ՀԱԼԷՊԻ ՅԵՏՊԱՏԵՐԱԶՄԵԱՆ ՀԵՏՔԵՐ
Անհաւատալի էր բայց իրականութիւն: Ո՞վ կը հաւատար, որ հինգ երկար տարիներու պատերազմական տագնապէն եւ տառապանքէն ետք՝ այսօր պիտի կարենանք անվախօրէն քալել ազատագրուած Հալէպի փողոցներուն մէջ. ազատօրէն պիտի կարենանք երթալ մէկ շրջանէն միւսը, գնումներ կատարել, այցելութիւններ տալ, երբ զրկուած էինք նոյնիսկ պատշգամ ելլելէ՝ վախնալով հրթիռի մը կամ դիպուկահարի մը զոհը դառնալէ:
Երազ էր, բայց իրականացաւ: Հալէպը ազատագրուեցաւ: Կարօտցած ըլլալով ազատօրէն քալել փողոցին մէջ՝ ահաւասիկ մարդիկ հաճոյքով դուրս կուգան իրենց տուներէն եւ ազատօրէն կը քալեն փողոցին մէջ, տարօրինակ եռուզեռ մը ստեղծելով քաղաքին մէջ:
Ես ալ այլոց պէս դուրս կու գամ տունէն եւ կը քալեմ Սուլէյմանիէի երկար պողոտայէն դէպի Թիլէլի պողոտան: Կը դիտեմ չորս դիս. որոշ խանութներ, որոնց սեփականատէրերը ճամբորդած էին երկրին անկայուն վիճակին պատճառով՝ փակ են տակաւին. բայց ուրիշներ՝ տարիներով իրենց փակ պահած խանութները արդէն բացած եւ սկսած են աշխատանքի, քաղաքին տալով նոր փայլ մը: Այո՛, ազատագրուեցաւ Հալէպ. խաղաղութիւնը տիրեց քաղաքին եւ կեանքը մտաւ իր բնականոն ընթացքին մէջ. չկան նախկին հրթիռակոծումները. չկան նախկին դիպուկահարները, որոնք օրական կը հնձէին քանի մը մարդկային զոհեր. չկան ականուած ինքնաշարժներ, որոնք կը տեղադրուէին գաղտնի անկիւններու վրայ, բնակելի շէնքերուն տակ կամ հրապարակներու մէկ անկիւնը՝ առաւել զոհեր խլելու համար: Բայց եւ այնպէս, տակաւին կան յետպատերազմեան հետքեր եւ այլեւայլ դժուարութիւններ, որոնք մարդկային կեանքը կը դարձնեն զզուելի եւ ձանձրացուցիչ:
Երկար է ուղին յետպատերազմեան ցաւալի հետքերը ջնջելու եւ վէրքերը բուժելու: Այսօր
Եօթ-ութ ամիսներէ ի վեր քաղաքը զրկուած է ելեկտրական հոսանքէ, որուն վրայ հիմնուած են մարդկային կեանքի հիմնական եւ անհրաժեշտ պէտքերը. անոր վրայ հիմնուած են նաեւ չորս-հինգ տարիներէ ի վեր ահաբեկիչներու կողմէ բռնագրաւուած եւ բանակին կողմէ ազատագրուած զանազան գործարաններու բարդ աշխատանքները. ելեկտրականութիւնը նոյնքան անհրաժեշտ է նաեւ քաղաքը պատող գիշերային թանձր խաւարը ցրելու եւ ապահովելու համար բնակչութեան արօրեայ խաղաղ կեանքը:
Աւելի մտահոգիչ է ջուրի նեղութիւնը: Հալէպը ազատագրուելէ շաբաթներ ետք դարձեալ քաղաքը մատնուեցաւ ջուրի տագնապի մօտաւորապէս մէկ ամիս: Ջուրը կը հայթաթուի զանազան վայրերու մէջ՝ պետութեան կողմէ բացուած ջրհորերէն բայց ոչ բաւարար չափով:
Մարդիկ յաճախ պարտաւորուած կը զգան ջուրը գնելու մասնաւոր վաճառողներէ կամ փոխադրել՝ անձնական միջոցներով:
Ահաբեկիչները՝ նախքան իրենց հեռանալը, գրաւած էին Հալէպի՝ Սուլէյման Հալապի կոչուած շրջանին մէջ ինկած ջուրի ընկերութիւնը: Ուստի բնակչութիւնը ջուրէ զրկելու եւ նեղութեան մատնելու միտումով յարատեւ կը խափանէին ջուրի մատակարարման ուղիները եւ այսպէս շարունակաբար մօտաւորապէս չորս երկար տարիներ: Այսօր քաղաքը ազատագրուած է ահաբեկիչներէն, սակայն ջուրի տագնապը տակաւին կը շարունակուի. այս անգամ անոնք խափանած են քաղաքը մատակարարող Եփրատ գետին հոսքը դէպի Հալէպ՝ զայն ուղղելով դէպի ջրամբար, որուն մակերեսը արդէն բարձրացած է այնքան՝ որքան վախ կայ, որ ջուրը կ՚ողողէ շրջակայ գիւղերն ու քաղաքները ջրամոյն դարձնելով զանոնք:
Առաւել նեղութիւն է վառելանիւթի եւ կազի չգոյութիւնը: Ձմրան այս սաստիկ ցուրտին շատ մը ընտանիքնր վառելանիւթ չունին, որպէսզի օգտագործեն տաքնալու համար. այս պատճառ մըն է որ կարգ մը հիւանդութիւններ բարդանան կամ նոր հիւանդութիւններու դուռ բանան:
Այլ նեղութիւն մըն է կազի տագնապը: Մարդիկ արհամարհելով ձմրան ցուրտ օդը, ժամերով հերթ կը սպասեն ստանալու՝ ճաշի պատրաստութեան համար իրենց բաժին ինկած կազի շիշերը:
Փուռերը բաւարար վառելանիւթ (մազոթ) չունին, որպէսզի ժողովուրդին բաւարար հաց արտադրեն. ուստի մարդիկ երկար շարքերով հերթ կը սպասեն այդ օրուան իրենց բաժին ինկած հացը ապահովելու համար:
Այս եւ այլ դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուի Հալէպի ժողովուրդը: Ան կառչած մնալով իր ծննդավայրին՝ մեծ յոյսերով կը սպասէ, որ օր մը արեւը կը ծագի եւ Հալէպը կը ձերբազատուի այս նեղութիւններէն, գտնելով իր խաղաղութիւնը:
ԹԱԳՈՒՀԻ ԱԹՈՔԵԱՆ
Հալէպ, 18 Փետրուար 2017