ԻՐԱՆԻ ԴԷՄ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐԸ ԿՐՆԱ՞Ն ԱԶԴԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ՎՐԱՅ
Իրանի դէմ առկայ օղակը կը սեղմուի...
Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի դէմ տնօրինուած պատժամիջոցները սկսած են աւելիով սեղմել երկար ժամանկէ ի վեր տնտեսական ճնշման տակ գտնուող երկիրը։ Շրջանի զարգացումներուն հետեւող շարք մը վերլուծաբաններ կը բաժնեն այն տեսակէտը, որ տնտեսական օղակներու սեղմումով՝ երկիրը կրնայ մտնել քաղաքացիական անհնազանդութեան նոր փուլ մը, որուն հետեւանքներն ալ կրնան մեծ վնաս պատճառել, առանց որու ալ երկրին մէջ բազմաթիւ խնդիրներու դէմ յանդիման գտնուող Իրանի իշխանութիւններուն։ Ի դէպ, ընկերային ցանցերու վրայ կը տարածուին տեղեկութիւններ, որոնց հիմամբ այս օրերուն Թեհրանը կ՚ապրի դեղօրայքի եւ բժշկական արդիական սարքերու սուր տագնապ, եւ եթէ ներկայ իրադրութիւնը շարունակուի, ապա չի բացառուիր, որ տագնապահար ոլորտներու թիւը աճ արձանագրէ։
Ինչ կը վերաբերի իրանահայութեան ընդհանուր իրավիճակին. յայտնի է, որ գաղութը յար եւ նման իրանցի ժողովուրդին, կը փորձեն կերպով մը «ոտքի մնալ» եւ տոկալ երկրին մէջ ստեղծուած բաւականին դժուար կացութեան։ Ի դէպ, օրեր առաջ այս նիւթին շուրջ խօսեցայ Թեհրան հրապարակուող «Ալիք» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեանին հետ։ Ըստ Մելիքեանի, ներկայ դրութիւնը բաւականին բարդ է ու ըսաւ. «Իրան նոր չէ, որ նման ճնշումներու առջեւ կը յայտնուի»։ Ան յիշեցուց, որ երկրին մէջ առկայ դժուարութիւնները առընչուած են արտաքին աշխարհին հետ յարաբերութիւններ եւ փոխանակութիւններ կատարելու արգելքներուն։ Այս շարքին մասնաւորապէս յիշատակեց դեղօրայքի ոլորտը, որու պարագային սկսած են երեւելի դառնալ լուրջ պակասներ, կապ-ւած մանաւանդ եւրոպական երկիրներէն ներածուող տեսակներու եւ այդ երկիրներու փոխանակման առումով ստեղծուած դժուարութեանց հետ։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԻՐԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԽՈՇՈՐԱՑՈՅՑԻ ՏԱԿ
Ճիշդ է, որ պաշտօնական Երեւան մինչեւ այս յօդուածին գրուիլը, ոչ մէկ յայտարարութիւն կատարած է Իրան-Հայաստան փոխգործակցութեան վերաբերեալ առկայ կարգ մը «խնդիրներ»ու մասին, սակայն աւելի քան յստակ է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները շատ լաւ կը հասկնան, թէ Իրանի հետ ռազմավարական բնոյթ ունեցող յարաբերութիւնները պէտք է պահպանուին ամէն գնով։ Իսկ ինչ կը կատարուի հայ-իրանական համատեղ ձեռնարկութիւններուն գծով, այդ արդէն բաւականին խճճուած նիւթ մըն է։
Ի դէպ, նոյն նիւթին հետ կապուած եւ սոյն յօդուածի հրապարակումէն շուրջ տասն օր առաջ, լիբանանեան «Վի. Տի. Էլ.» կայանը կը սփռէր լուր մը, որու համաձայն, ի շարս տասնէ աւելի բեռնափոխադրող ընկերութիւններու, պատիժներ սահմանուած են նաեւ հայ-իրանական համատեղ ընկերութեան մը դէմ։ Եթէ խնդիրը սոսկ վերաբերէր բեռնափոխադրութիւններու ընկերութիւններու, ապա եղածը, կամ ակնկալելին այդքան ալ մտահոգիչ չէր ըլլար։ Սակայն կը խօսուի նաեւ Երեւանի մէջ կայք հաստատած իրանեան դրամատուներու մասին, որոնք յառաջիկայ փուլին կրնան ենթարկուիլ պատժամիջոցներու։
