ՍՈՒՐԲԵՐՈՒ ԲԱՐԵԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Կը շարունակենք Գերպ. Վաղինակ Ծայրագոյն Վարդապետին հարցում-պատասխանով տուած բացատրութիւնները սուրբերու բարեխօսութեան մասին:

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՑԱՆԿ

1) Որո՞նք են այն համարները, որոնք իբրեւ հիմ կ՚առնուին բարեխօսութիւնը մերժողներուն կողմէ:

Առաջին եւ հիմնական համարը, որ իբրեւ հիմ կ՚առնուի բարեխօսութիւնը մերժողներուն կողմէ` հետեւեալն է.

«Ա՛յդ է բարին եւ այդ կը փափաքի Աստուած, մեր Փրկիչը, որ կ՚ուզէ որ բոլոր մարդիկը փրկուին եւ հասնին ճշմարտութեան ճանաչումին, թէ՝ մէկ Աստուած կայ միայն, եւ Աստուծոյ ու մարդոց միջեւ միակ միջնորդ մը՝ Քրիստոս Յիսուս մարդը, որ Ինքզինք իբրեւ փրկագին տուաւ բոլոր մարդոց համար» (Ա. Տիմոթէոս 2.3-6):

Սուրբերու բարեխօսութիւնը մերժողները այս համարներուն վրայ կը հիմնուին եւ կ՚ըսեն. «Պօղոս առաքեալ կը վկայէ, թէ Քրիստոս մեր միակ բարեխօսն է»: Քանի մը կարեւոր նշումներ.

ա) Տուեալ համարներուն մէջ չի հաստատուիր, թէ Քրիստոս մեր միակ բարեխօսն է, այլ կը հաստատուի, թէ միակ միջնորդն է: Կարեւոր է գիտնալ, թէ Աստուածաշունչը թէպէտ Քրիստոսի համար կը գործածէ «մէ՛կ միջնորդ», կամ՝ «միակ միջնորդ» բառերը (Ա. Տիմոթէոս 2.5-6), բայց երբեք չի հաստատեր, թէ Քրիստոս միակ բարեխօսն է: Ճի՛շդ է որ կը հաստատուի, թէ Քրիստոս «կը բարեխօսէ մեզի համար» (Հռոմայեցիս 8.34), եւ թէ՝ «Հօրը քով բարեխօս ունինք միակ Արդարը՝ Յիսուս Քրիստոսը» (Ա. Յովհաննէս 2.1), բայց ինչպէս ըսի, Աստուածաշունչը բնա՛ւ չ՚ըսեր, թէ Քրիստոս միակ բարեխօսն է: Պէտք է ուշադրութիւն ընել, որ Ա. Յովհաննէս 2.1-ին մէջ, Յիսուս կը կոչուի «միակ Արդարը» եւ ո՛չ թէ «միակ բարեխօսը»:

բ) Կարելի չէ Ա. Տիմոթէոս 2.3-6 համարներուն վրայ հիմնուելով մերժել սուրբերուն բարեխօսութիւնը, որովհետեւ յիշեալ համարները բարեխօսութեան մասին չէ որ կը խօսին, այլ՝ մեր փրկութեան համար Քրիստոսի կատարած միջնորդութեան մասին: Արդ, ինչպէ՞ս կարելի է բարեխօսութիւնը մերժելու համար յիշել այնպիսի համարներ, որոնք բարեխօսութեան մասին չէ որ կը խօսին, կամ բարեխօսութեան ժխտումը չէ որ կ՚ընեն: Պօղոս առաքեալ կը հաստատէ, թէ՝ «մէկ Աստուած կայ միայն, եւ Աստուծոյ ու մարդոց միջեւ միակ միջնորդ մը՝ Քրիստոս Յիսուս մարդը, որ Ինքզինք իբրեւ ՓՐԿԱԳԻՆ տուաւ բոլոր մարդոց համար»: Յստակ է, որ Առաքեալը տուեալ համարներուն մէջ Քրիստոսի միջնորդութեամբ եւ արիւնով իրագործուած փրկութեան մասին է որ կը խօսի, եւ ո՛չ թէ բարեխօսութեան մասին:

գ) Հարցը դնենք հետեւեալ ձեւով. Առաքեալը Քրիստոսի միջնորդութեա՞մբ կատարուած փրկութեան մասին կը խօսի, թէ՝ Անոր բարեխօսութեամբ կատարուած փրկութեան մասին: Պատասխանը չի կրնար երկրորդը ըլլալ, որովհետեւ մեր փրկութիւնը չիրագործուեցաւ եւ չ՚իրագործուիր Քրիստոսի բարեխօսութեամբ, այլ՝ Անոր միջնորդութեամբ: Պօղոս առաքեալ յստակօրէն կ՚ըսէ, թէ Քրիստոս Իր արիւնը թափեց ու մեր յանցանքները ջնջեց, եւ Անով՝ «Նոր Ուխտին միջնորդը եղաւ» (Եբրայեցիս 9.14-15, 12.24): Կարեւոր է գիտնալ տարբերութիւնը Քրիստոսի կատարած միջնորդութեան եւ բարեխօսութեան: Քրիստոս կը միջնորդէ՝ որպէսզի փրկուինք, իսկ մեզ փրկելէ ետք, կը բարեխօսէ` որպէսզի հաստատ մնանք փրկութեան ճամբուն մէջ:

դ) Ա. Տիմոթէոս 2.4-6 համարները ո՛չ թէ բարեխօսութեան ժխտումը կ՚ընեն, այլ պարզապէս կը հաստատեն, թէ մեր փրկութեան մէ՛կ եւ միա՛կ միջնորդը Յիսուս Քրիստոս Ի՛նքն է: Որպէսզի հարցը աւելի յստակ ըլլայ՝ հետեւեալ հարցումը հարցնենք.- Պօղոս առաքեալ ե՞րբ կամ ի՞նչ առիթով զՔրիստոս կը կոչէ «միակ միջնորդ». կը կոչէ՝ երբ մեր փրկութեան մասին կը խօսի: Ուրեմն, հետեւեալը մեր մտքին մէջ շատ յստակ պէտք է ըլլայ. Քրիստոս Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ միակ միջնորդն է, բայց միակ միջնորդն է երբ խօսքը փրկութեան մասին է:

Այո՛, երբ խօսքը փրկութեան մասին է, այլ խօսքով՝ փրկութիւն շնորհելու մասին, Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ միակ միջնորդը Քրիստոս է. նման պարագայի, ո՛չ սուրբերը, ո՛չ մարգարէները, ո՛չ առաքեալները, ո՛չ Աստուածամայրը եւ ո՛չ ալ ուրիշներ կրնան միջնորդել կամ կը միջնորդեն: Ան որ Իր արիւնը թափեց մեր փրկութեան համար` Ա՛ն միայն կրնայ միջնորդել մեր փրկութեան համար: Բայց եթէ խօսքը փրկութեան մասին չէ, այլ Աստուծմէ օգնութիւն մը կամ օրհնութիւն մը առնելու մասին է, զօրութիւն կամ մխիթարութիւն ստանալու մասին է, գործի յաջողութեան մասին է, բժշկութեան մասին է, նման պարագաներու, բոլոր հրեշտակներն ու արդար մարդիկը միջնորդներ ու բարեխօսներ են:

ե) Երբ Ա. Տիմոթէոս 2.5-ին մէջ կը կարդանք «մէ՛կ միջնորդ» կամ «միակ միջնորդ» բառերը, չե՛նք կրնար այս երկու բառերը առանձին առնել եւ անոնց մասին խօսիլ ու հաստատումներ կատարել եւ փորձել եզրակացութիւններու յանգիլ առանց նկատի ունենալու անոնց շրջագիծը: Բացատրելէ առաջ, թէ ի՞նչ իմաստով Ա. Տիմոթէոս 2.5-ին մէջ գործածուած է «մէ՛կ միջնորդ» բառերը, նախ կ՚ուզեմ հետեւեալ շատ կարեւոր նշումը ընել յիշեալ բառերը բառացիօրէն հասկցողներուն.-

զ) Անոնք որոնք Ա. Տիմոթէոս 2.5-ին մէջ արձանագրուած «միակ միջնորդ» բառերը տառացիօրէն կը հասկնան, արդեօք կրնա՞ն նոյն համարին մէջ արձանագրուած «մէկ Աստուած կայ միայն» բառերը եւս տառացիօրէն հասկնալ, ըսելու համար, թէ՝ «մէկ Աստուած կայ միայն», եւ այն ալ՝ Հայրն Աստուած Ինքն է, եւ ուստի՝ Քրիստոս եւ Սուրբ Հոգին Աստուած չեն: Պօղոս առաքեալ «մէկ Աստուած կայ միայն» ըսելով՝ միայն Հօրն է որ կ՚ակնարկէ, բայց կը կրկնեմ, արդեօք ան ըսել ուզեց, թէ Քրիստոս եւ Սուրբ Հոգին Աստուած չե՞ն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 5

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունուար 10, 2023