ԽԱՂԱՂ ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ, ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ (Բ.)

Անցեալ գրութեամբ ներկայացուցինք խաղաղ բնակչութիւն հասկացողութիւնը, ինչ որ համարեցինք քաղաքացիական հասարակութեան նախատիպը կամ առաջնային խմորումը:

Երկու բառ ալ աւելցնելով խաղաղ բնակչութեան հասկացողութեան լուսարձակումին վրայ կրնանք ըսել՝ որ ան հիմքը կը ստեղծէ տնտեսական, մշակութային, ընկերային կայունակատարման, յարատեւութեան եւ զարգացման նախ որեւէ ընկերութեան, ապա պետութեան-երկրի մը: Միաժամանակ պէտք է նշել, որ որեւէ ընկերութիւն պետութեան կամ կայսրութեան կամ նոյնիսկ քաղաքի մը մէջ չի կրնար զարգանալ եւ եթէ մշակութային ստեղծագործութիւններ ալ ունենայ, չի կրնար վայելել յարաբերական խաղաղութիւն ու կայունութիւն մը երկար ժամանակով:

Մարդկային հասարակարգի ուղեգիծը ցոյց տուած է, որ երբ խաղաղ բնակչութիւն հասկացողութիւնը իր միջազգային օրէնքի սահմանումէն դուրս գայ եւ գետնի վրայ՝ աճի, զարգանայ եւ վերածուի քաղաքացիական հասարակութեան, այդ ժամանակ պետութիւններն ալ կը զարգանան եւ կը հասնին նոր նուաճումներու: Ընդհանրապէս ներքին գործունէութիւնները ընդլայնելու եւ մարդկային իրաւունքներու, վեհ գաղափարներու մարտիկն է քաղաքացիական հասարակութիւնը: Այն արդի հասկացողութիւն է եւ 21-րդ դարուն ինքզինք պարտադրեց մա՛նաւանդ զարգացած պետութիւններուն մէջ: Հոս հարց մը ինքնաբերաբար կը յառաջանայ՝ արդեօք հասարակական զարգացածութի՞ւնը կը տանի դէպի քաղաքացիական հասարակութեան կազմումը եւ ատկէ կը բխի՞ պետութեան ու երկրի մը զարգացումը: Կամ հակառակը՝ երկիրներն ու պետութիւնները երբ զարգանան, ինքնաբերաբար իրենց հետ կը խմորուի ու կը կազմաւորուի հասարակական զարգացածութի՞ւնը ու անոր հետ քաղաքացիական հասարակութի՞ւնը կը կայանայ: Դժուար է վերջնական պատասխան գտնել այս հարցումներուն, բայց հարցումներուն դիտանկիւնները իրենք երեւան կը հանեն պայմանական պատասխանները: Օրինակ՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները զարգացած երկիր է եւ կը մրցի ամենայառաջադէմ երկիրներու հետ, բայց անոր քաղաքացիական հասարակութիւնը զարգացած ու խօսք թելադրող չէ, իսկ օրինակ՝ Արժանթինն ու Ուրուկուայը բաղդատած անոր շատ զարգացած չեն համարուիր, բայց անոնց քաղաքացիական հասարակութիւնները Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն աւելի զարգացած են: Մշակոյթը՝ որ իբրեւ հասարակական հանգանակ միշտ շաղախուած է մարդկային իրաւունքներու, մարդկային ազնուացման եւ զարգացման հետ, առաքելութիւններ հետապնդող է եւ գիտութեան հետ ալ համահունչ կ՚ընթանայ: Երբ հանրային ու ընկերային մշակոյթ մը որեւէ հասարակութեան մէջ զարգացած է, բնականաբար, այնտեղ կը կազմուի գիտական նուաճումներու պարարտ հող, իսկ երբ մշակոյթը իբրեւ ստեղծագործական կենարար ոլորտ նոյնպէս վերելքի մէջ է ընկերութեան մը մօտ, բնականաբար, այդ երկիրն ու պետութիւնը նուաճումներ կ՚արձանագրէ: Եւ հոս է, որ տնտեսական նուաճումները ինչքան ալ էական ըլլան որեւէ պետութեան եւ երկրի համար, երբ անոնք ընկերամշակութային մակարդակով զարգացած են (որ կը ներառէ նոյնինքն քաղաքացիական հասարակութեան ծաղկած ըլլալը), համեմատաբար կ՚ապահովուի մշակոյթ-արուեստ-գիտութիւն ազատ համագործակցական յառաջընթացը: Եւ այդ ժամանակ է, որ այսպէս ըսած տնտեսական զարգացումն ալ հիմնաւոր, արդարացի ու համոզիչ կը համարուի: Օրինակները շատ են եւրոպական երկիրներուն, որոնք հասած են այդ բարձունքին:

Ինչպէս ըսինք, քաղաքացիական հասարակութիւնը արդի հասկացողութիւն է եւ, բնականաբար, անոր հիմնական ու բնորոշիչ գործունէութիւններէն մէկը քաղաքականն է: Քաղաքականին կողքին պաշտպանելով տուեալ երկրի եւ պետութեան շահերը՝ քաղաքացիական հասարակութիւնը կը ճշդորոշէ ժողուվուրդի մը ամենակայացած ու մտաւոր-մշակութային կերպարը եւ տեղ մըն ալ այդ կերպարին ձայնն է: Եթէ շատ չէ կայացած տուեալ երկրի քաղաքացիական հասարակութիւնը, ինչքան ալ հանրային շահը, մտաւորականութիւնն ու վերնախաւը փորձեն իրենք զիրենք դրսեւորել իբրեւ կերպար ու դիմագիծ պարզող, նորէն լիակատար չի նկատուիր անոնց ջանքը, որքան քաղաքացիական հասարակութեանը:

Քաղաքացիական հասարակութիւնը տեղ մը կ՚ապահովէ համապարփակութիւն երկրի մը ժողովուրդին եւ անոր մարմինները - ըլլան անոնք կազմակերպութիւններ, ակումբներ ու մտաւոր կեդրոններ - կենսատու դեր կը կատարեն երկրի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան համար:

Վերջապէս պէտք է անդրադառնալ կարեւոր կէտի մըն ալ մեր ներկայ բաց ու համարկուած աշխարհին մէջ - բնականաբար ազգային ֆոնին վրայ - հասարակութիւնը չի կրնար միայն իր ներքինին վրայ յենուլ, քանի ընդհանուր մարդկային իրաւունքներու եւ իրաւականութեան համակարգը համալրուածութեան հասաւ: Եւ ասոր կողքին փոքրիկ եւ դատ ու սպառնանք ունեցող ազգերը չեն կրնար վերջանականապէս համադրել իրենց ազգայինն ու համամարդկայինը, մանաւանդ երբ այդ «համամարդկային»ը իրենցմէ աւելի մեծի տեսքով նոյն իրենց թշնամին է, որ կ՚ուզէ կուլ տալ զիրենք: Այս կէտին կը փոխուի քաղաքացիական հասարակութիւններու դերը:

Ինչ ալ ըլլան հանգամանքները, քաղաքացիական հասարակութիւնը յառաջադէմ ու զարգացում ապահովող հասկացողութիւն է:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•շար. 2 եւ վերջ

8 յունուար 2023, Երեւան

Երեքշաբթի, Յունուար 10, 2023