Այդ պատիժները սեպ կը խրե՞ն Երեւան-Թեհրան յարաբերութեանց վրայ, ցարդ յստակ չէ, սակայն աւելի քան բացայայտ է, որ նման պատիժները կրնան բաւական ծանր հետեւանքներ ունենալ Հայաստան ապրող իրանահայերու, կամ Իրանի հետ տնտեսական փոխ-գործակցութիւն իրականացնող անհատներու, նոյնիսկ ընկերութեանց վրայ։
Այս բոլորը, անշուշտ, կը շարունակեն ուշադրութեան կեդրոնին մնալ Հայաստանի մէջ գործունէութիւն ծաւալող հայ իրանագէտներու, որոնցմէ ոմանք ալ կ՚առաջարկեն, որ Հայաստանի իշխանութիւնները քայլ մը առաջ երթան եւ հիմնադրեն հայ-իրանական տնտեսական միացեալ գօտի մը, որու շնորհիւ ալ կարելի պիտի ըլլայ անխախտ կերպով շարունակել երկու երկիրներու միջեւ առկայ տնտեսական փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը։
Արդեօք նման «տնտեսական գօտի»ի ստեղծումը կ՚ունենա՞յ ծանր հետեւանքներ, կամ արդեօք Արեւմուտքը, յատկապէս Միացեալ Նահանգները, «աչք կը խփե՞ն» նման ծրագրի մը. ցարդ յստակ չէ։ Սակայն աւելի քան բացորոշ է, որ Հայաստան, օրինակի համար, պիտի չմատնուի Վրաստանի իրավիճակին, ուր վերջին ամիսներուն իրանեան տասնեակ ընկերութիւններ փակուեցան եւ այսօր արդէն կը խօսուի երկու երկիրներու միջեւ վիզայի (ազատ ելումուտ) դրութեան ջնջման մասին։ Անշուշտ Վրաստանի պարագան բաւական «ծայրայեղ» է. պարզ անոր համար, որ այդ երկիրը նախ եւ առաջ կը համարուի ՆԱԹՕ-ի «կարեւոր» մէկ գործակիցը, յետոյ այդ երկրին մէջ տարիներ առաջ կայք հաստատած իրանեան ընկերութիւնները զբաղած են դրամային փոխանակումներու եւ Իրանի շուկային դրամական ներհոսք ապահովելու գործերով։ Բան մը, որ ինքնին «կարմիր գիծ»ի հատում կը համարուէր Միացեալ Նահանգներու համար։
ՋՈՒԼՖԱՅԻ ՄԷՋ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱԶԱՏ ԳՕՏԻ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ԱՅԸԼՆՏՐԱՆՔ
Միացեալ Նահանգներու կողմէ տնօրինուած պատժամիջոցները չեն սահմանափակուիր միայն այդ երկրի ներքին ոլորտներով։ Պատիժներուն գլխաւոր նպատակն է հարուած հասցնել նաեւ երկրի ելմտական ընդհանուր շարժերուն, դրամական փոխանցումներուն, նաեւ օտար արժեթուղթեր գնելու Իրանի կարողականութեան։ Անշուշտ խնդիրը մեծ վտանգներ ունի Իրանը շրջապատող այն երկիրներուն համար, որոնք բաւական լաւ յարաբերութիւններ կը մշակեն այդ երկրի պետութեան հետ։ Անշուշտ այդ երկիրներէն է նաեւ Հայաստանը, որ անցնող գրեթէ երեսուն տարիներուն ընթացքին Իրանի հետ ոչ միայն «գոհացուցիչ» յարաբերութիւններ մշակեց, այլեւ զանազան առումներով ալ օգտուեցաւ այդ երկրի «տարանցիկ տարածք» ըլլալու եւ Հայաստանին «մարդասիրական ճանապարհ» մը ըլլալու խիստ կարեւոր դրոյթէն։
Այդ երեսակը անշուշտ շեշտուած էր Հայաստանի անկախութեան առաջին տարիներուն, երբ հայրենի իշխանութիւններուն ու միանգամայն ժողովուրդին համար Իրան կը ներկայանար որպէս փրկութեան օղակ-ճամբայ երկիր մը։
Ու այսօր խնդիրը այն է, որ Հայաստան ի՛նչ կեցուածքով հանդէս պիտի գայ Իրանի հանդէպ, կամ ի՛նչ կերպով պիտի օժանդակէ ու հասնի Իրանի ելմտական կարիքներուն։
