ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ԸՆԹԱՑՔ

Ծնուն­դով կ՚ու­րա­խա­նան, լաւ պատ­ճառ մըն է կոր­սուած ե­րազ­նե­րու շա­րու­նա­կու­թիւ­նը հոն տես­նե­լով, եւ ոչ միայն ե­րազ­նե­րու, այլ կեան­քէ հե­ռա­ցող­նե­րու շղթա­յին մէկ նոր շունչ մը տա­լով, ա­նոր գո­յա­տե­ւու­մը ա­պա­հո­վե­լու ե­րաշ­խի­քով, ա­նուա­նա­կո­չու­մով իսկ կար­ծես կ՚ա­պա­հո­վուի ա­մէն իղձ… մշտա­նո­րոգ այս հա­մընդ­հա­նուր ըն­թաց­քին մէջ:

Հուսկ՝ ու­րա­խու­թիւ­նը կը դառ­նայ ա­ռօ­րեայ հա­ցի նման սնունդ՝ նոր փթթող կեան­քին ալ, ի մաս­նա­ւո­րի ե­թէ գաղ­թա­կան, տուն ո­րո­նող որ­բի նման չէ… ու­նի հայ­րե­նիք, տուն, զոր չեն «ը­րած ա­ւե­րակ ես չծնած տա­կա­ւին» (պա­տա­նու­թեանս սոր­ված մէկ քեր­թուա­ծէն տող մը), որ նաեւ ու­նի «Մի փոք­րիկ հող ա­ռուի ա­փին, մի կտոր հաց թոն­րի շրթին». Հուսկ՝ ոտ­քե­րը ա­մուր հո­ղին են. հայ­րե­նի հո­ղին, ուր ան­հա­տը պի­տի զգայ ինք­զինք թա­գա­ւոր…

Ինչ որ նշե­ցինք, մեր ապ­րում­ներն էին, ա­նոնց­մով սնուե­ցանք ու շնչե­ցինք, հա­ւա­տա­ցինք, պայ­քա­րե­ցանք եւ յու­սա­ցինք իբ­րեւ ապ­րող ե­րազ, իբ­րեւ շնչող հող, որ կը կո­չուի հայ­րե­նիք:

«Թռչէի մտքով տուն, ուր իմ մայրն էր ար­թուն» (Գ. Սա­րեան)։

Ա­նօ­թին՝ հաց, ծա­րա­ւը՝ ջուր, տնան­կը տուն պի­տի ո­րո­նէ:

«Հո­ղին կան­չը» կ՚ը­սենք. միայն ֆի­զի­քա­կան տե­սան­կիւ­նը չէ որ նկա­տի ու­նինք, այլ՝ ամ­բող­ջու­թիւ­նը, իր ան­ցեալ, ներ­կայ եւ ա­պա­գա­յի տես­լա­կա­նով պի­տի ա­ռինք­նէ իր ժո­ղո­վուր­դը, ո­րուն պատ­րաստ է ալ ժա­ռան­գա­­կա­նու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ՝ մթնո­լոր­տի իբր ար­դիւնք:

Բայց.

Ե­րազն ու­րիշ կեանքն ու­րիշ

­Տար­բեր էիր դուն ե­րէկ,

Այ­սօրդ սա­կայն՝ նո՛ր ա­ւիշ­

է ե­րէ­կիս յոգ­նա­բեկ:

Ան­կա­խու­թի՜ւն, ի՛նչ քաղցր բառ, ուր կը տես­նես ե­րազ­ներդ ի­րա­կա­նա­ցած… ալ չկան «հո­նո­րա­րա­յին եր­գե­րը զուարթ­
եւ եղ­բայ­րա­կան ճա­ռե­րը սա­հուն…

Մենք կ՚ու­նե­նանք մե՛ր նա­խա­գա­հը՝ ու նա­խա­գա­հը կ՚ու­նե­նայ…­ մեզ: Ե­րեք նա­խա­գահ­ներ, իսկ ժո­ղո­վուր­դը ի՞նչ տե­սաւ… ու մենք ալ լսե­ցինք ու տե­սանք: Ի հար­կէ, պի­տի տես­նէինք, քա­նի որ «եր­կա­թէ վա­րա­գոյ­րը» ի զուր չտա­պա­լե­ցինք… եւ խօսքն ալ ա­զատ է, մարդն ալ ա­զատ է ու ա­զատ շրջա­գա­յու­թիւն կը վա­յե­լէ, այն­պէս որ մեր սրտի ցա­ւը մե­զի կը մնայ ժա­ռան­գու­թեան պէս:

Ո՞ւր ես Սիլ­վա… «Կա­րա­ւան­նե­րը դեռ քայ­լում են» այս ան­գամ՝ ինք­նա­կամ, չկա­րե­նա­լով տա­նիլ Ան­կա­խու­թեան լու­ծը հայ­րե­նի տէ­րե­րով բեռ­ցուած ու հի­մա, նա­խընտ­րա­կան շրջան է: Եւ հա­ւաս­տիա­ցու­մը ներ­կայ նա­խա­գա­հին.-

«Մենք պի­տի դառ­նանք տա­րա­ծա-շըր­ջա­նի ա­մե­նաա­պա­հով եր­կի­րը»:

Եւ դեռ՝ քա­նի՜, քա­նի՜ «պի­տի»ներ դրա­կան ի­րա­կա­նա­ցու­մի:

Նա­խընտ­րա­կան շրջա­նի կա­տա­րուած մեղ­րա­հոս ու հրա­պու­րիչ, քիչ մըն ալ բա­նաս­տեղ­ծա­կան գու­նա­ւո­րում­նե­րով խօս­քե­րը ո­րո՞ւ յայտ­նի չեն աշ­խար­հի տա­րած­քին:

Բայց ի զո՞ւր կ՚ը­սեն. «Սպա­սէ եւ տես» (wait and see):

Սպա­սենք, բայց ի՞նչ պի­տի տես­նենք ար­դեօք…

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Ուրբաթ, Մարտ 10, 2017