամապանակները ծոցէն ինկող երիտասարդը:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունուար 10, 2020