ԱՐԱՄ ՄԱԼԵԱՆ. «ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԸ ՊԷՏՔ Է ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԱՆ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ ԳՐԱՒԱԿԱՆՆԵՐԷՆ ՄԻՆ Է»

Լիբանանահայ համայնքէն ներս շատերուն յայտնի է Արամ Մալեանի անունը: Ան իր ազգային-հասարակական գործունէութեան սկսած է տարիներ առաջ եւ ներկայիս անդամ է մայրաքաղաք Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդին: 2016-ին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած Տեղական ինքնակառավարման մարմնի (ՏԻՄ) ընտրութիւններուն Մալեան ներկայացնելով՝ Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութիւնը (ՍԴՀԿ), անդամ դարձած է քաղաքապետական խորհուրդին:

Խօսելով Մալեանի հայաստանեան գործունէութեան մասին, տեղին է յիշեցնել, որ ան կը ներկայացնէ ՍԴՀԿ-ը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդին մէջ եւ անցնող գրեթէ հինգ տարիներուն ժրաջան կերպով իր մասնակցութիւնը բերած է այդ մարմնի գործունէութեան եւ աշխատանքներուն:

Երեւանի մէջ նշուեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հիմնադրութեան 25-ամեայ յոբելեանը, ինչպէս նաեւ անոր Հոգաբարձուներու խորհուրդի տարեկան հերթական նիստը։ Այս պատեհ առիթով հարցազրոյց մը ունեցանք Արամ Մալեանին հետ:

*

-Յարգելի Պրն. Մալեան, այսօր ինչպէ՞ս կը գնահատէք լիբանանահայութեան ընդհանուր վիճակը:

-Լիբանանահայութեան վիճակը կապուած է Լիբանանի ընդհանուր քաղաքական վիճակին հետ: Քաղաքական հողի վրայ, տակաւին սպասողական վիճակի մը մէջ ենք բոլորս: Կը սպասենք ընտրական նոր օրինագիծի մը վաւերացման: Յուսամ քաղաքական բոլոր կողմերը համաձայնութեան գան եւ ընտրական արդար օրինագիծ մը որդեգրեն: Երկրին համար շատ կարեւոր է  խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացումը, մանաւանդ որ ներկայ խորհրդարանը ընտրուած է 2009 թուականի Յունիսին եւ տարբեր պայմաններու բերումով ցայսօր մենք չենք կրցած նոր խորհըր-դարան մը ընտրել: Այստեղ կ՚ուզեմ նշել, որ կարեւորը միայն ընտրութիւններու կայացումը չէ, այլ իւրաքանչիւր համայնքի ճիշդ ներկայացուցչութիւնը ապահովելն է: Ընտրութեանց մասին դրի շեշտը, որովհետեւ Լիբանանի նման երկրի մը համար շատ կարեւոր է խորհրդարանի թարմացումը եւ այդ ճանապարհով օրէնսդրական մարմիններու գործունէութեան ամրագրումը:

-Գիտենք, Լիբանանի մէջ տնտեսական տագնապ կայ: Այդ մէկը կ՚ազդէ՞ հայութեան վրայ:

-Ճի՛շդ է, ներկայիս տնտեսական վիճակը լաւ չէ, սակայն ուրախ ենք, որ նախագահական աթոռը երկուքուկէս տարի թափուր մնալէ ետք նախագահ մը ունեցանք, յանձինս զօրավար Միշէլ Աունի: Այս մէկը որոշ չափով ժողովուրդը հանգստացուց, բայց նախագահական ընտրութենէն ետք, պէտք եղած բարելաւումները տակաւին չենք զգար, որովհետեւ ինչպէս ըսի, «ընտրական օրէնք»ի մը շուրջ համաձայնութիւնը տակաւին չէ կայացած: Համաձայնութենէն ետք միայն կը նախատեսուին դրական փոփոխութիւններ: Չմոռնանք նաեւ, Լիբանանի տնտեսական վիճակը կապուած է Սուրիոյ ներկայ վիճակին հետ: Այսօր, Լիբանանի մէջ կը գտնուին աւելի քան 2 միլիոն գաղթականներ, որոնք իմ կարծիքով, երկրին համար վտանգ կը ներկայացնեն: Պէտք է միջազգային ընտանիքը՝ Լիբանանի կառավարութեան հետ միասին անյապաղ լուծում մը գտնեն գաղթականներու տունդարձին համար, այլապէս Լիբանան կրնայ ապագային աւելի դժուար բարդութիւններու դէմ յանդիման գտնուիլ: Հետեւաբար ներկայիս վերոյիշեալ երկու խնդիրները կը խափանեն Լիբանանի տնտեսական վիճակի բարգաւաճումը:

-Իսկ գաղութէն ճամբորդողներ, արտագաղթողներ կա՞ն:

-Ո՛չ, չկան, սակայն ժողովուրդը ըս-պասողական վիճակի մէջ է: Անգործութեան թիւը մագլցում կ՚արձանագրէ, իրավիճակը կարելի է դարմանել միայն քաղաքական կայունութիւն ստեղծելով։ Այն ժամանակ ժողովուրդը կրնայ նոր ծրագրերու մասին մտածել եւ տնտեսական վիճակը կը բարելաւուի:

-Եթէ «ընտրական օրէնք»ը կարգաւորուի, կը կարծէ՞ք, որ հայութիւնը միասնակամ ձեւով ընտրութիւններուն կը մասնակցի:

-Վստահաբար հայ քաղաքական ազգային կուսակցութիւններու կարեւորագոյն օրակարգերէն մին է երկրին մէջ տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւնները։ Անոնք այս հարցին նկատմամբ պիտի ցուցաբերեն ազգային բարձր գիտակցութիւն, մանաւանդ որ գաղութին մէջ կը շրջին հայանուն թեկնածուներ, որոնք ազգային կեանքին որեւէ ներդրում չունին։ Այս մէկը վտանգաւոր երեւոյթ է: Լիբանանահայութեան ներկայութիւնը յառաջիկայ խորհրդարանէն ներս, պէտք է ըլլայ հարազատ եւ գաղութին ճշգրիտ պատկերը արտացոլացնող: Միասնակութեան ոգին պէտք է ըլլայ գերակշռող:

-Մտահոգուած է՞ք քաղաքի անվտանգութեան մասին:

-Եթէ բաղդատենք Միջին Արեւելքի երկիրներու՝ Իրաքի, Լիպիոյ, Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ՝ մանաւանդ այս վերջնոյն դժոխային վիճակին հետ, ապա կրնամ ըսել, որ Լիբանան տակաւին ապահով երկիր է: Սա իրականութիւն է։ Այդ մէկը կը պարտինք մեր ղեկավարութեան, լիբանանեան բանակին, նաեւ ապահովական մարմիններու զգօնութեան: Հակառակ ներքին տարակարծութիւններուն, ամէն ջանք ի գործ կը դրուի երկիրը զերծ պահելու համար ապահովական ցնցումներէ: Իսկ արտաքին իմաստով, իսրայէլեան ամենօրեայ սպառնալիքները կը մնան առկայ:

-Որպէս Հայկական կրթական բարեսիրական միութեան ատենապետ, կ՚իմանանք, որ միութեան տնտեսութիւնը բարելաւելու գծով կը կատարէք կարգ մը շինարարական աշխատանքներ: Կրնա՞ք հակիրճ լուսաբանութիւն մը տալ այդ մասին:

-Որպէսզի կարենանք դիմագրաւել մեր առջեւ ծառացած նիւթական դժուարութիւնները, կարենալ պահելու համար մեր հաստատութիւնները, քանի մը տարի առաջ նախաձեռնեցինք տնտեսական ծրագրի մը մշակման: Այդ իմաստով Նոր Հաճնոյ թաղամասին մէջ կառուցեցինք տասն յարկանի շէնք մը, որմէ գոյանալիք հասոյթով կարելի ըլլար մեր կրթական եւ բարեսիրական աշխատանքները շարունակել: Յառաջիկային կը նախատեսենք նաեւ նոր ծրագրեր, դժուարին պայմանները շըր-ջանցելու համար:

-Գիտենք նաեւ, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձու խորհուրդի անդամ էք: Ի՞նչ ընթացքի մէջ կը գտնուին Ձեր աշխատանքները:

-Ինչպէս գիտէք, այս տարի հիմնադրամը իր գործունէութեան 25-րդ տարին բոլորեց: Որոշեցինք շատ մեծ շուքով չնշել հիմնադրամի 25-ամեակը, եւ խնայուած գումարը տրամադրել կարիքաւոր ընտանիքներուն: Այս առիթով, կը մաղթեմ հիմնադրամը իր գործունէութիւնը շարունակէ 25 տարի եւս եւ ունենայ հայութիւնը զարգացնող, միացնող եւ զօրացնող դեր:

Ժողովի ընթացքին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի առաջարկով, որոշեցինք զարգացնել Արցախի ջրային եւ ելեկտրականութեան համակարգը, ինչպէս նաեւ բանջարեղէն աճեցնելու ծրագիր մը նախատեսուած է, որպէսզի տեղւոյն ժողովուրդը օգտուի իր սեփական բերքէն եւ ստիպուած չըլլայ բանջարեղէնը ներածելու:

-Ներկայիս ի՞նչ իրավիճակ կը պարզէ «Հայաստան» հիմնադրամը:

-Խօսակցութիւններ կան, որ հիմնադրամը կորսնցուցած է իր նախկին հմայքը, բայց ես կը կարծեմ, որ ինչ ալ ըլլան պայմանները հիմադրամը պէտք է շարունակէ իր առաքելութիւնը, որովհետեւ ան հայ ժողովուրդի հզօրացման գրաւականներէն մէկն է:

Այսօր, հիմադրամի կողքին կան նաեւ անհատական բարեսիրական միութիւններ, որոնք իրենք ալ կ՚աջակցին երկիրը բարելաւելու գործընթացին: Այս անհատական բարեսիրական միութիւնները կը փափաքին իրենց միջոցներով օգնել: Սակայն, ըստ իս, կարեւորը նպատակն է՝ զարգացնել եւ զօրացնել Արցախը:

Սփիւռքահայութեան թիւը մեծ է եւ հիմնադրամը պէտք է աշխատի գտնել նոր բարերաներ:

-Վերջին տարիներուն, հիմնադրամի հոգաբարձուներու մէջ դուք Հնչակեան կուսակցութիւնը կը ներկայացնէք: Ձեր տեսակէտով, ներկայիս սփիւռքէն եկած գումարները ո՞ր երկիրներէն առաւելաբար կու գան՝ Միջին Արեւելքէ՞ն, Ռուսաստանէ՞ն, թէ՞ Ամերիկայէն:

-Ես աւելի քան չորս տարիէ ի վեր հիմնադրամի խորհուրդին մէջ Հնչակեան կուսակցութիւնը կը ներկայացնեմ: Վերջին տարիներուն Միջին Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակը նկատի առնելով եւ համեմատելով տարածքաշրջանի միւս երկիրներուն հետ, գնահատելի է Լիբանանի տեղական մարմնին աշխատանքները։ Ան գումարներ կը տրամադրէ ո՛չ միայն Արցախին, այլ նաեւ՝ սուրիահայ գաղթականներուն: Բնականաբար ,այսօր Միացեալ Նահանգներէն եւ Ռուսաստանէն եղած նուիրատուութիւնները կը գերազանցեն Միջին Արեւելքի մէջ հաւաքուած գումարները:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունիս 10, 2017