ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ, ԲԱՅՑ ԻՐԱՒ. ԹՐԱՄՓ ԱՌԱՋԱԴՐՈՒԱԾ Է ՆՈՊԵԼԵԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԻ…

Մինչ նախագահ Թրամփ այս շաբաթ այցելութեամբ մը կը գտնուի Ճաբոն, ճիշդ ժամանակն է մեկնաբանելու Ճաբոնի վարչապետ Շինծօ Ապէի՝ Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի համար Թրամփի առաջադրումը: Այդ առաջադրման մասին յայտարարած է ոչ ուրիշ մէկը, քան անձամբ ինք՝ նախագահ Թրամփ, պարծենալով, որ Ապէ իրեն տուած է օրինակը «հինգ էջնոց ամենէն գեղեցիկ նամակին, զոր ինք ուղարկած է բոլոր անոնց, որոնք կը բաժնեն Նոպելեան մրցանակ կոչուող պարգեւը»:

Ճաբոնական «Ասահի» թերթը հաղորդած է, որ նախագահ Թրամփ ինք խնդրած է Շինծօ Ապէէն՝ իր թեկնածութիւնը առաջադրել: Ապէ հրաժարած է հաստատելէ թեկնածութեան առաջադրումը՝ յղում ընելով Նոպելեան յանձնախումբի քաղաքականութիւնը՝ չբացայայտել թեկնածուն մինչեւ մրցանակը ստանալէն յիսուն տարի ետք: Երբ խորհրդարանին մէջ Ապէի հարցուցին, թէ արդեօք հաւաստի՞ է լուրը, ան պատասխանեց. «Ես չեմ ըսեր, թէ ատիկա ճիշդ չէ»:

Յունիս 2018-ին երկու նորվեկիացի օրէնսդիրներ արդէն առաջադրած էին Թրամփի թեկնածութիւնը Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակին: Հետաքրքրական է, որ փետրուար 2018-ին, Նորվեկիոյ Նոպելեան յանձնախումբը յայտարարեց, որ նախագահ Թրամփի համար Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի երկու առաջադրումները կեղծ են: Աւելի՛ն. անցեալ տարի Քոնկրէսի 18 հանրապետական անդամներ միացեալ նամակ յղած էին Նորվեկիոյ Նոպելեան յանձնախումբին՝ առաջադրելով Թրամփի թեկնածութիւնը 2019-ի Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակին:

Ճաբոնի վարչապետին կողմէ Թրամփի առաջադրումը քաղաքական մեծ իրարանցում յառաջացուց շրջանակին մէջ՝ ներքին ընդդիմութեան առաջնորդներու, որոնք կը բողոքէին Շինծօ Ապէի ըրածին դէմ: Ճաբոնի Սահմանադրական ժողովրդավարական կուսակցութիւնը ներկայացնող օրէնսդիր Ճունիա Օկաւա քննադատեց նախագահ Թրամփի՝ Փարիզի կլիմայի պայմանագիրէն եւ Իրանի հետ միջուկային համաձայնագիրէ հեռացումը, նաեւ անոր որոշումը՝ դադրեցնելու միջին հեռաւորութեան միջուկային հրթիռներու պայմանագիրը եւ Իսրայէլի մէջ՝ անոր կողմէ ամերիկեան դեսպանատան տեղափոխումը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ: «Այս գործողութիւնները,- ըսաւ Օկաւա,- անկարելի կը դարձնեն անոր առաջադրումը Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի, եւ ասիկա ամօթալի է Ճաբոնի համար»:

Ճաբոնի վարչապետին կողմէ Թրամփի՝ Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի առաջադրման պատճառը այն էր, որ Ճաբոնի ղեկավարը հասկցած էր՝ շողոքորթութիւնը լաւագոյն միջոցն է Թրամփի հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալու համար: Ըստ երեւոյթին, միասին անցուցած կոլֆի անհամար խաղերը բաւարար չէին եղած: Ճաբոն երեք խնդրանք ունի նախագահ Թրամփէն.

1) Ձգտիլ Թրամփի աջակցութեան, որպէսզի Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդ Քիմ Չեն Ընի եւ Ճաբոնի վարչապետին միջեւ հանդիպում մը կազմակերպուի՝ «անվերապահ» ապամիջուկայնացման քննարկման համար: Ասիկա կարեւոր խնդրանք է Ճաբոնի համար, քանի որ վերջերս Հիւսիսային Քորէայի հրթիռները ինկած էին Ճաբոնի տարածքային ջուրերուն մէջ կամ՝ մերձակայ շրջանները, կամ ալ անցած էին Ճաբոնի տարածքին վրայէն՝ խուճապի մատնելով բնակչութիւնը:

2) Համոզել Թրամփը՝ հրաժարելու իր յաճախակի սպառնալիքներէն՝ կիրարկելու ամերիկեան մաքսավճարներ ճաբոնական արտածուող ապրանքներու, հիմնականին մէջ՝ ինքնաշարժներու վրայ. բան մը, որ կրնայ ազդեցութիւն ունենալ Ճաբոնի տնտեսութեան վրայ եւ խոչընդոտել Շինծօ Ապէի վերընտրութիւնը:

3) Ստանալ Թրամփի զօրակցութիւնը՝ 1977-1982 թուականներուն Հիւսիսային Քորէայի կողմէ առեւանգուած Ճաբոնի քաղաքացիներու տունդարձի շուրջ բանակցութիւններու մէջ:

Այսուամենայնիւ, Շինծօ Ապէի կողմէ Տա-նըլտ Թրամփի թեկնածութեան առաջադրումը «անսպասելի էր՝ հաշուի առնելով Թրամփի յարձակողական՝ «Ամենէն առաջ Ամերիկան» արտաքին քաղաքականութիւնը եւ արհամարհական վերաբերումը միջազգային բազմակողմանի համագործակցութեան հանդէպ: Հիւսիսային Քորէայի հետ Միացեալ Նահանգներու բանակցութիւններու տապալումէն ետք… Նոպելեան մրցանակի յօժարումը կը թուէր ամբողջովին անտեղի», կը գրէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»:

Մինչ Ճաբոնի վարչապետը կրնայ ծանրակշիռ պատճառներ ունենալ նախագահ Թրամփը Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի առաջադրելուն մէջ, Նոպելեան յանձնախումբը սակայն աւելի լաւ պատճառներ ունի հրաժարելու դիմումէն՝ իր հեղինակաւոր մրցանակը չանարգելու համար, զայն յանձնելով թէ՛ նիւթապէս եւ թէ բարոյապէս նման շառլաթան, ստախօս եւ խաբեբայ անձնաւորութեան մը: Թրամփ վիրաւորած է այլ ազգեր եւ կրօններ, վատ վերաբերած է փոքրամասնութիւններու եւ ներգաղթեալներու հետ եւ հրաժարած է Միացեալ Նահանգներու օրէնքներն ու միջազգային պայմանագիրները պահպանելէ:

Եթէ ոմանք կը կարծեն, որ իմ հակառակութիւնը Թրամփի առաջադրման՝ կողմնակալութիւն է, պէտք է յիշեցնեմ, որ երբ նախագահ Պարաք Օպամա 2009-ին Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակ ստացաւ «արտասահմանեան դիւանագիտութեան եւ մարդոց միջեւ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդման արտասովոր ջանքեր ցուցադրելուն համար», ես խմբագրական մը գրեցի՝ արտայայտելով ընդդիմութիւնս Օպամայի տրուած պարգեւին: Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակը Օպամային շնորհուած էր անոր նախագահութեան առաջին տարուան ընթացքին, ինչ որ շատ կանուխ էր անոր նուաճումներուն մասին դատելու համար: Թրամփ քննադատած էր Օպաման՝ Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակ ստանալուն համար, եւ ոմանք կ՚ըսէին, որ ան կը փափաքի ստանալ նոյն պարգեւը, ինչ որ ստացած է Օպամա, քանի որ կը նախանձէր անոր: Թրամփ ըսած էր. «Անոնք մրցանակը յանձնեցին Օպամայի, իսկ ան նոյնիսկ չի գիտեր, թէ ի՛նչ բանի համար ստացած է զայն: Օպամա մօտաւորապէս 15 վայրկեան հոն էր եւ ստացաւ Նոպելեան մրցանակը»: Բացի Օպամայէն՝ Միացեալ Նահանգներու երեք այլ նախագահներ՝ Թէոտոր Ռուզվելթ, Վուտրօ Ուիլսըն եւ Ճիմի Քարթըր արժանացած են Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի:

Թրամփի պարագային, ան արդէն երկու տարի ծառայած է իբրեւ նախագահ, եւ պարզ է, որ արժանի չէ որեւէ մրցանակի, ա՛լ չխօսինք Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի մասին: Իրականութեան մէջ ան նոյնիսկ արժանի չէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին: Իւրաքանչիւր անցնող օրուան հետ ինքնահռչակ «չափազանց կայուն հանճար»ի մը գործողութիւններն ու յայտարարութիւնները աւելի եւս իրարու կը թշնամացնեն բազմաթիւ մարդիկ, ինչպէս Միացեալ Նահանգներու մէջ, այնպէս ալ՝ ամբողջ աշխարհի մէջ: Ինչպէս որ լորտ Աքթոն խորիմաստաբար գրած է. «Իշխանութիւնը կը փճացնէ, իսկ բացարձակ իշխանութիւնը կը փճացնէ բացարձակապէս»:

Զարմանալի չէ, որ նախագահ Թրամփ շարունակած է իր հակասական վարքագիծը՝ շարք մը թուիթներ ուղարկելով Ճաբոն գտնուելուն առաջին իսկ օրուան առաւօտեան: Իր թուիթներէն մէկուն մէջ ան երեք սխալ կամ անճշդութիւն թոյլ տուած է.

1) Ան համաձայնած է Հիւսիսային Քորէայի բռնապետ Քիմ Չեն Ընի հետ այն մասին, որ Դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահական առաջատար թեկնածու Ճօ Պայտըն «ցած IQ ունեցող անձնաւորութիւն» է՝ այսպէսով խախտած ըլլալով ներքին տարակարծութիւններու մասին արտերկրի մէջ չխօսելու հին սկզբունքը:

2) Ան Պայտընին անունը սխալմամբ գրած էր «Պիտան»:

3) Ան հակասած է ազգային ապահովութեան հարցերով իր խորհրդականներէն Ճոն Պոլթընի եւ Ճաբոնի վարչապետի յայտարարութեան, ըստ որուն, Հիւսիսային Քորէայի վերջին հրթիռներու արձակումը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերու խախտում է:

Վերջապէս, նախագահ Թրամփ խոստովանած է, որ ինք հաւանաբար երբեք չստանայ Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակ: Առաջին անգամ ըլլալով ես համաձայն եմ իրեն հետ…

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունիս 10, 2019