Ալան Յովհաննէս (Չաքմաքճեան, 1911-2000)

Հայ ժողովուրդի անունն ու մշակութային տաղանդը համաշխարհային ճանաչումի եւ գնահատանքի արժանացնող ազգային մեր մեծութիւններու փաղանգին մէջ իր կարեւոր տեղը ունի Ալան Յովհաննէս, որու ծննդեան 107-րդ տարեդարձը կը նշենք Մարտ 8-ին։

Թէեւ առաւելաբար ամերիկեան երաժշտութեան դափնեկիր մը եղաւ Ալան Յովհաննէս, բայց աշխարհագրական սահման չճանչցաւ անոր արուեստը, որ ծայրագոյն արեւմուտքէն մինչեւ ծայրագոյն արեւելք բարձր հռչակի արժանացուց հայոց երաժշտական տաղանդը։

Ինչպէս որ The Boston Globe թերթի երաժշտական քննադատ Richard Buell առիթով մը վկայած է, Ալան Յովհաննէս «թէեւ հռչակուած է իբրեւ կարծատիպը ինքնագիտակից Հայ Երգահանի, այսուհանդերձ՝ անոր երաժշտութիւնը կը համաձուլէ տարբեր մշակոյթներու երաժշտութիւնները։ Իսկ այն, որ իր արուեստին մէջ ամենէն ամերիկեանն է՝ մշակումն է տեսակ մը տարաշխարհիկ երաժշտութեան։ Ալան Յովհաննէսի երաժշտութեան մթնոլորտը փսփսուք է՝ պատկառազդու, խորհրդաւոր եւ կարօտաբաղձ»։
Պատահաբար չէ, հետեւաբար, որ Ամերիկայի մէջ Ալան Յովհաննէսը հռչակեցին «միւսներէն առաջ կանգնած երաժիշտը», Անգլիոյ մէջ ան գնահատուեցաւ իբրեւ «Խաղաղ Ամերիկացին», իսկ Հնդկաստանի ու Ճաբոնի մէջ զինք մեծարեցին իբրեւ «Որոնող Հայ»ը։

Աւազանի անունով Յովհաննէս Չաքմաքճեան՝ Ալան Յովհաննէս ծնած էր Պոսթընի արուարձաններէն Somerville-ի մէջ, 8 Մարտ 1911-ին։ Որդին էր Ատանա ծնած, Միացեալ Նահանգներ ուսանելու գացած եւ Tufts College-ի մէջ քիմիագիտութեան դասախօս դարձած Յարութիւն Յովհաննէսի Չաքմաքճեանի։ Մայրը սկովտական ծագումով ամերիկուհի մըն էր՝ Madeleine Scott։ Հայրը բազմաթիւ գիրքերու, նաեւ՝ հայերէն-անգլերէն առաջին բառարաններէն մէկուն հեղինակն էր, որ երկար տարիներ եղաւ Պոսթըն հրատարակուող ՀՅԴ-ի պաշտօնաթերթ «Հայրենիք»ի գլխաւոր խմբագիրը: Իսկ մայրը, մինչեւ 1931 թուին իր մահը, շարունակ ընդդիմացած էր զաւկին հայ մեծցնելու Յարութիւն Չաքմաքճեանի հետեւողական ճիգերուն։ Կենսագիրները կը վկայեն, որ Ալան Յովհաննէս, մօր ճնշումին եւ ազդեցութեան տակ, վաղ տարիքի իր ստեղծագործութիւնները պարտադրաբար ստորագրած էր Ալան Սքաթ Վաննէս։ Այդ էր պատճառը, որ մինչեւ 1930-ականները եւ մօր մահը ստեղծած իր գործերը Ալան Սքաթ Վաննէս որոշեց փճացնել եւ ի՛նք պատմած է, որ օրերով իր նոթաները այրեց։ Որոշեց իր հայկական պատկանելութեան լիարժէք տէր կանգնիլ՝ առաջին հերթին մեծհօր Յովհաննէս անունը ընտրելով իբրեւ ազգանուն։ Այդ մասին նաեւ առիթով մը խոստովանած է, որ ընտանեկան «Չաքմաքճեան» ազգանունը չընտրեց, որովհետեւ շրջապատին մէջ ոչ ոք ի վիճակի էր ճիշդ արտասանելու «զինագործ» բառին թրքացումով կնքուած իր հարազատ ազգանունը։

Այս առումով միայն ծագումով հայ մը չեղաւ Ալան Յովհաննէս, այլ թէ՛ իր կեանքով, թէ՛ իր ստեղծած աւելի քան 70 սիմֆոնիք ստեղծագործութիւններով ու 200 յօրինումներով՝ հաւատաւոր եւ հաւատարիմ մշակը հանդիսացաւ հայկական իր ժառանգութեան։ Եղաւ մանաւանդ հաւասարապէս թէ՛ հայ, թէ՛ ամերիկացի՝ սփիւռքահայու կրկնակ պատկանելութեան յառաջապահներէն դառնալով։

Եւ «ամերիկահայ»ու իր այդ կազմաւորումով ու համադրութեամբ՝ Ալան Յովհաննէս բնաւ անտարբեր չգտնուեցաւ ինչպէս աշխարհի, նոյնպէս եւ Հայաստանի ու հայութեան ճակատագրին նկատմամբ, մօտէն հետեւեցաւ եւ դիրքորոշուեցաւ քաղաքական մեծ վերիվայրումներու հանդէպ ու նուաճեց արժանաւոր քաղաքացիի իր մնայուն տեղը 20-րդ դարու ամերիկեան իրականութեան մէջ։ Ամերիկահայ «Արարատ» հանդէսին տրուած հարցազրոյցի մը մէջ, տակաւին 1971-ին, մեծանուն երաժիշտը կատարեց մերկացումը ամերիկեան մեծապետական մոլորանքին՝ ինչպէս այդ օրերուն, նաեւ մեր ժամանակներուն համար ուղի լուսաւորող հետեւեալ պատգամը փոխանցելով.

«Թեւակոխած ենք շատ վտանգաւոր հանգրուան մը։ Ինքնակործանման վտանգին առջեւ ենք, ինչ որ մեծ վախով կը համակէ զիս։ Հին սերունդը անխղճօրէն կը կառավարէ ու կ՚իշխէ։ Եւ ունիմ այն զգացումը, որ ատիկա մեծ սպառնալիք մըն է մեր քաղաքակրթութեան համար։ Հսկայական ընկերութեանց եւ կազմակերպութեանց ագահութիւնը կը հակակշռէ կեանքը տեսակ մը վայրագութեամբ։ Կացութիւնը հետզհետէ աւելի եւ աւելի վատթարացած է, որոշ իմաստով, որովհետեւ բնական գիտութիւնը մեզի տուած է աւելի ու աւելի մահացու զէնքեր եւ մարդկային ոգին կործանած է շատ մը պարագաներու… Ուստի՝ ի՜նչ օգուտ, որ ունինք աշխարհի ամենազօրաւոր երկիրը, երբ կործանած է հոգին։ Անօգո՜ւտ է»։

Ալան Յովհաննէս հազիւ 7 տարեկան էր, երբ ի վիճակի եղաւ երաժշտութիւն կարդալու եւ 14 տարեկանին արդէն սիմֆոնիք գործեր կը յօրինէր։ Բայց ինչպէս որ յետագային ի՛նք վկայած է, ծնողքը դէմ էին երաժշտութեան նուիրուելու իր բուռն ցանկութեան։ «Հետեւաբար ստիպուած էի երաժշտական իմ յօրինումներս գրելու գիշերները, գաղտնի, բաղնիքի մէջ, եւ յետոյ զանոնք պահելու, որպէսզի ծնողքս չտեսնէ», խոստովանած է մեծ երաժիշտը։ Արլինկթըն քոլէճի աշակերտ էր, երբ արդէն գրեց իր առաջին երկու օփերաները, որոնք ներկայացուեցան քոլէճի սիմֆոնիք նուագախումբին կողմէ։ Երգահանութեան նուիրուելու իր որոշումին մէջ, այդ տարիներուն, մեծ եղաւ ազդեցութիւնը Կոմիտասի ստեղծագործութիւններուն հետ իր ծանօթացումին։ 1929-ին, աւարտելով միջնակարգ դպրոցը՝ ան ուսումը շարունակեց Նիւ Ինկլընտի երաժշտանոցին մէջ։ Այդ շրջանին գրեց «Արեւածագ» սիմֆոնին, որուն համար արժանացաւ Samuel Endicott-ի մրցանակին:

Ալան Յովհաննէս ապրեցաւ ինքնաճանաչման անվերջ պրպտումներու մէջ: Ինքնահաստատուեցաւ, երբ իբրեւ երգեհոնահար սկսաւ ծառայել Ուոթըրթաունի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ: Չնայած բացառիկ տաղանդին եւ մէկը միւսին ետեւէն իրեն շնորհուող մրցանակներուն՝ Ալան Յովհաննէս Ամերիկայի տարածքին շարունակ ընկալուեցաւ իբրեւ օտար եւ վտարանդի: Շատ անգամ, յանուն հանապազօրեայ հացի, նուագեց ճաշարաններու եւ պանդոկներու մէջ, նուագակցեցաւ երաժիշտներու եւ երգիչներու: Պոսթընի մէջ մտերմացաւ միսթիք նկարիչ, ազգութեամբ յոյն Հերմոն տի Ճիովաննիին հետ, զոր յետագային համարեց իր «հոգեւոր ուսուցիչը»։ Ճիովաննի խորհուրդ տուած է անոր՝ փնտռել ու գտնել իր հայկական հարազատ հոգեւոր ժառանգութիւնը եւ ողջ կեանքին ընթացքին հաւատարիմ մնալ իր արմատներուն:

Այդպէս ալ ընթացաւ Ալան Յովհաննէսի կեանքը այնուհետեւ եւ ցաւօք, նաեւ այդ գաղափարներու ներշնչումով էր, որ մօր մահէն ետք Ալան Յովհաննէս այրեց մինչ այդ գրած իր հարիւրաւոր ստեղծագործութիւնները, այդ շարքին՝ 2 օփերաներ, 7 սիմֆոնիներ: Միայն յիսուն տարի ետք, մեկնաբանելով իր այդ արարքը, Ալան Յովհաննէս իրեն յատուկ ժպիտով պիտի «արդարանար»՝ ըսելով, թէ «պարզապէս ես Պոսթընէն կը տեղափոխուէի Նիւ Եորք, աւելի փոքր բնակարան մը, եւ պէտք էր ձերբազատուէի որոշ աւելորդ բեռնէ»…

1940-ականներուն, Ալան Յովհաննէսի ստեղծագործական կեանքին մէջ սկսաւ հայկական շրջանը: Հիմնեց նուագախումբ, ղեկավարեց զայն, նուագեց իր հայկական ստեղծագործութիւնները:
Ալան Յովհաննէսի ստեղծագործական կեանքին մէջ կարեւորագոյն դարձակէտ մը եղաւ, նոյնպէս, անոր ծանօթացումը հայ երաժիշտ Ենովք Տէր-Յակոբեանի հետ, որ հայկական եւ արեւելեան նուագարաններու օգտագործման հմուտ էր եւ Ալանի առջեւ լայն բացաւ ոչ միայն հայկական, քրտական, պարսկական ու արաբական, այլեւ՝ հնդկական, չինական եւ ճաբոնական աւանդական նուագարաններու եւ ազգային երաժշտութեանց անեզր աշխարհը։

1946-ին, երբ Պոսթընի երաժշտանոցին դասախօս էր, տեղւոյն հայ համայնքի մղումով ստեղծեց իր «Էջմիածին» օփերան։ 1952-ին ան փոխադրուեցաւ Նիւ Եորք, ուր միացաւ «Ամերիկայի Ձայն»ի խմբագրութեան՝ երաժշտական բաժնի պատասխանատուութիւնը ըս-տանձնելով։ Շարունակեց ստեղծագործել եւ շուրջ կէս դար իր տիրական դրոշմը դրաւ ամերիկեան երաժըշ-տական կեանքին վրայ՝ յատկապէս արեւելեան ու արեւմտեան երաժշտութիւնները ինքնուրոյն համադրութեամբ մշակելու իր մեծ տաղանդով։

1950-ականներուն ան Ամերիկայի տարածքին արդէն մեծ հռչակ ունէր իբրեւ երաժիշտ, ղեկավար ու դաշնակահար։ Հանրայայտ երաժիշտներու կողմէ պարբերաբար արժանացաւ մեծաթիւ պատուէրներու: Անոր շնորհուեցան ակադեմական բարձր տիտղոսներ եւ տարբեր հեղինակաւոր հաստատութեանց կողմէ՝ Պատուոյ տոքթորի կոչումներ:

1960-70-ականները եղան Ալան Յովհաննէսի ստեղծագործութեանց ձայնագրութիւններու եւ տարածման փառահեղ յաղթարշաւի շրջան մը: Ան հռչակուեցաւ Ամերիկայի ամենաշատ ձայնագրուած երաժիշտը: 1977-ին, երաժշտական իր նուաճումներուն համար, Գրականութեան եւ արուեստի ամերիկեան ակադեմիան զինք ընտրեց «Պատուոյ անդամ»:

70-80 տարեկան իր հասակին ալ Ալան Յովհաննէս շարունակեց ստեղծագործել՝ աւարտելով շուրջ 80 ստեղծագործութիւն, այդ շարքին՝ 20 սիմֆոնի: 85 տարեկանին ան տակաւին կը շարունակէր ստեղծագործել։

1991-ին, Ամերիկահայոց Արեւելեան թեմի ազգային առաջնորդարանը եւ Ամերիկայի Երաժիշտներու նը-ւագախումբը միասնաբար, «Քարնեկի Հոլ»ի մէջ, մեծ շուքով նշեցին Ալան Յովհաննէսի ծննդեան 80-ամեակը, կալա-համերգին 80-ամեայ մաէսթրոն ղեկավարեց իր նոր՝ Արցախեան ազատամարտին նուիրուած «Արցախ» սիմֆոնիին համաշխարհային փրէօմիէրը։

Ալան Յովհաննէս (Չաքմաքճեան) մահացաւ 21 Յունիս 2000-ին, յետ ծանր հիւանդութեան։

Հայ մեծանուն երաժիշտը իր կարգին ամուսնացած էր օտարի՝ ծանօթ սոփրանօ Հինաքօ Ֆուճիարայի հետ։ Ունեցան դուստր մը։ Մայր ու դուստր, միասին, հպարտութեամբ տէր կանգնեցան իրենց ամուսնոյն եւ հօր ազգային պատկանելութեան եւ երաժշտութեան՝ 2004-ին ձեռնամուխ ըլլալով Հայաստանի մէջ Ալան Յովհաննէսի տուն-թանգարանի ստեղծումին։

Ա՛յդ էր կտակը Ալան Յովհաննէսի, որ իր կենդանութեան միայն մէկ անգամ՝ 1965-ին բախտը ունեցած էր հայրենիք այցելելու եւ «իր սիրտը լեռներում թողնելու»…

Իրաւամբ Ալան Յովհաննէս կը հանդիսանայ 20-րդ դարու ամենաբեղուն երաժիշտներէն մէկը, անոր թողած ժառանգութիւնը կ՚ընդգրկէ 67 համարակալուած սիմֆոնիներ (պահպանուած ձեռագրերուն մէջ անոնց թիւը կ՚անցնի 70-ը) եւ 434 այլազան գործեր:

Արուեստի քննադատները միահամուռ բարձր գնահատականի կ՚արժանացնեն Ալան Յովհաննէսի ար-ւեստը. «Յովհաննէսը երաժշտութիւն գրող մեքենայ է… (իր ստեղծագործութիւնները) վերջին երեսուն տարիներուն երաժշտական աւանդոյթներով ստեղծը-ւած լաւագոյն գործերէն են ամբողջ աշխարհի տարածքին», գրած է Նիւ Եորքի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբի գլխաւոր ղեկավար Անտրէ Քոսթելեանէց:
Ալան Յովհաննէսի երաժշտութեան տրուած են բարձրագոյն գնահատականներ.

- «Երաժշտութիւն՝ բացառիկ տաղանդաւոր, ինքնատիպ, զօրեղ ու առնական»։

- «Յովհաննէս կը փնտռէ մեղեդիին ազատագրումը»։

- «Ի՜նչ ուրախալի թեթեւացում է լսել ժամանակակից երգահան մը, որ ըսելիք ունի եւ գեղեցկօրէն կ՚արտայայտէ իր այդ ըսելիքը»:

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Շաբաթ, Մարտ 10, 2018