Ասատուրի Մէկ Նոր Նուաճումը
Տակաւին տարի մը առաջ Լոնտոնի «Վիքթորիա էնտ Ալպըրթ» թանգարանի հաւաքածոն համալրուեցաւ Ասատուրի երեք ստեղծագործութիւններով, որոնք անվերնագիր գունաւոր փորագրանկարներ են: Այս մէկը Ասատուրի հերթական մէկ միջազգային նուաճումներէն է. շատ քիչերու միայն սահմանուած է մուտք գործել այդ թանգարանը:
Իսկ,
Անցնող Յունուարին Ասատուր հրաւիրուեցաւ Իտալիա՝ մասնակցելու համար իւրայատուկ ցուցահանդէսի մը, որ ձօնուած էր Իտալիոյ ազգային դրօշակի ծննդեան 150-ամեակին: Կազմակերպիչները հրաւիրած էին իննսուն արուեստագէտներ, որոնցմէ քանի մը հոգին միայն իտալացի չէին: Այդ քանի մը անձնաւորութիւններէն մէկը Ասատուրն էր: Գաղտնիք մը չէ, որ իտալացիները բծա-խընդիր եւ հոգատար են իրենց մշակոյթին հանդէպ: Երբ անոնք իրենց ազգային խորհրդանշանը մեծարելու եւ պանծացնելու համար նկատի կ՚առնեն Ասատուրի նման ոչ իտալացի մը, կը նշանակէ, թէ անոնք ամենէն առաջ ու ամենէն վեր գնահատած կ՚ըլլան անոր տաղանդն ու արուեստը: Ճիշդ է, որ Ասատուր շրջան մը ուսանած ու ապա նաեւ ապրած ու ստեղծագործած է Իտալիոյ մէջ, սակայն անոր արուեստը գնահատուած է Իտալիոյ արուեստասէր հասարակութեան կողմէ եւ ծանօթ անուն մըն է իբրեւ միջազգայնօրէն արժեւորուած գեղանկարիչ:
«Իննսուն արուեստագէտներ յանուն դրօշակի մը» ընդհանուր խորագրին տակ դըր-ւած յիշեալ ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Ռեճիօ Էմիլիօ քաղաքին մէջ, ուր ծնունդ առած էր իտալական եռագոյնի (կանաչ, սպիտակ եւ կարմիր) գաղափարն ու իրագործումը: Արուեստագէտներու ներշնչանքը կու գար իտալական դրօշակներու կերպերէն, գոյներէն ու խորհրդանշաններէն, եւ իւրաքանչիւրը հոն կը ներկայանար իր արտայայտչաձեւերով ու մեկնաբանութեամբ: Ասատուր իբրեւ մեծարանք Իտալիոյ ազգային դրօշակին (որ կը խորհրդանշէ երկրի անկախութիւնն ու միասնականութիւնը)՝ երփնագրած է երկեակ (diptyh) ստեղծագործութիւն մը, ուր ի յայտ կու գան նաեւ գրութիւններ եւ առանձին գիրեր՝ իբրեւ ձեւ ու իբրեւ խորհուրդ:
Ասատուրի համար իրականութիւնը զինք շրջապատող տեսանելի միջավայրն ու իր կեանքի ընկալելի երեւոյթները չեն, այլ խորհուրդն է ենթաիմաստը իր ստեղծագործութիւններուն: Իրեն համար շօշափելի աշխարհն ու կեանքի առօրեայ փոխյարաբերութիւնները կրնան ըլլալ խաբուսիկ ու մակերեսային, եւ այս իսկ պատճառով ան կը խորանայ երեւոյթներու մէջ ու կ՚իջնէ մինչեւ ենթագիտակիցի յատակները, ուր խորհրդանշանը ի լոյս աշխարհ կու գայ իբրեւ գոյն ու գիծ, իբրեւ կերպ ու կերպար:
Այս երեւոյթը նորութիւն չէ Ասատուրի արուեստին մէջ: Երեսունհինգ տարիներ առաջ, երբ ան իր ստեղծագործական հասունութեան սահմաններուն մէջ նոր մուտք կը գործէր, ֆրանսական մեծազդեցիկ «Լը Մոնտ» թերթը հետեւեալը կը գրէր իր մասին.
«Ասատուրի փորագրանկարչական վարպետութիւնը ի յայտ կու գայ իր փորագրանըկարներուն, գծանկարներուն եւ ջրանը-կարներուն մէջ հաւասարապէս: Անոնց մէջ դարձեալ ճշմարտացիութենէն կը ծնի խորհուրդը»:
Իսկ նոյն տարին, նոյն ցուցահանդէսի առիթով, այս անգամ հեղինակաւոր ֆրանսական այլ թերթ մը՝ «Լ՚Օրոր»ը կ՚աւելցնէ.
«Իր ջրանկարներէն իւրաքանչիւրը ենթահող մըն է անոր փորագրանկարչական մտայղացումներուն համար, որոնց մէջ հեշտութեամբ կը զուգակցուին երեւակայականն ու խորհրդաւորը, ուր ձեւը եւ անոր երկրաչափութիւնը միեւնոյն ատեն կը ներգրաւուին լոյսի եւ ստուերի շատ հմուտ խաղի մը մէջ»:
Ասատուրի ստեղծագործութիւններուն մէջ խորհուրդն ու խորհրդաւորը բացայայտելն ու ընկալելը այնքան ալ դիւրին չէ: Այն վերապահուած է ենթագիտակից աշխարհի աշխուժութեան եւ կարողականութեան: Իր պարագային (եւ ոչ միայն իր պարագային), արուեստագէտներու ենթագիտակից աշխարհը շատ աւելի զօրաւոր դուրս կու գայ, քան՝ գիտակիցը: Ինք եւս իր հերթին Փարաջանովի «Նռան գոյնը» ժապաւէնը դիտելէ ետք կ՚ըսէ.
«Կայ նկարչական հիասքանչ պատկերներու յաջորդականութիւն մը՝ թաքնուած խորհրդանշաններու տակ, զորս հասկնալը դժուար է…»:
Այո՛, դժուար է հասկնալ նաեւ իր խորհրդանշանները, որոնք հազիւ թէ ինք եւս կարենայ մեկնաբանել ու վերլուծել: Ճի՛շդ այս մօտեցումով հարկաւոր է դիտել նաեւ այն երկեակ յղացքը, որ լի է խորհրդանշաններով ու խորհուրդներով, որոնք ներշնչուած են այս անգամ իտալական եռագոյնէն:
Յիշեալ ցուցահանդէսը այնքան լայն եւ մեծ ընդունելութիւն կը գտնէ Իտալիոյ ժողովուրդին կողմէ, որ Ռեճիօ Էմիլիօ քաղաքի պատկան մարմինները կ՚որոշեն յատուկ թանգարան մը տրամադրել իննսուն արուեստագէտներուն նուիրուած ստեղծագործութիւններուն, որուն բացումը տեղի ունեցաւ անցնող մարտին՝ հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլայի:
Ասատուր իր նորանոր յղացքներով կը շարունակէ նուաճել այնպիսի միջազգային բարձունքներ, որոնք ընտրանիի մը միայն վերապահուած կը թուին ըլլալ:
ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Հարթակ
- 12/23/2024