ՄԱՆԿԻԿ. ՓՈՔՐ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԾՆԱԾ ՎԱՅՐԿԵԱՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ 3-4 ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՍԱԿԸ

Թ.

ԾԻԾԷՆ ԿՏՐԵԼԸ

Ե՞րբ պէտք է երեխան ծիծէն կտրել: Ինչպէ՞ս կերակրել երեխան ծիծէն ետք: Փոխեր, մսաջուրը, մսեղէն, բանջարեղէն, շաքարեղէն, միրգ: Ոգելից խմելիք: 2-3 տարեկան երեխային օրական սնունդը:

Առողջ երեխայ մը, որ բացի կաթէն արդէն ուրիշ բաներ ուտելու ալ վարժուած է, որ գոնէ զոյգ մը ակռաներ ունի եւ ուրեմն կրնայ ծամել, ընդունակ է արդէն առանց մօր ծիծին ապրիլ, եւ անոր կարելի է ծիծէն կտրել:

Մէկ տարեկան հասակը ամենէն յարմարն է ծիծէն կրտելու համար, որովհետեւ առաջին՝ այդ հասակի երեխային մարսողական գործարանները արդէն բաւական մարսեցնող նիւթեր կ՚արտադրեն (թուք, փեփսին, լեղի), որոնց միջոցով կը մարսուին թէ՛ հացեղէնը, թէ՛ մսեղէնը եւ թէ՛ իւղը, եւ երկրորդ, որ այդ ընթացքին մօթ կաթը արդէն իր սննդարար յատկութիւնները կը կորսնցնէ:

Տարուան ո՞ր եղանակին աւելի յարմար է երեխան ծիծէն կտրել. առհասարակ, պէտք է աշխատիլ այդ ձմրան ու գարնան ընել, քանի որ ամրան ու աշնան առանց այդ ալ երեխեաները փորացաւ, լուծողութիւն, եւ այլն, կ՚ունենան: Բացի ատկէ, ամառը թէ՛ կովի կաթը եւ թէ՛ ուրիշ ուտելիքները աւելի շուտով կը փճանան եւ կրնան մանուկին վնաս պատճառել:

Ծիծէն կտրելու համար անհրաժեշտ են հետեւեալ պայմանները.

1. Որ մինչեւ ծիծէն կտրելը երեխան սորված ըլլայ թէ՛ կովի կաթին, թէ՛ միսի ջուրին եւ թէ՛ հացեղէնին:

2. Որ ան ո՛չ մէկ հիւանդութիւն ունենայ, ո՛չ ջերմ, ո՛չ ստամոքսի հիւանդութիւններ, եւ այլն:

Ծիծէն կտրելը երկու ձեւի կրնայ ըլլալ. յանկարծակի եւ կամաց-կամաց: Յանկարծ, մէկ օրէն ծիծէն կտրելը վատ կ՚ազդէ երեխաներուն վրայ: Անոնք 5-6 օր շարունակ արագ կը նիհարնան, իրենց կշիռքէն օրական կորսնցնելով 25-էն մինչեւ 75 կրամ։ Աւելի յարմար է կամաց-կամաց պակսեցնել ծիծ տալը եւ մէկ-երկու շաբթուան ընթացքին բոլորովին դադրեցնել: Առաջին շաբթուան ընթացքին ծիծ կու տան երեք անգամ միայն, երկրորդ շաբթուան ընթացքին՝ երկու անգամ, երրորդ շաբթուան ընթացքին՝ մէկ անգամ: Այս ժամանակամիջոցին երեխային արթնցած ատեն կաթ կու տան, շաքարջուր, մսաջուր, թէյ, եւ այլն: Սովորութիւն կայ ծիծի պտուկին դառն բան մը (օր. խինա) քսել, որպէսզի երեխան ծիծէն զզուի. բայց կարիք չկայ այդպիսի անախորժ եւ երբեմն վնասակար միջոցներու դիմել: Չափազանց շուտ եւ չափազանց ուշ ծիծէն կտրելը վնասակար է: Առաջին պարագային երեխաները յաճախ ստամոքսային-աղիքային բորբոքումէ կը մահանան, իսկ տարիներով ծիծ ուտող երեխաները վատ կ՚աճին:

