«ՏԱԼԻՔՍ ՏՈՒԱԾ ԵՄ, ԱՌՆԵԼԻՔՍ՝ ԱՌԱԾ»
Դպրեվանքեան ուսանողութեանս տարիներն էին, երբ վաստակաշատ եւ մեծ ուսուցիչ հանգուցեալ Պարոն Գէորգ Գանտահարեանը իր ժպտադէմ դէմքով դասարան մուտք գործեց։ «Ալե՛քս,- յանկարծ ըսաւ,- ելիր գրատախտակին վրայ բահ բառը փ-ով գրէ»։ Շշմած էի։ Նման բառ գոյութիւն ունի՞։ Աննման ուսուցչիս խօսքը լսելով՝ գրատախտակին վրայ «ՓԱՀ» գրեցի։ Պարոն Գանտահարեանը մեզի 45 վայրկեան տուաւ, որպէսզի բոլոր բառարանները լաւապէս պրպտենք եւ այս «ՓԱՀ» բառին նշանակութիւնը գտնենք։ «Մալխասեանց» բառարանէն սկսեալ՝ հասանք մինչեւ «Հայկազեան» բառարան, այդ նորաստեղծ բառը փնտռեցինք աւելի քան 10 մեծղի բառարաններու մէջ, բայց անոր հետքն անգամ չգտանք։ Դասապահի ժամը երբ իր աւարտին հասաւ, Պրն. Գանտահարեանը ժպտալու սկսաւ եւ ըսաւ. «Տղաքս, այս բառը մոլուցքային երեք բառերու սկզբնատառերն են. ՓԱՌՔ, ԱԹՈՌ եւ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆ։ Այս երեք բառերու պատճառով աշխարհը իր գոյութեան իմաստէն ամբողջապէս հեռացած ու դատարկուած է։ Պատերազմներ ծնունդ կ՚առնեն աթոռի պատճառով։ Եղբայրներ զիրար կը սպաննեն ունեցուածքի, հարստութեան եւ ժառանգութեան համար։ Մարդիկ կուրօրէն գնայուն փառքին ետեւէն կ՚երթան, առանց իմանալու թէ այդ ճանապարհը զիրենք ո՞ւր կ՚առաջնորդէ»։ Արդէն տասը տարիներ անցած են այս կենսախօս պատմութենէն, բայց այսօր ամէն անգամ որ կը վերյիշեմ այդ խօսուն երկտողը՝ մարմինս իսկոյն կը փշաքաղի։ «ՓԱՀ»՝ մարդուս հոգին քայքայող, բարոյականութենէ զրկող, մարդկայնութենէ պարպող «բառ» մը…։
Նման խրատներ յաճախ կը լսէինք մեր անմահանուն ուսուցիչէն։ Անուն մը, որ տարբեր հնչեղութիւն մը, ուժգնութիւն մը ունէր իր մէջ։ Անուն մը, որ ուսուցիչ մը ըլլալէ աւելի բաժնած էր իր հայրական սէրը՝ իբրեւ բուղխ սիրտ ու սիրոյ մշտաբուխ ակունք մը…
Զինք ճանչցողներն իսկ կը վկայեն, թէ մանկավարժ, երաժշտագէտ, ուսուցիչ Գէորգ Գանտահարեանը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին ներքեւ, հայ ոգեկանութեան անվթար ու անեղծ բեկորին եւ մշակոյթի ամբողջանուէր ազդեցութիւնը կրեց իր համակ կեանքի ընթացքին։ Ան ո՛չ միայն թրծուեցաւ Անթիլիասական ոգիով, այլեւ՝ ճաճանչող լո՛յսը դարձաւ հայ մշակոյթին ու գիրին՝ զայն դարձնելով իր կեանքի աւիշն ու կենսանիւթը։
Արդարեւ, Սահակ Կաթողիկոս Խապայեանի ոգեշնչող անձնաւորութեան հմայքին տակ, Շահէ Արք. Գասպարեանի առինքնող եւ վեհացնող գրաւչութեամբ տոգորուած՝ պատանի Գէորգի աշխարհահայեացքին ու մտահորիզինին վրայ անոնք իրենց ուղենշային դրոշմն ունեցան։ Բաբգէն Կաթողիկոս որպէս տիպար, մտաւորական՝ անջնջելի հետք թողուց պատանի Գէորգի հոգեմտաւոր ու հոգեիմացական կերտուածքին վրայ՝ զինք մղելով հետեւելու անոր հարթած ուղիէն, շարունակելու անոր թողած սրբազան կտակն ու աւանդը եւ իր համակ կեանքը նուիրաբերելու հայ դպրոցին, հայ գիրին ու հայ մշակոյթին։
Դպրեվանքը եւս իր որոշադրիչ ու կենսական տեղն ու դերը ունեցաւ պատանի Գէորգի հոգեմտաւոր պաստրաստման ու կազմաւորման մէջ։ Իրեն համար Դպրեվանքը, կեանքի եղանակ մը, հաղորդութեան ընթացք մը, ներքին լիցքաւորումի եւ հասունացումի կենսալի միջոց մըն էր, ուր իմացական գործօնութիւններ եկան ու ընդելուզուեցան անոր ողջ էութեանը եւ հոգեխառնութեանը հետ, որոնց շնորհիւ ան դարձաւ հանդիսարան նոր տարածքներու, բացուեցաւ նոր ու լայն հորիզոններու եւ ուզեց, որ այդ բոլորը առուակուին հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։