Անշուշտ կայ տեսակէտ, որ իրանցիք իրենք ալ շատ լաւ գիտեն, թէ Հայաստան ըլլալով փոքր կարողութեամբ երկիր մը, չի կրնար Իրանի «ելմտական ճամբան» դառնալ։ Այնուամենայնիւ, պաշտօնական Երեւան այդ առումով պարտաւոր է առնուազն մարդասիրական մօտեցումներով հանդէս գալ եւ եթէ հնարաւոր է, Իրանի համար ապահովել առաջնային անհրաժեշտութեան ելմտական-մարդասիրական լուծումներ։
Ի դէպ, շատեր այն կարծիքին են, թէ Միացեալ Նահանգներու նոր պատժամիջոցներու կիրարկումէն ետք, Հայաստան-Իրան տնտեսական յարաբերութիւններու համար ամենավտանգաւոր ոլորտը դրամատնայինն է։ Այդ առումով ալ ուշագրաւ տեսակէտ յայտնած է իրանագէտ Վարդան Ոսկանեան։ Ոսկանեան այդ մասին խօսելով մասնաւորապէս ըսած է. «Իրականութեան մէջ մենք գործ ունինք ակնյայտ ճնշման հետ։ Միացեալ Նահանգներ ճնշում կը բանեցնէ, որպէսզի Իրանի հետ դրամատնային գործարքները եւ տնտեսութեան այլ ոլորտներուն մէջ տեղի ունեցող համագործակցութիւնը հնարաւորինս սահմանափակուին»։
Ոսկանեանի կարծիքով, հայկական կողմը պէտք չէ տեղի տայ այդ ճնշումներուն, քանի որ ան վտանգաւոր վիճակ պիտի ստեղծէ Հայաստանի համար։ Հայ-իրանական առեւտուրը աճած է՝ թէ՛ արտածումներու եւ թէ ներածումներու մասով։ «Յամենայնդէպս, իրանցիները ամենեւին դէմ չեն, որ ստեղծուի հայ-իրանական համատեղ դրամատուն՝ ազատ տնտեսական գօտիներէ որեւէ մէկուն մէջ։ Այն կրնայ ըլլալ նաեւ Իրանի տարածքին՝ Ջուլֆայի ազատ տնտեսական գօտիին մէջ, որ անմիջականօրէն կը սահմանակցի Հայաստանի սահմանին։ Կրնայ ըլլալ Մեղրիի ազատ տնտեսական գօտին», ըսած է Վարդան Ոսկանեան։
ԴԷՊԻ ԲԱՆԱԿՑԱՅԻ՞Ն ՓՈՒԼ…
Վերջին օրերուն եւ հակառակ Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան պատասխանատուներու յայտարարութիւններուն, հրապարակ հանուեցաւ նոր դրոյթ մը, որուն հիմամբ երկու երկիրները՝ Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը կրնան նստիլ բանակցութեանց սեղան։ Անշուշտ, բանակցութիւններու երթալու մասին խօսակցութիւնները միայն Թրամփի եւ անոր վարչակարգին կողմէ չէին հնչեր։ Իրանցի պատասխանատուներ եւս նոյնպէս կը խօսէին հարցերը խաղաղ ճանապարհով լուծելու կարեւորութեան մասին։ Անոնք ամէն առիթով կը յիշեցնէին, որ «Իրան պատերազմէ չի վախնար», կամ աւելի պարզ ձեւով կը նշէին, թէ «Արաբական ծոցի ջուրերուն մէջ եղող ամերիկեան ուժերը կը գտնուին իրանեան բանակի թիրախային ընդհանուր պրիսմակին ու հասանելիութեան մէջ»։
Անշուշտ, այս բոլորը կը յուշեն, որ երկու կողմերուն համար ալ պատերազմի մը երթալը բաւական բարդ, դժուարին եւ անյարմար է. տրուած ըլլալով, որ պատերազմական որեւէ թատրերգութիւն վատ աւարտ պիտի ունենայ ոչ միայն Իրանի, այլ նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ անոր դաշնակիցներուն համար։ Ի վերջոյ ամերիկեան կողմին համար ալ աւելի քան յստակ է, որ Իրանի դէմ զինուորական որեւէ քայլ կատարելը կը պարունակէ մեծ վտանգներ։ Իրանը Իրաք չէ… Իրանը սովորական ու սահմանուած ուժային կարողութիւն ունեցող երկիր մը չէ։ Աւելի՛ն. Իրանը միայն իր սահմաններուն մէջ «պարփակուած» տէրութիւն մը չէ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան