ԿԵԱՆՔԸ ԱՐԺԱՆԻ՞ Է ԱՊՐԵԼՈՒ

Արդեօք կեանքը կ՚արժէ՞ ապրիլ։ Այս հարցման մասին զանազան կարծիքներ յայտնած են կեանքի մասին մտածողներու մեծամասնութիւնը։ Առ հասարակ ստացուած են դրական պատասխաններ։ Մահը ընտրողները քիչ են, որքան գիտենք: Նոյնիսկ այն գրողները, որոնք կը պնդեն, թէ կեանքը անտանելի է, քան դեռ չեն տառապած: Մենք տեղեակ չենք այն մարդոց մասին, որոնք կը հեռանան կեանքէն պարզապէս այն պատճառով, որ չեն կրցած բացայայտել ապրելու, կեանքին արժէքը։

Անոնք, որոնց բաժին վիճակած է կեանքի վատ ու դաժան կողմերէն, կ՚ընդվզին կեանքի դէմ եւ կը մտածեն։ Նաեւ անոնք, որոնք հանգիստ են, կը մտածեն զբաղում մը գտնելու մասին, ինչ որ փիլիսոփայական մտածողութեան ծագման պատճառներէն մին է։ Ինչո՞ւ կ՚ապրինք: Ի՞նչ տուած է կեանքը մեզի: Արդեօք կ՚արժէ՞ ապրիլ։ Նման հարցումներ կը տրուին մտաւորականներու կողմէ յաճախ։ Պատասխաններու մեծ մասը կեանքի ապրելու արժանի ըլլալուն մասին է։ Յատկապէս ըմբոստ հարցումները, որոնք փիլիսոփայութիւն չեն պարունակեր, կը մնան օդին մէջ եւ նախատինք ըլլալէ այլ կողմ չեն կրնար անցնիլ։ Պարզապէս որոշ փիլիսոփաներ կը խօսին այն մասին, որ կեանքին պէտք է դիմանալ, մինչդեռ մնացեալները կեանքը կը գնահատեն դրական։

Երբեմն տարբեր պատասխաններ կը ստացուի, երբ կը մտածենք կեանքի մասին ընդհանրապէս, կասկածի տակ կը դնենք զայն, կը խորհինք տեսանելիի եւ անտեսանելիի մասին: Այնուամենայնիւ, պատասխանը այն է, որ կեանքը կ՚արժէ ապրիլ:  Այստեղ պէտք է նշել կարեւոր կէտ մը եւս. անոնք, որոնք կ՚ապրին կեանքը լիովին, կրնան հաստատել եւ տարածել այն ուսումնասիրութիւնները, որոնք կը հաստատեն եւ կ՚աջակցին կեանքի ապրելու արժանի ըլլալուն: Այլ խօսքով՝ փիլիսոփայ մը կրնայ օտարուիլ եւ մոռցուիլ հաւաքականութեան մը կողմէ՝ երբ ըսէ, որ «կեանքը չ՚արժեր ապրիլ, պէտք է մեռնիլ»: Յայտնի փիլիսոփաներու կամ հանրաճանաչ գրողներու մէջ չկայ մէկը, որ պնդէ, թէ կեանքը չ՚արժեր ապրիլ։ Նման մտածելակերպով մէկը չ՚ուզեր, որ մարդիկ իր կարծիքը տարածեն ու մեռնին։ Սա անհեթեթ կ՚ըլլայ։ Վերոյիշեալ հարցումին բացասական պատասխան չի կրնար տրուիլ։ Այնուամենայնիւ, կարելի է ենթադրութիւններով պատճառաբանութիւն ներկայացնել:  Անձ մը, որ կը կարծէ, թէ չ՚արժեր ապրիլ, չի կրնար այս հարցը քննարկել դիմացինին հետ։ Եթէ կեանքը չարժէր ապրիլ, կեանքի ամենակարեւոր գործունէութիւնը չ՚իրականանար. հաղորդակցութիւն հաստատել անհնար կ՚ըլլայ։

Կեանքը կ՚արժէ՞ ապրիլ։ Կեանքի արժէքը ի՞նչ է: Այս հարցումներուն պատասխանը տեղ մը որոնելը կամ գտնելը անհաւանական է: Նոյնիսկ հարցումը տալը կարողանալ ապրելու կատարեալ օրինակն է: Կեանքի ամենակարեւոր յատկանիշը ունի այն մարդը, որ կը տարբերի իր շրջապատէն՝ հարց տալով եւ կասկածի տակ դնելով իր արժէքային դատողութիւնները։ Ան կեանքը հարցականի տակ կը դնէ ապրելու համար: Մէկ խօսքով՝ այն մարդը, որ կասկածի տակ կը դնէ կեանքին արժէքը, կենսական աշխատանք կը կատարէ: Թէեւ կը կարծէ, որ չ՚արժեր ապրիլ, բայց սա գործնականօրէն չ՚իրականանար։ Կեանքն իսկ է, որ զինք կը մղէ դրական կամ բացասական մտածելակերպի։

Վտանգուածը առաջին հերթին որպէս մարդասիրական, մարդկայնօրէն միասին ապրիլն է եւ միեւնոյն ժամանակ լաւ կեանք վարել միւս բոլոր կենդանի էակներու հետ, յատկապէս անոնց, որոնք կը տառապին: Մոնթէյն եւս կ՚արտայայտէ այս մասին. «Մարդկութիւնը ունի պարտականութիւն մը, որ մեզ կը կապէ ո՛չ միայն ապրող էակներու, զգայուն կենդանիներու, այլեւ ծառերու եւ բոյսերու հետ: Մենք մարդոց արդարութիւն պարտական ենք, իսկ այլ կենդանի էակներուն՝ անկեղծ սէր, խղճմտանք եւ յարգանք»։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2023