Կը յիշեմ այն յատկանշական հայերէն լեզուի, գրաբարի եւ Հայոց Պատմութեան պահերը, որոնց ընթացքին միայն չէր ուսուցաներ, չէր սորվեցներ, չէր լեցներ, չէր բարդեր, չէր ցուցադրեր, այլ կը շինէր, կը կազմէր, կը կազմաւորէր, կը հասունցնէր, չեմ գիտեր ի՞նչ նիւթով, ի՞նչ տարրերով։ Բան մը իբրեւ ծանօթութիւն, գիտելիք, իրմէ ջամբուած ու ստացած ըլլալէ աւելի կը զգայինք, որ բանով մը կը լեցուէինք, որուն ինչ ըլլալը յետագային միայն կարելի էր գիտնալ։ Մտքի ոգի մըն էր, շտեմարան մը, որ կը թափանցէր իր դասերուն մէջէն իր դասընկալներու հոգիներուն մէջ՝ մտքի որակներ գոյատեւելու համար հոն, մանկավարժական մեթոտով եւ հայրական ու եղբայրական սիրով, որոնք իր իւրայատուկ ոճը եղան մշտապէս։ Հակառակ արտաքնապէս իր շատ հանդարտ երեւոյթին, հազիւ նշմարելի ներկայութեան, խանդը՝ հաղորդութեան, աղբիւր՝ խոր ակունքներ ունէր իր մէջ։ Այդ խանդը շատրուանէն ժայթքող ուղխին պէս կը բարձրանար մանաւանդ երբ ամպիոնին առջեւ կը խօսէր Ռէթէոս Պէրպէրեաններու, Լեւոն Շանթերու, Նիկոլ Աղբալեաններու մասին։ Ներշնչող ու ոգեւորող մարդ էր, բառին ընդարձակ առումովը։ Իր ողջ էութեամբը համագրաւուած իր դասաւանդած նիւթերով՝ կը տարուէր ինք, իսկապէս կը վերանար եւ իրեն կ՚առինքնէր զինք լսող ուսանողները։
Կարելի չէր զինք չյարգել, եւ անհնար էր զինք նեղացնել։ Ան իր լռութեամբ գիտէր կարգի բերել ոեւէ պատանի-ուսանող։ Դէմքի հազիւ նշմարելի շարժում մը, հանդարտ նայուածքին մէջ յատուկ պլպլացում մը, եւ արդէն աշակերտը իր տեղը կը նստէր, թէ՛ բառացիօրէն եւ թէ փոխաբերական իմաստով։ Բացառիկ զարգացման եւ գիտելիքներու տէր, համակրելի, սրամիտ, բարի, իմաստուն, զգայուն, կարեկցող, արդար, անկեղծ, անխոնջ եւ լիովին նուիրուած իր գործին ու կոչումին, ան գիտէր ո՛չ միայն խօսիլ իր աշակերտին հետ, այլ նաեւ գիտէր մտիկ ընել զինք։ Երբ որ պէտք ըլլլար, ուսուցիչը կը դառնար քեռի, կը դառնար հօրեղբայր, կը դառնար մտերիմ տարեց բարեկամ, եւ դասաւանդութեան ու դաստիարակութեան կողքին՝ ան նաեւ կը դառնար հոգեկան նեցուկ։
Միտք մը բաց ու պայծառ, որ միշտ ճառագայթեց, լուսազարդեց եւ ջերմացուց շրջապատը։ Ամբարեց բաշխելու համար, կուտակեց տալու համար, սերտեց՝ սորվեցնելու համար, բարձրացաւ՝ բարձրացնելու համար։ Պրն. Գանտահարեանը իր ծովածաւալ պաշարով ու մտաւորական տաղանդով եղաւ ժիր սերմնացանը դեռատի սրտերուն բարի հակումները զարգացնող, խոպան ու անտաշ մտքերը յղկող, գէշ յատկութիւնները արմատախլող ու հոն առաքինութեան, ներողամտութեան բարի հունտերը սերմանող։ Ան իր անձին վեհութեամբ, իր սրտին բարութեամբ, իր հոգիին ազնուութեամբ եղա՛ւ իրաւ մարդ, գլխագիր ՀԱ՛Յ ՄԱՐԴ։