Ինչպէ՞ս պէտք է կերակրել երեխան ծիծէն կտրելէ ետք. երեխան ծիծէն հեռացնելը նշանաւոր շրջան մըն է մանուկին ֆիզիքական կեանքին մէջ, մանաւանդ, որ ճիշդ այս տարիքին է, որ ակռաներուն մեծ մասը դուրս կու գան: Արուեստական սնուցումի մասին խօսած ատեն մենք տեսանք, թէ երեխային ի՛նչ կարելի է տալ ծիծին հետ միասին: Ծիծէն կտրելէ ետք նոյն կերակուրները կու տան, բայց գլխաւոր կերակուրը դարձեալ կաթը, մածունը (այս վերջինը պէտք է լաւ քամել ու յետոյ ջուրով կամ կաթով բանալ) կը մնան:

Հացեղէն տալու ամենէն լաւ ձեւը ֆրանսական պուլկին է կամ չորցուցած փեքսիմետը (սուխարին) կաթի մէջ թրջած: Այս տեսակէտէն հայկական լաւաշները, որոնք բարակ կը թխուին եւ ուրեմն լաւ եփած կ՚ըլլան, ու երեխային համար շատ դիւրամարս են: Երեխաները կը սիրեն ատիկա:

Հացեղէններէն նոյնպէս փոփեր կը պատրաստեն: Լաւ փոփեր կը շինեն գարիի կորկոտէն: Այս կորկոտէն քիչ թէ շատ թանձր ապուրներ կը պատրաստեն, որոնք համեղ ու ախորժալի կերակուրներ են մանուկին համար:

Մսաջուրը պէտք է անիւղ տալ: Ատոր համար պէտք է սառեցնել ու երեսէն քաշել բռնած իւղին շերտը: Մսաջուրը կարելի է պատրաստել 10-15 վայրկեանի ընթացքին: Ասոր համար անիւղ միսը մանր կը կտրեն եւ 10 վայրկեան ջուրի մէջ կ՚եռացնեն եւ կը քամեն (մէկ թէյի գաւաթ կտրտած միս 6 բաժակ ջուրի մէջ): Այս մսաջուրի մէջ կարելի է հում հաւկիթ մը կամ միայն դեղնուցը դնել, եւ այսպիսով սննդարար կերակուր կը ստացուի, որովհետեւ միայն մսաջուրը շատ քիչ սննդարար նիւթեր կը պարունակէ իր մէջ: Հակառակ այս պարագային, ան մանուկին համար օգուտ է, քանի որ մեղմ կերպով կը գրգռէ ստամոքսը ու այսպիսով կ՚առատացնէ փեփսինի, այս մարսեցնող հիւթին արտադրութիւնը ստամոքսին մէջ, առանց որուն մենք չենք կրնար մարսել ո՛չ մսեղէն, ո՛չ հաւկիթ, ո՛չ կաթ: Միսը դիւրամարս դարձնելու համար պէտք է ծեծել ու հանել մէջէն ջիղերը: Հետեւաբար, փոքրերուն համար լաւ կերակուր է ծեծած կամ խաշած միսը. օրինակ՝ փուխր քոթլեթը, քուֆթան, եւ այլն: Երեխաներուն կարելի է միս տալ ո՛չ աւելի շուտ քան երեք տարեկանը, երբ արդէն կրնան ծամել: Սկիզբը, պէտք է միայն վառեակի միս տալ, յետոյ հնդկահաւի, սագի, հորթի, եւ ընդհանրապէս սպիտակ միս:

Ձուկը ընդհանրապէս արգիլուած է փոքր երեխաներուն համար մինչեւ հինգ տարեկանը. նոյնպէս վնասակար են զուրգէլ, քոլպաս, զանազան պահածոներ. օրինակ՝ սարտին եւ ուրիշ տեսակի ձուկերը: Երեխաները կարագ եւ ընդհանրապէս իւղալի բաներ կը սիրեն, սակայն պէտք է զգուշանալ փոքրերուն իւղալի կերակուրներ տալէ. կարելի է միայն քիչ մը կարագ տալ՝ հացի վրայ քսած ու աղած:

Բանջարանոցի բերքերը ընդհանրապէս դժուարամաս են, եւ մինչեւ երեք տարեկան հասակը երեխաներուն այդ բերքերէն պէտք չէ տալ: Երեք տարեկանէն սկսած կարելի է, միայն թէ՝ եփած: Սակայն, այդ չի՛ նշանակեր, որ ապուրի մէջ՝ համի համար կարելի չէ այդ բոյսերէն դնել: Ստեպղին, բողկ, կաղամբ, լուբիա, ոսպ ընդհանրապէս պէտք չէ տալ, իսկ գետնախնձորները 2-3 տարեկանին կը տրուին՝ տրորած, փիւրէի տեսքով:  