Իսկ քրիստոսահիմն եւ առաքելաւանդ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին, Պրն. Գէորգ Գանտահարեանի համար քրիստոնէութիւնը մարմնաւորող եւ անոր շնչաւորեալ եւ գործարանաւորեալ արտայայտութիւն տուող նուիրագործուած հաստատութիւնն էր։ Եկեղեցին իրեն համար քրիստոնէական կեանքին նկարագիր տուող իրականութիւն էր։ Ինք սոսկ Եկեղեցիին չէր պատկաներ, այլ Եկեղեցին կ՚ապրէր։ Եկեղեցւոյ «անսքեմ» առաքեա՛լն էր ան, ոչ թէ լոկ պաշտօնով, այլ ամբողջ էութեամբ, հոգեխառնութեամբ ու ապրումով։ Եկեղեցին իր նեղ ու լայն առումներով՝ իր կեա՛նքն իսկ էր, Աւետարանին աստուածային վարդապետանոցի շաւիղէն սկսեալ մինչեւ բարձունքը խաչամատոյց Գողգոթային, որ անխուսափելի ճանապարհն է ամէն ճշմարիտ քրիստոնեայի ու մանաւանդ հոգեւորականի։ Ահա թէ ինչո՛ւ համեստ ու խոնարհ, յաղթաքայլ, գործեց անանձնական ծառայութեամբ, թափանցեց ժողովուրդին սրտէն ու ողջ էութեանը ներս՝ դառնալով Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան ազգակերտ պատգամներն ու կենսաւորիչ աղօթքները իր հոգիին եւ հաւատքին ու գիտակցութեան, տեսիլքին ու ուխտին մէջ համաձուլած երկնառաք բացառիկ եւ սքանչելի անձնաւորութիւն մը։
Պարոն Գանտահարեանի նկարագրի կազմաւորիչ էական տարրերէն մէկն էր նաեւ հայրենասիրութիւնը։ Իր իսկ ըմբռնումով հայրենիքը հող չէր, այլ` ան հայութիւնն իսկ էր։ Հայութիւնը՝ իր ոգեկան ամբողջ հարստութեամբ, պայքարներով, մաքառումներով, հաւատամարտերով, յաղթանակներով ու պարտութիւններով, հալածանքներով ու սխրագործութիւններով։ Իր հայրենասիրութիւնը չէր կրնար չբորբոքել իր մէջ Հայ Դատի շեփորային ձայնը։ Ահա թէ ինչո՛ւ Հայկական Հարցը Պարոն Գէորգի մտածողութեան եւ հոգեգիտակցական ներաշխարհի անբաժանելի մասնիկն ու իր կեանքի գոյապատճառն էր դարձած։
Պարոն Գանտահարեանը իր կեանքի ընթացքին, մանաւանդ իր աւելի քան յիսնամեայ պաշտօնավարութեան ու գործունէութեան ընթացքին կրցաւ պայքարիլ իր դէմ մխացող չարապատիր նետերուն դէմ, կրցաւ յաղթահարել բոլոր խոչընդոտները իր աննկուն հաւատքով։ Դաժան հիւանդութեան դէմ նոյնիսկ գիտնական հերոսի մը պէս պայքարեցաւ։ Բայց աւաղ, չկար ո՛չ դարման, ոչ ճար։ Բայց այդ անողոք հիւանդութիւնն անգամ չկրցաւ ընկճել իր հոգին եւ թուլցնել իր կամքը, ո՛չ վշտի ծածկոցի տակ պահուըտեցաւ, ոչ ալ ուրացումի դիմակին ետին այլափոխուեցաւ, այլ հաւատքով շարունակեց իր կոչումը։ Այո՛, առաքեալին նման, որ գիտէր իր կոչումին հաւատարիմ մնալ։ Եւ մնա՛ց հաստատ մինչեւ վերջին կարողութիւնը մարմնին եւ վերջին ցոլքը մտքին, վերջին կեանքին՝ պարտականութեան։
Սիրելի Պարոն Գանտահարեան,
Ձեր երկնային բնակավայրէն նայեցէ՛ք մեզի՝ Ձեր ձեռնասուններուն, որոնք իբրեւ ատոք սերմեր փթթած են։ Երէկուան դեռ աղուամազով տղան այսօր արդէն անհատական դիմագծութեան ճամբուն մէջ է մտած։ Երէկ տարտամ վիճակ ունեցող երիտասարդը, այսօր կաթողիկոս, առաջնորդ, վարդապետ, քահանայ եւ ազգային գործիչ դարձած է։ Երէկ շարադրութեան նախափորձեր կատարող վարանոտ պատանին, այսօր յօդուածներ գրող եւ դէպի ինքնավստահութիւն գացող անձնաւորութիւն մըն է դարձած։ Երէկուան դեռ անգիր արտասանող աշակերտը, այսօր դարձած է բանիբուն քարոզիչ եւ Աւետարանի լոյսը ջամբող ու տարածող անձ մը։
Վստահ գիտցէք, թէ կեանքի այն սկզբունքները, որոնք դուք ապրեցաք ձեր համակ կեանքի ընթացքին, ձեր ապրելակերպի օրինակով իւրաքանչիւրիս հետ պիտի մնան, եւ մեր կեանքի ամբողջ տեւողութեան պիտի փորձենք այդ շինիչ խրատները փոխանցել գալիք սերունդներուն։
Դուք հպարտութեամբ կրնաք ըսել՝ «Տալիքս տուած եմ, առնելիքս՝ առած»։ Ցանած էք, հնձած էք, բայց այսօր այդ պտուղները հայ ժողովուրդը տակաւին կը քաղէ ու պիտի քաղէ…
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