Մի քանի խօսք ալ միրգերու մասին: Պէտք չէ մոռնալ, որ անժամանակ եւ չափազանց միրգ ուտելէն մեծ թիւով երեխաներ պտղատու վայրերու մէջ կը կոտորուին. օրինակ՝ Երեւանի, Գանձակի, եւ այլնի մէջ: Հում միրգի գործածութիւնը այս երկիրներուն մէջ, տիրապետող տաքութեան գլխաւոր պատճառը պէտք է նկատել, իսկ տաքութիւնը (դող-էրոցք) երեխային համար կորստաբեր հետեւանք ունի: Սակայն, լաւ հասունցած, հիւթալի միրգը, կեղուուած եւ քիչ չափով՝ վնաս չէ, այլ՝ նոյնիսկ օգտակար է, անշուշտ, ո՛չ շատ փոքրերուն: Աւելի լաւ է միրգը եփած տալ, կիսելի, ժըլէի ձեւով: Բոլոր թթու, խակ ու փտած միրգերէն պէտք է միշտ զգոյշ մնալ:

Ընդհանրապէս, իբրեւ ընդհանուր օրէնք պէտք է ընդունիլ այն, որ երեխային կերակուրը պէտք է միշտ շատ պարզ ու դիւրամարս ըլլայ: Փիլաւ, տոլմա, զանազան սոսեր երբեք պէտք չէ կերցնել երեխաներուն մինչեւ 5-6 տարեկան հասակը:

Խմորեղէնները միանգամայն պէտք է վնասակար նկատել: Երեխան մինչեւ 4-5 տարեկան հասակը անկարող է մարսել ո՛չ գաթա, ո՛չ շաքարահացեր:

Պէտք է նաեւ զգուշանալ շաքարեղէններէ, իսկ եթէ պիտի տրուի, շատ քիչ եւ այն ալ ժամանակ առ ժամանակ: Բացի այն, որ շաքարեղէնի չափազանց գործածութիւնը ակռաները կը փճացնէ, կը վնասէ մարսողութիւնը եւ ախորժակը կը կապէ:

Թէյը պէտք է բաց տալ, իսկ սուրճ՝ ընդհնրապէս չտալ:

Այստեղ պէտք է յիշեցնել երեխաներուն գինի տալու անհիմն ու վնասակար սովորութիւնը:

Մանուկին գինին եւ օղին ո՛չ միայն անհրաժեշտ չեն, այլ՝ ուղղակի վնասակար են: Սպիրթը, որ որոշուած չափով գինիի, օղիի եւ ոգելից բոլոր խմիչքներուն մէջ կը գտնուի, ուղղակի թոյն մըն է մանուկին մատղաշ կազմուածքին համար: Անոր ազդեցութեան տակ երեխան կամաց-կամաց, փոխանակ կազդուրուելու եւ աշխուժանալու, կը թուլնայ եւ անընդունակ կը դառնայ: Վերջին տարիները բոլոր երկիրներու մէջ բժիշկները եւ մանկավարժները բողոք բարձրացուցին մանուկներուն գինի եւ օղի տալու վնասակար սովորութեան դէմ, ցոյց տալով այն բազմաթիւ վնասները, որոնք այդ անմիտ սովորութենէն կը յառաջանան: Սպիրթը արդէն աւերիչ ազդեցութիւն ունի մեծահասակներուն վրայ, ո՜ւր մնաց երեխան, որուն կազմուածքը աւելի արագ եւ աւելի քիչ սպիրթով կը թունաւորուի: Ճշմարիտ է, երեխաները գինիէն կ՚աշխուժնան, կը ժիրանան, թոյլերը կարծես կենդանութիւն կը ստանան, գունատ այտերը կը կարմրին, աչքերը կը փայլին, սակայն ասիկա խաբուսիկ ոգեւորում մըն է, որ մէկ-երկու ժամ ետք կ՚անցնի, իր ետեւէն յոգնածութիւն, թուլութիւն, տեսակ մը ֆիզիքական ու բարոյական ընկճուածութիւն ձգելով: Ժամանակի ընթացքին այս երեխաներուն առողջութիւնը աւելի ու աւելի խանգարուելով, կը յառաջանան ուղեղի, ջիղերու, լեարդի, սիրտի ու ստամոքսի զանազան հիւանդութիւններ, եւ այս փոքր էակները մելամաղձոտ, դիւրագրգիռ, դանդաղամիտ ու դիւրաթեք կը դառնան: Ինչքա՜ն ուրեմն, մեղապարտ են այն ծնողները, որոնք զուարճութեան համար կը գինովցնեն իրենց երեխաները, եւ ինչքա՜ն կը սխալին անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ գինիով ու օղիով կրնան կազդուրել իրենց տկար զաւակները: 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 19

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Մայիս 10, 2023